altԱպ­րիլ 20ի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ օրհ­նա­լի ծնուն­դը հայ­կեան հան­ճա­րին բա­նաս­տեղ­ծա­կան ա­մէ­նէն վսե­մա­շուք ճա­ռա­գայ­թու­մին, որ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան ա­նու­նով ան­մա­հա­ցաւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։

1884 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 20ին ծնած՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան միայն 31 տա­րի կրցաւ վա­յե­լել ի­րեն վե­րա­պա­հո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կը։
Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը 1915ի ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն բրտօ­րէն կտրեց կեան­քի թե­լը հայ­կեան հան­ճա­րին ա­մէ­նէն գե­ղա­պաշտ ու վեհ քեր­թո­ղին։

­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան դար­ձաւ ա­ռա­ջին նա­հա­տակ­նե­րէն մէ­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Ե­ղաւ 24 Ապ­րիլ 1915ին ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ աք­սո­րի ճա­նա­պար­հին մա­հո­ւան ճի­րան­նե­րուն մէջ նե­տո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ե­ղե­րա­բախտ փա­ղան­գին գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը։

­Նա­հա­տակ մեր ցե­ղի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեր ար­ժէք­նե­րուն եւ ար­ժա­նիք­նե­րուն վսե­մա­գոյ­նը խտաց­նող ա­դա­ման­դի մեծ քար է ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան, որ ոչ միայն կը դի­մա­նայ ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին, այլ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ՝ ա­ւե­լիո՛վ կը փայլփ­լայ ու կը ճա­ռա­գայ­թէ հա­յոց ո­գե­ղէն հայ­րե­նի­քի ան­ծայ­րա­ծիր հո­րի­զո­նին վրայ։

­Հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան քրմա­պե­տին ծննդեան տա­րե­դար­ձը բա­ռին ա­մէ­նէն խո­րունկ ի­մաս­տով հա­ղոր­դու­թեան ՊԱՀ է գե­ղե­ցի­կին ու բա­րիին, ազ­նո­ւա­գոյ­նին եւ մարդ­կայ­նա­կա­նին հետ։

­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան ի­րա՛ւ ու վա­ւե­րա­կա՛ն վկան է եւ յու­շա­րա­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին բազ­մա­դա­րեան ու­ղիին՝ հա­րա­զատ թարգ­մանն ու խո­րա­սոյզ վեր­ծա­նո­ղը հան­դի­սա­նա­լով մեր ան­սան­ձե­լի թռիչք­նե­րուն եւ ա­րիւ­նա­քամ ան­կում­նե­րուն, մեր ո­գե­ղէն ան­հա­սա­նե­լի բարձ­ունք­նե­րուն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեր մշտա­հոս ա­կունք­նե­րուն, ար­դար աշ­խա­տան­քով հա­մայ­նա­բաշխ բա­րիք ա­րա­րե­լու երկ­նա­տուր շնորհ­քին եւ յա­նուն ի­րա­ւուն­քի ու ար­դա­րու­թեան մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու ան­պար­տե­լի կամ­քին։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Դա­նիէլ Չ­պուգ­քեա­րեան՝ ­Վա­րու­ժան ծնած էր Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Սե­բաս­տիա նա­հան­գի Բրգ­նիկ գիւ­ղը։ ­Ման­կու­թիւ­նը ան­ցուց հայ­րե­նի ծննդա­վայ­րի գե­ղե­ցիկ բնու­թեան մէջ, ի­րենց գիւ­ղի գե­տե­զերք­նե­րու թախ­ծոտ ու­ռի­նե­րու օ­րօ­րին տակ, ինչ­պէս հե­տա­գա­յին ինք կը նշէ։ ­Գի­շեր­նե­րը մայ­րը որ­դուն կը պատ­մէր պանդխտու­թեան մէջ գտնո­ւող եւ ըն­տա­նի­քին օ­րա­պա­հիկ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար պայ­քա­րող հօր մա­սին։ ­Վա­րու­ժա­նի մա­նուկ հո­գին եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցո­ւած ու բոր­բո­քած էին թուրք ե­նի­չե­րի­նե­րու մա­սին ա­նոր լսած ու կար­դա­ցած պատ­մու­թիւն­նե­րով։

­Տար­րա­կան ու­սու­մը ­Վա­րու­ժան ստա­ցած է իր ծննդա­վայ­րի գիւ­ղա­կան դպրո­ցին մէջ, իսկ 1896էն ետք՝ ­Պոլ­սոյ ­Սա­գըղ Ա­ղա­ջիի Մ­խի­թա­րեան եւ, ա­պա, ­Քաղ­կե­դո­նի վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։

