Մա­յիս 5ի այս օ­րը, 22 տա­րի ա­ռաջ, Ղրղզս­տա­նի ­Բիշ­քեկ քա­ղա­քին մէջ, կնքո­ւե­ցաւ զի­նա­դա­դա­րի ե­ռա­կողմ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ։

Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստո­րագ­րո­ւած զի­նա­դա­դա­րի այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պատ­մա­կան դար­ձաւ՝ ­Բիշ­քե­կեան Ար­ձա­նագ­րու­թիւն

ա­նու­նով, եւ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ա­րիւ­նա­լի, այ­լեւ հե­րո­սա­կան տա­րեգ­րու­թեան մէջ։

Թէեւ իր ստո­րագ­րու­թեան օ­րէն իսկ ­Բիշ­քե­կի հա­մա­ձայ­նագ­րով հաս­տա­տո­ւած զի­նա­դա­դա­րը բնաւ ամ­բող­ջա­պէս չյար­գո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, այ­դու­հան­դերձ՝ պար­բե­րա­բար զի­նա­դա­դա­րը խախ­տե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի հե­տե­ւո­ղա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը միայն վեր­ջերս, այս տա­րո­ւան Ապ­րիլ ամ­սու ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, ստա­ցան ուղ­ղա­կի պա­տե­րազ­մա­կան ծանր տա­րո­ղու­թեամբ գոր­ծո­ղու­թեանց բնոյթ։
Ինչ որ ալ ըլ­լայ քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ա­ռու­մով հե­տա­գայ ճա­կա­տա­գի­րը ­Բիշ­քե­կեան Ար­ձա­նագ­րու­թեան, զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րին 22րդ ­տա­րե­դար­ձը ա­ռիթ է, որ­պէս­զի ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին իր յի­շո­ղու­թեան մէջ կա­րե­ւո­րու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գէ ռազ­մա­վա­րա­կան այն եր­կու հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնց լիար­ժէք ամ­րագ­րու­մով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի ար­դար ու ամ­բող­ջա­կան լու­ծու­մը՝ ա­զատ, ան­կախ եւ մայր հայ­րե­նի­քին միա­ցած ապ­րե­լու Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու նուի­րա­գոր­ծու­մը։
Ա­ռա­ջի՛ն. ­Բիշ­քե­կեան Ար­ձա­նագ­րու­թեան ստո­րագ­րու­մով՝ Ատր­պէյ­ճան ի վեր­ջոյ պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ըն­դու­նե­լու, որ կորսն­ցու­ցած է Ար­ցա­խը բրտօ­րէն եւ յա­նի­րա­ւի իր լու­ծին են­թար­կե­լու պա­տե­րազ­մը։
Հայ­կա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դէմ, 22 տա­րի ա­ռաջ ար­դէն, խայ­տա­ռակ պար­տու­թիւն կրեց Ատրպէյ­ճա­նի նա­խա­յար­ձակ ու­ժը, որ զի­նո­ւո­րա­կան եւ զի­նա­կան ա­ռում­նե­րով կը գե­րա­զան­ցէր հայ­կա­կան կող­մին ռազ­մա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, բայց ար­դար ու ի­րա­ւա­ցի պայ­քար մղե­լու ա­ռու­մով՝ հայ­կա­կան մար­տու­նա­կու­թեան բաղ­դա­տած, յաղ­թա­նա­կի ո­րե­ւէ հո­գե­բա­րո­յա­կան գրա­ւա­կան չու­նէր։
Ժա­մա­նա­կը ցոյց տո­ւաւ եւ այ­սօր ար­դէն բա­ցո­րոշ է, որ ­Պա­քո­ւի ղե­կա­վա­րու­թեան աչ­քին՝ զի­նա­դա­դա­րը սոսկ ժա­մա­նակ շա­հե­լու ա­ռիթ մըն էր։ Ատր­պէյ­ճան ժա­մա­նա­կի պէտք ու­նէր՝ պա­տե­րազ­մա­կան նոր գրո­հի մը ձեռ­նար­կե­լու հա­մար։ ­Յոյ­սը դրած էր հա­մաթր­քա­կան ու­ժի իր մայր աղ­բիւ­րին՝ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­կա­հայ օ­ժան­դա­կու­թեանց վրայ, նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ քա­րիւ­ղի իր բնա­կան պա­շար­նե­րուն ար­տա­հա­նու­մով ռազ­մա­կան ու տնտե­սա­կան իր կա­րո­ղա­կա­նու­թեան հզօ­րա­ցու­մին վրայ։
