altՍեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ժա­մա­նա­կա­կից մեր գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ ար­ձա­կա­գիր­նե­րէն Ա­ղա­սի Այ­վա­զեա­նի։

 

 

7 Սեպ­տեմ­բեր 1925ին, Խորհր­դա­յին Վ­րաս­տա­նի Ա­բաս­թու­ման ա­ւա­նին մէջ, հա­յոց պատ­մա­կան Կա­րին քա­ղա­քէն գաղ­թած հայ ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ ծնաւ շնոր­հա­լի մա­նուկ մը՝ Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան ա­նու­նով, որ խորհր­դա­յին կո­չո­ւած աշ­խար­հին մէջ մա­քա­ռե­լով իր ու­ղին հար­թեց եւ կրցաւ, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր տա­ղան­դով ու գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան բե­ղուն վաս­տա­կով, դառ­նալ հայ ար­ձա­կի եւ բե­մագ­րու­թեան ար­ժա­նա­ւոր վար­պետ­նե­րէն մէ­կը, այ­լեւ՝ հայ մտա­ւո­րա­կա­նի ի­րա՛ւ տի­պար մը։

Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան ար­ձա­կա­գիր էր ու թա­տե­րա­գիր, հրա­պա­րա­կա­խօս էր ու բե­մագ­րիչ, բե­մադ­րիչ էր, խմբա­գիր ու գե­ղան­կա­րիչ։ Ապ­րե­ցաւ մին­չեւ մեր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը եւ ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծեց։ Եւ երբ 21 Նո­յեմ­բեր 2007ին առ­յա­ւէտ փա­կեց միշտ կրա­կով լե­ցուն իր աչ­քե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­վա­րան իր ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան ար­ժա­նա­ցուց մե­ծա­տա­ղանդ հայ ար­ձա­կագ­րին։

Իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան նո­ւա­ճած էր հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծե­րու փա­ղան­գին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մաս կազ­մե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան մրցա­նա­կա­կիր ե­ղած էր 1975ին, իսկ ա­րո­ւես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի տիտ­ղո­սին տի­րա­ցած էր 1982ին։ Այն բախ­տա­ւոր տա­ղանդ­նե­րէն ե­ղաւ, որ իր մէկ հա­տիկ գոր­ծով՝ 1960ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած, բե­մագ­րո­ւած ու շար­ժան­կա­րի վե­րա­ծո­ւած «Ե­ռան­կիւ­նին» վի­պա­կով, հմա­յեց ու գրա­ւեց ոչ միայն հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ օ­տար­նե­րը, ար­ժա­նա­նա­լով մէ­կէ ա­ւե­լի մրցա­նակ­նե­րու։

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ հմտու­թեան տէր էր Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան. ա­ւար­տած էր Թիֆ­լի­սի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ա­կա­դե­միան (1942ին), Թիֆ­լի­սի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժի­նը, Ե­րե­ւա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­թա­տե­րա­կան եւ բնա­գի­տա­կան կուլ­տու­րա­յի հիմ­նարկ­նե­րը (1945-48)։ Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­լով՝ աշ­խա­տե­ցաւ իբ­րեւ նկա­րիչ-մուլ­տիպ­լի­կա­տոր, գծագ­րող, կոնստ­րուկ­տոր եւ լրագ­րող։

1963ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու Միու­թեան ան­դամ, 1965էն 1973 ե­ղաւ Միու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ «Գ­րա­կան Թերթ»ի ար­ձա­կի բաժ­նի վա­րի­չը. 1973-81 ստանձ­նեց «Էկ­րան» ամ­սագ­րի գլխա­ւոր խմբագ­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Տաս­նա­մեակ­ներ, իբ­րեւ բե­մադ­րիչ, աշ­խա­տե­ցաւ «­Հայ­ֆիլմ» Կի­նոս­տու­դիա­յի մէջ, ուր 1967ին, Ա­ղա­սի Այ­վա­զեա­նի մշա­կած բե­մագ­րու­թեամբ, նկա­րա­հա­նո­ւե­ցաւ «Ե­ռան­կիւ­նին» շար­ժան­կա­րը, որ երկ­րորդ մրցա­նա­կը շա­հե­ցաւ 1968ի լե­նինկ­րա­տեան հա­մա­միու­թե­նա­կան փա­ռա­տօ­նին։ 1990ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան խմբագ­րեց «­Հա­յու­թիւն» շա­բա­թա­թեր­թը:
Մեծ է Ա­ղա­սի Այ­վա­զեա­նի թո­ղած գրա­կան ժա­ռան­գը՝ վէպ, վի­պակ, պատ­մո­ւածք, բե­մագ­րու­թիւն։ Գ­րա­կա­նա­գի­տա­կան ա­ռան­ձին լու­սար­ձա­կի ար­ժա­նի են այդ հա­րուստ վաս­տա­կին ըստ ար­ժան­ւոյն քննար­կումն ու գնա­հա­տու­մը։

