Ինչպէս որ Գասպար Իփէկեան կը նշէ իր «Համազգային Օրացոյց-Տարեգիրք»ի յիշարժան թուականներու շարքին, Հոկտեմբեր 8ի այս օրուան զուգադիպեցաւ, 1939ին, «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Կաթ. Խապայեանի հանգիստ»ը։
Բառին խորախորհուրդ իմաստով իր յաւերժական «հանգիստ»ը գտաւ, 77 տարի առաջ, հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդներու փաղանգին մէջ իր առանձնայատուկ տեղն ու նշանակութիւնը ունեցող Սահակ Բ. Խապայեան-Եղէգցի կաթողիկոսը։
Սահակ Բ. իր հօտին ամբողջականօրէն տէր կանգնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովուապետ Կաթողիկոսն է, որ Կիլիկիոյ հայութեան վերջնական պարպումի օրերուն, 1921ին, իր կարգին հայրենիքէն արմատախլման ու հայրենազուրկ տարագրութեան ազգային ծանրագոյն խաչը շալկեց իր ուսերուն եւ, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ, առաջնորդեց հայու բեկորները գաղթի եւ պանդխտութեան, անօթեւան ու ընչազուրկ կեանքի ճանապարհներէն դէպի աղբիւրը վերապրումի ու վերականգնումի՝ Յոյսի եւ Լոյսի։
Սահակ Բ. ոչ միայն իր ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը խարանող Հովուապետը եղաւ, ոչ միայն օտարութեան եւ լքուածութեան դաժանագոյն ժամանակաշրջանին իր հօտին յոյս եւ հաւատք ներշնչող ու բարոյականութիւն եւ աշխատասիրութիւն քարոզող գլխագիր առաջնորդը հանդիսացաւ, այլեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տեղահան ու անօթեւան կաթողիկոսութիւնը Անթիլիասի մէջ վերականգնեց ու ծառայութեան նոր հորիզոններու բացաւ։
Ազգային մեր մեծագոյն աղէտին բացած չսպիացող վէրքն ու պատճառած անհուն ցաւը վերյիշելով, այլեւ՝ հայրենազրկման եւ Եղեռնի արհաւիրքի դիմագրաւման ու յաղթահարման խոհերով եւ ազգային-հաւաքական վերականգնումի հպարտութեան զգացումներով է, որ 8 Հոկտեմբերին մեր ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ 77րդ տարելիցը Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի արդար Հանգիստին։
Հայ ժողովուրդը բնաւ պիտի չմոռնայ 28 Փետրուար 1922ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն գրուած Սահակ Եղէգցի Կաթողիկոսին «Հովուական Թուղթ»ը՝ «Ի յուշ եւ ի խրատ ամէնեցուն» եւ «Խօսք առ գաղթական հայս Կիլիկիոյ»։ Հայ ժողովուրդը պիտի չմոռնայ մանաւա՛նդ այդ «Հովուական Թուղթ»ը բացող Սահակ Բ. Կաթողիկոսի հետեւեալ վերտառութիւնն ու միանգամայն ստորագրութիւնը.- «Ողջոյն Հայոց Կիլիկիոյ, գաղթականութեամբ ցրուեալ ի սփիւռս աշխարհի, ողջոյն տառապելոցդ ի տառապակիր Հօտապետէ, ի ՍԱՀԱԿԱՅ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍէ, երբեմն ՄԵԾԻ եւ այժմ ԱՒԵՐԵԱԼ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»։
Վերջնականապէս աւերուած էր աթոռանիստ Սիսն ու ամբողջ հայկական Կիլիկիան, որուն տարագիր Կաթողիկոսը իր հայրապետական առաջին կոնդակով աշխարհասփիւռ հայ բեկորներուն կ’ուղղէր իր սրտագին կոչը՝
«Ձայն տուէք, սիրելի որդեակք, ո՞ւր էք, որպէս զի հետեւիմ ձեր խաչակրութեան հետքերուն, եթէ ոչ նիւթապէս ու բարոյապէս օգնելու, գոնէ ցաւերնուդ ցաւակից ըլլալով՝ թեթեւցնէի ձեր լուծն ու բեռը։ Երանի՜ թէ Քրիստոսին ըլլար լուծն ու բեռը։ Աշխարհի եւ անողորմ մարդոց դրած լուծն ու սամոտիք խեղդող են, եւ դրած բեռերնին՝ ծանրագոյն ու դառնագոյն»։
