Յուլիսի այսպիսի օր մը, 108 տարի առաջ, իր տան ձեղունէն ինքզինք կախելով, անձնասպան եղաւ հայ գրականութեան արտակարգ դէմքերէն ու մեծատաղանդ հեղինակներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեան։
19 Յուլիս 1908ին, 57 տարեկան հասակին, այլեւս անկարող հաշտ ապրելու կեանքին պարգեւած գեղեցկութիւններուն եւ զգայնութիւններուն հետ, մարմնական իր գոյութեան ինքնասպանութեամբ վերջ տուաւ ու հոգին փրկել որոշեց հայ գրականութեան առեղծուածային այս դէմքը։
Բացառիկ խոհականութեամբ ու կեանքի եւ մահուան, բնութեան եւ մարդուն, ընկերային արժէքներու եւ անձնակեդրոն յոյզերու մասին իմաստասիրական խոր ընկալումով օժտուած հայ գրողն է Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ աշխարհաբար հայերէնը բարձրացուց գեղարուեստական մշակման նախանձելի մակարդակի եւ դարձաւ հարազատ թարգմանը մարդկային տրտմութեան ու թախիծին, յոռետեսութեան եւ անհուն դժգոհութեան խորագոյն, այլեւ ամէնէն իրա՛ւ ապրումներուն։
Եղաւ իր սերունդի ամէնէն աւելի կարդացած եւ կարդացածը իւրացուցած ու իւրովի վերարտադրած գրագէտը։ Կենսագիրները կը պատմեն, որ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ մօտէն ճանչցած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, առիթով մը զինք ներկայացուցած է հետեւեալ վկայութեամբ.-
«Մեր ազգին մէջ ամէնէն շատ կարդացած մարդն է այս տղան՝ Տէրոյենց պատուելիէն ետք»...
1879ին Ա. Ազատախոհեան գրչանունով Եղիայի կազմած «Փիլիսոփայական Բառարան»ը անվիճելի պատուանդանն է հայ եւ օտար գրականութեանց խոհական հսկաներուն գործերը մարսած եւ իմաստասիրական իր ուրոյն աշխարհայեացքը մշակած Տէմիրճիպաշեան Մտածողին։
Եղիա հանդիսացաւ իր ժամանակի գեղեցկագոյն աշխարհաբարի մշակներուն յառաջապահը, որ թէ՛ գրական-գեղարուեստական իր արձակով ուղղութիւն բացաւ, թէ՛ հայերէնէ ֆրանսերէն իր «Բառարան»ով լեզուագիտական ու քերականագիտական կարեւոր ներդրում ունեցաւ արեւմտահայերէնի կատարելագործման մէջ։
Բայց յատկապէս կեանքի ունայնութիւնը մերկացնելու, Մահը դարպասելու եւ Տրտմութիւնն ու Թախիծը իբրեւ մարդու ներաշխարհին ամէնէն իրաւ էատարրերը ընկալելու եւ վերծանելու իր գրականութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան իրաւամբ խորհրդանշեց հայ գրականութեան մեծատաղանդ, բայց խելացնոր ինքնասպանի կերպարը։
Եղիա ծնած է 1851ին, Խասգիւղ, Պոլիս։ Հայ ունեւորներու՝ ամիրաներու թաղամաս էր Խասգիւղ։ Տէմիրճիպաշեան գերդաստանը եւս այդպիսին եղած էր անցեալին. բայց Եղիայի հայրը համեստ արհեստաւոր մըն էր։ Եղիա յաճախեց «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարանները։ Աշակերտեց իր ժամանակի մեծանուն ուսուցիչներուն՝ Թովմաս Թերզեանի եւ Մատաթիա Գարագաշեանի, բայց գիրքերը դարձուց իր բուն ուսուցիչները եւ անյագ ընթերցող մը ու ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կատարելագործող անհատականութիւն մը դարձաւ։