Բիշ­քե­կեան Ար­ձա­նագ­րու­թե­նէն 22 տա­րի ետք ­Պա­քու ար­դէն չի ծած­կեր ռազ­մա­պաշտ իր ա­խոր­ժակ­նե­րը եւ, Ար­ցա­խը զի­նու զօ­րու­թեամբ վերս­տին իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ առ­նե­լու «ինք­նավս­տա­հու­թիւն» ցու­ցադ­րե­լով, դի­ւա­նա­գի­տա­կան զօ­րա­շար­ժի նա­խա­ձեռ­նած է մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով։
Այդ ա­ռու­մով՝ Ար­ցա­խէն ու ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ս­փիւռ­քի մեր­ձա­ւոր եւ հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը ա­մե­նայն սրու­թեամբ կը դի­մագ­րա­ւէ դի­մադ­րա­կան ու­ժի իր ազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ հզօ­րաց­նե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը, որ­պէս­զի ազ­գո­վին ի վի­ճա­կի ըլ­լանք հա­տու պա­տաս­խան տա­լու եւ տար­հա­մո­զե­լու Ատր­պէյ­ճանն ու ա­նոր ա­ւագ զի­նա­կից ­Թուր­քիան՝ հե­ռու մնա­լու պա­տե­րազ­մի ար­կա­ծախնդ­րու­թե­նէն։
Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի խա­ղաղ ու բա­նակ­ցա­յին կար­գա­ւո­րու­մէն դուրս ու­րիշ ու­ղի գո­յու­թիւն չու­նի։ ­Կա­րե­ւո­րը այն է, որ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­նե­րեր եւ հզօր դիր­քե­րով կան­գուն մնան Ատր­պէյ­ճա­նի թշնա­մա­կան նկրտում­նե­րուն դի­մաց։ Ինչ­պէս 22 տա­րի ա­ռաջ, այն­պէս եւ այ­սօր հզօր ու բար­գա­ւած ու­ժի ի­րենց դիր­քե­րը ամ­րապն­դե­լով է, որ ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ի վի­ճա­կի են հայ­րե­նի հո­ղէն վա­նե­լու թշնա­միին ռազ­մա­պաշ­տա­կան վտան­գը։
Երկ­րո՛րդ. Ատր­պէյ­ճան խու­սա­փում չու­նի նոյ­նինքն Ար­ցա­խի հետ հա­շո­ւի նստե­լու իր պար­տա­ւո­րու­թե­նէն։ ­Բիշ­քե­կեան Ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան հիմք ու­նե­ցաւ եւ ի­րո­ղա­պէս զի­նա­դա­դա­րին ծա­ռա­յեց ո­րո­շա­պէս նաեւ այն հի­մուն­քով, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ստո­րագ­րու­թիւ­նը կը կրէր։ Ինչ­պէս որ օ­րին Ատր­պէյ­ճան ճանչ­ցաւ Ար­ցա­խը, այն­պէս եւ այ­սօր ­Պա­քու պէտք է ըն­դու­նի բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղան նստիլ Ար­ցա­խի հետ, որ­պէս­զի մե­ծա­պե­տա­կան միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեանց ար­ձա­նագ­րած յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, հար­ցի ի­րա­ւա­ցի եւ ար­դար լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ, ի­րա­կա՛ն հող ու­նե­նայ իր ոտ­քե­րուն տակ։
Ա­հա ռազ­մա­վա­րա­կան այս կրկնակ սկզբունք­նե­րը յի­շե­լու եւ յի­շեց­նե­լու օրն է ­Մա­յիս 5ը, երբ 22 տա­րի ա­ռաջ, պատ­մու­թեան մէջ իր յա­տուկ տե­ղը գտաւ ­Բիշ­քե­կեան Ար­ձա­նագ­րու­թիւն ա­նու­նով յայտ­նի հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նեան զի­նա­դա­դա­րի հե­տե­ւեալ փաս­տա­թուղ­թը.-
«Ա.Պ.Հ. խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի, Ղրղզստա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի, ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան ­Դաշ­նա­յին ժո­ղո­վի եւ Ար­տա­քին գոր­ծե­րի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 1994 թո­ւա­կա­նի ­Մա­յի­սի 4-5ը ­Բիշ­քեկ քա­ղա­քում անցկացուած հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը.
