­altՀայ ժո­ղո­վուր­դի մար­տու­նա­կու­թեան հրա­շա­զօր գաղտ­նի­քը եր­բեք պի­տի չհասկ­նան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ի­րենց պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րէն կազ­մա­ւո­րո­ւած չեն անձ­նո­ւէր ֆե­տա­յի­նե­րու եւ դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան շուն­չով։

 

 

«Ան­կեղծ զի­նո­ւոր»ի եւ «ան­վե­հեր քաջ»ի ա­ռինք­նող կեր­պա­րը չի կրնար միս ու ոս­կոր կա­պել եւ հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հա­մար վա­րա­կիչ օ­րի­նակ դառ­նալ, ե­թէ ա­նո­ւա­նի թէ ա­նա­նուն հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րո­ւած հռչա­կա­ւոր թէ խո­նարհ հայ հե­րոս­նե­րուն անձն ու գոր­ծը, կեանքն ու վար­քը չվե­րա­ծո­ւին գա­ղա­փա­րա­կան հա­նա­պա­զօ­րեայ հա­ցի եւ սրբա­զան հա­ղոր­դու­թեան։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նը լու­սա­ւո­րող այդ կար­գի աստ­ղե­րէն է Ար­տա­շէս ­Մի­նա­սեան, որ 1897ի այս օ­րը, ­Յու­նիս 1ին, առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը Ա­ղեք­սանդ­րիոյ (Ե­գիպ­տոս) մէջ, ուր թո­քախ­տէ բու­ժո­ւե­լու հա­մար ղրկո­ւած էր ­Պո­լի­սէն։
­Հա­զիւ 29 տա­րե­կան էր կռո­ւի դաշ­տէն այդ­պէս հե­ռու վախ­ճա­նած գա­ղա­փա­րի այս մար­տի­կը, որ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման յու­շա­մա­տեա­նին մէջ յա­ւեր­ժա­ցաւ Ե­գիպ­տա­ցի ա­նու­նով։

­Գաս­պար Ի­փէ­կեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կեր­տող­նե­րուն մէջ իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տե­ղը ու­նի» Ար­տա­շէս ­Դե­ւեան (­Մի­սա­կեան, ­Մի­նա­սեան), ո­րուն կեն­սագ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ միայն կցկտուր եւ հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ (նոյ­նինքն ազ­գա­նու­նին, յե­ղա­փո­խա­կան ծած­կա­նու­նին եւ մին­չեւ վաղ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն կեան­քի ման­րամաս­նու­թեանց մա­սին) հա­սած են մե­զի։

Այ­սու­հան­դերձ՝ Ե­գիպ­տա­ցիի նո­ւի­րո­ւած ե՛ւ կեն­սագրա­կան յօ­դո­ւած­նե­րը, ե՛ւ յու­շա­մա­տեան­նե­րը հա­մա­կար­ծիք են ու միա­ձայ­նու­թեամբ կը շեշ­տեն, որ քսա­նա­մեայ Ար­տա­շէ­սը վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քի դաշ­նակ­ցա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման եւ ու­ժե­ղաց­ման մէջ։

­Պոլ­սոյ եւ յատ­կա­պէս ­Սա­մա­թիոյ յե­ղա­փո­խա­շունչ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մար­տու­նակ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ օժ­տե­լու, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­խու­սա­փե­լի կռուին հա­մար ­Պոլ­սոյ հա­յու­թիւ­նը զէն­քով ու ռում­բե­րով ա­պա­հո­վե­լու եւ զի­նա­վար­ժու­թեամբ պատ­րաս­տե­լու գոր­ծին մէջ, ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղաւ ներդ­րու­մը «­Դե­ւեան», «­Յով­սէփ», «­Հայկ», «­Մուս­թա­ֆա» յե­ղա­փո­խա­կան ծած­կա­նուն­նե­րով գոր­ծած Ե­գիպ­տա­ցիի։

