altԱպ­րիլ 28ի այս օ­րը կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ տա­ռա­պեալ մար­դոց վիշ­տերն ու դժբախ­տու­թիւն­նե­րը եր­գի վե­րա­ծած եւ յու­սա­հատ սրտե­րուն սփո­փա­րար շունչ հաս­ցու­ցած բա­նաս­տեղծ, եր­գի­ծա­գիր, ման­կա­գիր ու թարգ­մա­նիչ Ա­ղեք­սանդր ­Ծա­տու­րեա­նի։

Որբ ու ա­նոք ման­կու­թիւն մը ու­նե­ցաւ եւ ամ­բողջ կեան­քը ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րե­ցաւ այս դժբախտ բա­նաս­տեղ­ծը։ Ան­վերջ թշո­ւա­ռու­թիւ­նը զինք դար­ձուց հայ ի­րա­կա­նու­թեան «խորթ զա­ւակ­նե­րուն» հա­րա­զատ եր­գի­չը։ ­Վար­դը ի­րեն բա­ժին հա­նեց միայն փու­շը եւ ինք մար­դոց կեան­քին մէջ միշտ տե­սաւ ցաւ ու խոց պատ­ճա­ռող փու­շը եւ եր­գեց զայն խո­րա­գոյն դառ­նու­թեամբ, բայց նաեւ՝ պայ­ծառ գա­լի­քի յոյ­սը եր­բեք չկորսնց­նե­լու սփո­փա­րար յոր­դո­րով։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ հռե­տո­րա­կան շեշտ մը միշտ ըն­կե­րա­ցաւ սրտա­բուխ իր եր­գե­րուն. խօ­սուն օ­րի­նակ մըն է «Երկ­րի Մ­շակ­ներ» խո­րագ­րո­ւած իր քեր­թո­ւա­ծին հե­տե­ւեալ հա­տո­ւա­ծը.-

Օ՜, ծանր հոգ­սե­րի խղճո՛ւկ զա­ւակ­ներ,
Որ­քա՜ն համ­բե­րող, քաջ է ձեր հո­գին.a
­Տանջ­ւում էք ան­վերջ ¬ օ­րեր, տա­րի­ներ.
­Կար­ծես, տան­ջանքն է միայն ձեր բա­ժին...
­Մա­նուկ օ­րե­րից ձեր մէջ ապ­րե­լով,
Վ­կայ եմ ե­ղել ձեր շա՜տ ցա­ւե­րին.
­Տե­սել եմ, ինչ­պէս տան­ջան­քի գը­նով
­Դուք հաց էք տա­լիս հայ­րե­նի երկ­րին:
...
Եւ այդ­պէս ազ­նիւ գոր­ծին անձ­նո­ւէր
Ապ­րում, տանջ­ւում էք ան­բաւ հոգ­սե­րում,
Եւ ձեր տան­ջան­քում, հե­րո՛ս-մշակ­ներ,
Ար­դար վաս­տակն է ձեզ ո­գե­ւո­րում:
Օ՜, հայ­րե­նի­քիս քըրտ­նա­ջա՛ն որ­դիք,
Որ­քա՜ն համ­բե­րող, քաջ է ձեր հո­գին,
­Ձեզ­նո՛վ է միայն կան­գուն հայ­րե­նիք.
­Համ­բո՜յր ու օրհ­նա՜նք ձեր սուրբ վաս­տա­կին:

Աղ. ­Ծա­տու­րեա­նի գրչին կը պատ­կա­նին ժո­ղովր­դա­կան սի­րո­ւած եր­գի վե­րա­ծո­ւած այն­պի­սի քեր­թո­ւած­ներ, ինչ­պի­սին են «­Մի՛ լար, բլբո՛ւլ»ը եւ «Ա՛յ վարդ»ը, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծը հան­դի­սա­ցաւ սրտա­մօտ թարգ­մա­նը կեան­քէն ան­տե­սո­ւած ու լքո­ւած մար­դոց խոր ցա­ւին։

­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան պատ­կե­րի, խո­հա­կա­նու­թեան եւ քնա­րա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ա­ռու­մով՝ հա­մեստ ե­ղան Ա­ղեք­սանդր ­Ծա­տու­րեա­նի գոր­ծիք­նե­րը, բայց փո­խա­րէ­նը ա­նոր գրա­կա­նու­թիւ­նը բա­բա­խեց մարդ­կա­յին խոր զգայ­նու­թեամբ ըն­կա­լո­ւած եւ սրտա­բուխ եր­գի վե­րա­ծո­ւած ցա­ւե­րով, ե­րազ­նե­րով ու սի­րոյ յոյ­զե­րով։ ­Պա­տա­հա­կան չէ, որ հայ մեծ ե­րա­ժիշտ Ալ. Ս­պեն­դիա­րեա­նի կող­մէ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի շրթնե­րուն ան­մահ երգ դար­ձան Աղ. ­Ծա­տու­րեա­նի քեր­թո­ւած­նե­րը.

