altԱպ­րիլ 19ի այս օ­րը, 121 տա­րի ա­ռաջ, ա­տե­նի Օս­մա­նեան ­­Կայս­րու­թեան մօտ ­­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի եւ ­­Ցա­րա­կան ­­Ռու­սաս­տա­նի դես­պան­նե­րը ի մի ե­կան ­­Պոլ­սոյ մէջ՝ ի­րենց հա­մա­պա­տաս­խան պե­տու­թեանց կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ցուց­մուն­քով,

միաս­նա­բար մշա­կե­լու հա­մար հայ­կա­կան վեց նա­հանգ­նե­րու բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ծրա­գի­րը։

Եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան այդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ­­Հայ­կա­կան ­­Հար­ցի պատ­մու­թեան մէջ հռչա­կո­ւե­ցաւ «­­Մա­յի­սեան ­­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Ծ­րա­գիր» ա­նու­նով, ո­րով­հե­տեւ փաս­տա­թուղ­թին մշա­կու­մը ա­ւար­տե­ցաւ եւ սուլ­թան Ապ­տիւլ ­­Հա­մի­տին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 1895ի ­­Մա­յիս 11ին։

Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ին­կած Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­ռամ­թեր­քով այս­պէս կո­չո­ւած «­­Հայ­կա­կան ­­Նա­հանգ­նե­րուն» մէջ, բա­րե­կար­գում­նե­րու պա­հան­ջը պաշ­տօ­նա­պէս նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւած էր տա­կա­ւին 1878ին, ­­Պեր­լի­նի ­­Դաշ­նագ­րին 61րդ ­յօ­դո­ւա­ծով։

1877-1878ի ­­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, յաղ­թա­կան ­­Ռու­սաս­տա­նի հետ ­­Թուր­քիոյ ստո­րագ­րած ­­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի պար­տու­թեան դաշ­նագ­րէն քա­նի մը ա­միս ետք, բրի­տա­նա­կան ճնշում­նե­րուն տակ տե­ղի տա­լով՝ ­­Կայ­սե­րա­կան ­­Գեր­մա­նիան նա­խա­ձեռ­նած էր ­­Պեր­լի­նի խա­ղա­ղու­թեան վե­հա­ժո­ղո­վին։ ­­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, ­­Ռու­սաս­տա­նին ո­րո­շա­կի զի­ջում­ներ պար­տադ­րե­լով, ­­Հայ­կա­կան ­­Հար­ցին վե­րա­բե­րեալ ռու­սա­կան հսկո­ղու­թեամբ բա­րե­նո­րո­գում­ներ պար­տադ­րող ­­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի դաշ­նագ­րին 16րդ ­յօ­դո­ւա­ծը փո­խա­րի­նո­ւած էր ընդ­հա­նուր եւ տար­տամ բա­րե­նո­րո­գում­ներ խոս­տա­ցող ­­Պեր­լի­նի դաշ­նագ­րին 61րդ ­յօդուա­ծով։

Օս­մա­նեան ­­Կայս­րու­թեան գա­հին նոր տի­րա­ցած Ապ­տիւլ ­­Հա­միտ այդ­քանն իսկ շատ եւ ա­նըն­դու­նե­լի գտաւ։ Ոչ միայն չգոր­ծադ­րեց ­­Պեր­լի­նի դաշ­նագ­րին 61րդ ­յօ­դո­ւա­ծով նա­խա­տե­սո­ւած բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը, այ­լեւ՝ նո­րո­վի թա­փով փա­րե­ցաւ հա­յաջնջ­ման ճամ­բով ­­Հայ­կա­կան ­­Հար­ցը ար­մա­տա­կա­նօ­րէն լու­ծե­լու եւ եւ­րո­պա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու սուլ­թա­նա­կան ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։

