altՍեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջին եւ ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, 99 տա­րի ա­ռաջ, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բախ­տո­րոշ այն պա­հուն, երբ 1917ի հա­մա­ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան քաո­սի մատ­նո­ւած էր ամ­բողջ ­Կով­կա­սը, ­Թիֆ­լի­սի մէջ գու­մա­

րո­ւե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յոց Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րը։

­Սեպ­տեմ­բեր 28ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կեր­պիչ ­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մարմ­նին վեր­ջին խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը ­Թիֆ­լի­սի հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ՝ վերջ­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան յան­գե­լու հա­մար հա­մա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հու­թեան կազ­մին շուրջ։

­Հա­մա­գու­մա­րի նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կո­ւած էր Ապ­րիլ 1917ին, հա­մա­ռու­սա­կան ­Սահ­մա­նա­դիր ­Ժո­ղո­վի գու­մար­ման հա­մար կա­տա­րո­ւած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան ռու­սա­կան կայս­րու­թեան բնա­կիչ բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րը, այդ շար­քին նաեւ կայս­րու­թեան ողջ տա­րած­քին ցրո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը։

­Սահ­մա­նա­դիր ­Ժո­ղո­վի հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թեանց ըն­թաց­քին, հա­յու­թիւ­նը գրե­թէ եր­կու եր­րորդ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ իր վստա­հու­թեան քո­ւէն տո­ւաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ մինչ այդ ե­ղած էր ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման մղիչ ու­ժը եւ նա­խա­ձեռ­նողն ու ղե­կա­վար կամ­քը ­Հայ Ազ­գա­յին ­Բիւ­րո­յին։ ­Սահ­մա­նա­դիր ­Ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հայ քա­ղա­քա­կան բո­լոր կու­սակ­ցու­թեանց ա­ռա­ջար­կեց միաս­նա­բար նա­խա­ձեռ­նել ­Հայ Ազ­գա­յին ­Հա­մա­գու­մա­րի մը կազ­մու­թեան։ Ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նե­լու­թիւն գտաւ եւ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ­Հա­մա­գու­մա­րը նա­խա­պատ­րաս­տող ­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մար­մի­նը՝ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, որ միա­ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէր հա­մա­ռու­սա­կան ­Սահ­մա­նա­դիր ­Ժո­ղո­վի դաշ­նակ­ցա­կան ֆրակ­ցիան։

­Հա­մա­ժո­ղո­վին սկզբնա­կան նպա­տա­կադ­րու­մը ­Հայ Ազ­գա­յին ­Հա­մա­գու­մա­րի մը ա­ռա­ջա­ցումն էր՝ նե­րառ­նե­լով նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը։ Այս վեր­ջի­նը, սա­կայն, հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան քո­ւէ­նե­րով ընտ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղով­ներ կամ մար­մին­ներ չու­նէր։ Իսկ ի տար­բե­րու­թիւն ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թեան, 1916ի գար­նան ար­դէն, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան մուտք գոր­ծած ցա­րա­կան զօր­քին հետ՝ կայ­սե­րա­կան ո­րո­շու­մով, հաս­տա­տո­ւած էր Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հայ ազ­գա­յին ինք­նա­վար իշ­խա­նու­թիւ­նը, որ նոյն­պէս կը ղե­կա­վա­րո­ւէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ։

Այդ հի­ման վրայ, ­Մա­յիս 1917ին, տե­ղի ու­նե­ցած էր ար­դէն Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րը, որ շա­բաթ մը տե­ւած իր խորհր­դակ­ցու­թեանց ա­ւար­տին ընտ­րած էր բազ­ման­դամ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուրդ մը՝ Անդ­րա­նի­կի եւ ­Կոմ­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ ­Խոր­հուր­դը իր կազ­մէն ա­ռա­ջա­ցուց Ա­րեւմ­տա­հայ ­Բիւ­րօ, ո­րուն վստա­հո­ւե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րի ո­րո­շում­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։
Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մով ու ղե­կա­վար մարմ­նի ընտ­րու­թեամբ, հե­տե­ւա­բար, ­Հայ Ազ­գա­յին ­Հա­մա­գու­մա­րի սկզբնա­կան պատ­կե­րա­ցու­մը ինք­նա­բե­րա­բար փո­խա­րի­նուե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յոց Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պե­լու տա­րա­զով։

Ապ­րիլ 1917էն մին­չեւ ­Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջին օ­րե­րը, ­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մար­մի­նը իր խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կեդ­րո­նա­ցուց ­Հա­մա­գու­մա­րի կազմն ու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թեանց սկզբունք­նե­րը ճշդե­լու եւ օ­րա­կար­գի հիմ­նա­կան հար­ցե­րը նա­խա­պատ­րաս­տող յանձ­նա­խում­բե­րը կազ­մե­լու աշ­խա­տան­քին վրայ։ ­Մար­մի­նը ու­նե­ցաւ եր­կա­րա­տեւ ու բուռն բա­նա­վէ­ճեր, ո­րոնց ա­ռանց­քը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կե­լու պնդումն էր միւս կու­սակ­ցու­թեանց կող­մէ։ ­Բուռն բա­նա­վէ­ճեր տե­ղի ու­նե­ցան նոյ­նիսկ ­Հա­մա­գու­մա­րի նա­խօ­րէին, ­Սեպ­տեմ­բեր 28ի ­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մարմ­նի վեր­ջին նիս­տին, ­Հա­մա­գու­մա­րի նա­խա­գա­հու­թեան կազ­մին շուրջ։

