Յուլիս 7ին, 93 տարի առաջ, ողջ աշխարհէն երկաթեայ վարագոյրով մեկուսացուած խորհրդային կայսրութեան հարաւային սահմանեզրին, նոյնինքն Անդրկովկասի մէջ, ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ ազգային իրաւազրկումի ահաւոր գայթակղութիւն մը, որուն
հետեւանքները մինչեւ այսօր ծանր կը ճնշեն ամբողջ շրջանի ժողովուրդներուն վրայ։
7 Յուլիս 1923ին, Խորհրդային Ռուսաստանի կեդրոնական ղեկավարութեան արդէն միահեծան տէրը դարձած Ստալինի «ցուցմունք»ով, այլեւ Անդրկովկասի ռուս, ազերի, վրացի ու հայ պոլշեւիկներու մեղսակցութեամբ՝ որոշուեցաւ հայոց հինաւուրց Արցախ աշխարհը բաժան-բաժան կոտորակել, հազարամեակներով հայապատկան ամբողջ հողամասեր ուղղակիօրէն նորելուկ Խորհրդային Ատրպէյճանի կցել, իսկ լեռնային կեդրոնական մասը հռչակել Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ, այդ ալ ենթարկելով ատրպէյճանական տիրակալութեան՝ իբրեւ Խորհրդային Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէկ մասը։
Այդպէ՛ս. բռնակալներու ձեռամբ աշխարհի քարտէսը կամայականօրէն փոխելու եւ պարտադրելու անհիմն բեմագրութիւն մը կեանքի կոչուեցաւ 7 Յուլիս 1923ին, երբ խորհրդայիններու չարաբաստիկ որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ մը բառացիօրէն պոկուեցաւ եւ հեռացուեցաւ ոչ միայն Արցախ Աշխարհի ամբողջականութենէն, այլեւ՝ մայր հայրենիք Հայաստանի մարմնէն, այսպէս կոչուած «Լաչինի եւ Քելբաջարի անցք»ով մը իրարմէ խզելով Հայաստանն ու Արցախը։
Ղարաբաղի կոտորակումով եւ Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մասնատումով պարտադրուած Արցախի գերեվարումէն անցած է 93 տարիներու երկար ժամանակաշրջան մը, որուն վերջին աւելի քան քառորդ դարուն՝ ազգային-ազատագրական իր պայքարով, իրաւատէր հայութիւնը ոչ միայն կրցաւ իրողապէս թօթափել ատրպէյճանական անարգ լուծը, ոչ միայն յաջողեցաւ ազատագրել Լ.Ղ.Ի.Մ.ի եւ շրջակայքի հայապատկան տարածքներուն կարեւոր մէկ մասը, այլեւ հիմը դրաւ, ոտքի հանեց եւ կազմակերպեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ իրողապէս անկախ պետութիւն։
Հետեւաբար այսօր, երբ յետադարձ հայեացքով լուսարձակի տակ կþառնենք ե՛ւ շուրջ մէկդարեայ պատմութիւնը, ե՛ւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող քաղաքական անիրաւութեան ողբերգական ծալքերը, մեր առջեւ կը բացուի ուսանելի դասերու ամբողջ թղթածրար մը.
- Յաւերժական չեն կրնար ըլլալ ազգ մը եւ հայրենիք մը կամայականօրէն բաժնող անարդար սահմանագծումները, որքան ալ պարտադրուած ըլլան հզօր կայսերապետութեան մը ամբողջ բռնութեամբ...
