­altՄա­յիս 25ը կը խորհր­դան­շէ յաղ­թար­շա­ւի պան­ծա­լի օ­րը ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մար­տին՝ ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն, ո­րոնք 98 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ բա­ցին նոր կեան­քի՝ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու լու­սա­շող ա­ռա­ւօ­տը։

25 ­Մա­յի­սը ե­ղաւ դա­րա­ւոր գե­րու­թե­նէ ա­զա­տագ­րուե­լու՝ ազ­գա­յին կե­նաց-մա­հու պայ­քա­րին լծո­ւած հա­յոց զօ­րա­յին­նե­րու հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մին եւ յաղ­թա­կան հա­կա­յար­ձակ­ման ­Մեծ Գ­րո­հի օ­րը։

­Մա­յիս 21ին սկսած եւ դէ­պի Ե­րե­ւան ե­րեք ճա­կատ­նե­րով՝ ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ծա­ւա­լած թրքա­կան ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը փաս­տօ­րէն կա­սե­ցո­ւած էր ար­դէն ­Մա­յիս 24ին։

Ե­րեք ճա­կատ­նե­րուն վրայ ալ, հայ ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թա­նա­կով պսա­կեց իր մղած օր­հա­սա­կան կռի­ւը՝ 1915ին ի գործ դրո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հասց­նե­լու կա­տա­ղու­թեամբ յար­ձա­կող թրքա­կան բա­նա­կին դէմ։

Երբ թրքա­կան զօր­քը ե­րեւ­ցաւ ­Սար­դա­րա­պա­տի մա­տոյց­նե­րուն եւ փոր­ձեց յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի Ե­րե­ւան, սկզբնա­պէս սար­սափն ու խու­ճա­պը հա­մա­կե­ցին ողջ հա­յու­թիւ­նը։ ­Բայց ­Մար­տի վեր­ջե­րուն ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի «դիկ­տա­տոր» կար­գո­ւած Ա­րա­մը շատ ա­րագ յաղ­թա­հա­րեց բա­րո­յալ­քու­մի այդ հո­գե­վի­ճա­կը եւ, Ե­րե­ւա­նի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին ու ա­նոր ա­ռա­ջա­ցու­ցած ­Յա­տուկ ­Մար­մի­նին ամ­բող­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, բո­լոր ու­ժե­րով ու ան­պայ­ման յաղ­թե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ՝ դէ­պի կռո­ւի դաշտ ու սրբա­զան գո­յա­մարտ մղեց ողջ Ե­րե­ւա­նը։

Թր­քա­կան յար­ձա­կու­մը ետ մղե­լու ուխ­տով յա­ռաջ նե­տո­ւե­ցան ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րու զօ­րա­յին­ներն ու պարզ ժո­ղո­վուր­դը, ե­րի­տա­սարդն ու տա­րե­ցը, կինն ու մա­նու­կը, մտա­ւո­րա­կանն ու հո­գե­ւո­րա­կա­նը։
Ե­րե­ւա­նի զօ­րա­շար­ժը թափ տո­ւաւ նաեւ ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի ու ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կատ­նե­րուն վրայ թշնա­մին ետ մղե­լու հա­մընդ­հա­նուր կո­րո­վին ու մար­տու­նա­կու­թեան։

Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­րամ եւ հայ­կա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տար զօր. ­Սի­լի­կեան, ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տին վրայ զօր. ­Դա­նիէլ ­Բէգ ­Փի­րու­մեան, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի ճա­կա­տին վրայ Դ­րօ, ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի վտան­գո­ւած ճա­կա­տը պաշտ­պա­նող հայ­կա­կան զօր­քի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար զօր. ­Նա­զար­բէ­գեան, ինչ­պէս նաեւ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման մեծ դպրո­ցէն ան­ցած ­Սե­պուհ, Սմ­բատ, ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ, ­Մու­րատ, ­Հա­մա­զասպ, ­Դէ­լի ­Ղա­զար եւ ըն­կեր­ներ բա­ռին բուն ի­մաս­տով հրաշք գոր­ծե­ցին։