Իսկ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­պէս մոռ­ցան ­­Պեր­լի­նի դաշ­նագ­րով ի­րենց ստանձ­նած ­­Հայ­կա­կան ­­Նա­հանգ­նե­րու բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու հե­տապնդ­ման եւ սուլ­թա­նի հա­յա­ջինջ քայ­լե­րը հսկո­ղու­թեան տակ առ­նե­լու ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։
­­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ հա­կա­հայ բռնու­թեանց, կե­ղե­քում­նե­րու եւ ա­նի­րա­ւու­թեանց սաստ­կա­ցու­մը Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ ­­Կի­լի­կիա։ Բ­նա­կա­նա­բար հայ ժո­ղո­վուր­դը ըմ­բոս­տա­ցաւ, բայց ­­Հա­մի­տեան ծրա­գի­րը ճիշդ այդ հա­կազ­դե­ցու­թեան հե­տա­մուտ էր, որ­պէս­զի սաղմ­նա­յին այդ ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րը իբ­րեւ պատ­րո­ւակ գոր­ծա­ծէր՝ հա­յու­թեան դէմ զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­ներ հրա­հան­գե­լու հա­մար։

Այդ բո­լո­րը յան­գե­ցան 1894ի ­­Սաս­նոյ ա­ռա­ջին մեծ ապս­տամ­բու­թեան եւ ա­նոր պա­տաս­խա­նե­լու պատ­րո­ւա­կով Օս­մա­նեան ­­Կայս­րու­թեան ողջ տա­րած­քին մո­լեգ­նած ­­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն, ո­րոնք շուրջ ե­րեք հա­րիւր հա­զար ան­մեղ հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցին։ Ար­ձա­գան­գը շատ ու­ժեղ ե­ղաւ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, ցնցեց հան­րա­յին կար­ծիքն ու ա­զա­տա­խոհ շրջա­նակ­նե­րը եւ 1895ի ­­Յու­նո­ւա­րին, ­­Պոլ­սոյ մօտ ներ­կա­յա­ցո­ւած ­­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի եւ ­­Ռու­սաս­տա­նի դես­պան­նե­րը յան­կարծ ստի­պո­ւե­ցան յի­շե­լու, որ պէտք էր եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան փո­շե­ծածկ դա­րան­նե­րէն դուրս բե­րել... 1878ի ­­Պեր­լի­նի դաշ­նա­գի­րը։

Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց եւ սուլ­թան ­­Հա­մի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով կազ­մո­ւե­ցաւ Քն­նիչ խառն յանձ­նա­ժո­ղով մը, որ յատ­կա­պէս ­­Սաս­նոյ եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու մէջ իր կա­տա­րած ստու­գում­նե­րու ա­ւար­տին ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, որ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րո­ւա­ծը ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն էր եւ կը պա­հան­ջէր ան­յա­պաղ բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ձեռ­նար­կել։

Քն­նիչ յանձ­նա­ժո­ղո­վի ե­ռամ­սեայ ստու­գում­նե­րէն հա­նո­ւած այդ եզ­րա­կա­ցու­թեանց լոյ­սին տակ, հե­տե­ւա­բար, 1895ի Ապ­րիլ 19ին, անգ­լիա­ցի, ֆրան­սա­ցի եւ ռուս դես­պան­նե­րը ի մի ե­կան ­­Պոլ­սոյ մէջ եւ քա­նի մը շա­բաթ­ներ տե­ւած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րէ եւ թէ՛ ի­րենց մի­ջեւ, թէ՛ ­­Հա­մի­տի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք, 11 ­­Մա­յիս 1895ին հրա­պա­րա­կե­ցին ի­րենց մշա­կած ­­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Ծ­րա­գի­րը։

Եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կող­մէ մշա­կո­ւած ­­Մա­յի­սեան ­­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Ծ­րա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէր Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վեց նա­հանգ­նե­րուն՝ ­­Կա­րին (Էրզ­րում), ­­Սե­բաս­տիա, ­­Պիթ­լիս, ­­Վան, խար­բերդ եւ ­­Տիգ­րա­նա­կերտ (­­Տիար­պե­քիր) գա­ւառ­նե­րուն մէջ ի­րա­գոր­ծել վար­չա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ընդ­հա­նուր բա­րե­նո­րո­գում­ներ։

- ­­Հայ­կա­կան ­­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ կեդրո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը պէտք է զօ­րա­ցո­ւէր եւ գոր­ծէր եւ­րո­պա­կան տէ­րու­թեանց հիւ­պա­տոս­նե­րուն հսկո­ղու­թեան տակ, որ­պէս­զի կան­խո­ւէին ա­նիշ­խա­նա­կան եւ ամ­բո­խա­յին բնոյ­թի գրգռու­թիւն­ներն ու խժդժու­թիւն­նե­րը հայ բնակ­չու­թեան դէմ։

