alt3 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, 143 տա­րի ա­ռաջ, ­Ռո­տոս­թո­յի մեր­ձա­կայ ­Մալ­կա­րա­յի մէջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան, որ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ա­րո­ւես­տա­գէտ մտա­ւո­րա­կան­ներէն մէ­կը։

 

­Հայ գիւ­ղի ծնունդ է Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան, որ հա­յոց հո­ղին բոյրն ու գոյ­նը, լոյսն ու շա­ղը, համն ու յա­գեց­նող ջու­րը ամ­բող­ջա­պէս իւ­րա­ցուց, իր մտքին ու հո­գիին շա­ղա­խը դար­ձուց։
Ե­ղա՛ւ ­Հա­յաս­տա­նեա՛ն գրա­կա­նու­թեան բարձ­րա­ճա­կատ դրօ­շա­կի­րը, որ կրցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շքե­ղու­թեան հասց­նել հա­յոց աշ­խար­հա­բա­րը։

Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան գրե­թէ ամ­բողջ կեան­քը ապ­րե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րին մէջ։ Ա­նոր կեան­քին թե­լը վա­ղա­ժամ պո­կո­ւե­ցաւ, երբ հա­զիւ թե­ւա­կո­խած 42 տա­րի­քը՝ ան ա­ռա­ջին զո­հե­րէն մէ­կը դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին։
Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան օժ­տո­ւած էր իր նե­րաշ­խար­հը՝ յոյ­զերն ու խո­հե­րը ա­մե­նայն պար­զու­թեամբ եւ գե­ղեց­կու­թեամբ ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ բա­նա­լու բնա­տուր ձիր­քով, ինչ­պէս որ կը հաս­տա­տէ, օ­րի­նա­կի հա­մար, «­Կա­րօտ­ներս» խո­րագ­րով 1912ին գրո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը.

­Հոգ­ւոյս խո­րը կա­րօտ­ներ կան՝
Որ կը քան­դեն զիս օ­րէ օր,
Ինչ­պէս բո­ցին կար­միր լե­զուն՝
­Մո­մին ճեր­մակ մար­մինն ա­ղո­ւո՜ր։

­Կա­րօտ­ներ կան խո­րը մըտ­քիս,
Որ ան­դա­դար զայն կը փո­րեն.
­Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցա­ւե­րուն,
­Լուռ՝ կը խոր­հիմ ես ինք­նի­րեն։

Ու կը լայն­նա՜յ վէր­քը տա­կաւ
­Չը­դար­մա­նո­ւած կա­րօտ­նե­րուն.
Ո՛չ ո՛ք գի­տէ զա­նոնք, - ի՜նչ փոյթ,
Ես դա­գաղն եմ այդ ցա­ւե­րուն։

­Չըն­չի՞ն ցա­ւեր. է՜, ո՜վ գի­տէ.
­Խոր­հուրդ­ներն են ա­նոնք հոգ­ւոյս.
­Մեծ ե­րազ­ներ եւ իղ­ձեր վառ՝
­Կը մա­րին խորն այդ ցա­ւե­րուս։

Ու կա­րօտ­ներն իմ մե­ծա­մոլ
­Կը սպա­ռեն զիս մին­չեւ ըզ­մահ,
Ինչ­պէս բո­ցի կար­միր լե­զուն՝
­Մո­մին մա­քուր մար­մի՜նն ա­ղո­ւոր։

Ծ­նած ­Ռո­տոս­թո­յի մեր­ձա­կայ ­Մալ­կա­րա­յի մէջ՝ Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան դար­ձաւ 1900ա­կան­նե­րու գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դին եւ ա­նոր նո­ւա­ճած ­Հա­յաս­տա­նեա՛ն Գ­րա­կա­նու­թեան բարձ­րա­ճա­կատ դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը, որ ե­թէ չկրցաւ ճա­ռա­գայ­թող աստղ մը դառ­նալ իր մշա­կած քեր­թո­ղու­թեան կամ գրա­կան-քննա­դա­տու­թեան մէջ, բայց ան­վի­ճե­լիօ­րէն կրցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շքե­ղու­թեան հասց­նել հա­յոց աշ­խար­հա­բա­րը։

Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­ցաւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու, ո­րով­հե­տեւ ստի­պո­ւե­ցաւ կա­նուխ տա­րի­քէն կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւիլ եւ ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վել։ ­Բայց իր ծննդա­վայ­րի միջ­նա­կարգ դպրո­ցէն ստա­ցած ու­սու­մը եւ ֆրան­սե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ այն­քան զար­գա­ցուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան նո­րա­շունչ հո­սանք­նե­րուն մօ­տէն հե­տե­ւիլ եւ քայլ պա­հել ա­նոնց հետ, այ­լեւ` հա­մա­պա­տաս­խան նո­րա­րա­րա­կան շունչ բե­րել քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի հայ գրա­կա­նու­թեան։

Ան բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ մուտք գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։ 1890ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սան ա­նոր «Լ­քո­ւած Ք­նար» եւ «Եր­կունք» բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը, ուր տեղ գտած գոր­ծե­րը գրա­ւե­ցին ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը՝ ի­րենց լե­զո­ւա­կան գե­ղեց­կու­թեամբ, խո­հա­կան պատ­կեր­նե­րով եւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի ճոխ ե­րան­գապ­նա­կով։ Իսկ տաս­նա­մեակ մը ետք, 1910ին իր լոյս ըն­ծա­յած բա­նաս­տեղ­ծա­կան եր­րորդ հա­տո­րով` «­Նոր Ք­նար»ով, Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան հայ գրա­կա­նու­թեան ըն­ծա­յեց ու­շագ­րաւ է­ջեր, ո­րոնք կը վկա­յեն գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր ո­րա­կի եւ մշա­կո­ւա­ծու­թեան տէր գրո­ղի իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մա­սին։
1895-96ի հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը ա­մա­յա­ցու­ցին հայ գրա­կան հրա­պա­րա­կը։

­Տա­ղան­դա­ւոր մեր գրող­նե­րէն շա­տեր կա՛մ պաշ­տօ­նա­պէս ­Պոլ­սէն հե­ռա­ցո­ւե­ցան, կա՛մ ա­զատ ոս­տան­ներ փնտռե­ցին ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Ա­մա­յու­թիւ­նը «լեց­նե­լու» ե­կան ա­նո­րակ եւ ծա­ռա­յա­միտ գրող­ներ։ Ա­հա՛ այդ մթնո­լոր­տին մէջ, ­Պոլ­սոյ «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թեր­թի է­ջե­րուն, սկսան լոյս տես­նել ­Մալ­կա­րա­յէն ե­րի­տա­սար­դի մը գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ընդգր­կուն յօ­դուած­նե­րը, ո­րոնք ա­րեւմ­տա­հայ ար­ձա­կի ի­րենց բարձ­րո­րակ մշա­կու­մով եւ դա­րաշր­ջա­նի ա­մէ­նէն յա­ռա­ջա­պահ շար­ժում­նե­րու ար­ձա­գան­գով` ան­մի­ջա­պէս գրա­ւե­ցին ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն. ­Պոլ­սոյ գրա­կան ա­մա­յա­ցած հրա­պա­րա­կը լե­ցու­ցին եւ ջեր­մա­ցու­ցին ­Հա­յաս­տա­նեան Գ­րա­կա­նու­թեան կրա­կը ար­ծար­ծող վեր­լու­ծում­նե­րով, խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով եւ գրա­խօ­սա­կան­նե­րով։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին` Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան մին­չեւ 1908ի ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, բա­ռին լա­ւա­գոյն ի­մաս­տով տե­ղա­պա­հի դեր կա­տա­րեց ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Նո­րա­հաս գրող­նե­րուն եւ ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ կա­մուր­ջի դեր ստանձ­նեց։ Եւ­րո­պա­կան մտքի եւ գրա­կան շար­ժում­նե­րուն առ­ջեւ փա­կո­ւած լու­սա­մուտ­նե­րը ետ բա­ցաւ` յա­տուկ ճիգ թա­փե­լով, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նեան Գ­րա­կա­նու­թեան պա­տո­ւաս­տու­մին ծա­ռա­յեն այդ նե­րար­կում­նե­րը։ ­Բայց մա­նա­ւանդ ներ­քին գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան ձայ­նը լսե­լի դար­ձուց հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն` հայ­րե­նի հողն ու տոհ­միկ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը հա­ղոր­դա­կան եւ սի­րե­լի դարձնելով օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղա­քի հա­յու­թեան։