Ապ­րիլ ամ­սու ըն­թաց­քին Երզն­կան, ­Կա­րինն ու ­Կար­սը դիւ­րու­թեամբ գրա­ւած եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ հա­սած ­Վե­հիբ փա­շա­յի զօր­քե­րը յան­կարծ ի­րենց դէմ գտան մէկ մար­դու պէս կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւած ան­պար­տե­լի ժո­ղո­վուրդ մը...
Եւ ­Մա­յի­սի 23էն 24, կրկնա­պա­տիկ ա­ւե­լի թո­ւով թուրք զօր­քե­րուն դէմ, հայ­կա­կան ու­ժե­րը հե­րո­սա­կան ճա­կա­տում­նե­րով ռազ­մա­կան փայ­լուն յաղ­թա­նակ­ներ տա­րին եւ, ի վեր­ջոյ, կոտ­րե­ցին թրքա­կան զօր­քի յար­ձակ­ման թա­փը։

­Յատ­կա­պէս ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տին վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մար­տին յաղ­թա­կան դար­ձա­կէ­տը։ Ինչ­պէս որ այդ օ­րե­րու ընդ­հա­նուր մթնո­լորտն ու ռազ­մա­ճա­կա­տի զար­գա­ցում­նե­րը լա­ւա­գոյնս ամ­փո­փած եւ նկա­րագ­րած վար­չա­պետ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան, իր «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» կո­թո­ղա­կան գոր­ծին մէջ, կը վկա­յէ՝
«­Թիւր­քե­րի կող­մից, ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տում, գոր­ծում էին 5րդ ­դի­վի­զիան եւ բազ­մա­թիւ ան­կա­նոն խմբեր, իսկ ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի ուղ­ղու­թեամբ՝ 3րդ ­դի­վի­զիան։

«Կ­ռիւ­նե­րը սկսո­ւե­ցին ­Սար­դա­րա­պա­տում, ուր մեր զօր­քե­րը գրա­ւել էին ­Ղա­րա­խան­լու-­Քէոր­փա­լու- ­Զէյ­վա գիւ­ղե­րի գի­ծը։ ­Մա­յիս 21-22ին տե­ղի ու­նե­ցան մաս­նա­կի ընդ­հա­րում­ներ. թշնա­մին ո­րո­նում էր հա­կա­ռա­կոր­դի թոյլ տե­ղը՝ վճռա­կան գրո­հի դի­մե­լու հա­մար։ ­Մա­յիս 23ին զօր. ­Սի­լի­կեա­նը տո­ւեց հա­կա­յար­ձակ­ման հրա­ման։ ­Հայ­կա­կան ու­ժե­րը նե­տո­ւե­ցին ա­ռաջ։

Բռն­կո­ւեց կա­տա­ղի ճա­կա­տա­մարտ­նե­րի եր­կար մի շարք։ ­Թիւր­քե­րը ցոյց տո­ւին յա­մառ դի­մադ­րու­թիւն՝ անց­նե­լով բազ­մա­թիւ հա­կա­յար­ձա­կում­նե­րի։ Ամ­բողջ օ­րը, ա­ռա­ւօ­տից մին­չեւ ե­րե­կոյ, ո­րո­տում էին թնդա­նօթ­նե­րը, ո­րոնց գո­ռո­ցը հաս­նում էր մին­չեւ Ե­րե­ւան, ուր նոյն­պէս տի­րում էր տեն­դոտ եռ ու զեռ։ ­Թի­կուն­քից սայ­լե­րով, է­շե­րով, ձեռ­քե­րով ռազ­մամ­թերք էին հասց­նում կռո­ւող­նե­րին, հաց, ծխա­խոտ, խմե­լու ջուր... ­Բազ­մա­թիւ կա­մա­ւոր­ներ՝ ծեր ու ե­րի­տա­սարդ՝ ռազ­մա­ճա­կատ էին շտա­պում։