Կեանքի ասպարէզ մտաւ իրբեւ Օսմանեան Կայսրութեան Հանրային Շինութեանց վարչութեան քարտուղար, բայց կանուխէն իր մէջ ի յայտ եկած հալածախտի ազդանշանները պատճառ եղան, որ հրաժարի այդ գործէն եւ ուզէ Ֆրանսա մեկնիլ իր ուսումը շարունակելու համար։ 1874ին կը հասնի Մարսէյլ, ուր ուսման կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ատենի ֆրանսական գրական կեանքին։
1878ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ թափով կը նետուի հրապարակագրական ասպարէզ. կը հրատարակէ «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում» անունով իր սեփական թերթը, նաեւ կ’աշխատակցի տարբեր թերթերու։ 1880ականները կը հանդիսանան Եղիայի ամէնէն բեղուն շրջանը։
1889ին մտային անհաւասարակշռութեան ու հալածախտի նոպաները կը սաստկանան եւ կը խորանան յատկապէս մօր մահէն՝ 1890էն ետք։ Կը կատարէ ինքնասպանութեան առաջին փորձը՝ Վոսփոր նետելով ինքզինք։ Թէեւ կը ձախողի փորձը եւ ան կը փրկուի, բայց այնուհետեւ շարունակ կը մտմտայ անձնասպանութեան մասին։ Այդ շրջանին տեղի կ’ունենայ նաեւ Ե. Տէմիրճիպաշեանի կեանքին կարեւորագոյն հանդիպում-դարձակէտը։
Ռոպէր Հատտէճեան կը յուշէ, որ «Եղիա մօրը մահէն ետք առանձին կը մնայ Խասգիւղի իր տան մէջ եւ կ՚ապրի դժբախտ պայմաններու տակ։ Ուստի՝ ձմրան օր մը կը հեռանայ ամայացած իր տունէն եւ կու գայ Բերա, ուր պատահմամբ կը թակէ դուռը Հելլէն Նիսսըն անունով հունգարացի կնոջ մը բնակարանին։ Նիսսըն կորսնցուցած էր իր ամուսինը ու տեսնելով Եղիայի խղճալի երեւոյթը՝ կը հիւրընկալէ եւ աթոռ մը կը տրամադրէ անոր վառարանին քով։ Եւ, այնուհետեւ, Եղիայի եւ Նիսսընի միջեւ ծնունդ կ՚առնէ բարեկամական անքակտելի կապ մը»։
Ռ. Հատտէճեանի համոզումով՝ Նիսսըն սիրած էր Եղիան, նմանցնելով զայն իր հանգուցեալ ամուսինին։ Հունգարացի այս այրի կինը պէտք ունէր անձի մը, որ իր ներկայութեամբ երջանկութիւն պարգեւէր իրեն։ Հելլէն կը սիրէր Եղիան՝ պարզապէս իբրեւ մարդկային էակի, որուն հանդէպ կը ցուցաբերէր գութ եւ կարեկցութիւն։ Իր կարգին, Եղիա կը սիրէր Հելլէն Նիսսընը յաւիտենական սիրով, ինչպէս ան կը պարզէ առիթով մը Զուիցերիայէն Նիսսընի ուղարկած իր հետեւեալ նամակով. «Իմ սիրելի ու թանկագին տիկին, երկինք ու երկիր կ՚անցնին, բայց իմ սէրը քեզի հանդէպ չի մարիր»։
Այդ սէրը մինչեւ ինքնասպանութեամբ մահուան հասցուց Եղիա Տէմիրճիպաշեանին։
1897ին, Եղիա իր մօրաքրոջ օգնութեամբ հեռացաւ Պոլիսէն եւ քանի մը տարի շրջագայեցաւ եւրոպական ոստաններուն մէջ՝ Ժընեւ, Վիեննա, Պուտափեշտ եւայլն։ Բայց միշտ փնտռեց իր «օրհնաբերութեան յօժար հրեշտակին» եւ ի վերջոյ վերադարձաւ Պոլիս եւ բնակութիւն հաստատեց դարձեալ Հելլէն Նիսընի մօտ։
