Մայիս 10ի այս օրը կը նշենք ծնունդը բրիտանացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչ՝ իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայսի, որ նախակարապետներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայկական Հարցի իրաւական հիմնաւորումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական
իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին։
Հայկական Հարցին հետ Ճէյմս Պրայսի առնչութեանց վրայ կարեւորութեամբ հակելու եւ ազգային մեր յիշողութիւնը թարմացնելու յատուկ պատճառներ ունինք մանաւա՛նդ մեր օրերուն, երբ Մեծ Ուրացման թուրք պետական քաղաքականութիւնը ոչ միայն վերանորոգ թափով յառաջ կը մղուի, այլեւ՝ Թուրքիոյ նորահաս վարիչները, սուլթանական օրերու փառքին վերադարձով համակուած նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, շարունակ կը պնդեն պատմական ճշմարտութեանց քննարկումն ու վճռահատումը պատմաբաններուն վերապահելու անհրաժեշտութեան - աւելի՛ն, քաղաքական իրատեսութեան - վրայ։
Ճէյմս Պրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին։ Ապա՝ պատմական ճշմարտութիւնը - փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը - իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց։
Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործուած ոճիրը՝ իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութեան։
Ճէյմս Պրայս 10 Մայիս 1838ին ծնած էր Պելֆասթ (Իրլանտա)։ Պելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուեցաւ Օքսֆորտի Թրինիթի Գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինկ՚զ Գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։
Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնտոնի մէջ, բայց 1870ին հրաւիրուեցաւ Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։
Իրաւաբանութեան կողքին Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864ին լոյս ընծայած էր «Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։
Ճէյմս Պրայս միաժամանակ նուիրեալ հնախոյզ էր։ 1872ին ան ճամբորդեց Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական Սականեր»ու երկիրը։
Իսկ 1876ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։
Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով հայ ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նուիրուած Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղաւ 1877ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկասն ու Արարատը» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ՝ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին։
Պրայս ի սկզբանէ նպատակ չէ ունեցած գիրքի վերածելու իր նոթագրութւնները, սակայն հետագային երկու հիմնական պատճառներով տպագրած է գիրքը։ Առաջին պատճառը 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմն էր, իսկ երկրորդ պատճառը՝ նոյնինքն Արարատ լեռն էր, որի մասին լսել էին բոլորը, սակայն շատ քիչ բան էր գրուած անոր արդի վիճակին մասին։
1880 թուականին Պրայս նոր ճամբորդութիւն կատարեց դէպի Հայաստան, այցելեց նաեւ Զմիւռնիա ու Կոնստանդնուպոլիս (հանդիպումներ ունեցաւ Մաթէոս Մամուրեանի եւ Ներսէս Վարժապետեանի հետ)։
1893ին Լոնտոնի մէջ ան հիմնադրեց Անգլօ-Հայկական Ընկերութիւնը։ Իսկ 1894ի համիտեան ջարդերու ժամանակ, Պրայս հանդէս եկաւ հայանպաստ յօդուածներով անգլիական եւ ամերիկեան մամուլի էջերուն։
Պրայս առաջիններէն էր, որ Անգլիայի մէջ արձագանգեց հայ ժողովուրդի դէմ 1915 թուականին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ բրիտանական-հայկական Կարմիր Խաչի եւ Գաղթականներու Հիմնադրամի ստեղծման։
1916ին Պրայսի խմբագրութեամբ եւ ընդարձակ աոաջաբանով Լոնտոնի մէջ լոյս տեսաւ «Հայերու վիճակը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, 1915-1916» խորագրով փաստաթուղթերու ժողովածուն («Կապոյտ Գիրքը»), ուր զետեղուած են բազմաթիւ հաղորդագրութիւններ եւ վկայութիւններ հայկական կոտորածներուն եւ տեղահանութեանց վերաբերեալ՝ մերկացնելով Երիտասարդ Թուրքերու ազգայնամոլ, հայասպան քաղաքականութիւնը։
Հայերու պաշտպանութեան դիրքերէն Պրայս յաճախ հանդէս եկաւ հրապարակային ելոյթներով։ Մասնաւորապէս 1920 թուականի Փետրուարին, Լորտերու Պալատին մէջ իր արտասանած ճառով՝ Պրայս մեղադրեց քեմալականները՝ Կիլիկիոյ հայերուն հալածելու եւ երկրորդ անգամ կոտորելու եւ տեղահանելու համար՝ միաժամանակ քննադատելով Բրիտանիոյ յետ-պատերազմեան քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցին մէջ։
Սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ՝ ինչպէս Արշակ Չոպանեան եւ Պօղոս Նուպար փաշա։
Պետական-քաղաքական փայլուն գործիչ էր Ճէյմս Պրայս, ատենի Բրիտանական Կայսրութեան Ազատական Կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ մը, որ 1880ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Ազատական Կուսակցութեան ցուցակով։ Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։
Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով՝ Ճէյմս Պրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնին։ Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։ 1907ին ան նշանակուեցաւ Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։
Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացաւ Էդուըրտ 7րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին՝ Լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։
Երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Պրայսի յանձնարարեց Պելճիքայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915ին լոյս տեսաւ «Պրայսի Զեկոյց» անունով։
Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած եւ յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ՝ 1915ի Յուլիսին, Պրայս Լորտերու Պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով թրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ։
Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Պրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի գործակցութեամբ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործուած թրքական ջարդերուն մասին։ Պրայս-Թոյնպի երկեակի այդ աշխատանքին արգասիքը եղաւ «Կապոյտ Գիրքը»։
Իր կեանքի վերջին տարիներուն, Պրայս նշանակուեցաւ Լա Հէյի Միջազգային Ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու Լիկայի ստեղծման մէջ, բայց յատկապէս Առաջին Աշխարահամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներու նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը։
Հակիրճ եւ խորագրային յիշատակումներով ներկայացուած՝ այսպիսի՛ բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ 1838ի այս օրը, Մայիս 10ին Պելֆասթ ծնած բրիտանացի պետական-քաղաքական գործիչը, որուն դերկոմս Ճէյմս Պրայս անունը, ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ, կը խորհրդանշէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայկական Հարցի պաշտպանը, որ վկայեց ի միջի այլոց.-
«- Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութեան, որուն որքան կարելի է պարզել, որոշ մէկ փուլի կը հետեւէր թրքական կայսրութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը։
Անոնք կ՚երկմտէին իրագործելու այդ ոճիրը, մինչեւ որ ըստ անոնց հասաւ յարմար պահը, եւ այդ պահը Ապրիլ ամիսն էր»:
«- Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինձ հասաւ շատ ժամեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000ը՝ Մայիսէն ասդին ոչնչացուածներու հնարաւոր թիւն է...»։ (Լորտերու Պալատ, Հանսարտ, 5րդ ժողովածու, հատոր XIX, 6 Հոկտեմբեր 1915)
Ն.