10 Հոկտեմբերի այս օրը, 61 տարի առաջ, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, յիսուն տարեկանին վախճանեցաւ արդի հայ գրականութեան կանացի եւ հայաշո՛ւնչ ձայներէն արձակագիր Լիւսի Թարգիւլ։
Քսաներորդ դարու 30ականներէն մինչեւ 50ականներու կէսը, հայրենի գրականութեան անդաստանէն ներս ստեղծագործական ու հրապարակագրական բեղուն վարուցան կատարած տաղանդաւոր գրագիտուհին է Լիւսի Թարգիւլ, որ իր ժամանակին հայ ազգային արժէքներու եւ հայեցի շունչի երախտաշատ քարոզիչ մը եղաւ։ Յատկապէս յետ մահու՝ 1956ին լոյս տեսած իր «Կոմիտաս» վէպով, ան յիշարժան տեղ կը գրաւէ հայ գրականութեան ոսկեմատեանին մէջ։
Կոմիտասեան շունչի եւ ազգային ոգիի հանճարեղ վերծանող Պարոյր Սեւակն անգամ, ինչպէս որ մեծ բանաստեղծի մօտիկ ազգականներէն արուեստի գործիչ Վազգէն Ղազարեան կը վկայէ յուշագրական էջի մը մէջ, պատգամած էր ատենին՝ «Անպայման կը գտնես ու կը կարդաս Լիւսի Թարգիւլի «Կոմիտաս» վէպը։
Աւազանի անունով Լիւսի Սահակի Թարգիւլեան ծնած է 1905ին, Արեւմտեան Հայաստանի հայահոծ օրրան Վան քաղաքին մէջ: 1914ին ընտանեօք տեղափոխուած են Արեւելեան Հայաստան: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Յովնանեան վարժարանին մէջ: 1929ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմագրական Ֆակուլտետը։ Իսկ 1933ին բարձրագոյն ուսման տիրացած է Մոսկուայի Խմբագրական-Հրատարակչական Ինստիտուտին մէջ:
Համացանցային ու հանրագիտական աղբիւրները ժլատ են արձակագիր ու թարգմանիչ Լիւսի Թարգիւլի կենսագրութեան մանրամասներուն եւ գրական-հասարակական գործունէութեան երեսներուն վերաբերեալ իրենց փոխանցած տեղեկանքին մէջ։
Երիտասարդ տարիքէն գրական ասպարէզ մուտք գործելով՝ շնորհալի գրագիտուհին իր ազգանուան «եան» ածանցը կրճատելով, ընթերցող հասարակութեան ներկայացաւ ու ճանաչում գտաւ Լիւսի Թարգիւլ գրչանունով:
1927ին, տակաւին ուսանող, Թարգիւլ նշանակուեցաւ «Հայաստանի Աշխատաւորուհի» ամսագրի խմբագիր: 1934ին միացաւ Խ.Ս.Հ.Մ. Գրողներու Միութեան։ Բայց 30ականներու սկիզբէն արդէն թափ առած էր հայ մտաւորականութեան դէմ Ստալինեան կամակատարներուն ծաւալած հակազգային ու հակադաշնակցական արշաւանքը։ Երիտասարդ գրագիտուհին անշնչելի գտաւ իր հայրենի հարազատ հողին վրայ ստեղծուած բանսարկութեանց եւ խծբծանքներու մթնոլորտը։ Տեղափոխուեցաւ Մոսկուա, ուր գրական-ստեղծագործական աշխատանքի համեմատաբար տանելի պայմաններ գտաւ։ Մոսկուա մնաց մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, որմէ ետք վերադարձաւ Երեւան, ուր եւ վախճանեցաւ 1955 թուականի Հոկտեմբեր 10ին։
Լիւսի Թարգիւլի վերաբերեալ ուշագրաւ վկայութեան մը կարելի է հանդիպիլ «Հայոց Աշխարհ» թերթի էջերուն, տարիներ առաջ լոյս տեսած, Կիմա Եղիազարեանի ստորագրութեամբ յօդուածի մը մէջ, որ կ’անդրադառնայ նաեւ մեր օրերուն հայրենի գրական հրապարակին վրայ յամեցող անհանդուրժողութեան եւ բանսարկութեանց վատառողջ մթնոլորտին ու կը յիշեցնէ.-
«Հայաստանի Գրողներու Միութեան տարեգրութիւնը հարուստ է»... այնպիսի նիստերով ու ընդհանուր ժողովներով, «որոնք հրաւիրուել են թշնամի նացիոնալիստ-տրոցկիստներին, սովետական իրականութիւնը խեղաթիւրուած ներկայացնողներին մերկացնելու, դատապարտելու եւ աքսորելու նպատակով:
«1930-40ական թուականների տարեգրութեան մէջ, յատկապէս, դժուար է գտնել մի էջ, որը, այսպէս ասած, մաքուր է. համատարած բանսարկութիւններ ու զրպարտութիւններ են:
«Ահաւասի՛կ. «Հայաստանի Գրողների միութիւնը հրաւիրում է Խորհրդային Գրողների Միութեան գործունէութիւնում նախադէպը չունեցող ընդհանուր ժողով... Ժողովը քննում է ՀամԿ(բ)Կ Կենտկոմի պլենումի արդիւնքները, Ստալինի զեկուցումն ու եզրափակիչ խօսքը: Ճառով հանդէս է գալիս Հ.Գ.Մ. պատասխանատու քարտուղար Գէորգ Աբովը:
