Հայ գրականութեան ինքնատիպ դասականներէն է Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որուն մահուան 87րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր։
29 Սեպտեմբերին, 1929 թուին, Երեւանի մէջ 65 տարեկանին վախճանեցաւ եւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներուն յատկացուած Պանթէոնին մէջ
իր յաւերժական հանգիստը գտաւ հայ քնարերգութեան ատենի նորարար, այլեւ դասականացած յառաջապահը։
Տաղանդաւոր բանաստեղծ, վաստակաշատ ուսուցիչ եւ շնորհալի թարգմանիչ է Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որ իր բերած քնարերգական նոր շունչով՝ ոսկեայ կամուրջ մը հանդիսացաւ արեւելահայ բանաստեղծներու Զարթօնքի եւ Գեղապաշտ սերունդներուն միջեւ։
Մինչեւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, 1880ականներուն, արեւելահայ քերթողութիւնը կլանուած էր Միքայէլ Նալբանդեանի, Սմբատ Շահազիզի եւ Գամառ-Քաթիպայի Զարթօնքի սերունդին ազգային-հայրենասիրական եւ հռետորական-խրատական շունչով։
Յ. Յովհաննիսեանի նորաշունչ քնարերգութեամբ բացուեցաւ արդի դարաշրջանը արեւելահայ գրողներու գեղապաշտ սերունդին՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահան Տէրեանի տարողութեամբ բանաստեղծներու ստեղծագործական խոյանքին առջեւ։
1864ին Վաղարշապատ (Էջմիածին) ծնած՝ Յովհաննէս Մկրտիչի Յովհաննիսեան նախնական իր կրթութիւնը ստացաւ նախ գիւղի ծխական վարժարանին, ապա՝ Երեւանի պետական բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ։ 13 տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկեց Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը, ուր աշակերտեց Սմբատ Շահազիզի, որուն խրախուսանքով պատանի տարիքէն Յովհաննիսեան սկսաւ ոտանաւորներ գրել եւ լոյս ընծայել Ճեմարանի ուսանողական պարբերաթերթին մէջ։
Գրելու շնորհքով օժտուած եւ ուսումնատենչ երիտասարդ՝ Յ. Յովհաննիսեան հետեւեցաւ ու աւարտեց Մոսկուայի Համալսարանի պատմութեան եւ լեզուագիտութեան ճիւղը, ուր հմտացաւ ոչ միայն ռուսերէնի, այլեւ անգլերէնի, լատիներէնի ու հին յունարէնի իմացութեան մէջ։ Միաժամանակ դասաւանդեց Լազարեան Ճեմարանի մէջ։
Մոսկուայի մէջ ապրած տասնըմէկ տարիները (1877-1888) Յովհաննէս Յովհաննիսեանի համար եղան ոչ միայն մասնագիտական պատրաստութեան, այլեւ՝ ժամանակի ռուս յայտնի գրողներու հետ սերտ ծանօթացման բախտորոշ շրջան մը, որ մինչեւ մահ հունաւորեց արեւելահայ քնարերգութեան նորարար դրօշակիրին գրական-ստեղծագործական կեանքը։
Յովհաննէս Յովհաննիսեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Մոսկուայի հայ ուսանողութեան Գրական Ընկերութեան ծաւալած ինքնազարգացման եւ ստեղծագործական եռուն կեանքին։ Այդ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ ալ, 1887ին, երբ Յ. Յովհաննիսեան համալսարանական իր ուսման վերջին տարին կը լրացնէր, լոյս տեսաւ Յովհաննիսեանի բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը, որ լայնատարած հռչակ ապահովեց հազիւ 24 տարեկան բանաստեղծին։ Ղեւոնդ Ալիշան փութաց ողջունելու արեւելահայ քնարերգութեան այս նոր շունչին յայտնութիւնը։
Մոսկուայի համալսարանէն 1888ին վկայուելով՝ Յ. Յովհաննիսեան 1889ին ձեռնարկեց դէպի Եւրոպա շրջապտոյտի մը. եղաւ Կ.Պոլիս, Վիեննա, Փարիզ եւ Լոնտոն՝ գրական իր հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալով եւ մօտէն ծանօթանալով իր ժամանակի եւրոպական գրական շարժումներուն։
Վերադարձաւ հայրենի ծննդավայր եւ ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Էջմիածնի Գէրոգեան Ճեմարանին մէջ, ուր ռուսական գրականութիւն եւ յունարէն դասաւանդեց ամբողջ տասնամեակներ։
1908ին լոյս տեսաւ իր բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը, որ պատուանդանը հանդիսացաւ անոր արժէքին ու տեղին արեւելահայ արդի գրականութեան քնարերգակ բանաստեղծներու փաղանգին մէջ։ 1912ին արժանաւորապէս տօնուեցաւ գրական եւ կրթական իր գործունէութեան երեսնամեակը՝ յոբելինական մեծ շուքով։