1901ին անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ. տարուեցաւ Ազգային Հիւանդանոց՝ ատենի հայ մամուլի էջերուն մեծ աղմուկ բարձրացնելով իր խելագարութեան շուրջ։ 1904ին դուրս կու գայ հիւանդանոցէն եւ կը վերադառնայ Նիսսընի։
Հատտէճեան կ՚եզրափակէ իր յուշը՝ նշելով, թէ Եղիա, գարնանային գեղեցիկ օր մը, օգտուելով Հելլէն Նիսընի բացակայութենէն, կը կատարէ անձնասպանութեան վերջին փորձը՝ 19 Յուլիս 1908ին, երբ վերջ կու տայ իր կեանքին, կախելով ինքզինք կաշիէ գօտիով մը։
Եղիայի մահէն ետք, Նիսսըն գոց սենեակի մը մէջ կը պահէ բանաստեղծին գրական անտիպ երկերը, ձեռագիրներն ու այլ թանկարժէք թուղթերը։ Օրմանեան Պատրիարքի արտօնութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի թաղումը կը կատարուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ կանոնական արարողութեամբ։ Մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը թաղուի անձնասպաններու յատկացուած թաղամասին մէջ։ Հետագային Հելլէն Նիսսըն, Դուրեան Պատրիարքի արտօնութեամբ, տեղափոխել եւ թաղել կու տայ Եղիայի մարմինը՝ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան կեդրոնը կանգնեցնելով ուշագրաւ դամբարան մը անոր յիշատակին։
Նման տխուր վախճան ունեցաւ մեծատաղանդ հայ գրողը, որուն գործերը յետ-մահու հրատակուեցան նախ Փարիզի մէջ, 1955ին, «Հայ Գրագէտներու Բարեկամներ» մատենաշարով, ապա՝ 1986ին Երեւան, իսկ քանի մը տարի առաջ Պոլսոյ մէջ, «Մարմարա» օրաթերթին կողմէ, ձեռնարկուեցաւ անոր ամբողջական գործերու հրատարակութեան։
Հալածախտը մաշեցուց Եղիա Տէմիրճիպաշեանի եւ ան, ի վերջոյ, ինքնասպանութեամբ վերջակէտ դրաւ տառապագին իր կեանքին, որ 1890ականներուն իսկ ամէն կողմ թշնամիներ կը տեսնէր իր շուրջ եւ կը գրէր.- «Ամէն ճշմարիտ հայ, այո՛, տխուր է։ Արձագանգ մ’է որ կը լսեմ - տրտմութիւն»։
Նոյնիսկ դեռ 1883ին, Հրանտ Ասատուրին ուղղուած նամակի մը մէջ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան կը նախազգար իր այսօրինակ վախճանը՝ գրելով.
«Սատանին տիրապետութիւնն անձիս վրայ՝ կ’ընդարձակի եւս քան դեւս։ Յուսահատութեան իմաստասիրութիւնն ամէն իմաստասիրութիւններէ գերիվեր՝ ինձ համար հրապոյր ունի։ Չգիտեմ ո՛վ կամ ի՛նչ բան զիս այսպէս ըրաւ - բնական տրամադրութի՞ւն մը, բարոյական տառապանքնե՞ր, մարմնի չարչարա՞նք, զոր կը կրեն այս ազգին մէջ գրականութեան հետեւողներն, յոյսե՞ր՝ որք ի դերեւ ելան, երազնե՞ր՝ որոնք երազ պիտի մնան յաւիտեան... Չգիտեմ. այդ ամէնն ալ գուցէ միանալով զիս այսպէ՛ս ըրին. հիւանդ, հիւանդ մարմնապէս, այլ մանաւա՛նդ բարոյապէս։ Ինչպէս Պարոնեանի ծիծաղին տակ արտասուք կայ, նոյնպէս իմ ալ արտասուքիս ներքեւ ծիծաղ կայ»...
