altՀոկ­տեմ­բեր 5ի այս օ­րը, 98 տա­րի ա­ռաջ, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կա­լից զար­գա­ցու­մով յղի թո­ւա­կան մը ե­ղաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։

1918ի աշ­նան, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը մօ­տե­ցած էր իր ա­ւար­տին եւ պա­տե­րազ­մի մեծ պար­տեալ­նե­րէն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան զօր­քե­րը կա՛մ անձ­նա­տուր կ­՚ըլ­լա­յին ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն, կա՛մ ա­րա­գըն­թաց նա­հան­ջով կ­՚ամ­փո­փո­ւէին կայս­րու­թեան ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րուն խո­րե­րը։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ­Մա­յիս 1918ի վեր­ջե­րուն թրքա­կան բա­նա­կը նա­հան­ջի մատ­նած, հաս­տա­տա­կամ քայ­լե­րով կ­’ա­ռա­ջա­նար իր նո­ւա­ճած ան­կա­խու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու, նո­րաս­տեղծ հայ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րը ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ տա­սը հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րած­քի վրայ հռչա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը սրըն­թաց ըն­դար­ձա­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նման զար­գա­ցում­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին վրայ, 5 ­Հոկ­տեմ­բեր 1918ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, այս­պէս կո­չո­ւած Ա­րե­ւե­լեան ­Ճա­կա­տի թրքա­կան զօր­քե­րուն ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը՝ ­Խա­լիլ փա­շա յայ­տա­րա­րեց, թէ ­Պո­լի­սէն հրա­հանգ ստա­ցած է պար­պե­լու ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սը՝ ո­րո­շա­պէս ­Լո­ռի-­Փամ­բա­կի շրջա­նը թրքա­կան զօր­քե­րէն։

­Նո՛յն ­Խա­լիլ փա­շան, որ տա­կա­ւին ա­միս­ներ ա­ռաջ, ­Յու­նիս 1918ին, ­Պա­թու­մի մէջ, քա­նի մը օ­րուան կեանք ու­նե­ցող ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րած էր ստո­րագ­րու­թիւ­նը ­Պա­թու­մի խայ­տա­ռակ դաշ­նագ­րին՝ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ճանչ­նա­լու թրքա­կան «զի­ջում»ին դի­մաց հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թեանց ստի­պե­լով, որ ­Հա­յաս­տա­նը կծկո­ւի միայն տա­սը հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րած­քի վրայ եւ են­թար­կո­ւի, իր ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ան­գամ, թրքա­կան պե­տու­թեան շա­հե­րէն թե­լադ­րո­ւած պա­հանջ­նե­րուն, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սէն ու հա­րա­ւէն թրքա­կան զօր­քե­րու ա­նար­գել տե­ղա­շար­ժին դէ­պի ­Պա­քու կամ ­Թեհ­րան...

­Փաս­տօ­րէն 5 ­Հոկ­տեմ­բեր 1918ի ­Խա­լիլ փա­շա­յի ե­րե­ւա­նեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր ան­մի­ջա­պէս հե­տե­ւած թրքա­կան բա­նա­կի հա­յաս­տա­նեան սահ­ման­նե­րէն ընդ­հա­նուր հե­ռա­ցու­մը ե­ղաւ դար­ձա­կէտ մը նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան լիար­ժէք կա­յաց­ման ճամ­բուն վրայ։

­Հայ­կա­կան բա­նա­կը ձեռ­նար­կեց ընդ­հա­նուր յա­ռաջ­խա­ղաց­քի ե՛ւ ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու, ե՛ւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ շար­ժե­լու ա­ռում­նե­րով։ 1918ի ­Հոկ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ 1919ի ­Մա­յի­սը, ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը փաս­տօ­րէն տաս­նա­պա­տիկ ան­գամ ըն­դար­ձա­կո­ւե­ցաւ, ինչ որ հիմք տո­ւաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ կա­ռա­վա­րու­թեան՝ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ, «­Միա­ցեալ, Ա­զատ եւ Ան­կախ ­Հա­յաս­տան»ի կեր­տու­մը հռչա­կե­լու իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։
­Խա­լիլ փա­շա­յի զօր­քե­րուն հե­ռա­ցու­մը, յատ­կա­պէս ­Լո­ռի-­Փամ­բա­կի շրջա­նէն, նաեւ սրեց լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը դրկից եւ նո­րաս­տեղծ եր­կու հան­րա­պե­տու­թեանց՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի մի­ջեւ։

­Հայ-Վ­րա­ցա­կան կնճի­ռը ան­մի­ջա­պէս բոր­բո­քե­ցաւ, վրա­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պա­հը յար­մար նկա­տե­ցին քու­լիս­նե­րու մէջ ի­րենց մշա­կած քար­տէս­նե­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն տի­րա­պե­տե­լու ծրա­գիր­նե­րը ան­յա­պաղ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Իսկ Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար զօ­րա­վար Դ­րօ կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ դրաւ վրա­ցի­նե­րը, երբ հայ­կա­կան բա­նա­կի զօ­րա­մաս­նե­րով փո­խա­րի­նեց թրքա­կան նա­հան­ջող զօր­քե­րը։