­Ճա­կա­տի զի­նո­ւո­րը չէր միայն - ամ­բողջ եր­կի­րը մի մարդ, մի շունչ դար­ձած՝ կռւում էր մա­հա­ցու թշնա­մու դէմ։
«­Մա­յիս 24ին թիւր­քե­րը դի­մե­ցին փա­խուս­տի։ ­Մե­րոնք հա­լա­ծե­ցին ո­գե­ւո­րո­ւած։ Թշ­նա­մին յու­սա­հա­տա­կան դի­մադ­րու­թիւն էր ցոյց տա­լիս եւ աշ­խա­տում դիր­քեր գրա­ւել, բայց մե­րոնց շեշ­տա­կի հա­րո­ւած­նե­րի տակ շա­րու­նա­կեց փա­խուս­տը։ ­Յաղ­թու­թիւ­նը մերն էր»։

­Մա­յիս 1918ի վեր­ջին տաս­նօ­րեա­կը այս ա­ռու­մով հան­դի­սա­ցաւ հա­յոց բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան այն աս­տե­ղա­յին պա­հե­րէն մէ­կը, երբ հա­յու­թիւ­նը՝ իր ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու ժո­ղո­վուր­դով՝ գոր­ծեց միեւ­նոյն բա­բա­խու­մով ու վե­րա­ծո­ւե­ցաւ միա­ձոյլ կամ­քի եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժի։

Այդ միա­ձոյլ կամքն ու հա­ւա­քա­կան ու­ժը մղում տո­ւին ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն, ո­րոնք հնա­րա­ւոր դար­ձու­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճումն ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մը։
­Զօ­րա­վար ­Սի­լի­կեան լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցէր ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տին վրայ հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­րած յաղ­թա­նա­կին այս ե­զա­կի նշա­նա­կու­թեան, երբ ի տես թրքա­կան բա­նա­կի ընկր­կու­մին ու նա­հան­ջին՝ հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան հե­տե­ւեալ կո­չը կ­’ուղ­ղէր ­Մա­յիս 24ի ե­րե­կո­յեան.
«­Հա­յե՛ր, շտա­պե­ցէ՛ք հայ­րե­նիքն ա­զա­տե­լու։

«­Հա­սել է րո­պէն, երբ իւ­րա­քան­չիւր հայ՝ մո­ռա­նա­լով իր անձ­նա­կա­նը, յա­նուն ­Մեծ ­Գոր­ծի՝ հայ­րե­նի­քի փրկու­թեան եւ իր կնոջ ու աղ­ջիկ­նե­րի պա­տո­ւի պաշտ­պա­նու­թեան, պէտք է գործ դնի իր վեր­ջին ճի­գը՝ թշնա­մուն հա­րո­ւա­ծե­լու հա­մար։
«­Մենք չէինք ու­զում կռո­ւել. յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան ու հաշ­տու­թեան պատ­րաստ էինք ըն­դա­ռաջ գնա­լու ա­մէն տե­սակ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րի, սա­կայն, մեր նա­մարդ թշնա­մին ըն­թա­նում է իր ծրագ­րած ու­ղիով. նա, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ստրկաց­նել է ու­զում մեզ, բայց, ի­րօք, ու­զում է ոչնչաց­նել մեր բազ­մա­չար­չար ազ­գը։ ­Բայց քա­նի որ պի­տի ոչն­չա­նանք, ա­ւե­լի լաւ չէ՞, որ զէն­քը ձեռ­նե­րիս փոր­ձենք պաշտ­պա­նել մեզ։ ­Գու­ցէ յա­ջո­ղո­ւի մեզ կռո­ւով ձեռք բե­րել ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։