Այնուհետեւ, հինգ օրուայ ընթացքում, աւելի քան քառասուն ելոյթ ունեցողներ մերկացնում են Գրողների Միութիւնն իրենց շահատակութիւնների ասպարէզ դարձրած երկերեսանի նացիոնալիստ-տրոցկիստ Դր. Տէր-Սիմոնեանին, Ա. Բակունցին, Վ. Ալազանին, միւս թշնամիներին, ինչպէս նաեւ նրանց, ովքեր զգօնութեան աններելի բթացմամբ անտեսել են դաւաճանների մեքենայութիւնները» (1937 թ., Ապրիլի 17-21)։
«Բացենք պատահական էջերից եւս մէկը. «Տեղի է ունենում Հ.Գ.Մ. վարչութեան հերթական նիստը: Քննարկւում է «Սովետական Հայաստան» թերթում տպագրուած «Սովետական գրողին անվայել քայլ» վերնագրով յօդուածը: Հ.Գ.Մ. պատասխանատու քարտուղար Հ. Սիրասը, միւս ելոյթ ունեցողները, միանում են յօդուածագրին ու նշում, որ Հ.Գ.Մ. անդամ Լիւսի Թարգիւլը Փարիզի «Հայ Կին» ամսագրում տպագրելով «Ազնուականները» ակնարկը, գռեհկօրէն աղաւաղել է սովետական իրականութիւնը, վիրաւորել սովետական կնոջ ինքնասիրութիւնն ու վեհ զգացումները:
«Վերջում խօսք խնդրելով՝ Լ. Թարգիւլը ընդունում է իր յանցանքը, խոստանում առաջիկայում ճշմարտացիօրէն պատկերել սովետական իրականութիւնը, խուսափել գռեհիկ նատուրալիզմից ու սեքսուալիզմից: Քննարկուող հարցի կապակցութեամբ՝ Գրողների Միութեան Վարչութիւնը կայացնում է որոշում՝ ակնարկը որակելով սովետական գրականութեան հետ կապ չունեցող, մարդկային արժանապատուութեան դէմ ուղղուած գրական գռեհիկ վիժուածք» (1948 թ., Փետրուարի 7):
Հակառակ այդօրինակ ճնշումներուն, Լիւսի Թարգիւլ շարունակեց ինքնահաւատարիմ մնալ եւ ազգային արժէքներու հայաշունչ տարածման ծառայեցնել իր ստեղծագործական հետագայ գործունէութիւնը։ Այսուհանդերձ՝ կեանքը երկար ապրելու ժամանակ չտուաւ արժէքաւոր գրողին։ Բայց մինչեւ 1955ի իր ապաժամ մահը, Լ. Թարգիւլ կարողացաւ հրատարակութեան պատրաստել եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայել «Ծաղկաւան» (Ե., Հայպետհրատ, 1948, 98 էջ), «Պիոներական խոստում» (Ե., Հայպետհրատ, 1952, 65 էջ), «Պատմուածքներ» (Ե., Հայպետհրատ, 1954, 28 էջ), «Թռչող ծաղիկներ», (Ե., Հայպետհրատ, 1955, 60 էջ) եւ «Կոմիտաս» (Ե., Հայպետհրատ, 1956, 402 էջ) գործերը:
Յատկապէս յետ մահու լոյս տեսած «Կոմիտաս»ի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած Լ. Թարգիւլի վէպը հանդիսացաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան «Ձնհալ»ի ժամանակաշրջանը հունաւորող հայ գրականութեան կարեւոր գործերէն մէկը։
Ինչպէս որ ծանօթ գրական քննադատ եւ գրող Եուրի Խաչատրեան կը հաստատէ Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակին առիթով հայրենի հայութեան պահանջատիրական պոռթկումին նուիրուած իր «Հրաշալի Տասնամեակ. 1955-1965» խորագրով յօդուածին մէջ («Ազգ», 02-09-2006), Լ. Թարգիւլի «Կոմիտաս»ը ազգային զարթօնքի ալիք բարձրացնող գլխաւոր գործերէն մէկը եղաւ։
Կոմիտասի ողբերգական կեանքին ու վախճանին ընդմէջէն ներկայացնելով եւ խարանելով հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը՝ խորհրդահայ գրականութեան կանացի եւ հայաշունչ այս ձայնը խորհրդային լուծի տակ մեր ազգային արմատներուն վերադառնալու եւ ազգային մեր արժէքներուն տէր կանգնելու հունը լայն բացաւ մեր ժողովուրդին եւ հետագայ սերունդներուն առջեւ։
Լիւսի Թարգիւլի գրական ժառանգութեան մաս կազմող գործերէն են՝ «Ճանկեր»ը (Ե., Պետհրատ, 1931, 64 էջ), «Ճակատում» վէպը (Ե., Պետհրատ, 1932, 246 էջ), «Հսկաների շարքում» վէպը (Ե., Պետհրատ, 1937, 290 էջ), «Դէպի Իսպանիա» վիպակը (Ե., Պետհրատ, 1939, 74 էջ), «Երաժիշտը» (Ե., Հայպետհրատ, 1942, 75 էջ), «Մայրեր»ը (Ե., Հայպետհրատ, 1942, 41 էջ), «Փոքրիկների մեծ գործը» (Ե., Հայպետհրատ, 1942, 96 էջ), «Լուսնի սոնատ»ը (Ե., Հայպետհրատ, 1944, 58 էջ) եւ ուրիշներ։
Ն.