­altՄա­յիս ամ­սու ա­ռա­ջին օ­րե­րը, 96 տա­րի ա­ռաջ, պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան տա­րո­ղու­թեամբ ծանր ու դա­ժան, տագ­նա­պա­լի եւ դառ­նա­գոյն օ­րեր ե­ղան ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար։

 

 

1-5 ­Մա­յիս 1920ի օ­րե­րուն ծա­ւա­լած «­Մա­յի­սեան խռովու­թիւն­ներ»ը հան­դի­սա­ցան գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը ­Լե­նի­նի եւ ­Քե­մա­լի միաս­նա­կան ճի­գե­րով պատ­րաստուած նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը տա­պա­լե­լու եւ կոր­ծա­նե­լու դա­ւա­դիր ծրագ­րին։

­Մա­յիս 1ի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Օ­րո­ւան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը, 1920ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսան ար­տա­սո­վոր ծանր մթնո­լոր­տի մէջ։ ­Քա­նի մը օր ա­ռաջ՝ 28 Ապ­րի­լին յան­կարծ «խորհր­դա­յին» դար­ձած Ատր­պէյ­ճա­նի «պոլ­շե­ւիկ» իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­գիր յղած էին Հ.Հ. վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ պա­հան­ջե­լով, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը պար­պէ ­Ղա­րա­բաղն ու ­Զան­գե­զու­րը ­Կար­միր ­Բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րու մուտ­քին առ­ջեւ։

Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­ռա­վա­րա­կան-պաշ­տօ­նա­կան շու­քով կա­տա­րո­ւող ­Մա­յիս ­Մէ­կի հան­դի­սու­թեանց հե­տե­ւող ժո­ղովր­դա­յին խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւ­նը անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէր ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նին։
­Կաս­կած չկար, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը պի­տի չլքէր հայ­րե­նի հո­ղը, ընդ­հա­կա­ռակն՝ ա­մէն գնով պի­տի պաշտ­պա­նէր ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Զան­գե­զու­րի հա­յու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­խու­ժու­մին դէմ։

­Բայց նաեւ դա­ժան ու դառն ի­րո­ղու­թիւն էր, որ Ատրպէյ­ճան ար­դէն ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նի դրօ­շը պար­զած էր եւ ա­նոր ա­նու­նով յայ­տա­րա­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղո­ւած անձ­նա­տո­ւու­թեան վերջ­նա­գի­րը…
­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը կրնա­յի՞ն ար­հա­մար­հել ­Ռու­սա­կան... վերջ­նա­գի­րը։

­Հայ­կա­կան անձ­կու­թիւ­նը ու­նէր նաեւ ներ­քին ան­հանգստու­թեան աղ­բիւր մը։ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին Օ­րը տօ­նող հայ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու, յատ­կա­պէս գիւ­ղա­ցի­նե­րու բազ­մա­հա­զա­րա­նոց բազ­մու­թեան մէջ ներ­կայ էին եւ ար­տա­կարգ աշ­խու­ժու­թիւն կը դրսե­ւո­րէին ­Մարք­սի ու ­Լե­նի­նի նկար­ներ պար­զած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու փոք­րա­թիւ խում­բե­րը, ո­րոնք ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նին ուղ­ղո­ւած զօ­րակ­ցա­կան կար­գա­խօս­քե­րու շար­քին՝ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տա­պա­լումն ու խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը պա­հան­ջող կո­չեր կը վան­կար­կէին...