Ինչ­պէս կեն­սա­գիր­նե­րը կը նշեն, ­Պո­լի­սը ­Վա­րու­ժա­նի վրայ ծանր տպա­ւո­րու­թիւն կը գոր­ծէ։ Ան կը տես­նէ սուլ­թան ­Հա­մի­տի կազ­մա­կեր­պած ջար­դի հետ­քե­րը։ Այդ օ­րե­րու հա­լա­ծեալ­նե­րէն էր նաեւ ­Վա­րու­ժա­նի հայ­րը, ո­րուն հա­րա­զատ­նե­րը՝ եր­կար ժա­մա­նակ փնտռե­լէ ետք՝ վեր­ջա­պէս գտած էին բան­տի մէջ՝ շղթա­նե­րու կա­պո­ւած։ ­Տա­րի­ներ յե­տոյ՝ խօ­սե­լով այդ յի­շո­ղու­թեանց մա­սին, ­Վա­րու­ժան պի­տի գրէր «­Հօրս բան­տին մէջ» ո­տա­նա­ւո­րը, յի­շե­լով՝

­Դեռ փոքր էի, ե­կայ քե­զի մե­նա­ւոր,
­Մութ զըն­տա­նիդ մէջ այ­ցի,
­Մայրս հի­ւանդ էր, կը շրջէի ես ա­զատ
­Մէջ­տե­ղը բան­տի եւ մա­հի­ճի։

1902ին ­Վա­րու­ժան կ­՚ըն­դու­նո­ւի ­Վե­նե­տի­կի ­Մու­րատ-­Ռա­ֆա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նը, որ վճռո­րոշ դեր կը խա­ղայ հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծին թէ՛ հո­գեմ­տա­ւոր եւ թէ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կազ­մա­ւոր­ման ու իբ­րեւ տա­ղան­դի կա­տա­րե­լա­գործ­ման մէջ։ ­Վա­րու­ժա­նին կը գե­րեն ­Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի նկար­չու­թեան ու քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան կո­թող­նե­րը՝ ի­րենց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ա­րուես­տով եւ մարդն ու բնու­թեան հրաշք­նե­րը վեր­ծա­նող յու­զաշ­խար­հով։

­Նաեւ՝ ու­սա­նո­ղու­թեան այդ տա­րի­նե­րը ­Վա­րու­ժա­նի հա­մար ե­ղան հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րը յափշ­տա­կու­թեամբ կար­դա­լու, ա­նոնց­մով խան­դա­վա­ռո­ւե­լու եւ ներշն­չո­ւե­լու, այ­լեւ այդ ա­մէ­նը հայ­կեան հան­ճա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մեծ ժա­ռան­գու­թեան բո­վէն ան­ցը­նե­լու ինք­նամ­շակ­ման շրջան մը։

Այ­դօ­րի­նակ կազ­մա­ւոր­ման խոր­հուր­դը կը խտաց­նէ ­Վա­րու­ժան հե­տա­գա­յին իր ար­ձա­նագ­րած այն շեշ­տադ­րու­մին մէջ, ըստ ո­րու՝ իր վրձի­նը թա­թա­խած է միայն հայ­րե­նի հո­ղի «որ­դան կար­միր»ին եւ «ծո­վա­ծուփ ա­րեան» մէջ։

Ար­դա­րեւ, ­Վա­րու­ժան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յու­զա­կա­նո­ւեամբ կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թիւ­նը, հայ հին ու նոր գրա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Վե­նե­տի­կեան օ­րե­րուն իսկ ան կը գրէ իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը՝ հայ պան­դուխտ­նե­րու կեան­քին եւ 1896ի հա­մի­տեան ջար­դե­րու թե­մա­նե­րով։

1905ին ­Վա­րու­ժան կը մեկ­նի ­Պել­ճի­քա եւ կ­՚ըն­դու­նո­ւի ­Կան­տի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր կը հե­տե­ւի հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց, կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի դա­սա­կան թէ ժա­մա­նա­կա­կից հո­սանք­նե­րը։ ­Վա­րու­ժա­նի դի­մա­քան­դա­կը զե­տե­ղո­ւած է ­Կան­տի հա­մալ­սա­րա­նի գլխա­ւոր գրա­դա­րա­նի դահ­լի­ճին (Ghent University Library - Rozier 9, B-9000 Ghent) մէջ։ ­Դի­մա­քան­դա­կին վրայ նշո­ւած են ­Վա­րու­ժա­նի հե­տե­ւեալ խօս­քե­րը.-