«- վճռա­կա­նու­թիւն ար­տա­յայ­տե­ցին ա­մե­նայն կերպ օ­ժան­դա­կե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղում եւ նրա շուր­ջը զի­նո­ւած հա­կա­մար­տու­թեան դա­դա­րեց­մա­նը, ո­րը ոչ միայն ա­նուղ­ղե­լի վնաս է հասց­նում ադր­բե­ջա­նա­կան եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րին, այ­լեւ էա­կա­նօ­րէն շօ­շա­փում է տա­րա­ծաշր­ջա­նի միւս երկր­նե­րի շա­հե­րը, լրջօ­րէն բար­դաց­նում մի­ջազ­գա­յին ի­րա­վի­ճա­կը, 
«- պաշտ­պա­նե­լով Ա.Պ.Հ. պե­տու­թիւն­նե­րի երկրնե­րի ղե­կա­վար­նե­րի 1994 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լի 15ի խորհրդի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին լրիւ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու զի­նո­ւած դի­մա­կա­յու­թեան դա­դա­րեց­մա­նը եւ նրա հե­տե­ւանք­նե­րի վե­րաց­մանն ուղ­ղո­ւած գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րի ու ղե­կա­վար­նե­րի ջան­քե­րին՝ հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նագ­րի շու­տա­փոյթ կնքման մի­ջո­ցով,
«- հան­դէս ե­կան հա­կա­մար­տու­թեան դա­դա­րեց­ման գոր­ծում ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ­Միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի բնա­կան ակ­տիվ դե­րի, դրա հետ կա­պո­ւած Մ.Ա.Կ.ի եւ Ե.Ա.Հ.Կ. սկզբունք­նե­րի, նպա­տակ­նե­րի եւ կոնկ­րետ խնդիր­նե­րի ի­րա­գործ­ման օգ­տին (ա­մէ­նից ա­ռաջ Անվ­տան­գու­թեան ­Խորհր­դի 822, 853, 874, 884 բա­նա­ձե­ւեր),
«- կոչ ա­րե­ցին բո­լոր հա­կա­մար­տող կող­մե­րին լսել ող­ջա­խո­հու­թեան ձայ­նը. ­Մա­յի­սի 8ի լոյս 9ի կէս-գի­շե­րին դա­դա­րեց­նել կրա­կը՝ հիմ­նո­ւե­լով 1994 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րի 18ի ար­ձա­նագ­րու­թեան վրայ (այդ թւում եւ դի­տորդ­նե­րի տե­ղա­կայ­ման մա­սով), եւ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քով սեղմ օ­րե­րի ըն­թաց­քում այն ամ­րապնդել յու­սա­լի, ի­րա­ւա­բա­նօ­րէն պար­տա­ւո­րեց­նող հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման մի­ջո­ցով, ո­րը նա­խա­տե­սում է ռազ­մա­կան եւ թշնա­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չվերսկ­սե­լու ա­պա­հով­ման մե­խա­նիզմ, գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րից զօր­քե­րի դուրս բե­րում եւ հա­ղոր­դակց­ման ու­ղի­նե­րի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­կանգ­նում, փախս­տա­կան­նե­րի վե­րա­դարձ,
«- հա­մա­ձայ­նո­ւե­ցին ա­ռա­ջար­կել Ա.Պ.Հ. ան­դամ-պե­տու­թիւն­նե­րի խորհր­դա­րան­նե­րին՝ քննար­կել ­Միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի խորհր­դի նա­խա­գահ Վ.Ֆ. ­Շու­մէյ­կո­յի եւ վե­հա­ժո­ղո­վի խա­ղա­ղա­րար խմբի ղե­կա­վար Մ.Շ.­Շե­րիմ­կու­լո­վի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խա­ղա­ղա­րար ու­ժե­րի ստեղծ­ման մա­սին,
«- նպա­տա­կա­յար­մար գտան շա­րու­նա­կել նման հան­դի­պում­նե­րը՝ ի շահ զի­նո­ւած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րի խա­ղաղ լուծ­ման,
«- ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­ցին Ղրղզս­տա­նի ժո­ղովր­դին եւ ղե­կա­վա­րու­թեա­նը՝ աշ­խա­տան­քի հա­մար հիա­նա­լի պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու, սրտա­բա­ցու­թեան եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար:
«­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րի ա­նու­նից՝
Ա.­Ջա­լի­լով (Ռ.­Գու­լիե­ւի ստո­րագ­րու­թիւ­նը)
Կ.­Բա­բու­րեան
Բ.Ա­րարք­ցեան
Վ.­Շու­մէյ­կօ
Մ.­Շե­րիմ­կու­լով
Վ.­Կա­զի­մի­րով (­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան ­Նա­խա­գա­հի լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար)
Մ.Կ­րո­տով (ԱՊՀ ան­դամ-պե­տու­թիւն­նե­րի միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի խորհր­դի քար­տու­ղա­րու­թեան ղե­կա­վար)
Բիշ­քեկ, 5 ­Մա­յի­սի 1994թ.»
22 տա­րի­ներ ան­ցած են զի­նա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման բիշ­քե­կեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան օ­րե­րէն աս­դին։ 
Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ա­մուր հի­մե­րու վրայ խարս­խած եւ զօ­րա­ցու­ցած է ոչ միայն իր սահ­ման­նե­րուն անվ­տան­գու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ կա­ռու­ցու­մը ի­րա­ւա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան իր պե­տա­կա­նու­թեան։
Ինչ որ ալ ըլ­լան Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեանց նկրտում­նե­րը, հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ա­զա­տագ­րեալ Ար­ցա­խի մէջ գտած է իր ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ամ­րո­ցը, ո­րուն պաշտ­պա­նու­թիւ­նը սրբա­զան պարտքն է ա­մէն հա­յու՝ հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րի ան թէ սփիւռս աշ­խար­հի։
Ն.