­Թէեւ ­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մար­մի­նը հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցուց ­Հա­մա­գու­մա­րի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ընտ­րո­վի կա­տա­րե­լու սկզբուն­քին շուրջ՝ 10 հա­զար ռու­սա­հա­յե­րու 1 պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը հաս­տա­տե­լով, այ­սու­հան­դերձ՝ միշտ եւ ա­մէն տեղ կա­րե­լի չե­ղաւ այդ ո­րո­շու­մը յար­գել։

­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ այն, որ ­Հա­մա­գու­մա­րը ու­նե­ցաւ ե՛ւ ընտ­րո­վի, ե՛ւ նշա­նա­կո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու խառն կազմ՝ ըն­դա­մէ­նը 203 հո­գի։ Ն­շա­նա­կո­վի ե­ղաւ հաս­տա­տու­մը յատ­կա­պէս այն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ան­կու­սակ­ցա­կան էին եւ ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէ ստա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նէին, բայց հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ յար­գո­ւած հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ էին։
Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Խոր­հուր­դը հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ եւ յա­տուկ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Հա­մա­գու­մա­րին։

­Սեպ­տեմ­բեր 29ի կէ­սօ­րին, ­Թիֆ­լի­սի Ար­տիս­տա­կան ­Թատ­րո­նի մեծ դահ­լի­ճին մէջ, ­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մարմ­նի նա­խա­գահ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան պաշ­տօ­նա­պէս կա­տա­րեց բա­ցու­մը Ա­րե­ւե­լա­հա­յոց Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րին։ ­Մաս­նա­կից 203 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն 113ը դաշ­նակ­ցա­կան էր, 43ը՝ ա­ջա­կող­մեան ­Ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ էր, 23ը՝ ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան էր, իսկ 9 պատ­գա­մա­ւոր­ներ կը ներ­կա­յաց­նէին ­Սո­ցիալ-­Դե­մոկ­րատ հո­սան­քը (մեն­շե­ւիկ, պոլ­շե­ւիկ եւ հնչա­կեան). ան­կու­սակ­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը 7 հո­գի էին։

Ինչ­պէս որ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ՝ «­Հա­մա­գու­մա­րին կազ­մը պատ­կա­ռե­լի էր։ ­Հա­մախմ­բո­ւած էր ռու­սա­հա­յու­թեան ընտ­րա­նին, ա­մէ­նէն աչ­քի ընկ­նող գոր­ծիչ­նե­րը։ ­Բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու­ղար­կել էին ի­րենց լա­ւա­գոյն ու­ժե­րը։ ­Նա­խա­գա­հու­թեան մէջ ընտ­րո­ւե­ցին (­Միջ-­Կու­սակ­ցա­կան ­Մարմ­նի մէջ հա­մա­ձայ­նա­բար հաս­տա­տո­ւած տո­կո­սա­յին հա­մե­մա­տու­թեամբ - Ն.) Յ. ­Քա­ջազ­նու­նին, Ա. ­Խա­տի­սեա­նը, Ա. Ա­հա­րո­նեա­նը (դաշ­նակ­ցա­կան­ներ), Բժ. Այ­վա­զեա­նը (ժո­ղովր­դա­կան), Լ. Ա­թա­բէ­գեա­նը (սոց.-յեղ.), Ղ. ­Տէր-­Ղա­զա­րեա­նը (սոց.-դեմ.), Ստ. ­Մա­մի­կո­նեա­նը (ան­կուս.)»։

­Պաշ­տօ­նա­պէս եւ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն միայն ռու­սա­հա­յոց հա­մա­ժո­ղո­վը ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ հա­մա­ժո­ղո­վը ի­րո­ղա­պէս եւ էա­պէս դար­ձաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Հա­մա­գու­մա­րը, որ ա­ւե­լի քան եր­կու շա­բաթ տե­ւո­ղու­թեամբ քննու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց եւ հա­մա­պա­տաս­խան ու­ղե­գիծ ու աշ­խա­տան­քի ծրա­գիր կազ­մեց ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կան ու գա­լի­քը յու­զող բո­լոր խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան պատս­պար­ման, պա­րե­նա­ւոր­ման եւ ընդ­հա­նուր հո­գա­տա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան, այ­լեւ հրա­տապ հար­ցե­րէն մին­չեւ Անդր­կով­կա­սի վար­չա­քա­ղա­քա­կան ա­պա­գան յու­զող խնդիր­նե­րը, անց­նե­լով Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ինք­նա­վա­րու­թեան ամ­րապն­դու­մին ա­ռըն­չո­ւող կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէն եւ հաս­նե­լով ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րու ու­ժե­ղաց­ման ու միջ-կու­սակ­ցա­կան հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, ­Հա­մա­գու­մա­րը փաս­տօ­րէն դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի գե­րա­գոյն՝ ան­պաշ­տօն խորհր­դա­րա­նը։

Իսկ իր աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին, ­Հա­մա­գու­մա­րը ընտ­րեց ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը, որ ­Թիֆ­լի­սը նստա­վայր ու­նե­նա­լով՝ շու­տով ա­ռա­ջա­ցուց տե­ղա­կան իր Ազ­գա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րը, յատ­կա­պէս ­Կարս-Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի, Ե­րե­ւա­նի, ­Զան­գե­զուր-­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Բա­գո­ւի շրջան­նե­րուն մէջ։

­Հա­մա­գու­մա­րէն ծնունդ ա­ռած ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուրդն էր, որ մին­չեւ 28 ­Մա­յիս 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մի հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն յաղ­թա­կան ա­ւար­տը, իր ու­սե­րուն շալ­կեց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան պաշտ­պա­նու­թեան ու ազ­գա­յին-պե­տա­կան վե­րա­կանգ­նու­մին՝ հա­յոց պատ­մու­թեան ներ­կայ դա­րաշր­ջա­նի մայ­րու­ղին հար­թե­լով։

Ն.