­Մա­յիս ­Մէ­կի ե­րե­ւա­նեան հա­ւա­քը ան­շուշտ ան­տե­սեց հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ան­հե­թեթ կո­չե­րը եւ ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն, հրա­պա­կա՛ւ, որ­դեգ­րեց հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բա­նա­ձեւ մը, որ նախ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէր տե­ղի չտալ ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հնչած վերջ­նա­գի­րին առ­ջեւ, ա­պա՝ հա­մո­զում եւ յոյս կը յայտ­նէր, որ ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նը ի վեր­ջոյ ըն­թացք չի տար ատրպէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ գրգռու­թեանց։

­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նին կա­պո­ւած այ­դօ­րի­նակ յոյ­սերն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ան­հիմն էին եւ ա­պար­դիւն ան­ցան, բնա­կա­նա­բա՛ր։
­Թէեւ ­Հա­յաս­տա­նի օ­րո­ւան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ’անդ­րա­դառ­նար, որ ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ եւ ­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ընդ­դէմ ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն զի­նակ­ցու­թիւն կնքե­լու գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի կ­’ու­նե­նա­յին, բայց ստու­գա­պէս դեռ բա­ցա­յայ­տո­ւած չէին ծալ­քերն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը այդ դա­ւա­դիր «գոր­ծարք»ին...

Ս­տոյգ էր սա­կայն եւ ար­դէն փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն, որ մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նը մէկ գի­շե­րո­ւան մէջ, Ապ­րիլ 28-29ին, ո­րո­շեց ­Կար­միր հա­մազ­գեստ հագ­նիլ եւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան դրօշ պար­զել, որ­պէս­զի ­Կար­միր ­Բա­նա­կի անդր­կով­կա­սեան զօր­քե­րուն միա­նա­լով՝ ամ­բողջ թա­փով ­Հա­յաս­տա­նի վրա­յով ար­շա­ւէ՝ ­Թուր­քիոյ հետ միա­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­նո­րոշն ու անս­տոյ­գը ­Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­ներն էին։ ­Պարզ էր, որ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը ա­մէն գնով վճռած էր... վե­րա­տի­րա­նալ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող տա­րածք­նե­րուն։ ­Յատ­կա­պէս ­Պա­քուն, իր նաւ­թա­հո­րե­րով, «ան­փո­խա­րի­նե­լի» կը նկա­տո­ւէր ­Լե­նի­նի եւ ա­նոր գործն­կեր­նե­րուն աչ­քին։ Այդ դի­տան­կիւ­նէն հասկ­նա­լի էր, որ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նը իր կեն­սա­կան խնդիր­նե­րէն մէ­կը կը լու­ծէր Ատր­պէյ­ճա­նի... «խորհր­դայ­նա­ցու­մով»։ ­Բայց հասկ­նա­լի չէր, թէ ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նը ինչ­պէ՞ս կրնար չտես­նել, թէ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նեան եր­կեա­կին հռչա­կած «խորհր­դայ­նա­ցում»ը կեղծ էր եւ ըստ ա­մե­նայ­նի կը ծա­ռա­յէր ­Հա­յաս­տա­նի վրա­յով հա­մաթր­քա­կան միու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­շիւ­նե­րուն...

­Հասկ­նա­լի չէր, ա­ւե­լիո՛վ, ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի անդր­կով­կա­սեան զօր­քե­րուն ուղ­ղա­կի զի­նակ­ցու­թիւ­նը ­Կար­միր հա­մազ­գեստ հա­գած թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նեան զօ­րա­յին­նե­րուն հետ... ­Մա­նա­ւանդ որ միա­ցեալ գրո­հի ձեռ­նար­կե­լով ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սէն ու ա­րե­ւել­քէն՝ ­Կար­միր ­Բա­նակն ու ա­նոր զօր­քե­րը հա­մալ­րած հա­մաթր­քա­կան շարժ­ման «կար­միր» դար­ձած զի­նո­ւոր­նե­րը վերջ­նա­գիր յղած էին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, պա­հան­ջե­լով որ ե­րեք օ­րէն ­Ղա­րա­բաղ-­Զան­գե­զուր-­Նա­խի­ջե­ւան կա­մուր­ջը յանձ­նեն... «խորհր­դա­յին­նե­րուն»։