­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, երբ ա­րեւմտա­հայ գրա­կա­նու­թեան գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դը իր փառ­քե­րի օ­րե­րը կ­՚ապ­րէր, երբ «­Մենք»ն­ ու «­Մե­հեան»ը, «­Նա­ւա­սարդ»ն­ ու «Ա­զա­տա­մարտ»ը նոր ու լայն հո­րի­զոն­նե­րու կը բա­նա­յին հայ գրա­կա­նու­թիւնն ու ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ ­Միտ­քը, Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան աշ­խոյժ մաս­նա­կիցն ու յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րը մնաց վե­րա­զարթ­նու­մի եւ վե­րա­նո­րոգ­ման այդ բո­լոր շար­ժում­նե­րուն։
1913ին վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս` ա­ւե­լի գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու հա­մար գրա­կան հրա­պա­րա­կի աշ­խու­ժաց­ման։

­Բայց հա­սու­նաց­ման իր տա­րեր­քին հա­սած Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի եր­թը յան­կարծ խա­փա­նո­ւե­ցաւ 1915ի Ապ­րիլ 24ին, երբ մեր հո­գեմ­տա­ւոր ամ­բողջ սե­րուց­քը բրտօ­րէն ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ, հա­ւա­քա­բար աք­սո­րո­ւե­ցաւ եւ թրքա­կան վայ­րա­գու­թեան ու գա­զա­նու­թեան «խրախ­ճանք­ներ»ու մէջ նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ։
Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան իր ու­րոյն տե­ղը նո­ւա­ճեց հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։

­Խիտ ու պատ­կե­րա­ւոր, խո­հուն եւ գե­ղե­ցիկ իր աշ­խար­հա­բա­րով ու ի­մա­ցա­կան զե­ղում­նե­րով` ան ու­ղի հար­թեց հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ իր ա­կունք­նե­րով ու ա­ւանդ­նե­րով վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու շար­ժու­մին առ­ջեւ։
Այդ ա­ռու­մով խօ­սուն է ա­նոր «­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց»ի նո­ւի­րո­ւած քեր­թո­ւա­ծը.-

Ե­րա­նե­լին մե­նա­կեաց մ­՛էր նո­րա­տի,
­Հո­գին` ա­զատ ան­ցա­ւո­րին պայ­մա­նէն,
Եւ անձ­նա­տուր Ե­րա­զի մը տա­րօ­րէն,
Որ մե­նու­թեան ան­կիւ­նին մէջ կը փըթ­թի:

­Տը­ւայ­տանք մը խոր, ա­նըս­փոփ կա­րօ­տի
­Մե­նա­կեա­ցին կը պրկէր սիրտն ուժգ­նօ­րէն.
­Պի­տի գըտ­նէ՜ր, երբ գար շը­նորհն հրե­ղէն,
­Պայ­ծառ բը­խում աս­տո­ւա­ծա­յին ո­լոր­տի:

Եւ ա­ղօթ­քի պա­հու մը մէջ վե­րաս­լաց,
­Հոգ­ւոյն վը­ճիտ ա­մե­նա­տես աչ­քը բա՜ց,
­Տե­սա՜ւ շա­րանն հը­րա­քան­դակ տա­ռե­րուն…

Ու դա­րեր վերջ, նոյ­նիսկ դը­պիր մ­՛անն­շան
Այդ նի­շե­րով թեւ կու տայ իր ներշնչ­ման`
­Սուր­բին ձօ­նո­ւած իր այս տա­ղովն ա­նա­նուն:

Ն.