­altՍեպ­տեմ­բեր 21ին, ա­մէն տա­րի, ա­հա՛ 25 տա­րի­նե­րէ ի վեր, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան շօ­շա­փե­լի փաստն ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեծ խոր­հուր­դը ազ­գա­յին հպար­տու­թեան խո­րա­գոյն ապ­րում­նե­րով կը հա­մա­կեն հայ մար­դոց միտքն ու սիր­տը։

Աշ­խար­հով մէկ՝ քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն ու հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ սփիւռ­քի մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր հա­յօ­ճախ­նե­րը, հայ մար­դը այս օ­րե­րուն կը տօ­նէ ու կը վեր­յի­շէ 1991 թո­ւի ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի հան­րա­քո­ւէն, որ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն 99 տո­կո­սի միա­հա­մուռ ձայ­նով՝ «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց ­Հա­յաս­տա­նը ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն դուրս բե­րե­լու եւ ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւն հռչա­կե­լու ­Հան­րա­քո­ւէի միակ հար­ցու­մին։

­Բա­ռա­ցիօ­րէն այդ­պի­սի՛ն էր բա­նա­ձե­ւու­մը 21 ­Սեպ­տեմ­բե­րի հան­րա­քո­ւէով հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին դա­տաս­տա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Մեծ ­Հար­ցին եւ, ի փառս ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը իր 99 տո­կո­սով՝ գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան միա­ձայ­նու­թեամբ ընտ­րեց ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման ու­ղին։

­Միայն պատ­մա­կան ճշգրտու­թեան սի­րոյն չի կա­տա­րո­ւիր ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հան­րա­քո­ւէին քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կի­զա­կէ­տին վե­րա­բե­րեալ այս յստա­կա­ցում-յի­շե­ցու­մը։ Կ’ա­ռա­ջադ­րէ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան լիար­ժէք ըն­կա­լումն ու նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ի խնդիր հայ­րե­նի հա­յու­թեան, նաեւ՝ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի կա­տա­րած ընտ­րան­քին՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հան­րա­քո­ւէի ար­ժէ­քին ու պատ­գա­մին։

Չ­մոռ­նա՛նք, որ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն ան­ջա­տո­ւե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան շատ ծանր, բայց ան­հար­կի տուրք տա­լով հա­սանք ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հան­րա­քո­ւէի յաղ­թա­նա­կին. ­Մա­յիս 1990ի խորհըր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րով եւ ա­նոնց հե­տե­ւած իշ­խա­նա­փո­խու­թեամբ պե­տա­կան ղե­կի հա­սած նո­րա­յայտ ու­ժե­րը չու­զե­ցին ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ եւ, հա­կա­ռա­կը, փաս­տօ­րէն պար­տադ­րե­ցին ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն ան­ջա­տո­ւե­լու ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը, իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հաս­նե­լու միակ ու­ղի...

Չ­մոռ­նա՛նք, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եր­թը ղե­կա­վա­րող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը՝ ՀՀ­Շա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­տե­սե­ցին, որ զի­րենք իշ­խա­նու­թեան գլուխ հասց­նող խորհր­դա­րա­նը (խորհըր­դա­յին բա­ռամ­թեր­քով՝ ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դը), 23 Օ­գոս­տոս 1990ին հաս­տա­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կագ­րով, ո­րո­շած էր քա­լել 28 ­Մա­յիս 1918ին նո­ւա­ճո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ա­նոր ծնունդ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւան­դոյ­թը վե­րա­կանգ­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան հու­նով։

Չ­մոռ­նա՛նք, վեր­ջա­պէս, որ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան այդ ան­տե­սու­մին հե­տե­ւե­ցաւ սաստ­կա­ցու­մը հա­կա­խոր­դա­յին ան­ջա­տո­ղա­կան պայ­քա­րին, ո­րուն ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ծանր գին վճա­րե­ցին Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­րո­ւած­նե­րուն կող­քին նաեւ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց պատ­ժա­կան հա­կա­դար­ձու­թեանց տակ իյ­նա­լով։