Այս­պէ՛ս. Ատր­պէյ­ճա­նի Ապ­րիլ 28ի խորհր­դայ­նա­ցու­մով՝ ­Հա­յաս­տան յայտ­նո­ւե­ցաւ եր­կու կրա­կի մէջ.- ­Մէկ կող­մէ ­Հա­յաս­տան կը դի­մագ­րա­ւէր հա­մաթր­քա­կան գրո­հը՝ թուր­քե­ւա­զե­րի միու­թեան ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան թափ տա­լով։ Իսկ միւս կող­մէ՝ ­Հա­յաս­տան անձ­կու­թեամբ կը հե­տե­ւէր պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­կան քայ­լե­րուն, ո­րոնք կը սպառ­նա­յին ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թեան՝ Անդր­կով­կա­սը ամ­բող­ջա­պէս վերս­տին խորհր­դա­յին մա­կա­նի տակ առ­նե­լու նպատակով։

­Մինչ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւել­քէն ատր­պէյ­ճա­նա­կան կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րը (ո­րոնց հրա­մա­նա­տա­րու­թեան մէջ էին նաեւ Ա­նաս­տաս ­Մի­կո­յեա­նի օ­րի­նա­կով հայ պոլ­շե­ւիկ­ներ) թափ տո­ւած էին ի­րենց ներ­խուժ­ման, եւ մինչ հիւ­սի­սէն ռուս ու վրա­ցի պոլ­շե­ւիկ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի խորհրդայ­նաց­ման ի­րենց ծրա­գի­րը յա­ջողց­նե­լու դա­ւեր կ’ո­րո­ճա­յին, յան­կարծ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ բռնկե­ցան հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ­Մա­յիս ­Մէ­կի խռո­վու­թիւն­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կան կար­գե­րու տա­պալ­ման եւ պե­տա­կան բռնաշր­ջու­մի կո­չե­րով։

­Թէեւ փոք­րա­թիւ էին հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը եւ չու­նէին ժո­ղովր­դա­յին ծա­ւալ ստա­նա­լու ո­րե­ւէ յոյս ու հե­ռան­կար, բայց ա­նոնց խռո­վա­րա­րու­թեանց ա­ռա­ջա­ցու­ցած խառ­նաշ­փո­թին մէջ մեծ էր վտան­գը ոչ-հայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­կա­պե­տա­կան ըմ­բոս­տաց­ման՝ ա­պա­ւի­նե­լով ­Քե­մալ-­Լե­նին ար­տա­քին զօ­րակ­ցու­թեան։

­Մա­յիս 3ին գու­մա­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին բուռն նիս­տը ե­կաւ ա­ւե­լիով ծան­րաց­նե­լու վտան­գա­ւոր այդ կա­ցու­թիւ­նը։ ­Մա­տի վրայ համ­րո­ւող ձա­խա­կող­մեան խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­ցին, որ շու­տա­փոյթ ըն­դա­ռա­ջէ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու անձ­նա­տո­ւու­թեան պա­հանջ­նե­րուն եւ վերջ­նա­գիր­նե­րուն՝ ա­ռա­ջին հեր­թին «հաս­կա­ցո­ղու­թիւն» ցու­ցա­բե­րե­լով Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի հա­կա­պե­տա­կան ցու­ցա­րար­նե­րուն նկատ­մամբ։ Իսկ ա­ջա­կող­մեան (­Ժո­ղովր­դա­կան) եւ ան­կու­սակ­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս անճր­կած էին եւ ի վի­ճա­կի չէին ստանձ­նե­լու վճռա­կան քայ­լի դի­մե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

­Մինչ­դեռ ստեղ­ծո­ւած ճգնա­ժամն ու ա­նե­լը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ էր ամ­բող­ջա­կան՝ միա­կամ ու վճռա­կան զօ­րա­շարժ։ ­Մա­յիս 4ին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն ար­տա­հերթ ժո­ղով գու­մա­րեց եւ ընդ­լայ­նո­ւած խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րեց պե­տա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան իր ղե­կա­վար ու­ժե­րը՝ տագ­նա­պէն ել­քը ո­րո­շե­լու հա­մար։