Մեծն Օշական, իր ընկալեալ անողոքութեամբ, Եղիա Տ.ի «հեքիաթ»ը իր առասպելական զարդերէն եւ արժէքներէն մերկացնելով հանդերձ, իր կարգին չկրցաւ լրիւ թօթափել առինքնող հմայքը Եղիա Տէմիրճիպաշեան Տաղանդին։ Թէեւ գրեց, որ «տեղ մը ըսած եմ, թէ արեւմտահայ գրականութիւնը երկու կէս խենթեր եւ մէկ վաւերական յիմար ունի։
Դժբախտութիւն է, որ այս վերջին որակումը ստիպուած ըլլամ գործածել, տալու համար ամբողջական գաղափար մարդէ մը, որ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն արուեստագէտներուն շնորհը նկատուող բացառիկ խառնուածք մը յայտնաբերեց արուեստի։ Ցաւը այն է, որ այդ խառնուածքը չհասաւ իրեն որակին արժանաւոր աշխարհի մը մէջէն ինքզինքը ընդմիշտ մեր հիացումին եւ յարգանքին պարտադրելու»... այսուհանդերձ՝ Յ. Օշական նաեւ խոստովանեցաւ, որ «սկիզբէն ի վեր հրապարակի պահանջը եղած է հատընտիր Եղիա մը։
Այսպէս կազմուած հատորը պիտի համախմբէր իր մէջ թերեւս ամէնէն lyrique այն քանի մը էջերը, որոնք արեւմտահայ գրականութեան մէջ երբ եւ իցէ գրուած ըլլան։ Այնքան իրաւ բանաստեղծ մը կար այս յիմարին ետին։ Դարձեալ հոն է, որ մեզի պիտի տրուէր երջանկութիւնը՝ կարդալու անհաւասարելի դաշնաւորութեամբ էջեր, ուր կը շփոթես ապրումն ու երազը, իրականութիւնն ու քմայքը, սիրտը եւ միտքը, նիւթն ու հոգին, տարօրէն հաշտ, սրտառուչ խառնուրդի մը մէջ, որուն ըլլար խնայուած տաժանքը փիլիսոփայական դաժան հմտութեան, գրական թեթեւ sophismին»։
Այդ «Հատընտիր»ին դեռ արժանացած չէ հայ գրականութեան մեծատաղանդ այս խենթը։ Իսկ մեր սերունդները, աշակերտական գրասեղաններէն իրենց յիշողութեան եւ ներաշխարհին մէջ յատուկ տեղ մը վերապահելով հանդերձ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, արդէն գեր-նիւթապաշտ մեր կեանքի սպառիչ հեւքին մէջ հազիւ թէ շունչն ու ժամանակը գտնեն ըմբոշխնելու հմայական տիեզերքը իրաւ այս բանաստեղծին։
Հայ գրականութեան մեծատաղանդ խենթին մահուան 108րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական այս էջը կ’արժէ փակել Հայ Լեզուին նուիրուած եւ Տէմիրճիպաշեանական իւրայատուկ ոճով գրուած հետեւեալ ներբողականով.
«Ո՞ր ազգն ունի այդ լեզուն, ո՞ր լեզուի մէջ կարող է միտքը այնքան ազատ շրջիլ, հոգին այնքան ազատ թռչիլ, որքան հայ լեզուի մէջ. փայլակին բեկեալ, այլ փայլուն գիծն այն արշաւագոյն, որ լեզուն կարող է պատկերացնել. ո՞ր լեզուն Է՝ ոյր պարբերութիւնք կրնան մերթ գետի մը չափ երկարիլ, պարբերութիւնք՝ որք սակաւ գետերու նման սկիզբ ունին եւ վախճան, որք բարձրերէն կը բղխին եւ գունագեղ բուրումնաւէտ դաշտաց ընդմէջէն ադամանդներ հոլովելով կամ ժայռեր գլորելով կ’անցնին գոռալով ու գալարելով, եւ ուր որ ուրեմն ի խորս անդր ովկեանին անդնդախոր կը հասնին»։
Ն.