«Իսկ որ մենք կա­րող ենք պաշտ­պա­նո­ւել, այդ ցոյց տո­ւին վեր­ջին կռիւ­նե­րը մեր ճա­կա­տում, ուր մե­զա­նից թո­ւով գե­րա­զանց թշնա­մին նա­հան­ջի է դի­մել մեր հե­րո­սա­կան գրո­հի ա­ռաջ։
«­Հար­կա­ւոր է մի ճիգ եւս, եւ թշնա­մին վռնտո­ւած կը լի­նի մեր երկ­րի սահ­ման­նե­րից, ուր մեր պա­պերն ու հայ­րե­րը եր­կար տա­րի­ներ ա­րիւն-քրտին­քով աշ­խա­տել են գէթ մի կերպ հայ­թայ­թել ի­րենց օ­րո­ւայ ապ­րուս­տը։

«­Հա­յե՛ր, ժա­մա­նակ չէ դան­դա­ղե­լու։ ­Մին­չեւ յի­սուն տա­րե­կան ու­նե­ցող բո­լոր տղա­մար­դիկ պար­տա­ւոր են զէն­քի տակ գա­լու. ես պա­հան­ջում եմ ա­մէն­քից ներ­կա­յա­նալ ի­րենց զէն­քե­րով ու փամ­փուշտ­նե­րով հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար։

«­Հա­յու­հի­նե՛ր, յի­շե­ցէ՛ք հին­գե­րորդ դա­րու փափ­կա­սուն տիկ­նանց, ո­րոնք ո­գե­ւո­րե­ցին ի­րենց ա­մու­սին­նե­րին դէ­պի ­Մեծ ­Գոր­ծը, ան­մահ ­Վար­դա­նի կռիւ­նե­րի ժա­մա­նակ. հե­տե­ւե­ցէ՛ք նրանց օ­րի­նա­կին. ե­թէ չէք ու­զում, որ ձեր պա­տի­ւը ոտ­նա­կոխ լի­նի, խրա­խու­սե­ցէ՛ք այն վախ­կոտ­նե­րին, ո­րոնք զա­նա­զան պատ­րո­ւակ­նե­րով խու­սա­փում են ճա­կատ գնա­լուց։ ­Հա­ւա­քե­ցէ՛ք ռազ­մամթերք, հաց, հա­գուստ եւ ու­րիշ մթերք­ներ...
«Ես խո­րա­պէս հա­մո­զո­ւած եմ, որ իմ այս կո­չը ա­նար­ձա­գանգ չի մնայ, եւ եր­կու-ե­րեք օ­րո­ւայ ըն­թաց­քում կը կազ­մա­կեր­պո­ւի մի այն­պի­սի՛ քա­ջա­րի զօ­րա­բա­նակ, ո­րին կը յա­ջո­ղո­ւի վռնտել թշնա­մուն հայ­րե­նի հո­ղի սահ­ման­նե­րից եւ ա­պա­հո­վել հայ ժո­ղովր­դի գո­յու­թիւ­նը։

«­Յա­նո՛ւն բազ­մա­չար­չար ժո­ղովր­դի ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան,
«­Յա­նո՛ւն ոտ­նա­կոխ ե­ղած ճշմար­տու­թեան -
«Ոտ­քի՛ կանգ­նե­ցէք։
«­Դէ­պի՛ սրբա­զան պա­տե­րազմ»։

­Մա­յիս 25ին հայ­կա­կան ու­ժե­րը ա­ւե­լի ու­ժեղ թա­փով ան­ցան ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի՝ միա­ցեալ ու­ժե­րով գրո­հե­լով ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ուղ­ղու­թեամբ։
Այս­պի­սի՛ հե­րո­սա­կան՝ Ազգ ու ­Հայ­րե­նիք, ­Պատ­մու­թիւն եւ ­Պե­տու­թիւն կեր­տող մա­յի­սեան օ­րեր ապ­րե­ցաւ հա­յու­թիւ­նը, 98 տա­րի ա­ռաջ, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ եւ շուրջ։

Ն.