­altԹէեւ մեր սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կրթու­թեան եւ հայ­կա­կան հիմ­նա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րու գրա­սե­ղա­նին չի դրո­ւիր, գրա­կան-ի­մաս­տա­սի­րա­կան ա­մէ­նօ­րեայ սնուն­դի հա­մար, ժա­ռան­գու­թիւ­նը ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րին, բայց որ­քան թափ կ­’առ­նէ ազ­գա­յին մեր ար­մատ­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լու հո­գեմ­

տա­ւոր ինք­նա­ճա­նաչ­ման շար­ժու­մը, այն­քան կը պայ­ծա­ռա­նան դէմքն ու գոր­ծը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէ­պի ար­դի ժա­մա­նակ­ներ ա­ռաջ­նոր­դած այս ե­րախ­տա­շատ լու­սա­ւո­րի­չին, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Յու­նիս 7ի այս օ­րը։

­Հան­րա­գի­տա­կան ամ­փոփ տե­ղե­կան­քով՝ Գ­րի­գո­րեան, ­Կե­սա­րեան եւ ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սե­ցի մա­կա­նուն­նե­րով ծա­նօթ, բայց ա­ռա­ւե­լա­բար ­Պաղ­տա­սար Դ­պիր գրչա­նու­նով հռչա­կո­ւած հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի մեծ ա­ռա­քեա­լը ծնած էր 7 ­Յու­նիս 1683ին, ­Պոլ­սոյ մէջ, ուր ապ­րե­ցաւ իր 85ա­մեայ կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը եւ ուր վախ­ճա­նե­ցաւ 1768ի ­Յու­նո­ւար 30ին։
­Պաղ­տա­սար Դ­պիր բա­նաս­տեղծ է ու ե­րա­ժիշտ, գիտ­նա­կան է ու հրա­տա­րա­կիչ. ե­ղաւ հա­յոց ազ­գա­յին եւ կրթա­կան լու­սա­ւոր­ման շար­ժու­մին ռահ­վի­րա­նե­րէն եւ ան­մա­հա­ցաւ մեր ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ իբ­րեւ հայ ազ­գա­յին վե­րած­նուն­դի ա­ռաջ­նորդ դէմ­քե­րէն մէ­կը։

«­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րը՝ ժա­մա­նա­կի յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­կան նո­ւի­րա­կան իղ­ձե­րու ար­տա­յայ­տի­չը, կրցած է միա­հիւ­սել հայ քնա­րեր­գու­թեան տար­բեր կեն­սու­նակ ե­րակ­նե­րը եւ ստեղ­ծել նո­րօ­րի­նակ ազ­գա­յին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը՝ դառ­նա­լով իս­կա­պէս նո­րա­րար եր­գիչ, հիմ­նե­լով բա­նաս­տեղ­ծա­կան մէկ ամ­բողջ դպրոց». նման գնա­հա­տա­կա­նով ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րին բնու­թագ­րած է հայ­րե­նի ծա­նօթ բա­նա­սէր ­Հեն­րիկ ­Բախ­չի­նեան, որ 2008ին Ե­րե­ւա­նի մէջ լոյս ըն­ծա­յեց Դ­պի­րի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը ի մի բե­րող եւ ա­նոր կեն­սագ­րու­թեան ու ար­ժէ­քին նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րը հա­մա­տե­ղող «­Տա­ղեր» խո­րագ­րով հա­տո­րը։

Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ը կ­’ընդգ­ծէ, ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի կեն­սագ­րու­թիւ­նը գրի չէ առ­նո­ւած, հա­կա­ռակ որ ան ե­ղած է կա­րե­ւոր գոր­ծիչ մը: Այդ պատ­ճա­ռաւ իր մա­սին կեն­սագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը քիչ են: ­Բա­նա­սէր ­Գա­րե­գին ­Լե­ւո­նեան կը հա­ղոր­դէ, որ ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի ծնող­նե­րը՝ Գ­րի­գորն ու ­Թուր­վան­դը, ­Կե­սա­րիա­յէն գաղ­թած են ­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս, ուր լոյս աշ­խարհ ե­կած է ­Պաղ­տա­սար։ Ան իր նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է տե­ղա­կան դպրոց­նե­րու մէջ եւ ա­շա­կեր­տած է Էջ­միած­նայ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Նո­ւի­րակ՝ Աս­տո­ւա­ծա­տուր Ե­պիս­կո­պոս ­Ջու­ղա­յե­ցիի:

1741ին ­Պաղ­դա­սար Դ­պիր կը նշա­նա­կո­ւի ­Գում-­Գա­փո­ւի դպրա­նո­ցի տե­սուչ: Իր ա­շա­կերտ­նե­րէն շա­տեր կը դառ­նան ա­պա­գա­յի ե­րե­ւե­լի դէմ­քեր, գրող­ներ եւ ա­ռաջ­նորդ­ներ, ինչ­պէս Էջ­միած­նայ ­Կա­թո­ղի­կոս ­Սի­մէոն Ե­րե­ւան­ցին (գա­հա­կա­լած է 1763էն 1780) եւ բա­նաս­տեղծ ­Պետ­րոս ­Ղա­փան­ցին։

­Հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը վաղ միջ­նա­դա­րուն կը գրո­ւէր գրա­բա­րով։ 12րդ ­դա­րէն սկսեալ գրա­բա­րը աս­տի­ճա­նա­բար դադ­րած էր գոր­ծա­ծո­ւե­լէ եւ իր տե­ղը զի­ջած էր խօ­սակ­ցա­կան լե­զո­ւին՝ մի­ջին հա­յե­րէ­նին: Իսկ 18րդ ­դա­րուն, ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի գոր­ծու­նէու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, սկսած էր նոր շար­ժում մը՝ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հա­մար գրա­բա­րը, իբ­րեւ հայ ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան ա­րար­ման մի­ջո­ցի։

Այն ծանր պայ­ման­նե­րը, ո­րոնց մէջ կ­՚ապ­րէր հայ ժո­ղո­վուր­դը թրքա­կան եւ պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու եր­կա­րա­տեւ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, մե­ծա­պէս տկա­րա­ցու­ցած էին հայ միտքն ու լե­զուն եւ զա­նոնք հաս­ցու­ցած էին ան­դուն­դի եզ­րին։
Ա­հա՛ այս շրջա­նին է, որ ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի օ­րի­նա­կով ար­ժա­նա­ւոր հայ դէմ­քեր գտան մի­ջո­ցը հայ մշա­կոյ­թի վե­րած­նուն­դին՝ գրա­բա­րի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման ճամ­բով։

­Պաղ­տա­սար Դ­պիր, ­Պետ­րոս ­Ղա­փան­ցին, Գ­րի­գոր Օ­շա­կան­ցին, ­Սի­մէոն Ե­րե­ւան­ցին եւ ու­րիշ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­ներ հա­ւա­տա­ցին ու զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցան այս գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մին. աշ­խա­տե­ցան վե­րա­կանգ­նե­լու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լու գրա­բա­րը իբ­րեւ գրա­կան լե­զու։ Ա­նոնց ա­ռա­ջադ­րանքն էր հայ նոր գրա­կա­նու­թիւ­նը կա­պել հի­նի հա­րուստ ա­ւան­դու­թեան հետ: ­Փոր­ձե­ցին պար­զե­ցո­ւած եւ դիւ­րըմբըռ­նե­լի գրա­բար հա­յե­րէ­նը մատ­չե­լի դարձ­նել հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­ռանց զի­ջե­լու աշ­խար­հա­բա­րին:

­Պաղ­տա­սար Դ­պիր իր եր­գե­րը գրեց գրա­բա­րով, սա­կայն պարզ ու մատ­չե­լի լե­զո­ւով։ ­Լե­զուն մա­քուր է եւ չի գոր­ծա­ծեր թրքե­րէն կամ պարս­կե­րէն բա­ռեր։ Ա­նոնց մէջ չի զգա­ցո­ւիր նոյ­նիսկ ­Պոլ­սոյ բար­բա­ռին ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Այս վեր­ջի­նը ի յայտ կու գայ ա­նոր աշ­խար­հա­բար գրու­թեանց մէջ։

