altԱպ­րիլ 21ի այս օ­րը, 103 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի մէջ լոյս տե­սաւ ֆրան­սե­րէն փոք­րա­ծա­ւալ գրկոյկ մը՝ La Question Armenienne a la Lumiere des Documents ա­նու­նով, հե­ղի­նա­կու­թեամ­բը ան­ծա­նօթ գրո­ղի մը՝ Marcel Leartի։

«­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը՝ փաս­տա­թուղ­թե­րու լոյ­սին տակ» ներ­կա­յաց­նող այդ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հե­ղի­նա­կը միայն իր գոր­ծա­ծած ­Մար­սէլ ­Լէառ գրչա­նու­նով ան­ծա­նօթ էր...

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հե­ղի­նա­կը ա­ւե­լի քան հան­րա­ծա­նօթ էր։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ մե­ծե­րէն Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապն էր։ Իսկ խնդրոյ ա­ռար­կայ գրքոյ­կը ֆրան­սե­րէ­նով գրո­ւած եւ ­Փա­րի­զի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած էր պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ պաշ­տօ­նա­կան յու­շագ­րի բնոյթ ու­նե­ցող հրա­պա­րա­կում մըն էր եւ հիմք պի­տի ծա­ռա­յէր եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց կող­մէ այդ օ­րե­րուն մշակ­ման տակ գտնո­ւող ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Ծ­րագ­րին։

­Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է, որ 1912-13ի ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազմ­նե­րուն Օս­մա­նեան ­Թուր­քիա ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն կրեց։ Ոչ միայն ­Պալ­քա­նեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­զա­տագ­րա­կան պա­քա­րը կա­րե­ւոր չա­փով յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ, այ­լեւ՝ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու եւ հայ­կա­կան տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման պա­հան­ջը նո­րո­վի շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտաւ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան քու­լիս­նե­րուն մէջ։

Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը նա­խա­ձեռ­նե­ցին օս­մա­նեան լու­ծի տակ գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին հայ­կա­կան եր­կու ինք­նա­վար կու­սա­կա­լու­թիւն­նե­րու կազ­մու­թեան՝ նոր­վե­կիա­ցի ­Հոֆ եւ հո­լան­տա­ցի ­Վես­թե­նենկ ա­նու­նով եւ­րո­պա­ցի եր­կու դի­ւա­նա­գէտ­ներ նշա­նա­կե­լով իբ­րեւ Ընդ­հա­նուր Քն­նիչ­ներ (­Բարձր ­Կո­մի­սար­ներ) ու ա­նոնց ան­մի­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան տակ դնե­լով հայ­կա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ի­րա­գործ­ման վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը։

­Պատ­մու­թե­նէն նոյն­պէս ծա­նօթ է, որ ո՛չ ­Հոֆ եւ ­Վես­տե­նենկ կրցան տեղ հաս­նիլ ու ի­րենց վստա­հո­ւած պաշ­տօ­նին գլու­խը անց­նիլ, ոչ ալ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ի­րա­ւուն­քի գոր­ծադ­րու­թեան մի­ջո­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին լու­ծում տա­լու մե­ծա­պե­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կեանք ստա­ցաւ։ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիան շտա­պեց ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ հետ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դա­շինք կնքե­լու եւ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­լու՝ այդ քայ­լով ի մի­ջի այ­լոց «լու­ծե­լու» հա­մար նաեւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը... իր գիտ­ցած միակ ե­ղա­նա­կով... ­Հա­յաս­պա­նու­թեամբ։