Ծ­նած էր Տ­րա­պի­զոն, 1868ին։ Ար­հես­տով ոս­կե­րիչ էր, շէն ու կեն­սու­րախ ե­րի­տա­սարդ մը, որ Տ­րա­պի­զո­նի իր շրջա­պա­տին ծա­նօթ էր «­Դեւ Եաւ­րու­սի Ար­տաշ» ա­նու­նով։ 1892ին, երբ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հի­նա­դիր սե­րուն­դի յա­ռա­ջա­պահ գոր­ծիչ­նե­րէն ­Յով­հան­նէս Եու­սու­ֆեան ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նով Տ­րա­պի­զոն կը գտնո­ւէր եւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը տո­գո­րէր հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման նո­ւի­րո­ւե­լու գա­ղա­փար­նե­րով, 24ա­մեայ Ար­տա­շէ­սը ամ­բող­ջա­կան փա­րու­մով միա­ցաւ նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ, հե­տե­ւե­լով գա­ղա­փա­րա­կան իր կնքա­հօր՝ Եու­սու­ֆեա­նի քայ­լե­րուն, իր կար­գին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Սա­մա­թիա։

Օս­մա­նեան Դ­րա­մա­տան գրաւ­ման յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թեան անն­ման ղե­կա­վա­րին՝ ­Բաբ­կէն ­Սիւ­նիի կող­քին, ­Սու­րէ­նի եւ ­Խա­չիկ Գ­նու­նիի հետ, Ար­տա­շէս ե­ղաւ հիմ­նա­դիր կեր­տիչ­նե­րէն մէ­կը ա­րիւ­նար­բու սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի հա­յա­ջինջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու մար­տու­նա­կու­թեամբ թրծո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Պոլ­սոյ կազ­մա­կեր­պու­թեան։

­Մա­նա­ւանդ զէն­քե­րու եւ ռում­բե­րու գնման ու տե­ղա­փոխ­ման վտան­գա­ւոր գոր­ծին մէջ, թուրք ոս­տի­կան­նե­րու, լրտես­նե­րու եւ հա­յա­նուն մատ­նիչ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ հե­տապն­դում­նե­րուն հա­կա­ռակ, Ե­գիպ­տա­ցի յա­ջո­ղե­ցաւ թէ՛ ան­ձամբ, թէ՛ իր ա­ռա­ջա­ցու­ցած գոր­ծա­կից­նե­րու խում­բե­րով, ա­պա­հով թագս­տոց­ներ փո­խադ­րել եւ փո­ղո­ցա­յին ընդ­հա­րում­նե­րու ըն­դու­նակ զի­նա­պա­հես­տով օժ­տել ­Պոլ­սոյ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս որ Ս. Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բնաւ չկրցան, ի­րենց լրտես­նե­րով թէ մատ­նիչ­նե­րով, զէն­քի գնման կամ տե­ղա­փոխ­ման նպա­տա­կով ­Պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րուն մէջ գի­շեր­ներ լուսց­նող Ե­գիպ­տա­ցիին բռնել «յան­ցանք»ի վրայ. նոյ­նիսկ ե­ղաւ պահ, երբ կաս­կած­նե­րու հի­ման վրայ բան­տար­կե­ցին զինք, բայց ոչ ծե­ծի տակ կրցան խոս­տո­վա­նու­թիւն կոր­զել իր­մէ, ոչ ալ վկա­ներ գտնել՝ Ե­գիպ­տա­ցին դա­տա­պար­տե­լու հա­մար...

Այդ­պէ՛ս, մար­տա­կան իր ձեռն­հա­սու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Պոլ­սոյ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի սիւ­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ Ե­գիպ­տա­ցի։ ­Բայց միայն մար­տա­կան իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը չէին, որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դեր սահ­մա­նե­ցին հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի անն­կուն կամ­քը մարմ­նա­ւո­րող այս ե­րախ­տա­ւո­րին։ Ե­գիպ­տա­ցի օժ­տո­ւած էր կազ­մա­կեր­պի­չի եւ քա­րո­զի­չի բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դով։

Ա­կա­նա­տե­սի վկա­յու­թիւն է, որ 1896ին, երբ ­Պոլ­սոյ հա­յոց Ազ­գա­յին ­Հի­ւան­դա­նո­ցի պար­տէ­զին մէջ հոծ բազ­մու­թեան մը մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի կ­’ու­նե­նար Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման 35ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, յան­կար­ծա­կի, յա­ւուր պատ­շա­ճի ե­լոյթ­նե­րու կար­գը խախ­տե­լով, ինք­նա­բուխ խօսք կ’առ­նէ շա­տե­րուն ան­ծա­նօթ ե­րի­տա­սարդ մը եւ թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան դէմ ան­հաշտ կռո­ւի ու հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կոչ կ’ուղ­ղէ բո­ցա­շունչ ճա­ռով մը։

