Օգոստոս 30ի այս օրը, 19 տարի առաջ, Երեւանի մէջ վախճանեցաւ հայ բեմի եւ շարժանկարի տաղանդաւոր յառաջապահներէն բեմադրիչ Ֆրունզէ Դովլաթեան։
Հանդիսատեսին կողմէ մեծապէս սիրուած ու փնտռուած բեմադրիչ, բեմագրող եւ դերասան էր հայկական բեմարուեստի մեծատաղանդ վարպետը։
Մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը մնան Դովլաթեանի տաղանդին գեղարուեստական ուրոյն դրոշմը անմահացնող շարժանկարներն ու բեմական նուաճումները, ինչպէս «Բարեւ, ես եմ», «Սարոյեան եղբայրներ», «Երեւանեան օրերի խրոնիկա», «Մենաւոր ընկուզենին», «Կարօտ» եւ միւս գործերը։
Իր ծննդեան 80ամեակին եւ մահուան 10ամեակին առիթով՝ Հ.Հ. Մշակոյթի նախարարութիւնը 2007ը հռչակեց դովլաթեանական տարի, որու ընթացքին հայ բեմի վարպետին անունով կոչուեցաւ Երեւանի մէջ փողոց մը, հրատարակուեցաւ «Ֆրունզէ Դովլաթեան» մենագրութիւնը եւ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին կողմէ անոր արուեստին նուիրուեցաւ յատուկ անդրադարձ։
Պատգամ ունեցող եւ իր ժողովուրդին ուղին լուսաւորող արուեստագէտն է Դովլաթեան, որ սիրոյ, յիշողութեան եւ հայրենաբաղձութեան ամբողջ յուզաշխարհ մը բացաւ հայոց սերունդներուն առջեւ։
Ծնած էր 1927ի Մայիս 26ին, Նոր Բայազէտ (Կամօ, այժմ՝ Գաւառ)։ Հայրը եւ հօրաքոյրը սիրողական ներկայացումներ բեմադրող արուեստագէտներ էին գաւառական թատրոնին մէջ։ Մանուկ տարիքէն սէրը՝ դէպի թատրոնն ու բեմական արուեստը, շեշտուած էր Ֆրունզէի մօտ. թատրոնի եւ բեմական արուեստի պաշտամունքը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ եղաւ եւ կազմաւորման միջավայր դարձաւ հետագայ մեծ արուեստագէտին համար։ Եւ դիպուկ է մատնանշումը շարժանկարի քննադատ Սուրէն Յասմիկեանի, որ կ’ընդգծէ, թէ «առաջին մասնագիտութիւնը, որ շապիկի պէս կպել էր Դովլաթեանի մարմնին, դերասանն էր»։
Դովլաթեաններու ընտանիքը 30ականներուն տեղափոխուած է Երեւան, ուր Ֆրունզէ ուսանեցաւ Գորկու անուան դպրոցին մէջ՝ աշխոյժ մասնակիցը դառնալով աշակերտական մշտապէս գործող թատերական խմբակին։
Տակաւին 15 տարեկան պատանի՝ ան նկարահանուեցաւ «Դաւիթ-Բէկ» շարժանկարին մէջ Մանսուր իշխանի դերով. ապա՝ «Անահիտ»ի մէջ մարմնաւորեց արքայազն Վաչագանը:
Ֆրունզէի երազն էր ընդունուիլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը, ինչ որ իրականացաւ 1942ին, երբ ան միացաւ մայր թատրոնի դերասանական արուեստանոցին, որուն ղեկավարն էր Արմէն Գուլակեան։ Գուլակեանի շունչին տակ թրծուեցաւ Դովլաթեանի դերասանական տաղանդը եւ ան նկարահանուեցաւ շարք մը ուշագրաւ շարժանկարներու մէջ, որոնց շարքին «Ինչո՞ւ է աղմկում գետը» (1958), «Բարեւ, ես եմ» (1958)։ Այս վերջինի մէջ իր դերակատարութեան համար Ֆրունզէ Դովլաթեան հետագային, 1967ին, արժանացաւ Հ.Խ.Ս.Հ. պետական մրցանակին:
1942էն 1953, Ֆրունզէ Դովլաթեան գործեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան Դրամատիկական Թատրոնին մէջ՝ իբրեւ դերասան: 1947ին աւարտեց թատերական արուեստանոցը եւ նուիրուեցաւ դերասանութեան։
