alt26 ­Մա­յի­սի այս օ­րը, 71 տա­րի ա­ռաջ, ­Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յի ­Սէնթ ­Մէյ­րիզ հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, տա­ռա­պա­կոծ իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ինք­նա­տիպ նո­ւի­րեալ­նե­րէն ու ար­ժա­նա­ւոր քա­րո­զիչ­նե­րէն ­Մի­նաս ­Վե­րա­ծին։

 

 

Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Շր­ջա­նի պաշ­տօ­նա­թերթ «Աս­պա­րէզ»ի այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի խմբա­գիրն էր ­Վե­րա­ծին, որ սրտի հի­ւան­դու­թեամբ չորս ա­միս գա­մուե­ցաւ հի­ւան­դա­նո­ցի սնա­րին, մա­քա­ռե­ցաւ մա­հո­ւան դէմ եւ ի վեր­ջոյ յանձ­նո­ւե­ցաւ... ճա­կա­տագ­րին։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Գա­սա­գեան ­Մի­նաս՝ ան ծնած էր ­Մա­յիս 1882ին, ­Փոքր Ա­սիոյ հայ­կա­կան ա­ւան­նե­րէն ­Պար­տի­զա­կի մէջ։ ­Կա­նուխ տա­րի­քէն դրսե­ւո­րեց ու­սում­նա­տենչ, միա­ժա­մա­նակ՝ ըն­կե­րա­յին եւ յան­դուգն խառ­նո­ւած­քի տէր ան­հա­տա­կա­նու­թիւն մը։

­Հա­զիւ 15 տա­րե­կան էր ան եւ ­Պար­տի­զա­կի Ազ­գա­յին ­Ներ­սէս-­Շու­շա­նեան երկ­սեռ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ, երբ խան­դա­վա­ռու­թեամբ փա­րե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ար­ծար­ծած ու տա­րա­ծած յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն՝ ­Պար­տի­զա­կի ե­րի­տա­սար­դա­կան խմո­րում­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը դառ­նա­լով։ ­Թուրք ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դում­նե­րէն զինք հե­ռաց­նե­լու մտօք՝ ծնող­քը պա­տա­նի ­Մի­նա­սին հա­նեց դպրո­ցէն եւ ու­ղար­կեց ­Պուլ­կա­րիա, մօ­րեղ­բօր ­Լե­ւոն ­Թո­րո­սեա­նի մօտ, որ­պէս­զի ­Թուր­քիա­յէն հե­ռու շա­րու­նա­կէ իր ու­սու­մը։

­Մի­նա­սի առ­ջեւ բա­ցո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւե­լի լայն աս­պա­րէզ։ ­Մօ­տէն շփում ու­նե­ցաւ ­Պուլ­կա­րիոյ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հետ եւ 1900ի սկիզ­բը, ­Ժը­նեւ անց­նե­լով, «Դ­րօ­շակ»ի յար­կին տակ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։ Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սա­նո­ղա­կան շար­ժում­նե­րուն մաս­նա­կի­ցը եւ ­Հայ ­Դա­տի քա­րո­զի­չը դար­ձաւ՝ յատ­կա­պէս ­Լոն­տո­նի մէջ աշ­խա­տե­լու եւ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու տա­րի­նե­րուն։ ­Ծա­նօ­թա­ցաւ եւ սերտ կա­պեր հաս­տա­տեց ­Լոն­տո­նի մամ­լոյ եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ, ինչ որ հիմք ծա­ռա­յեց հե­տա­գայ իր քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

1908ին, Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, Մ. ­Վե­րա­ծին վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը եւ լծո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան ե­ռուն աշ­խա­տան­քի։ ­Դար­ձաւ սերտ գոր­ծա­կի­ցը ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի, որ այդ շրջա­նին Թր­քա­հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան հայ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան քննի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ ­Պար­տի­զակ այ­ցե­լած էր։ ­Զա­ւա­րեա­նի յոր­դոր­նե­րով՝ 1909ին, անգ­լիա­կան «­Լոն­տոն ­Թայմզ»ի թղթա­կի­ցին հետ, ­Մի­նաս ձեռ­նար­կեց ու­սում­նա­սի­րա­կան շրջա­գա­յու­թեան մը դէ­պի ­Կով­կա­սեան ­Հա­յաս­տան, Թր­քա­հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րը, ­Լա­զիս­տան եւ ­Սեւ ­Ծո­վի ա­փուն­քի հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րը։