- ­­Նա­հան­գա­պետ­նե­րու նշա­նա­կու­մը եւս պէտք է կա­տա­րո­ւէր խորհր­դակ­ցա­բար, որ­պէս­զի բա­րե­յոյս պաշ­տօ­նա­տար­ներ նշա­նա­կո­ւէին՝ ա­ռանց կրօ­նա­կան կամ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեանց մէջ խտրու­թիւն դնե­լու։ - Ընդ­հա­նուր կու­սա­կալ մը պէտք է նշա­նա­կո­ւէր եւ կեդ­րոն ու­նե­նար ­­Կա­րի­նը՝ մօ­տէն հե­տե­ւե­լու հա­մար քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ի­րա­ւա­կան հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներ ա­ռա­ջադ­րող բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու խղճա­միտ գոր­ծադ­րու­թեան։

­­Թուղ­թի վրայ այս բո­լո­րը յու­սադ­րիչ խոս­տում­ներ էին, ան­շո՛ւշտ, բայց ո՛չ ­­Կար­միր ­­Սուլ­թա­նը տրա­մա­դիր էր ձեռ­նար­կե­լու ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան, ոչ ալ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը պատ­րաստ էին սուլ­թա­նի հետ ի­րենց այ­լե­ւայլ սա­կար­կու­թիւն­նե­րը վտան­գե­լու՝ ի խնդիր հայ­կա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ի­րենց խոս­տա­ցած ­­Մա­յի­սեան Ծ­րագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման։

Այդ­պէս ալ, դեռ մե­լա­նը չէր չոր­ցած, երբ ­­Մա­յի­սեան ­­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Ծ­րա­գի­րը մե­ռեալ թուղթ դար­ձաւ։
Ոչ միայն չգոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ, այ­լեւ ընդ­հա­կա­ռակն՝ յա­ւե­լեալ պատ­րո­ւակ ծա­ռա­յեց ­­Հա­մի­տին, որ­պէս­զի յա­նուն կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մին, եւ­րո­պա­ցի հիւ­պա­տոս­նե­րու իսկ հա­ւա­նու­թեամբ, խստաց­նէ հա­լա­ծան­քը իբր թէ հայ ֆե­տա­յի­նե­րու դէմ, բայց խոր­քին մէջ ըմ­բոս­տաց­ման տա­րի­քի եւ տա­րեր­քի մէջ գտնո­ւող հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան դէմ։

­­Բայց ան­պէտք եւ պատ­մու­թեան խո­րե­րը նե­տո­ւած թուղթ մը չե­ղաւ 19 Ապ­րիլ 1895ին դի­ւա­նա­գի­տա­կան մշակ­ման դրո­ւած հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու ­­Մա­յի­սեան ­­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Ծ­րա­գի­րը։
Ա­նի­կա հիմք ծա­ռա­յեց տաս­նե­ւութ տա­րի ետք ­­Հայ­կա­կան ­­Նա­հանգ­նե­րու Ինք­նա­վա­րու­թեան հա­մեւ­րո­պա­կան ծրագ­րին, որ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րեա­կին մշա­կո­ւե­ցաւ եւ ի գործ դրո­ւե­ցաւ, երբ ­­Հայ­կա­կան ­­Նա­հանգ­նե­րու զոյգ կա­ռա­վա­րիչ­ներ նշա­նա­կո­ւե­ցան ­­Հոֆ եւ ­­Վես­տե­նենկ (­­Կար­նոյ եւ ­­Վա­նի մէջ կեդ­րո­նա­տե­ղի ու­նե­նա­լով)։

Ա­նոնք ճամ­բայ ալ ե­լան դէ­պի ի­րենց պաշ­տօ­նա­տե­ղի­նե­րը, բայց եր­բեք հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը չու­նե­ցան գոր­ծե­լու իբ­րեւ կա­ռա­վա­րիչ, ո­րով­հե­տեւ ­­Հա­մի­տի իթ­թի­հա­տա­կան ժա­ռան­գորդ­նե­րը գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նե­ցին ­­Հա­յաս­պա­նու­թեան թուրք պե­տա­կան ծրա­գի­րը։

Ն.