Ա­ղեք­սանդր ­Յով­սէ­փի ­Ծա­տու­րեան ծնած էր 1865ին, ­Զա­քա­թա­լա (ներ­կա­յիս՝ Ատր­պէյ­ճա­նի մաս կը կազ­մէ)։ Ե­րեք տա­րե­կա­նին կորսն­ցու­ցած էր ձկնորս հայ­րը եւ մատ­նո­ւած էր յե­տին չքա­ւո­րու­թեան՝ մօր հետ։ Ձկ­նորս հօր կան­խա­հաս մա­հը ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը պի­տի դառ­նար իր գրա­կա­նու­թեան լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րէն հա­մա­րո­ւող «­Նա­ւա­վա­րը» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան.

­Մա­նուկ օ­րից շա՜տ եմ տե­սել,
Ե՛ւ փո­թո­րիկ, ե՛ւ ա­ղէտ,
­Ծովն է ինձ միշտ օ­րօր ա­սել,
­Նո՜ր չեմ ծա­նօթ ծո­վի հետ:

­Հայր ու­նէի ¬ ծո­վում կո­րաւ,
Որ­սի ե­լած մութ գի­շեր,
Ն­րան ա­լիք լա­փեց, կե­րաւ,
­Նա ձկնորս էր ան­վե­հեր:

­Ծո­վում կորց­րի եր­կու եղ­բայր,
­Նա­ւա­վար­ներ ինձ նման,
Որ ի­մա­ցայ - եր­կինք, աշ­խարհ,
Ա­սես, գլխիս փո՜ւլ ե­կան․․․

է՜հ ա­ղա՛ ջան, դարդ մի՛ ա­նիլ,
­Թէ ծովն ինձ էլ կուլ կը տայ,
«­Կուժն ա­մէն օր ջուր չի բե­րիլ»․․․
Ա­մէն բա­նի վե՜ր­ջը կայ․․․

­Կեան­քը լաւ է... բայց ի՞նչ ա­րած,
­Համ էլ մա­հից, ի՞նչ փախ­չեմ․․․
­Ծովն է տա­լիս մեզ կեանք ու հաց,
­Ծո­վի տակ էլ կը հանգ­չեմ...

Իր թշո­ւառ ման­կու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ­Ծա­տու­րեան հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր.¬ «­Մօրս հետ ապ­րում էինք քա­ղա­քի յետ ըն­կած, ա­մե­նա­խուլ փո­ղոց­նե­րից մէ­կում, մի կի­սա­խար­խուլ տնա­կում։ ­Շա­բա­թը մի ան­գամ միայն կրա­կի ե­րես էինք տես­նում։ ­Ման էի գա­լիս ո­տա­բո­պիկ։ ­Տաք կե­րա­կուր՝ միայն ­Կի­րա­կի օ­րերն էինք ու­տում։ ­Միակ լու­սա­ւոր շեր­տը իր ման­կու­թեան կեան­քում՝ մօրս ա­նօ­րի­նակ, բուռն սէրն էր դէ­պի ինձ։ ­Մայրս կար ու լո­ւացք ա­նե­լով էր ինձ պա­հում եւ, ին­քը անգ­րա­գէտ լի­նե­լով, զար­մա­նա­լի բնազ­դով ջերմ փա­փա­քում էր, որ ես ան­պատ­ճառ ու­սում ստա­նամ»։

Ա­հա նման պայ­ման­նե­րու մէջ ­Ծա­տու­րեան իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով Ար­շակ Ա­գա­պեա­նին։ ­Նա­խակր­թա­րա­նը դեռ չէր ա­ւար­տած, երբ մա­հա­ցաւ նաեւ հիւ­ծած մայ­րը եւ Ա­ղեք­սանդր մնաց լրիւ ա­նօգ­նա­կան։ Իր ու­սու­ցի­չին՝ Ա. Ա­գա­պեա­նի օ­ժան­դա­կու­թեամբ կրցաւ հե­տե­ւիլ տեղ­ւոյն ­Քա­ղա­քա­յին ե­րե­քա­մեայ ու­սում­նա­րա­նին, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ 1881ին եւ մեկ­նե­ցաւ ­Թիֆ­լիս՝ ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու յոյ­սով։