1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կան­խած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այդ խմո­րում­նե­րու բո­վին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Գ. ­Զօհ­րա­պի ֆրան­սե­րէն գրքոյ­կին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Գր­քոյ­կը լոյս տե­սած պա­հուն ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մը տա­կա­ւին ըն­թաց­քի մէջ էր, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նող քա­ղա­քա­կան թէ հո­գե­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, հա­ւա­սա­րա­պէս ե՛ւ ա­րե­ւե­լա­հայ, ե՛ւ ա­րեւմ­տա­հայ, տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քի մէջ էր՝ մէկ կող­մէ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի, իսկ միւս կող­մէ Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ հա­յան­պաստ դիր­քո­րո­շու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ այդ շրջա­նին թէ՛ Օս­մա­նեան ­Խորհր­դա­րա­նի ա­մէ­նէն ե­րե­ւե­լի հայ պատ­գա­մա­ւորն էր՝ ­Վարդ­գէ­սի հետ, թէ՛ ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ղե­կա­վար ե­րես­փո­խան­նե­րէն մէ­կը։ 1909ի ­Կի­լի­կիոյ ­Ջար­դէն ետք, օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նին մէջ, ­Զօհ­րապ եւ ­Վարդ­գէս ա­մէ­նէն բուռն քննա­դատ­նե­րը դար­ձան իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան, որ սկսաւ հա­կա­դար­ձել՝ ընդ­հան­րա­պէս ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը խեղ­դե­լու կո­չո­ւած քայ­լե­րով, ճնշում­նե­րով եւ հե­տապն­դում­նե­րով։ ­Նաեւ այդ հա­լա­ծան­քէն խու­սա­փե­լու նկա­տա­ռու­մով ­Զօհ­րապ ֆրան­սա­կան գրչա­նու­նով լոյս ըն­ծա­յեց «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը՝ փաս­տա­թուղ­թե­րու լոյ­սին տակ» խո­րագ­րու­ւած իր գրքոյ­կը։

­Քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­մար գրո­ւած այդ գոր­ծը նախ հա­կիրճ պատ­մա­կա­նը կ’ը­նէ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ծա­գու­մին՝ օս­մա­նեան դա­րա­ւոր հա­կա­հայ հա­լա­ծան­քի ներ­կա­յա­ցու­մէն մին­չեւ ­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի եւ ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նա­գիր­նե­րուն մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­ծար­ծու­մը իբ­րեւ ի­րա­ւա­քա­ղա­քա­կան ինք­նու­րոյն խնդի­րի։

Ա­պա՝ ­Զօհ­րապ ար­ժե­ւո­րու­մը կը կա­տա­րէ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու տար­բեր ծրա­գիր­նե­րուն եւ ա­նոնց ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նին, շեշ­տե­լով անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը այ­լեւս ար­մա­տա­կան քայ­լե­րու, ինչ­պի­սին տե­ղա­կան լայն ինք­նա­կա­ռա­վա­րու­մը կրնար ըլ­լալ։
Գր­քոյ­կը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նաեւ իր մէկ­տե­ղած վի­ճա­կագ­րա­կան պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րով, ո­րոնք ան­վի­ճե­լիօ­րէն կը հաս­տա­տեն այս­պէս կո­չո­ւած ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րուն մէջ հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան գե­րակ­շիռ ներ­կա­յու­թիւ­նը։
Իր ժա­մա­նա­կին քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր ներդ­րում մը ե­ղաւ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի ֆրան­սե­րէն այս գոր­ծին հրա­պա­րա­կու­մը եւ ի­րա­պէս հիմք ծա­ռա­յեց եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հե­տա­գայ քայ­լե­րուն։

­Նոյ­նիսկ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք յաղ­թա­կան ­Դաշ­նա­կից­նե­րու մօտ տա­րո­ւած ­Հայ ­Դա­տի ար­դար լուծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Զօհ­րա­պի ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տար­կում­ներն ու օս­մա­նեան պե­տա­կան թէ ­Թուր­քիոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան ար­խիւ­նե­րէն մէջ­բե­րած վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­նե­րը մե­ծա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցան։
­Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ հա­մա-օս­մա­նեան տա­րո­ղու­թեամբ մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն էր եւ ի­րա­ւա­բա­նի մի­ջազ­գա­յին վարկ կը վա­յե­լէր ­Զօհ­րապ։

Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պ ծնած էր 1861ին, Կ. ­Պոլ­սոյ ­Պե­շիկ­թաշ թա­ղա­մա­սը։ ­Հայ­րը` ­Խա­չիկ է­ֆեն­դին, լու­մա­յա­փոխ էր, բնիկ՝ ակ­նե­ցի։ ­Մայ­րը` Էֆ­թիկ հա­նը­մը, ­Մա­լա­թիա­յէն էր։ ­Զօհ­րապ նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Պե­շիկ­թա­շի ­Մաք­րու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ 1870ին մա­հա­ցաւ հայ­րը։ ­Մայ­րը վե­րա­մուս­նա­ցաւ նշա­նա­ւոր փաս­տա­բան Ա­ւե­տիս Եոր­տու­մեա­նի հետ եւ եր­կու որ­դի­նե­րուն՝ ­Միհ­րա­նի ու Գ­րի­գո­րի հետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Օր­թա­գիւղ։

Տ­ղա­քը ի­րենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­ցին տեղ­ւոյն նշա­նա­ւոր ­Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Հոն ալ սկիզբ ա­ռին ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջին գրա­կան նա­խա­փոր­ձե­րը` ո­տա­նա­ւոր­ներ, յա­ջող շա­րադ­րու­թիւն­ներ։
1876ին ­Զօհ­րապ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ժա­մա­նա­կի ­Թուր­քիոյ կրթա­կան միակ բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւ­նը` ­Կա­լա­թա­սա­րա­յի վար­ժա­րա­նը, որ բա­ցո­ւած էր 1868 թո­ւին, ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Կ. ­Պոլ­սոյ ֆրան­սա­կան դես­պա­նի ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեամբ։ Ու­սա­նե­ցաւ երկ­րա­չա­փու­թիւն։ ­Բա­ժի­նը ա­ւար­տեց փայ­լուն գի­տե­լիք­նե­րով։ 1880 թո­ւա­կա­նին աշ­խա­տան­քի ան­ցաւ խորթ հօր ի­րա­ւա­բա­նա­կան գրա­սե­նեա­կին մէջ իբ­րեւ գրա­գի­րի եւ, միա­ժա­մա­նակ, սկսաւ յա­ճա­խել ­Կա­լա­թա­սա­րա­յի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը։ ­Սա­կայն շու­տով վար­ժա­րա­նը, որ ու­նէր 45 հայ, 2 իս­լամ, 2 հրեայ եւ 3 յոյն ու­սա­նող, փա­կո­ւե­ցաւ՝ բա­ւա­րար թո­ւով իս­լամ ա­շա­կերտ­ներ չու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով։ Եւ երբ 1881ին բա­ցո­ւե­ցաւ «­Հու­գու­գի» (ի­րա­ւուն­քի) վար­ժա­րա­նը, ­Զօհ­րապ շու­տով հոն ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ու եր­կու տա­րի ու­սա­նե­լէ ետք ան­կէ հե­ռա­ցաւ՝ վկա­յա­կան չստա­նա­լով։ ­Բայց 1884ին Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ (Է­դիր­նէ) մէջ քննու­թիւն տո­ւաւ եւ ստա­ցաւ փաս­տա­բան-ի­րա­ւա­բա­նի վկա­յա­կան։

­Զօհ­րապ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց 1878ին, երբ հան­դի­պե­ցաւ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Թիւլ­պեն­ճեա­նին եւ դար­ձաւ ա­նոր հրա­տա­րա­կած «Լ­րա­գիր» օ­րա­թեր­թին աշ­խա­տա­կի­ցը։ ­Միայն 17 տա­րե­կան էր այդ ա­տեն եւ, այ­սու­հան­դերձ, ինք­զինք կրցաւ դրսե­ւո­րել իբ­րեւ ազ­գի ճա­կա­տագ­րով մտա­հոգ հա­յը։ 1880ա­կան­նե­րու սկիզ­բը մուտք գոր­ծե­լով հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան աս­պա­րէզ՝ ­Զօհ­րապ դար­ձաւ ժա­մա­նա­կի գրա­կան շարժ­ման մաս­նա­կից­նե­րէն եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը։ 1883ին հրա­տա­րա­կեց Ա­սիա­կան ըն­կե­րու­թեան «Երկ­րա­գունտ» հան­դէ­սը, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի խմբագ­րու­թեամբ։ 1885ին, նոյն հան­դէ­սի է­ջե­րուն սկսաւ տպագ­րել իր անդ­րա­նիկ վէ­պը` «Ան­հե­տա­ցած սե­րունդ մը» վեր­նագ­րով։ 1887ին վէ­պը լոյս տե­սաւ ա­ռան­ձին գիր­քով։