Տարագրութեան մէջ գրած Սահակ Բ. Կաթողիկոսի գրած առաջին այդ Կոնդակը եղաւ, ըստ ամենայնի, պատմակա՛ն պատգամ մը, որ առաջնորդեց ոչ միայն իր ժամանակի տարագիր հայութեան հոգեմտաւոր կեանքը, այլեւ՝ հունաւորեց նոյնինքն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ առաքելութիւնը դէպի մեր ու գալիք ժամանակները։
Պատմական պատգամ էր՝ չմոռնալու հայրենին ու մայրենին, այլեւ՝ քրիստոնեայ հայուն ոգեղէն Աշտարակը, համապատասխան կեանք վարելով աշխարհի չորս ծագերուն։ Նաեւ հանուր մարդկութեան ուղղուած կոչ էր, որպէսզի տէր կանգնին նահատակուած հայութեան նկատմամբ իրաւունքի եւ արդարութեան Մեծ Պարտքին։ Եւ ահա՛ «Հովուական Թուղթ»ը եզրափակող «Հօտապետ»ին կոչն ու գնահատանքը.-
«Այս առիւծասիրտ ժողովուրդն օտարութեան մէջ թէեւ անօթի, մերկ եւ անպատսպար է, բայց չի մուրար. բարոյական թէ նիւթական ամէն օգնութիւն կը սպասէ իր հարազատներէն, որ ազատ երկրի մէջ զերծ մնացիք ամէն փորձութիւններէ, արհաւիրքներէ եւ տառապանքներէ. թէեւ լացիք ձեր սիրելիներուն անծանօթ գերեզմաններուն վրայ. լացիք եւ առատաձեռնեցիք՝ ողջ մնացողները սփոփելու, ապրեցնելու եւ անտես առնուած իրաւունքները պաշտպանելու»։
Այսպիսի՛ վիշտերով եւ խոհերով յոգնատանջ, բայց յոյսի եւ լոյսի աղբիւրին միշտ հաւատարիմ երկրպագու հայրապետն է Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս։
25 Մարտ 1849ին Խարբերդի Եղէգիս գիւղը ծնած Գաբրիէլ Խապայեանը ճակատագրուած էր խորհրդանշելու Կիլիկիոյ հայութեան ե՛ւ նահատակութեան արհաւիրքը, ե՛ւ յարութեան հրաշքը։
Հոգեւորականի անբասիր, ժրաջան եւ հայրենասէր տիպար մը եղաւ իր ծառայութեան առաջին քայլերէն, Երուսաղէմի ժառանգաւորացի մէջ իր կազմաւորման շրջանէն։ Տասնամեակներ վարեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Լուսարարապետի պաշտօնը։ Մտերիմն ու գաղափարակիցը եղաւ Խրիմեան Հայրիկի, որ Երուսաղէմ իր աքսորի շրջանին մօտէն ծանօթացած էր Սահակ Եպիսկոպոսին։
Հոկտեմբեր 1902ին, երբ Սսոյ կաթողիկոսական աթոռը թափուր մնացած էր, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ յատուկ ճիգ թափեց, որպէսզի հնարաւոր դարձնէ Սահակ Եպիսկոպոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրութիւնը։ Այդպէս ալ եղաւ եւ Սահակ Բ. Եղէգցիի օրով սերտ յարաբերութիւններ հաստատուեցան Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանց միջեւ։ Սահակ Բ.ի օրով էր, որ պաշտօնական կոնդակով հաստատուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի ընթացքին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուան նախամեծար յիշատակութեան աւանդութիւնը։
Կիլիկիոյ հայութեան պարպումէն եւ Սուրիոյ մէջ 7-8 տարիներու թափառական կեանքէ ետք, Սահակ Բ. Կաթողիկոս տենդագին ճիգ թափեց՝ ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նոր նստավայրի ապահովումին։ Այդ ճիգերը արդիւնաւորուեցան 1929ին, երբ Սահակ Բ. Անթիլիասի (Լիբանան) մէջ հաստատեց մայրավանքն ու դպրեվանքը։
Թէեւ ծերունազարդ, բայց աշխատունակութիւնն ու յոյսը միշտ վառ պահող Հայրապետը հանդիսացաւ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս, որ իր ծառայութեան վերջին տարիներուն, աթոռակից Բաբկէն Կիւլեսէրեան Կաթողիկոսի հետ գործակցաբար, ամուր հիմերը հաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նոր ժամանակաշրջան մուտքին եւ հոգեւորական ինքնահաստատման հաստատակամ երթին։
Ն.