Ան­մի­ջա­պէս հան­դի­սու­թիւ­նը կը վե­րա­ծո­ւի հա­ւա­քա­կան ըմ­բոս­տաց­ման բուռն հա­ւա­քի մը՝ յան­գե­լով ­Հի­ւան­դա­նո­ցի ճա­կա­տէն թրքա­կան դրօ­շը վար առ­նե­լու «ան­նե­րե­լի» քայ­լին։
Ե­րի­տա­սար­դա­կան իր այդ յա­խուռն քայ­լին եւ Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դա­մի իր հան­գա­ման­քը լրտես­նե­րու եւ մատ­նիչ­նե­րու լու­սար­ձա­կին տակ դնող ան­խո­հե­մու­թեան հա­մար, Ե­գիպ­տա­ցի օ­րին կար­գա­պա­հա­կան պա­տիժ ստա­ցաւ իր պաշ­տօ­նա­կից ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ հե­ռու պա­հո­ւե­ցաւ ցու­ցա­կան կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէ, բայց շա­րու­նա­կեց իր պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը զին­ման եւ զի­նա­վար­ժու­թեան մար­զին մէջ։

­Նոյն­պէս յի­շա­տա­կե­լի է, որ 1894-95ի հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն ի պա­տաս­խան՝ Ե­գիպ­տա­ցի յղա­ցաւ եւ ծրագ­րեց ­Սուլ­թա­նի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գիր մը։ ­Նոյ­նինքն ­Ռա­մա­տա­նի տօ­նին օ­րը, ­Հա­մի­տի տե­ղա­փո­խու­թեան փո­ղոց­նե­րը ու­սում­նա­սի­րած քար­տէ­սի մը հի­ման վրայ, ան­ձամբ ռում­բե­րով յար­ձա­կում ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցուց Կ. ­Կո­մի­տէի իր ըն­կեր­նե­րուն։ ­Մար­մի­նը մեր­ժեց ա­ռա­ջար­կը՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան հա­ւա­նա­կան ձա­խո­ղու­թիւ­նը հիմք ու­նե­նա­լով, ո­րով­հե­տեւ ան­նա­խա­տե­սե­լի էին ­Հա­մի­տի եր­թե­ւե­կի ժա­մերն ու քար­տէ­սը... ­Բայց ինչ­պէս որ Ե­գիպ­տա­ցիի նո­ւի­րո­ւած իր գրու­թեան մէջ Ս. Վ­րա­ցեան կը հաս­տա­տէ, 1895ի ­Ռա­մա­տա­նին ­Սուլ­թան ­Հա­միտ ի­րա­պէս ան­ցած էր Ե­գիպ­տա­ցիի ստու­գած եւ նա­խա­տե­սած փո­ղոց­նե­րէն...

­Սուլ­թա­նին ա­հա­բե­կու­մը ձա­խո­ղե­լու պատ­ճառ պի­տի չու­նե­նար։
Ա­հա՛ այ­սօ­րի­նակ յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեամբ եւ անն­կուն կամ­քով ի բնէ օժ­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սար­դին շիտ­կէ շի­տակ հա­րո­ւա­ծե­լու քա­ջու­թիւն չու­նե­ցաւ... մա­հը։ Վ­տան­գա­ւոր բո­լոր ճամ­բա­նե­րէն ան­վախ քա­լած եւ ան­պար­տե­լի մնա­ցած Ե­գիպ­տա­ցիին մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թեան ուղ­ղո­ւե­ցաւ ա­նո­ղոք ու մա­հա­բեր հի­ւան­դու­թեան հա­րո­ւա­ծը։ ­Թո­քախ­տը բոյն դրաւ Ե­գիպ­տա­ցիի մարմ­նին մէջ եւ ա­րա­գօ­րէն հիւ­ծու­մի մատ­նեց կեն­սու­նա­կու­թեամբ ո­ղո­ղուն Ար­տա­շէս ­Մի­նա­սեա­նին։

­Պանք Օ­թո­մա­նի գրաւ­ման գոր­ծո­ղու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջա­նին, ըն­կեր­նե­րուն պնդու­մով Ե­գիպ­տա­ցի վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը՝ Տ­րա­պի­զոն, հանգս­տա­նա­լու եւ կազ­դու­րո­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց ան­մի­ջա­պէս որ լսեց ­Պան­քի գրաւ­ման ո­րո­շու­մին մա­սին, փու­թաց ­Պո­լիս եւ թէեւ յար­ձա­կող խում­բէն հե­ռու պահուեցաւ, բայց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Սա­մա­թիոյ մէջ թուրք ոս­տի­կա­նու­թեան վրայ ռում­բե­րով յար­ձա­կում­նե­րուն։ Ան­պար­տե­լի դուրս ե­կաւ այդ ընդ­հա­րում­նե­րէն ալ։