1888ին ­Զօհ­րապ ա­մուս­նա­ցաւ Ք­լա­րա Եա­զը­ճեա­նի հետ։ Ու­նե­ցան չորս զա­ւակ՝ ­Լե­ւոն, ­Տո­լո­րէս, Ա­րամ եւ ­Հեր­մի­նէ։
1891ին ­Զօհ­րապ ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան, սա­կայն ­Ժո­ղո­վի բաց­ման նիս­տին ա­նոր ընտ­րու­թիւ­նը չվա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ՝ 30 տա­րի­քը լրա­ցու­ցած չըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով։ 1892ին ­Զօհ­րա­պի խմբագ­րու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «­Մա­սիս» ազ­գա­յին, գրա­կան, քա­ղա­քա­կան հան­դէ­սը։ ­Զօհ­րա­պի գրիչն այս շրջա­նին յատ­կա­պես բե­ղուն ե­ղաւ։ 1893ին հան­դէ­սը դադ­րե­ցաւ լոյս տես­նե­լէ։

­Զօհ­րա­պի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բուռն վե­րելք ապ­րե­ցաւ 1880ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն եւ 1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան։ «Ա­րե­ւելք» օ­րա­թեր­թին, ա­պա «­Մա­սիս»ի մէջ լոյս տե­սան ­Զօհ­րա­պի ա­ռա­ջին նո­րա­վէ­պե­րը։ Իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը ան ստեղ­ծեց 1887-1893 տա­րի­նե­րուն։ Այս շրջա­նին ­Զօհ­րապ գրեց նաեւ իր երկ­րորդ, բայց ա­նա­ւարտ մնա­ցած վէ­պը` «­Նար­տիկ»ը, նո­րա­վէ­պե­րուն մեծ մա­սը, բազ­մա­թիւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք լայն ճա­նա­չում ա­պա­հո­վե­ցին ի­րեն՝ իբ­րեւ գրող եւ հրա­պա­րա­կա­խօս՝ «­Նո­րա­վէ­պի Իշ­խան»ի բարձր պատուան­դա­նին ար­ժա­նաց­նե­լով զինք։

­Հե­տա­գա­յին, եր­կար լռու­թե­նէ յե­տոյ, 1898 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, ­Զօհ­րապ դար­ձեալ ե­րե­ւաց գրա­կան աս­պա­րէ­զի վրայ, այս ան­գամ ոչ միայն իբ­րեւ ա­նո­ւա­նի ու վաս­տա­կա­ւոր գրո­ղի, այ­լեւ՝ պե­տա­կան-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի։ 1894-95 թո­ւա­կան­նե­րը զար­հու­րե­լի էին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րու հա­մար։ Սկ­սան ու մին­չեւ 1896 շա­րու­նա­կո­ւե­ցան զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րը։ ­Հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մեծ մա­սը ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ Կ. ­Պոլ­սէն եւ հաս­տա­տո­ւիլ Եւ­րո­պա։ ­Յու­սա­հա­տու­թեան ու տե­ղա­տո­ւու­թեան այս շրջա­նին ­Զօհ­րապ ա­կա­մայ հե­ռա­ցաւ գրա­կան աս­պա­րե­զէն։

Ա­ռա­ւե­լա­բար փաս­տա­բա­նա­կան գոր­ծե­րով, կա­րե­ւոր դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րով զբա­ղե­ցաւ։ ­Պոլ­սոյ մէջ ­Զօհ­րա­պ իբ­րեւ ի­րա­ւա­բան-փաս­տա­բան յայտ­նի դար­ձաւ յատ­կա­պէս օ­տար­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ տի­րա­պե­տե­լով ֆրան­սե­րէ­նին՝ յա­ճախ ինք կը պաշտ­պա­նէր ա­նոնց դա­տե­րը ­Թուր­քիոյ ա­ռեւտ­րա­կան ա­ռա­ջին դա­տա­րա­նին մէջ։ ­Զօհ­րապ նաեւ ­Պոլ­սոյ ռու­սա­կան դես­պա­նա­տան թարգ­մանն էր ու ի­րա­ւա­գէտ-խորհր­դա­կա­նը։ Օգ­տո­ւե­լով այդ հան­գա­ման­քէն՝ ռուս օ­տա­րահ­պա­տակ­նե­րու դա­տե­րը ստանձ­նեց եւ ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա ա­զա­տօ­րէն եր­թե­ւե­կե­լու ի­րա­ւունք։