­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով՝ ­Պաղ­դա­սար Դ­պիր մե­ծա­պէս նպաս­տեց հայ նոր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան զար­գաց­ման: Ա­նոր քնա­րեր­գու­թիւ­նը, իր նիւ­թե­րով ու ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թեամբ, ա­ւան­դա­կան է, սա­կայն ան կը պա­րու­նա­կէ ա­զա­տա­սի­րու­թեան եւ ա­զա­տամ­տու­թեան թե­մա­ներ: Ան կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ ոչ միայն սի­րոյ գա­ղա­փա­րը, ինչ­պէս այդ շրջա­նի գու­սան­նե­րը, այ­լեւ ըն­կե­րա­յին, կրօ­նա­կան ու բա­րո­յա­կան նիւ­թեր: ­Լե­զո­ւի յղկո­ւա­ծու­թիւ­նը չի պար­տադ­րեր զսպո­ւա­ծու­թիւն, այլ՝ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն նման ան կ­՚ըլ­լայ կրքոտ ու ան­կեղծ։

­Պաղ­դա­սար Դ­պի­րին քնա­րեր­գու­թիւ­նը քննար­կող­նե­րը ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի կը գտնեն «Առ ­Մա­մօ­նայն» խո­րագ­րով ա­նոր ստեղ­ծած տա­ղը, որ իր ա­տե­նի այլ տա­ղե­րու բաղ­դատ­մամբ ինք­նա­տիպ է։ ­Բա­նաս­տեղ­ծը կը բա­ցա­յայ­տէ դրա­մին եւ հարս­տու­թեան կոր­ծա­նա­րար իշ­խա­նու­թիւ­նը մարդ էա­կին վրայ: Ան ­Մա­մօ­նա­յի մա­սին կը գրէ ժո­ղովր­դա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն՝ որ կը մեր­ժէ նիւ­թե­ղէ­նին սար­սա­փե­լի աս­տո­ւա­ծա­ցու­մը.-

Ուս­տի՞ ծը­նար, ո՛վ բռնա­ւոր,
Որ քեզ նը­ման, ո՛չ գոյ յերկ­րի,
Որ թէ չը­տաս դու ձեռն ու­մեք,
Ո՛չ զօ­րա­նայ եւ ո՛չ բերկ­րի:

­Թէ՛ թա­գա­ւորք եւ թէ՛ կայ­սերք
­Քո օգ­նե­լոյդ են միշտ կա­րօտ,
Իսկ ա­ռանց քո` ե՛ն յոյժ տը­կար,
Որ­պէս ար­ջառ մի ա­նա­րօտ:

­Պաղ­դա­սար Դ­պիր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յա­տուկ ճիգ թա­փեց իւ­րո­վի միա­հիւ­սե­լու հայ հին գու­սա­նա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­կան, ինչ­պէս նաեւ՝ իր ժա­մա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան եր­գա­րո­ւես­տի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը։ Աշ­խար­հիկ եւ յատ­կա­պէս սի­րա­յին եր­գե­րու ստեղծ­ման հա­մար, ան օգ­տա­գոր­ծեց ազ­գա­յին՝ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան, նոյն­պէս եւ ա­րե­ւե­լեան մե­ղե­դի­ներ։ Ա­նոր նշա­նա­ւոր տա­ղե­րէն «Ի Ննջ­մա­նէդ Ար­քա­յա­կան ­Զար­թիր» (1707) եր­գին մէջ, զու­գակ­ցո­ւած են նոր ա­շու­ղա­կան ու հին ե­կե­ղե­ցա­կան դա­սա­կան ե­րաժըշ­տու­թեան մի քա­նի գի­ծեր: Այս եր­գը սի­րա­յին է, սա­կայն փո­խա­բե­րա­կան ա­ռու­մով կա­րե­լի է զայն մեկ­նա­բա­նել իբ­րեւ իր ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւած կոչ ու հրա­ւէր, որ­պէս­զի սթա­փի իր թմրու­թե­նէն եւ պայ­քա­րի օ­տար տի­րա­պե­տու­թեան դէմ։