Այդ ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին իր հա­ւա­քած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէն պա­տա­ռիկ­ներ, ­Ֆար­հատ գրչա­նու­նով, ­Մի­նաս ­Վե­րա­ծին լոյս ըն­ծա­յեց ժա­մա­նա­կի դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին մէջ։ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի կող­քին ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեան եւս իր հո­գա­ծու­թեան ար­ժա­նա­ցուց ե­րի­տա­սարդ գոր­ծի­չին եւ մղեց ­Մի­նա­սը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի սպա­ռիչ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­ժա­նաց­նէ ­Փոքր Ա­սիոյ հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րը։ ­Մի­նաս լա­ւա­գոյնս կա­տա­րեց այդ աշ­խա­տան­քը։ Շր­ջե­ցաւ քա­ղա­քէ քա­ղաք, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ցի­րու­ցան հա­յու­թեան կեան­քի պայ­ման­նե­րուն, տնտե­սա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին ա­րա­րում­նե­րուն եւ իր հա­ւա­քած հա­րուստ տե­ղե­կան­քը լոյս ըն­ծա­յեց ար­ժէ­քա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ մը՝ «­Հա­յե­րը ­Նի­կո­մի­դիոյ գա­ւա­ռին մէջ» խո­րագ­րով։

­Նաեւ ու­սուց­չա­կան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեամբ, ­Մի­նաս գոր­ծեց ­Փոքր Ա­սիոյ հա­յա­շատ տար­բեր կեդ­րոն­նե­րու վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ 1915ի Ապ­րի­լին, երբ Էս­կի ­Շէ­հի­րի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին տնօ­րէնն էր, իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բան­տար­կո­ւե­ցաւ։ ­Մին­չեւ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւարտն ու զի­նա­դա­դա­րի կնքու­մով բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կու­մը՝ ­Վե­րա­ծին ապ­րե­ցաւ դժո­խա­յին կեանք մը, են­թար­կո­ւե­ցաւ ծան­րա­գոյն տա­ժան­քի. քայ­քա­յո­ւե­ցաւ ա­ռող­ջու­թիւ­նը։ ­Բայց թրքե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի իր հմտու­թիւնն ու հա­շո­ւա­պա­հի ու­սու­մը օգ­նե­ցին, որ բան­տա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­րեն վստա­հին գրա­սե­նե­կա­յին աշ­խա­տանք։ Իբ­րեւ բան­տա­յին հա­շո­ւա­պահ, ան մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ օս­մա­նեան բա­նա­կի հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն վե­րա­պահուած դա­ժան ճա­կա­տագ­րին եւ այդ բո­լո­րին մա­սին հե­տա­գա­յին գրի ա­ռաւ իր յու­շե­րը։

Եր­կա­րա­տեւ բան­տա­յին կեան­քը ­Մի­նաս ծա­ռա­յե­ցուց գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ թարգ­ման­չա­կան իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մին։ Եւ երբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, ո­րո­շեց կեն­դա­նի վկա­յու­թեան վե­րա­ծել ար­հա­ւիր­քը տե­սած եւ ապ­րած հա­յու իր կեն­սա­փոր­ձը՝ ­Վե­րա­ծին գրչա­նու­նը ընտ­րե­լով։

­Զի­նա­դա­դա­րի շրջա­նին վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ ­Կի­լի­կիա, ուր եւ ­Մի­նաս ­Վե­րա­ծին ու­ղար­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ գոր­ծիչ՝ ստանձ­նե­լով «­Կի­լի­կիա» թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիոյ դաշ­նակ­ցա­կան շրջա­նէն պատ­գա­մա­ւոր եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ 1919ի ա­մա­ռը Ե­րե­ւան գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։ ­Ժո­ղո­վէն ետք կարճ ժա­մա­նակ մը մնաց Ե­րե­ւան, իր աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ «­Յա­ռաջ»ին։ ­Բայց ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի­րեն պէտք ու­նէր ­Կի­լի­կիոյ մէջ, ուր Ֆ­րան­սա­կան հո­գա­տա­րու­թիւ­նը քե­մա­լա­կա­նու­թեան հետ գոր­ծար­քի իր քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան տխուր խա­ղե­րը կը բե­մադ­րէր...