­Բայց նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը թոյլ չտո­ւին, որ ու­սում­նա­տենչ պա­տա­նին ըն­դու­նո­ւի ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րան եւ ան ստի­պո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւիլ, ա­մէն տե­սա­կի աշ­խա­տանք փոր­ձե­լով եւ ֆի­զի­քա­պէս մա­շե­լով, բայց ինք­նա­զար­գաց­ման տեն­չը միշտ վառ պա­հե­լով իր հո­գիին մէջ։
­Գիր­քի ու գրա­կա­նու­թեան այն­քա՜ն խոր ու ան­յագ ծա­րաւ ու­նէր, որ իր մշա­կած ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ա­մե­նայն պար­զու­թեամբ «­Կար­դա՛» պատ­գա­մեց՝

­Կար­դա՛, ա՛յ իմ խե­լօք մա­նուկ,
­Կար­դա՛, գրի՛ր տա­րին բո­լոր,
­Կար­դա­ցո­ղի խելքն է կտրուկ,
­Միտ­քը պայ­ծառ ու լու­սա­ւոր:

­Գիրք կար­դա­լով՝ դու գրքե­րում
­Շատ նո­րա­նոր բան կ­þի­մա­նաս,
­Շատ շա­տե­րից շատ բա­նե­րում
Մտ­քով հե­ռու կը սլա­նաս:

­Թիֆ­լի­սի մէջ ­Ծա­տու­րեան ճա­շա­կեց դա­ժա­նա­գոյն թշո­ւա­ռու­թեան բա­ժա­կը, մին­չեւ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ­Մի­քա­յէ­լեան ար­հես­տից վար­ժա­րա­նը ըն­դու­նո­ւե­լու եւ ո­րոշ ար­հեստ­նե­րու ըն­դու­նա­կու­թիւն զար­գաց­նե­լու։ ­Կա­տա­րեց բարձ­րա­գոյն ուս­ման վեր­ջին փորձ մը եւս՝ ըն­դու­նո­ւե­լու Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը, բայց այդ յոյսն ալ ի դե­րեւ ե­լաւ եւ ­Ծա­տու­րեան, 1885ին, ստի­պո­ւե­ցաւ նա­մա­կա­տան ցրո­ւիչ ու միա­ժա­մա­նակ քա­րա­կոփ աշ­խա­տիլ՝ իր օ­րո­ւան հա­ցը վաս­տա­կե­լու եւ ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ ուս­ման ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու հա­մար։

1888ին գնաց ­Մոս­կո­ւա, ուր հայ մե­ծա­հա­րուստ­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն անձ­նա­կան դա­սեր տա­լով օ­րա­պա­հիկ մը ա­պա­հո­վեց եւ, միա­ժա­մա­նակ, կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ Մ. ­Բար­խու­դա­րեա­նի «­Հան­դէս գրա­կան եւ պատ­մա­կան»ին, ո­րուն հրա­տա­րա­կիչն ալ դար­ձաւ հե­տա­գա­յին։ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ, ռու­սե­րէ­նի հմտաց­ման կող­քին, սերտ կա­պեր հաս­տա­տեց տեղ­ւոյն հայ ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ։

1891ին լոյս ըն­ծա­յեց իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին հա­ւա­քա­ծոն, իսկ 1898ին՝ երկ­րոր­դը։ Ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց իբ­րեւ «­Կեան­քի խորթ զա­ւակ­նե­րու» ցաւն ու տա­ռա­պան­քը եր­գող եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­նար­դա­րու­թիւն­ներն ու կեղ­ծիք­նե­րը ձաղ­կող բա­նաս­տեղծ։ Ըն­կե­րա­յին իր ընդվ­զում­նե­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1901ին հրա­տա­րա­կո­ւած «Գր­չի հա­նաք­ներ» եր­գի­ծա­կան ո­տա­նա­ւոր­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, ո­րուն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նկա­րա­զար­դու­մը կա­տա­րեց Վ. ­Սու­րէ­նեանց։