- Քաղաքական աննպաստ պայմաններու եւ դասաւորումներու հետեւանքով իրարմէ բաժնուած ազգի մը զաւակները, եթէ իրենց մէջ ունին իրաւունքի ու արդարութեան համար պաքարելու եւ պատմութիւնը իր բնականոն հունին վերադարձնելու վճռականութիւնը, անպայման կը հասնին իրենց նպատակին՝ որքան ալ բիրտ ուժով ճզմուին անոնց շղթայազերծած յաջորդական ըմբոստացումները։
- Փոքր ազգերու իրաւունքներն ու դատերը միշտ ալ ենթակայ են աշխարհի ճակատագիրը վարող մեծապետական ուժերու մրցապայքարի խաղականոններուն։ Ի վերջոյ մեծապետական ուժերու նախընտրած ուղղութեամբ կը հունաւորուի մարդկութեան զարգացումը՝ այն միակ նրբերանգային տարբերութեամբ, որ փոքր ազգերու անվեհեր իրաւատիրութիւնն ու մարտունակ պահանջատիրութիւնը կը վերածուին Մեծերու ձեռքին կարեւոր յաղթաթուղթի՝ իրարու դէմ գործածուելու համար, աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներ եւ հաւասարակշռութիւններ պարտադրելու ճամբուն վրայ։
- Իրաւունքի եւ արդարութեան համար պայքարող փոքր ազգերը, նոյնիսկ եթէ ազգային դատերուն արդարագոյնին համար է իրենց մղած կռիւը, դատապարտուած են անփառունակ պարտութեան եւ ոտնակոխումի, եթէ զինուած չեն միասնական պայքարի իրենց ուղին ամէն կարգի պառակտումներու դէմ պաշտպանելու հաստատակամութեամբ եւ գաղափարական պայծառատեսութեամբ։ Մանաւանդ եթէ ամբողջապէս տէր կանգնած չեն իրենց ազգային հաւաքական ուժի աղբիւրներուն՝ սեփական ժողովուրդին վստահութեան վրայ խարսխուած եւ ըստ այնմ գործող իշխանութեանց։
Առանց այդ դասերու լիարժէք ընկալումին, կարելի չէ սպառիչ բացատրութիւնը գտնել ահաւոր այն սադրանքին, որ 7 Յուլիս 1923ին ի գործ դրուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ։
Անհրաժեշտ է ի մտի ունենալ ոչ միայն Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղծումը անմիջականօրէն կանխած Անդրկովկասի եւ այդ ճամբով Հայաստանի խորհրդայնացման մեծապետական, տարածաշրջանային եւ տեղական զարգացումներու ծալքերը, այլեւ՝ մինչեւ թրքացեղ հորդաներու արշաւանքներն ու պարսկական խանութեանց ժամանակները երկարող հայրենի մեր հողերուն ժողովրդագրական փոփոխութիւններու պատմութիւնը։
Պատմական զարգացման այդ ենթահողին վրայ իրենց պատասխանները կը ստանան հիմնական շատ հարցականներ.
- Ինչպէ՛ս եղաւ, որ պատմական Հայաստանի Արցախ գաւառը, որ արեւելքէն կը տարածուէր մինչեւ Մուղանի դաշտավայրը, դարերու ընթացքին բնակավար դարձաւ թրքացեղ նորեկներու՝ քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան յայտնուելով թուրք եւ թաթար համեմատական մեծամասնութեամբ հողամասի մը վիճակին մէջ։
- Ինչո՛ւ մինչեւ 1918 թուականը գոյութիւն չէ ունեցած Ատրպէյճան անունով երկիր, պետական որեւէ միաւոր եւ նոյնիսկ քաղաքական ինքնութեամբ ազերիական ազգութիւն։ Երբ 1828 թուին Ցարական Ռուսաստանը վերջնականապէս իրեն կցեց Անդրկովկասը, հայեւթաթար խառն բնակչութեամբ հողամասի հակակշռումը իր հաշիւներուն ծառայեցնելու նպատակով, վարչականօրէն առաջացուց Եղիսաբէթպոլի նահանգը, որուն մէջ մտցուց Գանձակն ու Կիւլիստանը, Արցախն ու Զանգեզուրը։ Այդպէ՛ս սկսաւ հայեւթաթար խառն բնակչութեամբ ամբողջ երկրամասը «բաժնէ՝ որ տիրես»ի ռազմավարութեամբ հակակշռելու ռուսական քաղաքականութիւնը։
- Ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս մեծապետական մրցապայքարը սաստկացաւ Անդրկովկասի մէջ եւ շուրջ՝ Պաքուի սեւ ոսկիին տիրանալու պայթուցիկ առճակատման մթնոլորտի շիկացումով։ Որքան աշխուժացաւ Մեծն Բրիտանիոյ անդրկովկասեան միջամտութիւնը, այնքան խստացաւ Անդրկովկասի ազգային միաւորները իրարու դէմ դրդելու եւ բոլորին վրայ սեփական հակակշիռը ամրապնդելու ռուսական մտասեւեռումը։ Հետեւանքը եղան 1905ին սկսած հայ-թաթարական պարբերական ընդհարումները, որոնք 1918էն յետոյ նոր փուլ թեւակոխեցին՝ արդէն պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ առաջացած Անդրկովկասի անտիրութեան պղտոր ջուրին մէջ սեփական հաշուով ձուկ որսալու թրքական ախորժակներու սանձազերծումով։