Ի տարբերութիւն իր սերնդակիցներու մեծ մասին, Յ. Յովհաննիսեան հեռու մնաց ազգային-հասարակական յանձնառու գործունէութենէ եւ կեդրոնացաւ իր ուսուցչական ու գրական-ստեղծագործական աշխատանքներուն վրայ, բայց առանց իր յուզաշխարհը փակելու հայ կեանքը փոթորկող մեծ ցնցումներուն առջեւ, որոնք խոր անդրադարձ ունեցան իր բանաստեղութեան վրայ եւ արձագանգ գտան անոր գործերուն մէջ։
Յովհաննէս Յովհաննիսեանի իւրայատուկ արժէքին եւ տեղին արժեւորումը կատարող հեղինակաւոր մեր գրողներն ու քննադատները, ինչպէս Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան եւ Նիկոլ Աղբալեան, միաձայնութեամբ կը նշեն, որ Յ. Յովհաննիսեան 1880ականներու հայ իրականութեան հարազատ հայելին եղաւ՝ գրական ցոլացման առումով։
Հայկական, ռուսական եւ եւրոպական տարողութեամբ ընդհանուր հիասթափութեան տարիներ էին 1880ականները, յատկապէս երկրորդ կէսին։ Որոշապէս ազգային առումով՝ Հայկական Հարցին բաժին հանուած համեւրոպական անտարբերութիւնը - Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներու կնքման շրջանին - ծանր հարուած հասցուց օսմանեան բռնատիրութեան դաժան լուծէն հանգիստ շունչ քաշելու համազգային մեր յոյսերուն։
- Պանդխտութեան եւ ուսման համար Ռուսաստան եւ Եւրոպա թափած հայ երիտասարդութիւնը այլեւս չէր կրնար հոգեմտաւոր իր սնունդը բաւարարել Զարթօնքի սերունդին ազգային-հայրենասիրական հռետորաշունչ գրականութեամբ։ Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ յայտնուած Յովհաննէս Յովհաննիսեանի քնարերգութիւնը, իր մշակուած ու բիւրեղ աշխարհաբարով, բանաստեղծական յանգաւորումի եւ երաժշտաւորման նոր շունչով եւ ազգային-հայրենասիրական, այլ մանաւանդ սիրային-ընկերային զգայնութիւններու իւրովի՝ ծայր աստիճան զգայուն ընկալումով, արագօրէն գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։
Իր տրտմութեամբ եւ մեղմ զգացումներով հանդերձ՝ Յ. Յովհաննիսեանի բանաստեղծութիւնը սիրտէ բխող հարազատ երգ դարձաւ թէ՛ հայ պանդուխտին, թէ՛ ուսման ծարաւ եւ օտարացման ամէնօրեայ սպառնալիքին ենթակայ հայ երիտասարդին եւ թէ, վերջապէս, սեփական ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը ապրող հայ հոգիներուն համար։
Իր ստեղծագործութեան եւ մանկավարժական բեղուն գործունէութիւնը Յ. Յովհաննիսեան խարսխեց այն ներշնչանքին վրայ, որ «մեր գրական լեզուն պիտի զարգանայ ու հարստանայ՝ օգտուելով գրաբարից եւ ժողովրդական լեզուից»։ Այդ մօտեցումով ալ Յ. Յովհաննիսեան իր քնարերգութեամբ համատեղեց մեր ժողովուրդի աւանդապահ կեանքն ու նոր ժամանակներու քաղաքային սէրը...
Իր մահուան 87րդ տարելիցին առիթով՝ կ’արժէ հաղորդուիլ «Հայրական երգ» խորագրուած Յով. Յովհաննիսեանի քերթուածին ազգային վարակիչ շունչով.
Մի երգ գիտէր հայրս մանկութ իմ օրով,
Որ մինչեւ հիմա հազիւ իմ միտքն է գալիս
Իր պարզունակ եւ իմաստուն մի տողով՝
«Բայց ես դարձեալ ծիծաղում եմ, չեմ լալիս»։
Այդ երգով է նա տուն գալիս բեզարած,
Հպարտ մեզնով ու մեր հրաշք մայրիկով.
Տակ տաշեղի, փայտի բոյրը յետ առած,
Թէկուզ անվարձ, թէկուզ օրուայ կարիքով:
Հէնց այդ երգն էր դողում նրան շրթունքին,
Երբ նա ընկած Ռեւանդուզի ճակատում՝
Փաթաթում էր բազկի վէրքը ու կրկին
Հայոց տխուր յոյսերին էր հաւատում:
Այդ երգով էր ասպետօրէն զօրանում,
Երբ խաբւում էր սիրած մարդու հաւատից.
Սեւ գինու մէջ սփոփանք էր որոնում
Ու երգում էր, ու երգում էր ցաւագին:
Այդ երգով էր ամէն գիշեր մտնում քուն,
Երբ իր որդին մարտերում էր սեւակնած...
Այդ երգը միշտ երգեց ամբողջ իր կեանքում
Ու երեւի այդ երգով էլ նա գնաց...
Ա՜խ, հայրական երգ իմ, ինչո՛ւ ես քնել,
Այնքան ես պէտք այսօր սրտիս ու ցաւիս.
Այնպէս կþուզեմ հիմա քո տողը կրկնել,
Որ ես դարձեալ ծիծաղում եմ, չեմ լալիս.
Որ ես դարձեալ ծիծաղում եմ, չեմ լալիս...
Յովհաննէս Յովհաննիսեան այսպէ՛ս սրտի եւ յոյսի ջերմութիւն ներարկեց համատարած հիասթափութեան ցուրտ եղանակին մատնուած ամբողջ սերունդի մը՝ ուղի հարթելով հայ քնարերգութեան վերաթարմացման առջեւ։
Ն.