Դ­ժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով լե­ցուն կեանք մը վի­ճա­կո­ւե­ցաւ հայ մեծ ար­ձա­կագ­րին։ Դառ­նու­թեան եւ տա­ռա­պան­քի ծնունդ ե­ղաւ ա­նոր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան վաս­տա­կը, որ նո­ւա­ճո­ւե­ցաւ քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քով, անձ­նա­կան հա­լա­ծանք­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու ծանր պայ­քա­րով, բայց միա­ժա­մա­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ ան­հուն սէ­րով ու պաշ­տա­մուն­քով։
Խո­հուն եւ ինք­նա­տիպ աշ­խար­հա­յեաց­քի տէր հե­ղի­նա­կու­թիւնն է Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան։ Իր իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ՝ «Ինձ հա­մար կայ եր­կու ազ­գա­յին գրող՝ Վի­լեամ Սա­րո­յեան եւ Ե­ղի­շէ Չա­րենց. իսկ Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեա­նը չա­փա­նիշ է. հայ մար­դու կա­տա­րեալ չա­փա­նիշ: Ես ու­րախ ու հպարտ եմ, որ հայ եմ»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով իր ան­ցած կեան­քի դժո­ւար ու­ղիին՝ ա­ռի­թով մը հե­ղի­նա­կը նշած է.- «­Ցա­ւօք, իմ կեան­քում խան­գա­րող մար­դիկ շատ են ե­ղել: Իմ հո­գում կու­տա­կո­ւած սպի­նե­րը շատ խորն են: Ես փոր­ձում եմ սպե­ղա­նի դնել ցա­ւը մեղ­մաց­նե­լու հա­մար, բայց ան­ցեա­լը չի մո­ռաց­ւում: Ե­ղել են օ­րեր, երբ քաղ­ցած եմ գի­շե­րել, բայց դա ինձ ուժ է տո­ւել: Բա­րե­բախ­տա­բար, ե­ղել են մար­դիկ, ո­րոնք օգ­նու­թեան ձեռք են մեկ­նել: Իւ­րա­քան­չիւ­րիս մէջ էլ ապ­րում է նա­խան­ձը, բայց այն կա­րե­լի է փոք­րաց­նել: Միայն մի­մեանց օգ­նե­լով կա­րե­լի է հաս­նել յաղ­թա­նա­կի»:

Ճա­կա­տա­գի­րը այդ­պէ՛ս՝ դժո­ւար ու­ղի մը վե­րա­պա­հեց Ա­ղա­սի Այ­վա­զեա­նին ման­կու­թեան իսկ օ­րե­րէն։ Ինչ­պէս ինք կը նշէ՝ «­Հայրս էրզ­րում­ցի դար­բին էր: Ման­կու­թիւնս ու պա­տա­նե­կու­թիւնս ան­ցել են Ա­խալց­խա­յում: Շատ դժո­ւար օ­րեր եմ ու­նե­ցել: Հայրս ամ­բողջ օրն աշ­խա­տում էր մի կտոր հաց վաս­տա­կե­լու հա­մար»: Եւ ման­կու­թեան այդ խոր յի­շո­ղու­թեանց ար­գա­սի­քը ե­ղաւ «Ե­ռան­կիւ­նին», որ վա­ւե­րա­կան բար­ձուն­քի ա­ռաջ­նոր­դեց հայ ար­ձա­կը՝ ա­ւան­դա­կա­նին ու ար­դիա­կա­նին բարձ­րար­ժէք հա­մադ­րու­մը նո­ւա­ճե­լով։

Կեան­քի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ճա­նա­պար­հի իր ու­րոյն փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը ու­նէր Ա­ղա­սի Այ­վա­զեան։ Ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ի­րա՛ւ եր­ջան­կու­թեան հաս­նե­լու ան­սանձ մղու­մով եւ այն հա­ւատ­քով, որ «Անհրա­ժեշտ է եր­կար ապ­րել՝ եր­ջան­կու­թեան ի­մաս­տը հաս­կա­նա­լու հա­մար: Ես եր­ջան­կու­թիւն եմ փնտռում գրա­կա­նու­թեան, նկար­չու­թեան ու թատ­րո­նի մէջ: Ար­ժա­նա­ցել եմ բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րի, պա­տո­ւոգ­րե­րի, Հ.Ս.Ս.Հ. պե­տա­կան մրցա­նա­կի ա­ռա­ջին դափ­նե­կիրն եմ, սա­կայն դրանք ինձ եր­բե­ւէ եր­ջան­կու­թիւն չեն բե­րել: Եր­բե­ւէ չեմ ձգտել պաշ­տօ­նի եւ գի­տեմ, որ այն ինձ չի եր­ջան­կաց­նի: Ինձ հա­մար լիա­կա­տար եր­ջան­կու­թիւնն աշ­խա­տան­քիս պահն է: Ես ամ­բող­ջո­վին ընկղմ­ւում ու նուիր­ւում եմ իմ գոր­ծին: Շատ ու­ժեղ է իմ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գրգի­ռը: Ե­թէ մի օր այն հանգ­չի, ես կը դժբախ­տա­նամ»:

Ն­ման ստեղ­ծա­գործ մար­դու նե­րաշ­խար­հով եւ մտա­ւո­րա­կան ու­րոյն աշ­խար­հա­յեաց­քով օժ­տո­ւած՝ հայ մեծ ար­ձա­կա­գի­րը միշտ պատ­գամ մը ու­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ՝ ինչ­պէս կը շեշ­տէր իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին կտա­կած պատ­գա­մով՝ «­Ժա­մա­նա­կա­կից սե­րունդն ա­ւե­լի լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նի ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու, ի­րեն ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար: Ա­րո­ւես­տի սկիզբն ա­զա­տու­թիւնն է: Նախ­կի­նում ա­րո­ւես­տը պա­տո­ւած էր սե­ւով, այ­սօր այդ մթու­թեան մէջ մի փոք­րիկ կրակ է առ­կայ­ծում: Ես լա­ւա­տես եմ ու հա­մո­զո­ւած եմ, որ սե­րունդ­նե­րի ջան­քե­րի շնոր­հիւ այդ փոք­րիկ կրա­կը կը մե­ծա­նայ, կը լու­սա­ւո­րի ու կը ջեր­մաց­նի: Հա­մո­զո­ւած եմ, որ կ­’ու­նե­նանք նոր տա­ղանդ­ներ՝ Թա­մա­նեան­ներ, Չա­րենց­ներ, Սա­րո­յեան­ներ, եւ դա կը լի­նի մեր մեծ բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նա­կը»:

Ն.