­Սա­կայն 1906 թո­ւին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րին կար­գադ­րու­թեամբ ­Զօհ­րա­պին ար­գի­լո­ւե­ցաւ թրքա­կան դա­տա­րան­նե­րուն մէջ դա­տեր պաշտ­պա­նե­լը։ ­Պատ­ճա­ռը պուլ­կար յե­ղա­փո­խա­կա­նի մը դա­տա­կան պաշտ­պա­նու­թիւնն էր ­Զօհ­րա­պի կող­մէ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ 1908ին ­Թուր­քիոյ մէջ հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ կայս­րութ­եան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը թափ ա­ռին հա­ւաք­ներն ու ցոյ­ցե­րը՝ հա­ւա­սա­րու­թեան, եղ­բայ­րու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կար­գա­խօս­նե­րով, ­Զօհ­րապ կը գտնո­ւէր ­Փա­րիզ, ուր ան յա­ջո­ղե­ցաւ հրա­տա­րա­կել իր ֆրան­սե­րէն ի­րա­ւա­գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի լայն աս­պա­րէզ գտնել։ ­Բայց երբ տե­ղե­կա­ցաւ ­Թուր­քիոյ մէջ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու հաս­տատ­ման մա­սին, մեծ յոյ­սե­րով եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ ­Փա­րի­զէն շտա­պեց ­Պո­լիս։ 1908ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ­Զօհ­րապ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­ցաւ։

Աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան գրե­թէ բո­լոր քննար­կում­նե­րուն, ա­մէն ջանք գոր­ծադ­րեց ­Խորհր­դա­րա­նի կող­մէ ար­դա­րա­ցի օ­րէնք­ներ ըն­դու­նե­լու հա­մար։ Ինքն իր մա­սին ­Զօհ­րապ կը սի­րէր ը­սել, թէ «Ես ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան փաս­տա­բանն եմ»։

­Զօհ­րապ մե­ծա­պէս յար­գո­ւած եւ ե­րե­ւե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն դար­ձաւ երկ­րի թէ՛ ազ­գա­յին, թէ՛ հա­մընդ­հա­նուր հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ։ ­Սա­կայն երբ սկսաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը, ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը պա­հը յար­մար գտան ի գործ դնե­լու հա­յե­րու դէմ ի­րենց մշա­կած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրա­գի­րը։

Մէկ գի­շե­րո­ւան մէջ՝ Ապ­րիլ 24ին, մե­ծա­գոյն մա­սով ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան եւ աք­սո­րո­ւե­ցան ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։ ­Զօհ­րապ ա­մէն ջանք գոր­ծադ­րեց՝ ա­զա­տե­լու իր ան­մեղ ազ­գա­կից­նե­րը։ ­Դի­մեց պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն, ո­րոնց­մէ շա­տե­րուն հետ մտե­րիմ յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նէր, այդ շար­քին՝ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէաթ փա­շա­յին եւ վար­չա­պետ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յին։ Ա­նոնք բո­լորն ալ դրա­կան եւ յու­սադ­րիչ պա­տաս­խան­ներ կու տա­յին։ ­Սա­կայն շու­տով ­Զօհ­րա­պին եւ ­Վարդ­գէ­սին ալ միաս­նա­բար ձեր­բա­կա­լե­ցին եւ աք­սո­րե­ցին։ Ա­նոնց ալ կը սպա­սէր նոյն դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը։

1915 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լի­սին, աք­սո­րի ճա­նա­պար­հին, դա­ժա­նօ­րէն սպան­նո­ւե­ցան Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ եւ ­Վարդ­գէս։
­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիան այդ­պէ՛ս խեղ­դեց ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան խի­զախ պաշտ­պան-փաս­տա­բա­նին ան­պար­տե­լի ձայ­նը։

Ն.