Ան­շուշտ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ եւս կա­յին մտա­ծող­ներ (ինչ­պէս նոյ­նինքն ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան, որ 1920ի ­Նո­յեմ­բե­րին պի­տի ստանձ­նէր վար­չա­պե­տու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին կա­ռա­վա­րու­թեան), ո­րոնք վե­րա­պահ էին «­Բիւ­րօ-­Կա­ռա­վա­րու­թիւն» կազ­մե­լու քայ­լին նկատ­մամբ։

­Բայց պա­հը պատ­մա­կան ծան­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր եւ ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը շեշ­տէր։ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ գոր­ծող քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը ընդ­հան­րա­պէս պատ­րաստ չէին ստանձ­նե­լու պոլ­շե­ւի­կեան խռո­վու­թիւն­նե­րը զսպե­լու եւ հայ­կա­կան նե­րու­ժը լրիւ, ար­տա­քին վտան­գին դէմ, զօ­րա­շար­ժի մղե­լու պա­տաս­խա­նատուութիւ­նը։

Միակ ել­քը Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի առ­ջեւ ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նումն էր։
Ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն հարկ էր վերջ տալ, յատ­կա­պէս խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րու մա­կար­դա­կին վրայ, ­Մա­յիս 1920ի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն ա­ռա­ջա­ցած հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ կամ­քի ներ­քին եր­կո­ւու­թեան։ ­Նախ ­Մա­յիս 1ին սկսած խռո­վու­թիւն­նե­րը պէտք է զսպո­ւէին եւ ա­նոնց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը օ­րէն­քի ու­ժով պատ­ժո­ւէին։ Ա­պա՝ կտրա­կան Ո՛չ պա­տաս­խա­նը պէտք է տրո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւ­նը հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն յանձ­նե­լու վերջ­նագ­րին։

Ի վեր­ջոյ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նը դա­ւա­դիր զի­նակ­ցու­թեան մէջ մտած էր ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ հետ՝ ­Հա­յաս­տա­նի հաշ­ւոյն հո­ղեր զի­ջե­լով թուր­քերուն։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պահ­պան­ման մե­ծա­գոյն հրա­մա­յա­կա­նին, փաս­տօ­րէն, մա­հա­ցու հա­րո­ւած կը հասց­նէին խորհր­դա­յին­նե­րուն հետ ա­մէն գնով «լե­զու գտնե­լու» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ջա­տա­գով­նե­րը...

­Դա­նա­կը հա­սած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ոս­կո­րին եւ, խորհր­դա­րա­նէն ներս թէ դուրս, բուռն էր պա­հան­ջը սե­րունդ­նե­րու ծով ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւած ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը ա­մէն գնով պաշտ­պա­նե­լու եւ կոր­ծա­նու­մէ փրկե­լու։
Ա­հա ա՛յս ա­ռու­մով օր­հա­սա­կան պահ էր ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ ազ­գա­յին իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։

Եւ 5 ­Մա­յիս 1920ին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստանձ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վար­ման լրիւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն փաս­տօ­րէն ստի­պո­ւե­ցաւ իր լրիւ կազ­մով ստանձ­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ղե­կին ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ եօ­թը հո­գի­նոց կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ա­ռա­ջաց­նե­լով։

­Բիւ­րօ-­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մին­չեւ ­Մա­յի­սի կէ­սը ամ­բող­ջա­պէս հա­կակշ­ռի տակ ա­ռաւ կացութիւնը։
Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի խռո­վա­րար­նե­րը ծան­րա­գոյն պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­ցան։ ­Հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը, իբ­րեւ հայ­րե­նի­քի դա­ւա­ճան­ներ ու հա­կա­պե­տա­կան տար­րեր, կա՛մ կա­խա­ղան հա­նո­ւե­ցան, կա՛մ փա­խուստ տա­լով Վ­րաս­տան ու Ատր­պէյ­ճան ա­պաս­տա­նե­ցան։
Իսկ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կը իր ամ­բողջ թա­փով լծո­ւե­ցաւ ­Զան­գե­զու­րի պաշտ­պա­նու­թեան՝ կար­միր-ա­զե­րի բա­նա­կա­յին­նե­րու գրո­հը դի­մագ­րա­ւե­լու զօ­րա­շար­ժին։