Ի՜նչ փոյթ կեան­քը մեռ­նող,
երբ որ ե­րա­զը կ­՚ապ­րի,
երբ որ ե­րազն ան­մահ է։

­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման ա­ւար­տին, 1909ին, ­Վա­րու­ժան կը վե­րա­դառ­նայ ծննդա­վայր։ Եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն կ­՚ը­նէ ­Սե­բաս­տիա­յի Ա­րա­մեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա 1911ին կը տե­ղա­փո­խո­ւի Եվ­դո­կիա­յի (­Թո­քա­տի) Ազ­գա­յին ­Ճե­մա­րա­նը։ Իսկ 1912ին ­Վա­րու­ժան կը հրա­ւի­րո­ւի ­Պոլ­սոյ ­Բե­րա­յի վար­ժա­րա­նը՝ տե­սու­չի պաշ­տօ­նով։

Ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ բե­ղուն գրի­չի կեանք մը ապ­րե­ցաւ ­Վա­րու­ժան։ Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն լայն ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­ցան։ Ան դար­ձաւ ­Պոլ­սա­հայ գրա­կան շրջա­նակ­նե­րու ազ­դե­ցիկ դէմ­քե­րէն մէ­կը, գրա­կան հա­ւա­քոյթ­նե­րու ո­գին։ ­Տա­սը տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ան ստեղ­ծա­գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան բա­նաս­տեղ­ծա­կան փառ­քը կազ­մող չորս գլուխ-գոր­ծոց­ներ՝ «­Սար­սուռ­ներ», «­Ցե­ղին սիր­տը», «­Հե­թա­նոս եր­գեր» եւ «­Հա­ցին եր­գը»։ ­Միա­ժա­մա­նակ գրեց նաեւ հրապա­րա­կագ­րա­կան նո­թեր, յօ­դո­ւած­ներ. կա­տա­րեց թարգ­մա­նու­թիւն­ներ։

1914ին, ե­ղե­րա­կան իր վախ­ճա­նէն տա­րի մը ա­ռաջ, վա­րու­ժան հան­դի­սա­ցաւ հինգ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ գրա­կան մե­ծար­ժէք ամ­սա­գի­րին՝ «­Մե­հեան»ին՝ ­Կոս­տան ­Զա­րեա­նի, ­Յա­կոբ ­Քիւ­ֆէ­ճեա­նի (Օ­շա­կան), ­Գե­ղամ ­Բար­սե­ղեա­նի եւ Ա­հա­րոն ­Տա­տու­րեա­նի հետ։ Ամ­սագ­րի եր­րորդ՝ ­Մար­տի հա­մա­րէն ետք ­Վա­րու­ժան բաժնուե­ցաւ խում­բէն եւ Յ.Ճ. ­Սի­րու­նիի հետ խմբագ­րեց «­Նա­ւա­սարդ» գրա­կան տա­րե­գիր­քը, որ­մէ լոյս տե­սաւ միայն ա­ռա­ջին հա­տո­րը 1914ին։

1915ին ­Վա­րու­ժան կը շա­րու­նա­կէր իր աշ­խա­տան­քը «­Հա­ցին եր­գը» գոր­ծի ամ­բող­ջաց­ման վրայ։ ­Միա­ժա­մա­նակ կը պատ­րաս­տո­ւէր գրե­լու «­Հայ­կա­կան հո­մե­րա­գիրք» ժո­ղո­վա­ծուն, ուր պի­տի տեղ գտնէին հին հայ­կա­կան ա­ռաս­պել­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թեանց վա­րու­ժա­նեան մշա­կում­նե­րը։ ­Վա­րու­ժա­նի ե­րազն էր ամ­բող­ջո­վին մշա­կել «­Սաս­նայ ծռեր» ժո­ղովր­դա­կան դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւ­նը։ Ծ­րագ­րած էր նաեւ գրել «­Գի­նիին եր­գը» քեր­թո­ղա­կան հա­տո­րը։ ­Բայց վրայ հա­սաւ ա­րիւ­նա­լի ա­ղէ­տը։ ­Հա­յոց աշ­խար­հը ներ­կո­ւե­ցաւ ա­րիւ­նով։

­Վա­րու­ժա­նի խօս­քե­րով՝ կեան­քը կը մոր­թո­ւէր ար­տե­րուն մէջ, իսկ միտ­քը՝ գան­կի մէջ։