Ի նընջ­մա­նէդ ար­քա­յա­կան,
­Զար­թի՚ր, նա­զե­լի իմ, զար­թի՚ր,
Է­հաս նը­շոյլ ա­րե­գա­կան,
­Զար­թի՚ր, նա­զե­լի իմ, զար­թի՚ր:

Այդ քո տե­սիդ, զոր դու ու­նիս,
Ա­րար ծա­ռայ քեզ ըզ­գե­րիս,
Ար­ևա­կէզ գու­ցէ լի­նիս,
­Զար­թի՚ր, նա­զե­լի իմ, զար­թի՚ր:

­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի քնա­րեր­գա­կան ժա­ռան­գու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր եւ ա­մէ­նէն ար­ժէ­քա­ւոր մա­սե­րէն է «­Տա­ղիկ­ներ ­Սի­րոյ եւ ­Կա­րօ­տա­նաց» խո­րագ­րո­ւած շար­քը։ Ա­նոր «­Տա­ղա­րան ­Փոք­րիկ ­Պաղ­տա­սար Դպ­րի Ա­սա­ցեալ ­Զա­նա­զան ­Գու­նով» (1723) գիր­քը յա­ւե­լում­նե­րով եւ վե­րա­քաղ­նե­րով լոյս տե­սած է եօ­թը ան­գամ։ Ան գրած է նաեւ հա­յա­տառ թրքե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ։
Ա­ռան­ձին գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի են ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թիւնն ու դաս­տիա­րակ­չա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

1741 թո­ւա­կա­նին ­Յա­կոբ ­Նա­լեան ­Պատ­րիար­քը զայն նշա­նա­կեց ­Գում-­Գա­փո­ւի դպրո­ցին տե­սուչ։ Ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին դպրա­նո­ցը մե­ծա­պէս ծաղ­կում ապ­րե­ցաւ։ ­Պաղ­տա­սար Դ­պիր եր­կար տա­րի­ներ դա­սա­ւան­դեց մայ­րե­նի լե­զո­ւի քե­րա­կա­նու­թիւն, ե­րաժշ­տու­թիւն եւ այլ նիւ­թեր։

1736-1760 թո­ւա­կան­նե­րուն ան կազ­մեց եւ հրա­տա­րա­կեց հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­ման դա­սա­գիր­քե­րու շարք մը՝ գրա­բար ու աշ­խար­հա­բար լե­զու­նե­րով, ո­րոնք շուրջ դար մը դա­սա­ւան­դո­ւե­ցան հայ­կա­կան դպրոց­նե­րէն ներս։ ­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր դաս­տիա­րակ­չա­կան գոր­ծե­րէն են «­Պար­զա­բա­նու­թիւն ­Քե­րա­կա­նու­թեան ­Կար­ճա­ռօտ եւ ­Դիւ­րի­մաց» (1736), «­Հա­տոր Երկ­րորդ ­Քե­րա­կա­նու­թեան. ­Կի­րա­ռու­թիւն ­Մա­սանցն ­Բա­նին որ է ­Շա­րու­նա­կումն Ի­րեարս Ըստ ­Քեր­թո­ղացն» (1736), «Օ­րի­նակք ­Բա­րե­ւագ­րաց» (1752), աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւով պատ­րաս­տո­ւած դա­սա­կան հա­յե­րէ­նի քե­րա­կա­նու­թեան գիրք՝ «­Գիրք ­Քե­րա­կա­նու­թեան» (1760), «­Հա­մա­ռօտ ­Մեկ­նա­բա­նու­թիւն Տ­րա­մա­բա­նու­թեան» (1822), «­Ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն» (հրտ. 1951) եւ «­Հա­մա­ռօ­տու­թիւն ­Պատ­մու­թեան ­Մով­սէս ­Խո­րե­նաց­ւոյ» (ան­տիպ)։ Ա­նոր լե­զո­ւա­բա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէն մե­զի հա­սած է «­Ցանկ ­Գիրք ­Նոր Կ­տա­կա­րա­նին» եր­կը (1753)։