­Բիւ­րօ-­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը միա­ժա­մա­նակ լա­րո­ւած աշ­խա­տան­քի ան­ցաւ ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նի հետ հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր գտնե­լու ճա­կա­տին վրայ։ ­Լե­ւոն ­Շան­թի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մեց բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, որ քա­ղա­քա­կան անհ­րա­ժեշտ վար­կը կը վա­յե­լէր ռուս պոլ­շե­ւիկ­նե­րու մօտ՝ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի նկատ­մամբ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու­նե­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բնա­կան դաշ­նա­կի­ցի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ըն­դու­նե­լի դարձ­նե­լու հա­մար։

Ե­թէ ­Շան­թի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ ձա­խո­ղե­ցաւ իր այդ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, պատ­ճառ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց մէջ պէտք չէ փնտռել, այլ նոյ­նինքն ­Լե­նին-­Քե­մալ եր­կեա­կի մեծ դա­ւադ­րու­թեան մէջ...
­Բիւ­րօ-­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ նաեւ մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճա­կա­տին վրայ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դուրս բե­րե­լով թուր­քե­ւա­զե­րի հա­մաթր­քա­կան կող­մի եւ ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւա­դիր գոր­ծակ­ցու­թեան պար­տադ­րած... շրջա­փա­կու­մէն։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դի­ւա­նա­գի­տա­կան մեծ աշ­խու­ժու­թեամբ, ­Պօ­ղոս-­Նու­պար փա­շա­յի Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ գոր­ծակ­ցա­բար, յա­ռաջ մղեց ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին մէջ հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ պա­հանջ­նե­րուն ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը։
­Փաս­տա­ցի «դիկ­տա­տու­րա» ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ 5 ­Մա­յիս 1920ին կեան­քի կո­չո­ւած ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, նոյն­պէս փաս­տօ­րէն, դրաւ հի­մը ­Հա­յաս­տա­նի ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն ա­րե­ւե­լու­մին։
­Ներ­քին ճա­կա­տի միաս­նա­կա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մով եւ սե­փա­կան բա­նա­կի հզօ­րա­ցու­մով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է այդ ա­րե­ւե­լու­մը։

­Նաեւ՝ ­Ռու­սաս­տա­նի հետ բնա­կան դաշ­նա­կի­ցի ռազ­մա­վա­րու­թեան վրայ խարս­խո­ւած է։
­Միա­ժա­մա­նակ՝ Ա­րեւ­մուտ­քի հետ մեր­ձեց­ման եւ քա­ղա­քակր­թա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընդ­հա­նուր եզ­րե­րու զար­գաց­ման հու­նով կ­’ըն­թա­նայ այդ ա­րե­ւե­լու­մը։

­Բայց մա­նա­ւանդ հա­մաթր­քա­կան վտան­գին դի­մագ­րա­ւու­մը, հայ­կա­կա՛ն այդ ա­րե­ւե­լու­մով, իր բնա­կա­նոն հու­նին մէջ կը դնէ հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն նկատ­մամբ յար­գանք ցու­ցա­բե­րե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ դնե­լով թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը։

Ա­հա ա՛յս ա­ռու­մով 1920ի ­Մա­յիս 1ի խռո­վու­թիւն­նե­րը սե­ւով ու մու­րով ա­մօ­թի խա­րան մըն են հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ճակ­տին։
­Հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան դէմ բռնաշր­ջու­մի նման «ժա­ռան­գու­թիւն» մը թո­ղու­ցին հա­յոց պատ­մու­թեան է­ջե­րուն։

­Դա­ժան ու դառն դա­սե­րով յատ­կան­շո­ւող «ժա­ռան­գու­թիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սե­րուն­դին, ե՛ւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն վրայ պարտք կը դնէ ա­մէն գնով կան­խե­լու ազ­գա­յին-պե­տա­կան ա­ռու­մով ծան­րա­գոյ­նը՝ հայ­րե­նա­դա­ւու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Ն.