Սեպտեմբեր 28ի այս օրը կը լրանայ մահուան 69րդ տարելիցը հայ մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման բանասիրական մեծ գործին եւ ազգային նուիրական ծառայութեան մարզին մէջ հսկայական եւ մեծարժէք աւանդի տէր Գարեգին Լեւոնեանի։
Հայ աշուղական գրականութեան եւ երաժշտութեան մեծութիւններէն Աշուղ Ջիւանիի որդին է Գարեգին Լեւոնեան, որ 75ամեայ իր կեանքին մեծագոյն մասը անմնացորդ նուիրաբերեց հայ երգի ու գրականութեան, հայ կերպարուեստի ու թատրոնի, հայ մամուլի եւ տպագրութեան անկորնչելի գանձերուն հետազօտութեան եւ գեղարուեստական ուսումնասիրութեան, յայտնաբերման ու գիտական արժեւորման՝ արուեստաբանի ու գրական-քննադատի իր վարակիչ օրինակով ամբողջ սերունդներ հասցնելով եւ թրծելով։
Հայոց մշակութային հարստութեան մշտարթուն պահակը եւ անխոնջ քարոզիչը հանդիսացաւ Գարեգին Լեւոնեան։ Հայկական նկարչութիւնն ու աշուղական երաժշտութիւնը, հայ գրականութիւնն ու հրապարակագրութիւնը, հայոց թատրոնն ու տպագրական արուեստը մնայուն ուսումնասիրութեան, արխիւային պեղումի եւ բծախնդիր վերծանումի անսպառ աղբիւր մը եղան Գարեգին Լեւոնեանի համար։ Ոչ միայն ինք հարստացաւ հայ մշակութային գանձարանին տիրապետելով, այլեւ՝ հարստացուց ներաշխարհը ամբողջ սերունդներու, հայկական արժէքներու ճանաչողութիւնն ու պաշտամունքը հոգեմտաւոր սնունդի վերածելով շատերու համար։
Գարեգին Լեւոնեան ծնած է 6 Նոյեմբեր 1872ին, Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի)։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն Ս. Փրկչի դպրոցին մէջ, ապա՝ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած է Ս. Փեթերսպուրկ, որուն Արուեստներու Ակադեմիան աւարտած է 1897ին։
Կանուխ տարիքէն Գարեգին Լեւոնեան անյագ ծարաւ դրսեւորեց արուեստներու հանդէպ՝ յատկապէս նկարչութեան մէջ իր բնատուր ձիրքը արտայայտելով։ Փեթերսպուրկէն վերադարձին, դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ, ուր 1902էն մինչեւ 1906 գեղարուեստի պատմութիւն եւ գեղանկարչութիւն դասաւանդեց։
Ուսումը կատարելագործելու եւ եւրոպական մշակոյթին հետ մօտէն շփուելու մղումը հանգիստ չտուաւ Լեւոնեանի, որ 1906ին մեկնեցաւ Լայփցիկ, Գերմանիա, ուր եւրոպական արուեստներու ուսումնասիրութեան մէջ խորանալով, մանաւանդ փորագրութեան մարզին մէջ հմտանալով՝ արժանացաւ Արուեստաբանի փրոֆեսորական տիտղոսին։
1908ին վերադարձաւ հայրենիք եւ հաստատուեցաւ ատենի հայ մշակութային մեծ օճախ հանդիսացող Թիֆլիսի մէջ՝ հիմնադրելով եւ խմբագրելով «Գեղարուեստ» հանդէսը (1908-22): «Գեղարուեստ»ը սոսկ թերթ մը չեղաւ, ուղղակիօրէն մշակութային մեծ շարժումի մը շարժիչ ուժը դարձաւ. ամբողջ տարիներ մեր ժողովուրդին գեղարուեստական ճաշակը մշակեց, բարձրորակ արուեստի ստեղծագործական կրակը վառեց եւ, մանաւա՛նդ, մեծ ներդրում ունեցաւ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը մեր սերունդներուն ծանօթացնելու եւ ներշնչման աղբիւրի ու ազգային ինքնաճանաչողութեան հիմքի վերածելու սերնդակերտ գործին մէջ։
Թիֆլիսեան իր գործունէութեան ընթացքին, Գարեգին Լեւոնեան բացաւ նաեւ նկարչական դասընթացներու արուեստանոց եւ օրհնաբեր ներդրում ունեցաւ հայկական վարժարաններու համար նկարչութեան ուսուցիչներու պատրաստութեան մէջ։ Կազմեց եւ հրատարակեց դասագրքեր («Հայկական վայելչագրութիւն եւ գեղագրութիւն», Թիֆլիս, 1908, «Գծագրութիւն եւ նկարչութիւն», Թիֆլիս, 1909): Նաեւ երկու տարի, 1910էն 1911, անձամբ նկարչութիւն դասաւանդեց Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ։
Վրաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան վերջնական հաստատումէն ետք, Գարեգին Լեւոնեան տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ստանձնեց արուեստներու դասաւանդման պաշտօններ։ 1926էն 1928 դասաւանդեց Երեւանի Գեղարուեստական Արուեստանոցին (Տեխնիկում) մէջ, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն՝ Թատերական Հիմնարկի եւ Պետական Համալսարանի դասախօս եղաւ։
Գարեգին Լեւոնեան Հայաստանի մէջ եղաւ առաջին մշակութային գործիչը, որուն խորհրդային իշխանութիւնները շնորհեցին Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչի կոչումը (1932): Իսկ 1934էն սկսեալ ան մաս կազմեց Գրողներու Միութեան՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելով։
Մեծարժէք արուեստաբանն ու գրականագէտը վախճանեցաւ 28 Սեպտեմբեր 1947ին, Երեւան։
Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան տարբեր մարզերուն նուիրուած իր հրապարակումները Գարեգին Լեւոնեան ստորագրեց այլազան գրչանուններով՝ ինչպէս Գ.Լ., Գօշ, Գրասէր, Լ., Ճռինչ, Մեֆիստոֆել, Շաւարշ, Վաղինակ եւայլն։
Ծաւալուն ժառանգութիւն մը կտակեց հայ մշակոյթին։ Տասնեակաւոր հատորներով հրատարակուած կամ տակաւին ձեռագիր վիճակի մէջ մնացած իր գործերուն շարքին են՝ «Հայ աշուղներ»ը, Ալեք-պոլ, 1892, 151 էջ: «Հայոց պարբերական մամուլը, Ալեք-պոլ, 1895, 570 էջ: «Աշխարհէ աշխարհ կամ 20.000 վերստ Եւրոպայում», Թիֆլիս, 1914: «Հայոց պարբերական մամուլը», Ե., Պետհրատ, 1934, 230 էջ: «Թատրոնը հին Հայաստանում», Ե., Հայպետհրատ, 1941, 122 էջ: «Աշուղները եւ նրանց արուեստը», Ե., Հայպետհրատ, 1944, 106 էջ: «Հայ գիրքը եւ տպագրութեան արուեստը», Ե., Հայպետհրատ, 1946, 255 էջ: «Յուշեր», Ե., Հայպետհրատ, 1959, 203 էջ: «Երկեր», Ե., Հայպետհրատ, 1963, 504 էջ:
Գ. Լեւոնեանի վաստակին գլխաւոր երեք բնագաւառներէն առաջինը եղաւ աշուղագիտութիւնը։ Ան ոչ միայն Աշուղ Ջիւանիի եւ Սայաթ-Նովայի նուիրուած կոթողական իր հատորներով անոնց ստեղծագործական աշխարհին եւ կենսագրութեան ամէնէն հարուստ հաւաքածոները կազմող ու գիտական հրատարակութեան արժանացնող բանասէրը եղաւ, այլեւ ժողովրդական ու աշուղական երգերու գեղարուեստական կապերը վերծանող, հայկական տաղաչափութեան առանձնայատկութիւնները լուսաբանող եւ միջնադարեան հայ բանաստեղծութեան գրական-գեղարուեստական հարստութիւնը խորաթափանց արժեւորման ենթարկող արուեստաբանը հանդիսացաւ։
Գ. Լեւոնեանի վաստակին երկրորդ գլխաւոր ուղղութիւնը հայ թատրոնին եւ նկարչութեան ազգային ակունքները յայտնաբերելու եւ արուեստաբանական արժեւորման ենթարկելու բնագաւառը եղաւ։ Թէ՛ ազգային մեր անկորնչելի գանձերուն ուսուցանողը եղաւ, թէ՛ հայոց արուեստներու վերանորոգման շարժումին նախաձեռնողը դարձաւ։
Գ. Լեւոնեանի համար նոյնքան կարեւոր ներդրումի բնագաւառ հանդիսացան հայ մամուլի եւ տպագրութեան գիտական հետազօտութիւնը, հաւաքումն ու հրատարակութիւնը։
Այդ պատկառելի վաստակին առ ի գնահատանք՝ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան հետագային պիտի վկայէր, որ՝
«Գարեգին Լեւոնեանի ընդգրկումը լայն Էր, հետաքրքրութիւնները՝ բազմազան, ծրագրերը՝ շատ։ Նա տասնեակ տարիների ընթացքում, իր անխոնջ գործունէութեամբ յիշեցնելով ժրաջան մեղուին, հաւաքել եւ կուտակել Է ահագին փաստական նիւթ, գրքեր։ Արխիւներից, փոշիների տակից, մի խօսքով՝ անյայտութիւնից լոյս աշխարհ է բերել բազմաթիւ փաստեր ու տուեալներ...»։
Գարեգին Լեւոնեան իրաւամբ կը հանդիսանայ ու երկար ժամանակ պիտի յիշատակուի իբրեւ Հայ Մշակոյթի անկորնչելի գանձերուն մեծավաստակ հետախոյզն ու տեսաբանը։
Ն.