- Եւ վերջապէս, բայց ոչ վերջինը՝ ինչպէ՛ս եղաւ, որ կովկասահայութիւնը, 1905ի հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներու դաժան կենսափորձով հանդերձ, յատկապէս 1918ի վերիվայրումներէն ետք, չկրցաւ միասնական գնահատումի եւ մերժումի արժանացնել ռուսական քաղաքականութեան հետեւողական այդ վարքագիծը՝ հայ-թաթար հակադրութեան հրահրումով Անդրկովկասին վերատիրանալու քաղաքականութիւնը։
Նոյնիսկ մեր օրերուն եւ հակառակ Արցախի իրողական ազատագրումով ամրագրուած պատմական դասերուն, հայ քաղաքական միտքը տակաւին կը դրսեւորէ հակումներ, որոնք կը շարունակեն ծառայել այն համոզումին, թէ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը աւելի յարմար դասաւորումի կրնար արժանանալ, եթէ Մայիս 1920ին մենք եւս ընդունէինք խորհրդային լուծը՝ հետեւելով Ատրպէյճանի օրինակին։
7 Յուլիս 1923ի Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղծման պոլշեւիկեան սադրանքը ամէն հիմք կու տայ, հայ քաղաքական մտքին համար, մէկանգամընդմիշտ թօթափելու այդօրինակ պատրանքներն ու ինքնախաբէութիւնները։
Բաւականաչափ խօսուն եւ դառն ու դաժան է այն փաստը, որ 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք, Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը «Եղբայրաբար» Խորհրդային Հայաստանի անբաժանելի մասը հռչակեց, «ինքնաբուխ» կերպով, ոչ միայն Արցախն ու Զանգեզուրը, այլեւ՝ Նախիջեւանն անգամ, որպէսզի պոլշեւիզմը կարենայ կոտրել հայ ժողովուրդին ընդդիմութիւնը... ռուսական գերեվարման։
Հայկական դիմադրութիւնը ընկճելու նպատակով կարմիր համազգեստ հագած ազերիներու կողմէ շռայլուած այդ «խոստումներ»ը պարզապէս ծառայեցին կարմիր բանակայիններու կողմէ Հայաստանի վերջնական բռնագրաւման, որու «յաջողութենէն» ետք, նոյնինքն հայ պոլշեւիկներու մեղսակցութեամբ, ոչ միայն մոռցուեցան «եղբայրական խոստումներ»ը, այլեւ գործադրուեցաւ Արցախն ու արցախահայութիւնը Հայաստանէն պոկելու եւ, մեկուսացման պայմաններու մէջ, հայաթափելու անարգ ոճիրը։
Վերյիշելով 7 Յուլիս 1923ի Արցախեան Ողբերգութեան սեւ թուականը՝ հայ քաղաքական միտքը ամէն իրաւունք ունի, այլ մանաւանդ անխուսափելի պարտաւորութիւնը ունի, ամէն գնով արթուն գործելու եւ պահպանելու Արցախեան Պահանջատիրութեան միասնական ճակատն ու պայքարը, որպէսզի ոչ մէկ պարագայի, մեծապետական մրցավազքի աննպաստ դասաւորման որեւէ պահու, Արցախն ու արցախահայութիւնը վերստին չենթարկուին ատրպէյճանական լուծին։
Յատկապէս վերջին՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի դաժան փորձառութենէն մեկնելով, իրաւատէր հայութիւնը ամէն հիմք ունի զէնքը ձեռքին միշտ պատրաստ գտնուելու եւ հատու պատասխան տալու ատրպէյճանական թշնամիի հակահայ ոտնձգութեանց։
Մեծապետական ոչ մէկ երաշխիք կրնայ ապահովել Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութիւնը՝ այնքան ատեն, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա դեռ հանուած չեն պատմութեան դատաստանին առջեւ, դեռ վնասազերծուած չեն ըստ ամենայնի եւ, ընդհակառակն, տակաւին կ՚արժանանան մեծապետական մրցապայքարէ բխող... հաշտեցման եւ խաղաղասիրութեան ընծաներու։
Չմոռնանք, որ Յուլիս 1923ի այս օրը Ստալին ինչպէ՜ս համաթրքութեան «ընծայաբերեց» մեր Արցախը։
Ն.