Ինչ­պէս ա­րո­ւես­տի ու գրա­կա­նու­թեան, այն­պէս ալ նա­հա­տա­կու­թեան մէջ ճա­կա­տա­գի­րը ի­րա­րու կա­պեց հայ­կեան հան­ճա­րին ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քե­րէն եր­կու­քը՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժանն ու ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը։ Ա­միս­ներ տե­ւած չար­չա­րան­քէ ետք, 1915ի Օ­գոս­տոս 26ին, «­Ցե­ղաս­պան ­Թուրք»ը մարմ­նա­ւո­րող ոճ­րա­գործ­ներ ուղ­ղա­կի դա­շոյն­նե­րով մոր­թո­տե­ցին զա­նոնք։

­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի վսե­մա­շուք քեր­թո­ղին ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ հա­ղոր­դու­թեան ան­մո­ռա­նա­լի պահ մը ստեղ­ծե­լու կը ծա­ռա­յէ ըն­թեր­ցու­մը «­Հա­ցին եր­գը» վեր­ծա­նող ­Վա­րու­ժա­նի «Օրհ­նու­թիւն» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան.

Ափ մը ցո­րեան ա­փե­րուդ մէջ
­Թող լեց­նեմ կտրիճ Որ­դիս,
Կտ­րիճ Որ­դիս, գօ­տի՛ն մէջ­քիս.
­Թող մա­ճա­կալ բա­զուկ­նե­րէդ
Ք­սան ցու­լի ա­րիւն անց­նի,
Եւ ե­ղեւ­նի քո հա­սա­կէդ
Ք­սան տու­նի սիւ­նը կանգ­նի.
Ու երբ թի­ւո­վը մա­տե­րուդ
­Սեր­մա­նես քու սերմ­նը­ցուն՝
Հն­ձես թի­ւո՜վն աստ­ղե­րուն:

Ափ մը ցո­րեան գլուխդ ի վար
­Թող որ թա­փեմ, թոռ­նի՛կ սի­րո­ւած,
­Թոռ­նիկ սի­րո­ւած, ցո՛ւպս ծաղ­կած.
­Թող ճա­կա­տիդ վրայ գրո­ւի
­Հա­րիւր սաղ­մոս ի­մաս­տու­թեան,
Եւ ու­սե­րուդ վրայ դրո­ւի
­Տա­պա­նա­կը ըզ­գաս­տու­թեան.
Ու երբ հօ­տիդ օր մ­՚այ­ցե­լես՝
­Թող քու ա­փիդ գա­րիին
­Հա­զար ոչ­խա՜ր եր­կա­րին:

Ափ մը ցո­րեան մա­զե­րուդ մէջ
­Թող որ տե­ղամ, վա՛րդ թոռ­նու­հիս,
­Վարդ թոռ­նու­հիս, պսա՛կ շիր­միս.
­Թող այ­տե­րուդ վրայ շո­ղան
Ա­մէն գա­րուն նո՛ր կա­կաչ­ներ,
Եւ աչ­քե­րուդ մէ­ջը լո­ղան
Ա­մէն ա­մառ նո՛ր ճա­ճանչ­ներ.
Ու երբ տնկես ճիւղ մ­՚ու­ռիի՝
Ա­մէն ապ­րիլ դուն տես­նես
Իր շու­քին տակ կա­նա՜նչ քեզ:

Ափ մը ցո­րեան ծո­ցե­րուդ մէջ
­Թող որ ցա­նեմ, ­Հա՛րսս ա­ղո­ւոր,
­Հարսս ա­ղո­ւոր, սէ՜րս հե­ռա­ւոր.
­Թող ան­կող­նիդ ա­կօ­սին մէջ
­Հասկ մը ծլի՝ լման շար­քով,
Եւ օ­րօ­րած օ­րոց­քիդ մէջ
Ար­շա­լոյս­նե՜ր ննջեն փառ­քով,
Ու երբ կթես քառ­սուն ե­րինջ՝
­Դոյ­լե­րուդ մէջ մակր­դի
­Կա­թը՝ ար­ծաթ, դալն՝ ոս­կի:

Ափ մը ցո­րեան, ափ մը ցո­րեան,
Ա՜յ իմ պա­ռաւ, ա՜յ իմ Ան­նա,
­Մեր գլխուն ալ թող որ տե­ղայ.-
­Թող չսա­ռի՜ ա­րեւն աշ­նան
­Մեր մա­զե­րուն ձիւ­նե­րուն մէջ,
Չ­մա­րի՜ մեր մոմն ի­րի­կո­ւան
­Ժա­մուն մար­մար սիւ­նե­րուն մէջ.
Ու երբ դրո­ւինք ա՛լ գե­րեզ­ման՝
­Մեր ներ­քե­ւը հո՛­ղը, Ան­նա՛,
­Քիչ մը կա­կո՜ւղ թող ըլ­լայ:

Ն.