­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հան­րա­քո­ւէին 25րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով կը վեր­յի­շենք ազ­գո­վին մեր կտրած ու­ղիին այդ փշոտ անց­քե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ 1918ի ­Մա­յիս 28ին հռչա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւան­դոյ­թի վե­րա­կանգնման ­Մեծ ­Քայ­լի իր ի­մաս­տով, ար­ժէ­քով եւ փառ­քով տօ­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դին 99 տո­կո­սի միա­հա­մուռ «Ա­յո՛»ն՝ ի սպաս ­Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման եր­թին։

Կ’ար­ժէ վեր­յի­շել, որ­պէս­զի մեր այ­սօ­րո­ւան քայ­լե­րուն եւ վա­ղո­ւան ընտ­րանք­նե­րուն մօ­տե­նանք հայ ժո­ղո­վուր­դի կեն­սա­փոր­ձին եւ սոր­ված դա­սե­րուն ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ։
Որ­պէս­զի բնաւ մտա­հան չը­նենք, որ՝
- ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը, յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան, պատ­րաստ է ա­մէն զո­հա­բե­րու­թեան, ան­գամ գե­րա­գոյ­նին։ ­Նոյ­նիսկ երբ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը ծանր զրկան­քի եւ ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տաց­ման մատ­նե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին, «խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու կա­րօ­տախտ» դրսե­ւո­րե­լով հան­դերձ, դար­ձեալ ազ­գո­վին մենք կառ­չած մնա­ցինք ան­կա­խու­թեան եր­թը ա­մէն գնով յա­ռաջ մղե­լու հա­ւա­քա­կան ուխ­տին ու յանձ­նա­ռու­թեան։

- Ե­թէ ա­ւե­լի քան մի­լիոն հա­յե­րու ար­տա­գաղթ տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ զգա­լա­պէս դա­տար­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նը, պատ­ճա­ռը միայն սովն ու ա­նա­պա­հո­վու­թիւ­նը չէին այն­քան, որ­քան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ընդվ­զումն էր ա­րա­գօ­րէն եւ վայ­րա­գօ­րէն յղփա­ցող իշ­խա­նա­ւոր վեր­նա­խա­ւի մը կազ­մա­ւոր­ման եւ ա­նոր բռնիշ­խա­նա­կան վար­քագ­ծին ա­նար­դա­րու­թեան դէմ։

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման տօ­նը` 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի դա­րա­կազ­միկ ­Հան­րա­քո­ւէին 25րդ ­տա­րե­դար­ձը կը դի­մա­ւո­րենք դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ` խառն մտա­ծում­նե­րով ու անձ­կու­թեան ծանր մթնո­լոր­տով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­կաս­կա՛ծ ա­մէն հիմք ու­նի այ­սօր հպար­տու­թեամբ տօ­նե­լու ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէի 25րդ ­տա­րե­դար­ձը։

­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը, ­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Մեծ ­Քայ­լով, կրցան նո­ւա­ճել Ի­րա­ւա­կան եւ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­յաց­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման Ու­ղին՝ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Ինչ­պէս 25 տա­րի ա­ռաջ, նաեւ այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դը - եւ ա­ւե­լիո՛վ - ոչ մէկ կաս­կած ու­նի, որ 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէին ժա­մա­նակ ճիշդ քայլ նե­տեց, երբ միա­ձայ­նու­թեամբ «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն դուրս գա­լու եւ ան­կախ ապ­րե­լու պատ­մա­կան հար­ցադ­րու­մին։

Ան­կա­խու­թեան 25 տա­րի­նե­րը ի­րա­պէս շատ դժուար ե­ղան։ ­Խորհր­դա­յին փլու­զո­ւող կայս­րու­թե­նէն մեր ժո­ղո­վուր­դը ժա­ռան­գեց ան­դա­մա­լոյծ եւ սնան­կա­ցած տնտե­սու­թիւն մը, որ հա­սա­րա­կա­փո­խու­թեան դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ ուղ­ղա­կի ան­տի­րու­թեան, ծայ­րա­յեղ չքա­ւո­րու­թեան եւ ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թեան մատ­նեց հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը։