­Պան­քի գրաւ­ման հե­տե­ւող հա­լա­ծանք­նե­րէն զինք հե­ռու պա­հե­լու հա­մար, ­Պոլ­սոյ Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով Ե­գիպ­տա­ցի ու­ղար­կո­ւե­ցաւ նախ ­Սամ­սոն եւ Տ­րա­պի­զոն, այ­նու­հե­տեւ՝ ­Պալ­քան­ներ, ­Յու­նաս­տան եւ հուսկ Ե­գիպ­տոս, հայ պան­դուխտ­նե­րուն Երկ­րի մէջ տի­րող կա­ցու­թեան մա­սին զե­կու­ցե­լու եւ յե­ղա­փո­խա­կան կռո­ւին հետ ա­նոնց գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան կա­պը ամ­րապն­դե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ դէ­պի ­Պո­լիս զէն­քի ու զի­նամ­թեր­քի գնման եւ փո­խադ­րու­թեան գոր­ծը գլուխ հա­նե­լու հա­մար։

­Սա­կայն թո­քախ­տը ա­ւեր կը գոր­ծէր եւ ըն­կեր­նե­րը յանձ­նա­րա­րե­ցին, որ Ե­գիպ­տա­ցի մնայ Ա­ղեք­սանդ­րիա, թէ՛ տե­ղի կազ­դու­րիչ պայ­ման­նե­րէն օգ­տո­ւե­լու, թէ՛ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լու՝ հայ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւոր ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րող հա­յա­շատ այդ գա­ղու­թիւն մէջ։
­Հա­զիւ քա­նի մը ա­միս մնաց Ա­ղեք­սանդ­րիա։

­Թո­քախ­տը հիւ­ծեց ան­վե­հեր քա­ջին։
Եւ ­Յու­նիս 1ին, 119 տա­րի ա­ռաջ, հայ կեան­քէն ընդ­միշտ հե­ռա­ցաւ հա­մակ կրակ ու բոց, հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ու դաշ­նակ­ցա­կան մար­տի­կի անն­կուն կամ­քին բա­ցա­ռիկ մարմ­նա­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցած 29ա­մեայ Ար­տա­շէս ­Մի­նա­սեան։
Երբ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ կ­՚եր­գեն «Ս­տամ­պո­լը պի­տի լի­նի ա­րեան ծով»՝ ան­պայ­ման ի­րենց հո­գիին աչ­քե­րով կը պատ­կե­րաց­նեն նաեւ առ­նա­կան դէմքն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ան­մահն Ե­գիպ­տա­ցիի։

Ս. Վ­րա­ցեա­նի բա­ռե­րով՝
«­Գործ­նա­կան խել­քի, սուր դի­տո­ղու­թեան, ան­սա­սան կամ­քի ու յանդգ­նու­թեան, ար­տա­կարգ պա­ղա­րիւ­նու­թեան եւ ճար­պի­կու­թեան տէր, ազ­նիւ նկա­րագ­րով, անձ­նո­ւէր ու յան­դուգն ե­րի­տա­սարդ էր Ե­գիպ­տա­ցին։ Ան­կեղծ ու հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր եւ ան­դա­ւա­ճան գոր­ծա­կից։ ­Սահ­ման չճա­նա­չող ա­տե­լու­թեամբ լե­ցո­ւած դէ­պի թուրք բռնա­պե­տու­թիւ­նը։ Ա­մէն վայր­կեան պատ­րաստ՝ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի հա­մար զո­հե­լու իր ան­ձը։

­Յան­դուգն ծրա­գիր­ներ յղա­ցող եւ ան­վախ գոր­ծադ­րող։ Ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րի մէջ նե­տո­ւող, եր­բեք չյու­սա­հա­տո­ւող եւ ա­մէն դժո­ւա­րու­թիւ­նից ճար­պի­կու­թեամբ դուրս ե­կող»։
Ա­հա՛ խիտ բնու­թագ­րու­մը գա­ղա­փա­րի մար­տի­կի մը, որ Ե­գիպ­տա­ցի ա­նու­նով վա­րա­կիչ օ­րի­նակ մը դար­ձաւ «ան­կեղծ զի­նո­ւոր»ի եւ «ան­վե­հեր քաջ»ի։

Ն.