­Դառն հեգ­նան­քով բա­բա­խուն այդ եր­գի­ծա­կան քեր­թո­ւած­նե­րու շար­քին կը պատ­կա­նի Աղ. ­Ծա­տու­րեա­նի «­Մե­ծու­թեան Ա­թոռ»ը.-

Ես գի­տեմ կեան­քում ա­թոռ մե­ծու­թեան,
­Խա­չեր ու աստ­ղեր շա­րէ­շա՜ր վե­րան…
Ով այդ ա­թո­ռին հաս­նել ու­զե­նայ,
Եր­կու յատ­կու­թիւն պէտք է ու­նե­նայ.-
­Մե­ծի առ­ջեւ խո­նար­հո­ւի՜լ, դո­ղա՜լ…
­Մե­ծի յե­տե­ւից կա­մա­ցո՜ւկ սո­ղալ…

­Կամ՝ «Եր­կու ­Խոս­տո­վա­նանք»ը.-

- ­Տէր-հա՛յր, մեղ­քե­րիս թո­ղու­թի՛ւն ա­րա՛.
«­Պատ­մի՛ր, զա­ւա­կըս. ի՞նչ մեղք ես գոր­ծել»։
- Ոս­տի­կան էի՝ բան­տա­պետ դա­ռայ,
Իմ ճան­կից մար­դիկ մա­հո՜վ են պըր­ծել…
­Վա՜յ ինձ, բա­զո՜ւմ են իմ մեղք ու ա­րատ -
­Սի­րե՜լ եմ կա­շառք, սի­րե՜լ գո­ղու­թիւն…
«Է՛հ, ո­չի՜նչ, որ­դիս, տէ՜րն է գթա­ռատ,
­Մեղ­քիդ թո­ղու­թի՜ւն…»։

- ­Տէր-հա՛յր, մեղ­քե­րիս թո­ղու­թի՜ւն ա­րա՛,
«­Պատ­մի՛ր, զա­ւա­կըս, ի՜նչ մեղք ես գոր­ծել»։
- Ս­խալ­մամբ պաս-օր բե­րա­նըս ա­ռայ
­Մի կտոր եր­շիկ… ­Պասն էի մոռ­ցել…
­Տէր-հա՛յր, մասն ա­րա ինձ սուրբ հա­ղոր­դի,
Ու­րիշ մեղք չու­նեմ, եր­կի՜ն­քըն է վկայ.
«Օ՜, մե՛ծ է մեղ­քըդ… քեզ հա­մար, որ­դի՛,
­Թո­ղու­թիւն չը­կայ…»։

1905ի հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը խոր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ ­Ծա­տու­րեա­նի գա­ղա­փա­րա­կան յու­զաշ­խար­հին վրայ եւ ան սկսաւ եր­գել «Աշ­խա­տան­քի եւ ոս­կու մեծ կռի­ւը»...

­Նոյն տա­րի­նե­րէն սկսեալ Ա­ղեք­սանդր ­Ծա­տու­րեան ամ­բող­ջա­կան փա­րու­մով նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան լա­ւա­գոյն է­ջե­րը ռու­սե­րէ­նի թարգ­մա­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ Եու. ­Վե­սե­լովս­կիի եւ ­Վա­լե­րի Բ­րիւ­սո­վի հետ գոր­ծակ­ցա­բար ռու­սե­րէ­նով պատ­րաս­տեց հայ գրա­կա­նու­թեան ծաղ­կա­քաղ­ներ։

Ա­ղեք­սանդր ­Ծա­տու­րեան եր­կար չապ­րե­ցաւ, 1917ի հա­մա­ռու­սա­կան փետ­րո­ւա­րեան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը նոր սկսած էր, երբ Ապ­րիլ 13ին (հին տո­մա­րով՝ ­Մարտ 31ին) առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան տա­ռա­պա­կոծ աչ­քե­րը որ­բու­թեան, զրկան­քի եւ թշո­ւա­ռու­թեան հայ եր­գի­չին։

Իր յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած այս ամ­փոփ վկա­յու­թիւ­նը կ­þար­ժէ ա­ւար­տել ­Ծա­տու­րեա­նի «­Ժա­մա­նա­կա­կից Օ­րօ­րանք» խո­րագ­րով ու դառ­նա­գոյն հեգ­նան­քով ծան­րա­բեռ­նո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, որ այն­քան պարզ ու սրտա­բուխ երգ է՝ ծնունդ ա­ռած բա­նաս­տեղ­ծին վի­ճա­կո­ւած դժբախտ ու թշո­ւառ կեան­քէն...