Ա­ռար­կա­յա­կան այդ դժո­ւա­րու­թեանց վրայ գու­մա­րո­ւե­լու ե­կան նո­րան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռա­վար­ման ղե­կը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն գոր­ծած քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ծանր սխալ­նե­րը, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ա­նար­դա­րու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցաւ մեր կեան­քին մէջ՝ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թին յա­ւե­լեալ թափ տա­լով, ինչ որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ մեր օ­րե­րը։

Այդ բո­լո­րով հան­դերձ՝ մա­նուկ մեր ան­կա­խու­թիւ­նը ար­դէն 25 տա­րե­կան կը դառ­նայ այ­սօր, Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ­Պե­տա­կան ­Տու­նը ար­դէն տո­կա­ցած է ժա­մա­նա­կի քննու­թեան, հիմ­նա­կան նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րած է եւ իր տե­ղը գրա­ւած է ազ­գե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան կեն­սու­նա­կու­թեամբ լծո­ւած է ան­ցեա­լի ընկր­կում­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ վա­ղո­ւան պայ­ծառ գա­լի­քը նո­ւա­ճե­լու զօ­րա­շար­ժին։

Ա­ւե­լի՛ն. նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դը իր եր­կու՝ հայ­րե­նա­կան ու սփիւռ­քեան թե­ւե­րով եւ ա­նոնց մի­ջեւ կա­մուրջ­նե­րու կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մով՝ միաս­նա­բա՛ր կը դի­մագ­րա­ւէ ան­փո­խա­րի­նե­լի մեր ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րացման մար­տահրա­ւէր­նե­րը։

Ինչ­պէս կ­’ը­սեն, պայ­քա­րը դեռ մեր առ­ջեւն է եւ այն­քան ալ հարթ չէ Ա­զատ ու Ան­կախ, մա­նա­ւանդ նաեւ ­Միա­ցեա՛լ ­Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման ու­ղին։
Իսկ վա­ղո­ւան մեր եր­թին յաղ­թա­կան ըն­թաց­քը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ կտրո­ւած ու­ղիին ճիշդ գնա­հա­տու­մը, ան­ցեա­լի դա­սե­րէն օգ­տո­ւե­լու՝ սխալ­նե­րը չկրկնե­լու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս որ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­ւաճ­ման ե­րաշ­խի­քը ե­ղան մեր ժո­ղո­վուր­դին ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թիւնն ու պայ­քա­րի միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, այն­պէս ալ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եր­թը ար­գե­լա­կող խո­չըն­դոտ­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու, յատ­կա­պէս վար­չա­կար­գա­յին եւ իշ­խա­նա­տի­րա­կան ա­րատ­նե­րէն ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հա­մար, հայ ժո­ղո­վուր­դը հրա­տա­պօ­րէն պէտք ու­նի կա­ռա­վար­ման իշ­խող հա­մա­կար­գի ար­մա­տա­կան բա­րե­փոխ­ման։ Ան­կա­խու­թիւ­նը հարկ է ձեր­բա­զա­տել մեր հա­սա­րա­կու­թեան ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը կրծող բո­լոր կար­գի ցե­ցե­րէն, բռնիշ­խա­նա­կան ա­խոր­ժակ­ներ ըլ­լան ա­նոնք թէ չա­րա­շա­հու­մի մե­նաշ­նորհ­ներ, ստուե­րա­յին ու­ժի տէ­րեր ըլ­լան ա­նոնք թէ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ «օ­րի­նա­կան» կա­շա­ռա­կեր­ներ։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խո­ւթեան հան­րա­քուէին 25ա­մեա­կը մեր պատ­մու­թեան ե­րէ­կո­ւան եւ այսօրուան, այ­լեւ յատ­կա­պէս գա­լիք օ­րո­ւան շուրջ հա­շո­ւի նստե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու կը ծա­ռա­յէ։

Ն.