­Պաղ­տա­սար Դ­պիր մե­ծա­պէս նպաս­տած է նաեւ հայ գրա­կան-հրա­տա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնք թափ ա­ռած էին ­Պոլ­սոյ մէջ՝ հայ տպա­րան­նե­րու ցան­ցին ստեղ­ծու­մով եւ ըն­դար­ձա­կու­մով: Ան կազ­մած է հա­յա­գի­տա­կան գիր­քե­րու գի­տա­կան-հա­մե­մա­տա­կան բնագ­րեր: Խմ­բագ­րած է պատ­մա­կան, փի­լի­սո­փա­յա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան գիր­քեր։ ­Յա­ճախ ի՛նք պատ­րաս­տած է հրա­տա­րա­կո­ւե­լիք գիր­քին շա­րո­ւած­քը, ընտ­րե­լով ձե­ռա­գիր օ­րի­նակ­ներ, զա­նոնք հա­մե­մա­տե­լով ի­րա­րու հետ, սրբագ­րե­լով նախ­կին հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու սխալ­ներն ու ա­ղա­ւա­ղում­նե­րը՝ վեր­նա­կա­նա­պէս տպագ­րու­թեան յանձ­նե­լէ ա­ռաջ։

Իր հսկո­ղու­թեան տակ լոյս տե­սած են հայ դա­սա­կան գրող­նե­րու բազ­մա­թիւ գոր­ծեր, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը կը տպո­ւէին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով։ Ա­սոնց­մէ են՝ ­Զե­նոբ Գ­լա­կի «­Գիրք ­Պատ­մու­թեան Երկ­րին ­Տա­րօ­նոյ» (1719), «­Գիրք Որ ­Կո­չի ­Հա­րանց ­Վարք» (1720), Ա­ռա­քել ­Սիւ­նե­ցիի «Ա­դա­մա­գիրք»ը (1721), Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» (1726), ­Սի­մէոն ­Ջու­ղա­յե­ցիի «­Գիրք Տ­րա­մա­բա­նու­թեան» (1728), Գ­րի­գոր ­Տա­թե­ւա­ցիի «­Գիրք ­Հարց­մանց» (1729) եւ ­Դա­ւիթ Ան­յաղ­թի «­Գիրք ­Սահ­մա­նաց» (1731) աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը։

­Պաղ­տա­սար Դ­պի­րի ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած այս հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կանքն ու ար­ժե­ւո­րու­մը կ­’ար­ժէ պսա­կել ա­նոր ի­մաս­տուն եկ­տո­ղեակ­նե­րէն քա­ղո­ւած հե­տե­ւեալ փուն­ջով.

Այր կա­տա­րեալ եւ թըշ­նամ­ւոյն բա­րի կա­մի,
Եւ ոչ թէ սոսկ իւր սի­րա­կան բա­րե­կա­մի։

­Թէ զըղ­ջա­նաս ի մե­ղաց,
Ոչ հե­ռա­նաս ի շնոր­հաց։

Ո­րոյ ձեռքն ի յո­ղոր­մու­թիւն ա­ռա­տա­ցան,
­Հըն­ձէ նա զայն որ­պէս մը­շակ աոա­տա­ցան։

Որ ըզ­խը­րատ ծե­րոց գիտ­նոց ա­նար­գէ,
­Նա քան զա­մէն ա­նար­գե­լիս ա­նարգ է։

Ի­մաս­տու­թիւն շի­նեաց իւր տուն,
­Կանգ­նեաց ի նմա եօթ ըն­տիր սիւն։

Ի­մաս­տու­թեա՛ն տուր ըզ­սիրտ քո,
­Բայց հան­ճա­րո՛վ միշտ փայ­լե­ցոյ։

Ըզ­խո­նար­հու­թիւնս բայց թէ լաւ ճա­նա­չես,
Ի հան­դի­սի քեր­թո­ղա­ցըն չա­մա­չես։

Ն.