­Հայ-վրա­ցա­կան լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մին­չեւ իսկ պա­տե­րազ­մի յան­գե­ցաւ, բայց թրքա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին յատ­կա­ցո­ւած այս հա­կիրճ անդ­րա­դարձ-յի­շե­ցու­մը տե­ղը չէ ա­ւե­լիով կեդ­րո­նա­նա­լու այդ զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ։ ­Պար­զա­պէս պէտք է նշել, որ ե­թէ Դ­րօ եւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չնե­տէին այդ ա­րագ քայ­լը, ­Լո­ռո­ւայ աշ­խար­հը եւս այ­սօր մատ­նո­ւած պի­տի ըլ­լար հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քի ճա­կա­տագ­րին։

Ուղ­ղա­կի թրքա­կան զօր­քե­րու հե­ռաց­ման վե­րա­բե­րեալ պէտք է ա­ւելց­նել, որ նախ ան­ձամբ ­Խա­լիլ փա­շա ինք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ միշտ պի­տի խորհր­դան­շէ թուրք զի­նո­ւո­րա­կա­նի հա­կա­հայ մո­լուցքն ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը միան­գա­մայն եւ, ա­պա, ա­նոր ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող ­Լո­ռի-­Փամ­բա­կի շրջա­նի թրքա­կան զօ­րա­բա­ժի­նը միշտ պի­տի յի­շո­ւի ­Մա­յիս 20էն մին­չեւ ­Հոկ­տեմ­բեր 5 իր ի­րա­գոր­ծած հա­յե­րու ա­հա­ւոր կո­տո­րած­նե­րով եւ ամ­բող­ջա­կան ա­լան-թա­լա­նով։

­Խա­լիլ փա­շա (1882-1957) հօ­րեղ­բայրն էր տխրահռ­չակ Էն­վեր փա­շա­յի։ ­Զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւած էր Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի օ­րով եւ ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­տար­մու­թեամբ ծա­ռա­յած էր ­Մեծ ­Մար­դաս­պա­նի ջար­դա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ին­կած բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րուն, մա­նա­ւանդ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին ե­ղած էր ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը նախ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­ճա­կա­տի (­Մի­ջա­գետք), ա­պա՝ ամ­բողջ ա­րե­ւե­լեան ռազ­մա­ճա­կա­տի։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տին թրքա­կան պար­տու­թե­նէն եւ զի­նա­դա­դա­րէն ետք՝ ան ա­պաս­տա­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա, ուր եւ «ճար­տա­րա­պետ»ը դար­ձաւ ­Լե­նին-­Քե­մալ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան մեր­ձեց­ման ու հա­կա-­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն զի­նակ­ցու­թեան։ Իսկ 1923ին ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տագ­րու­մէն ետք, հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիա եւ հոն ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1957։

­Խա­լի­լի հա­կա­հայ խժդժու­թեանց գլխա­ւոր զո­հը ե­ղաւ ­Լո­ռի-­Փամ­բա­կի շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս որ Ս. Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ իր «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» աշ­խա­տա­սի­րու­թեան մէջ, «­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մից ­Հայ ժո­ղովր­դի Կ­րած Վ­նաս­նե­րի Քն­նիչ ­Յանձ­նա­ժո­ղով»ը, ­Դեկ­տեմ­բեր 1918ի վեր­ջե­րուն իր հրա­պա­րա­կած պաշ­տօ­նա­կան ­Զե­կոյ­ցին մէջ, ման­րա­մասն կը նկա­րագ­րէ 20 ­Մա­յիս 1918ին թրքա­կան զօր­քի ­Լո­ռի-­Փամ­բակ մուտ­քէն սկսեալ գոր­ծո­ւած ջար­դերն ու թա­լա­նում­նե­րը հայ ան­զէն բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ։

­Պաշ­տօ­նա­կան այդ ­Զե­կոյ­ցին հա­մա­ձայն՝ թրքա­կան գրաւ­ման հինգ ա­միս­նե­րուն, ոչ միայն 8000 ռազ­մա­գե­րի­ներ դէ­պի Էրզ­րում քշո­ւե­ցան եւ կո­տո­րո­ւե­ցան, ոչ միայն տաս­նեակ հա­զար­նե­րով ան­զէն հայ գիւ­ղա­ցիք ջար­դո­ւե­ցան, այ­լեւ մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­շո­ւարկ­նե­րով՝ ա­ւե­լի քան 15 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ նիւ­թա­կան կո­րուս­տի են­թար­կո­ւե­ցաւ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը։
Ն­ման չա­րա­ղէտ թրքա­կան ներ­խուժ­ման ա­ւար­տը խորհր­դան­շող թո­ւա­կան է 5 ­Հոկ­տեմ­բեր 1918ը։

Ն.