Օ՛ր-օ՛ր-օ՛ր, բա­լա՛ս, օ՛ր-օ՛ր-օ՛ր, ջա­նի՛կ,
Կ­՚ու­զեմ քեզ կեան­քում տես­նել եր­ջա­նի՜կ։

­Հէ­րըդ հա­րուստ էր, հա­րուստ էլ մե­ռաւ,
Ո՜ւմ փո­ղերն ա­սես կեան­քում չը­կե­րաւ.
­Ժը­լատ ու գը­ծուծ, մարդ չէր մեղ­քա­նում,
­Խիղ­ճը փո­ղումն էր, հո­գին-գրպա­նում.
Գր­պա­նից զո­ռով կո­պէկ հա­նե­լիս,
­Հետն էլ հո­գուցն էր մի կտոր տա­լիս…
Ո­ղոր­մի՜ հո­գուն… էդ ճա­նա­պար­հով
­Քեզ էլ գանձ թո­ղեց ու կեանք ա­պա­հով։

Օր-օր-օ՛ր, բա­լաս, օր-օր-օ՛ր, ջա­նի՛կ,
Կ­՚ու­զեմ քեզ կեան­քում տես­նել եր­ջա­նի՛կ…
­Կը վար­ձեմ դա­յեակ ու դաս­տիա­րակ՝
­Մամ­զել ու միւ­սիօ, որ ա­զա՜տ, ա­րա՜գ
­Միտ­քըդ զար­գաց­նեն, աչ­քըդ բաց ա­նեն,
­Կեան­քի նո­րա­նո՜ր ճամ­բէ­քով տա­նեն…
­Փորձ, շիկ ու ճա­շակ շատ ու­նեն նրանք,
Ան­մեղ գա­ռի պէս, դու կեանք չես մտնիլ։
­Կեան­քի համ ու հոտ, գաղտ­նիք­ներ բո­լոր
­Նը­րանք լա՜ւ գի­տեն… Որ­դի ջան, օ՛ր-օ՛ր…

Օր-օր-օ՛ր, բա­լա՛ս, օր-օր-օ՛ր, ջա­նի՛կ,
Կ­՚ու­զեմ քեզ կեան­քում տես­նել եր­ջա­նի՛կ։

­Քեզ ու­սում կը­տամ, բարձ­րա­գոյն ու­սում,
­Մեր դա­րը, որ­դի՛ս, դիպ­լոմ է ու­զում.
­Դիպ­լո­մը ծո­ցիդ՝ հինգ տա­սը տա­րից
­Հայ­րե­նիք կը գաս օ­տար աշ­խար­հից,
­Կո­կո­ւած ու փո­խո­ւած, քեզ չե՛ն ճա­նա­չի,
Կ­՚ա­սեն.- ­Սա իս­կի հա­յի նը­մա՜ն չի…
­Տա՛յ Աս­տո­ւած, որ­դի՛ս, նը­ման չը­լի­նես,
­Հա­յի ա­նու­նը կե՜ղտ կը բե­րի քեզ…
Օր-օր-օ՛ր, բա­լա՛ս, օր-օր-օ՛ր, ջա­նի՛կ,
Կ­՚ու­զեմ քեզ կեան­քում տես­նել եր­ջա­նի՜կ։

­Կեան­քը թատ­րոն է… Ա­մէն մարդ պի­տի
­Նախ­շած ե­րե­սով բեմ դուրս գայ, որ­դի՛.
­Սաղ կեան­քըդ խա­ղա՛յ, ե­ղի՛ր դե­րա­սան -
­Մի օր ­Ժան-­Պիեռ, մի օր թուրք ­Հա­սան…
­Նե­ղի՛ր ան­զօ­րին, պա­տո­ւի՛ր ու­ժե­ղին,
­Միշտ դե­րեր փո­խիր ժա­մի՜ն ու տե­ղի՜ն…
­Թէ կին էլ ու­զես՝ ծո­ւո քիթ ու բե­րան,
Ա­մօ՜թ չի, միայն մե՜ծ օ­ժիտ վե­րան…

Օր-օր-օ՛ր, բա­լա՛ս, օ՛ր-օ՛ր-օ՛ր, ջա­նի՛կ,
Կ­՚ու­զեմ քեզ կեան­քում տես­նել եր­ջա­նի՛կ…

Ն.