Սկզբ­նա­կան փու­լին ­Վե­րա­ծի­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թիւն մը հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիոյ մէջ, բայց ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն քայ­լի դի­մե­ցին ա­նոր ձա­խո­ղաց­ման հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ար­դէն ընտ­րած էին քե­մա­լա­կան­նե­րու հետ «սի­րա­բա­նու­թեան» ու­ղին։ ­Հոկ­տեմ­բեր 1921ին կնքո­ւե­ցաւ թուր­քեւֆ­րան­սա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ պատ­ճառ դար­ձաւ ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան երկ­րորդ եւ վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մին պա­պե­նա­կան իր հո­ղե­րէն։

­Վե­րա­ծին ան­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ՝ ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք»ի խմբագ­րու­թեան մաս կազ­մե­լու եւ գոր­ծի­չա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան լծո­ւե­լու կու­սակ­ցա­կան յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։ Այդ շրջա­նին «­Հայ­րե­նիք»ի է­ջե­րուն հան­դէս ե­կաւ ­Մե­ղու Շ­նոր­հա­լի ստո­րագ­րու­թեամբ եր­գի­ծա­կան-քննա­դա­տա­կան տոմ­սե­րով։ Հ­րա­տա­րա­կեց նաեւ ­Չարլզ եւ ­Մէ­րի ­Լէ­մի «­Շէյքս­պի­րեան Ա­ւան­դա­վէ­պե­րը», ո­րուն հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած էր ­Գո­նիա­յի բան­տին մէջ իր ար­գե­լա­փակ­ման տա­րի­նե­րուն։ Խմ­բագ­րեց եւ քա­նի մը տա­րի հրա­տա­րա­կեց «Ա­մե­րի­կա­հայ ­Տա­րե­գիրք»ը։ ­Լոյս ըն­ծա­յեց նաեւ ա­ռեւտ­րա­կան պար­բե­րա­թերթ մը, ուր ներ­կա­յա­ցուց վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան եւ ար­հեստ­նե­րու մէջ յա­ջո­ղած՝ ձեռ­նե­րէց հա­յե­րը։

Ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ի­րեն հան­գիստ չտո­ւաւ եւ, 1939ի վեր­ջե­րուն, ան ան­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմ­տեան ա­փը՝ իբ­րեւ «Աս­պա­րէզ»ի խմբա­գիր։ Իր այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ 1945ի ­Մա­յիս 26ը, երբ հի­ւանդ սիր­տը մեր կեան­քէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցուց ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան այս ինք­նա­տիպ գոր­ծի­չը։
Անձ­նա­կան կեանք չու­նե­ցաւ ­Մի­նաս ­Վե­րա­ծին։ Ըն­տա­նիք կազ­մե­լու բախ­տէն զրկո­ւե­ցաւ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ընտ­րեց իբ­րեւ իր ըն­տա­նի­քը։ ­Հե­ռու ապ­րե­ցաւ նոյ­նիսկ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած իր միակ հա­րա­զատ­նե­րէն՝ մօր­մէն եւ քրոջ­մէ, ո­րոնք ­Սու­րիա տա­րագ­րո­ւած էին։ ­Վեր­ջին ան­գամ մը, 1938ին, տե­սաւ զա­նոնք՝ ­Սու­րիա այ­ցե­լե­լով։

­Մի­նաս ­Վե­րա­ծին կը հան­դի­սա­նայ գա­ղա­փա­րա­պաշտ, հա­ւա­տա­ւոր, յանձ­նա­ռու եւ, մա­նա­ւանդ, անձ­նո­ւէր գոր­ծի­չի ար­ժէ­քա­ւոր դէմք մը, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ար­թուն պա­հա­կի եւ քա­րո­զի­չի կեր­պա­րը։
Ինչ­պէս որ «Աս­պա­րէզ» իր 8 ­Յու­նիս 1945ի խմբագ­րա­կա­նով գրեց՝
«Ըն­կեր ­Վե­րա­ծի­նի մա­հո­ւամբ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ հա­ւա­տա­ւոր, ժրա­ջան եւ անձ­նուէր գոր­ծիչ մը, իսկ հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը՝ ժիր ու վաս­տա­կա­ւոր մշակ մը»։

Ն.