1950ին, «Այս աստղերը մերն են» թատերախաղին գլխաւոր դերերէն մէկուն՝ Հրայրի դերակատարման համար երիտասարդ դերասանը, մի քանի խաղընկերներու հետ, արժանացաւ Ստալինեան մրցանակի, որ անոր առջեւ բացաւ բարձրագոյն մասնագիտացման հետեւելու մեծ դուռը։ Գնաց Մոսկուա եւ 1959ին աւարտեց Մոսկուայի Կինօ-Ինստիտուտի (ՎԳԻԿ) բեմադրական բաժանմունքը՝ աշակերտելով Սերգէյ Գերասիմովին: Այդ շրջանին մասնակցեցաւ քանի մը վաւերագրական բարձրարժէք ժապաւէններու նկարահանման: Մոսկուայի մէջ իր նկարահանած «Մեր քաղաքի առաւօտը» շարժանկարը Վիեննայի փառատօնին արժանացաւ առաջին մրցանակի:
1959էն 1964 Ֆրունզէ Դովլաթեան աշխատեցաւ Մոսկուայի Գորկու անուան Կինօ-Ստուդիային մէջ, ուր համաբեմադրութեամբ կեանքի կոչեց «Ո՞վ է մեղաւոր» (1958), «Մեր քաղաքի առաւօտը» (1959), «Դիմա Գորինի կարիերան (ասպարէզը)» (1961) եւ «Առաւօտեան ձայներ» (1963) շարժանկարները։ 1962էն 1964, Դովլաթեան եղաւ խորհրդային մեծազդեցիկ «Մոսֆիլմ» Կինօ-Ստուդիայի (շարժանկարի աշխատանոցի) բեմադրիչ։
Բայց հայ բեմի մեծ վարպետին սիրտը հայրենիքի կարօտով կ՚այրէր եւ 1964ին ան վերադարձաւ Երեւան, ուր մինչեւ վերջին շունչ եւ իր վախճանը, իբրեւ բեմադրիչ գործեց «Հայֆիլմ»ի մէջ, աւելի քան 30 տարի ստեղծագործելով եւ հայկական շարժանկարը նոր բարձունքի առաջնորդելով։
Ֆրունզէ Դովլաթեան յատկապէս հռչակուեցաւ «Սարոյեան եղբայրներ» շարժանկարի գեղարուեստական ղեկավարի իր հանգամանքով ու ստանձնած գլխաւոր դերակատարութեամբ՝ մարմնաւորելով կրտսեր եղբօր, յեղափոխական Հայկի դերը: Շարժանկարը օրին, Քիեւի մէջ, արժանացաւ խորհրդային համամիութենական բարձր մրցանակի, իսկ գլխաւոր դերակատարները՝ Հայաստանի պետական մրցանակի:
Շարժանկարի քննադատներուն վկայութեամբ, 1966ին Ֆրունզէ Դովլաթեանի նկարահանած «Բարեւ, ես եմ» շարժանկարը շրջադարձային կէտ հանդիսացաւ հայկական շարժանկարի պատմութեան մէջ՝ իբրեւ «արդիական թեմատիկայի իւրացման նոր քայլ»: Շարժանկարին ցուցադրութիւնները մեծ յաջողութեան արժանացան ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, ինչպէս եւ Քաննի միջազգային փառատօնին:
1969էն մինչեւ 1986 Ֆրունզէ Դովլաթեան եղաւ Հայաստանի Կինոմատոգրաֆիստների Միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար, իսկ այնուհետեւ «Հայֆիլմ» Կինոստուդիայի գեղարուեստական ղեկավար: 1994ին ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Թեքէեան մշակութային միութեան նախագահ:
Վախճանեցաւ 1997ի Օգոստոս 30ին եւ յետ մահու պարգեւատրուեցաւ Հայ Մշակոյթի պետական բարձրագոյն՝ Մ. Խորենացի շքանշանով։
Հայ բեմի մեծ վարպետին յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը կ՚արժէ եզրափակել պատգամ խտացնող անոր հետեւեալ խորհրդածութիւններով.
- «Արուեստագէտի խնդիրը պէտք է լինի քաղաքականութիւնը հասարակութեանը ներկայացնել ոչ մերկապարանոց, այլ իբրեւ արուեստի գործ, որը որքան անկեղծ լինի ու պարզ, այնքան աւելի մնայուն ու ազդեցիկ կը լինի»։
- «Հայերս յիշողութիւնների մէջ թաղուած ժողովուրդ ենք, բայց յուշարձան դարձնել այդ յիշողութիւնները՝ սառը, այսօրուան կեանքին ոչ մի կենսական թրթիռ չտուող, աններելի է»։
- «Եթէ սէրը չլինի, ջրհեղեղ կը լինի՝ հոգեկան ջրհեղեղ»։
Ն.