Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար կեանքին ու արհաւրալից պատմութեան էապէս սփոփարար պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 1922 թուականի այս օրը՝ Ապրիլի 17ը, երբ Պերլինի փողոցներէն մէկուն վրայ արդարադատ մահապատիժի ենթարկուեցան, նոյն տեղը եւ
միաժամանակ, Թուրքիոյ գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքը՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին։
Յատկապէս բժիշկ Պեհաէտտին Շաքիր ոչ միայն գլխաւոր պատասխանատուն էր Հայասպանութիւնը պետականօրէն կազմակերպելու եւ գործադրելու նպատակով Իթթիհատի կողմէ կեանքի կոչուած «Յատուկ Կազմակերպութեան», այլեւ՝ մտայղացողն էր հայ նորածինները բնաջնջելու ցեղասպանական «գիւտ»ին, որու կիրարկման ամէնէն ահաւոր եղանակներէն մէկը եղաւ բազմահազար հայ մանուկներ Տրապիզոնի բացերը՝ Սեւ Ծով թափելու եւ խեղդամահ սպաննելու ոճրագործութիւնը։
Իսկ Ճեմալ Ազմի, որ Իթթիհատի ղեկավար մարմնի անդամ էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ ընդհանուր կուսակալն էր Տրապիզոնի, անձամբ նախաձեռնեց եւ հսկեց Պեհաէտտին Շաքիրի յղացած հայ մանուկներու ծովամոյն բնաջնջման ոճիրին գործադրութեան։
Դաշնակցական երկու երիտասարդներ՝ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան միասնաբար գործադրեցին թուրք երկու ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ մաս կը կազմէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովին (գումարուած Երեւան, 1919ին) որոշած «Նեմեսիս» գործողութեանց շարքին։
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական իշխանութեանց կողմէ պետականօրէն ծրագրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու Դաշնակցութեան որոշումը, առաջին հերթին, հայ ժողովուրդի բիւրաւոր «նահատակներուն կտակն էր» անշո՛ւշտ, ինչպէս որ հետագային Արշաւիր Շիրակեան պիտի ընդգծէր՝ իր յուշերը հրատարակութեան յանձնելով։
Դաշնակցութեան կայացուցած «Նեմեսիս»ի որոշումը նաեւ քաղաքական քայլ էր, որովհետեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ կեանքի կոչուած Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանը, Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները ի բացակայութեան դատելով եւ անոնց դէմ մահապատիժի դատավճիռ արձակելով հանդերձ, երբեք քաղաքական կամքը չցուցաբերեց արդարութիւնը գործադրելու։ Իսկ յանցապարտները իրենք փախուստ տուին Պոլիսէն, անուն եւ հասցէ փոխելով ու անյայտանալով։
Հայ ժողովուրդն ու անոր մարտունակ կամքը մարմնաւորող Դաշնակցութիւնը չէին կրնար այդպէս անպատիժ ձգել Հայաստանի հայաթափման եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք եղեռնագործները։
«Նեմեսիս»ի որոշումին գործադրութիւնը, սակայն, անմիջապէս չսկսաւ։ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’ապրէր ոտքի կանգնելու դժուարին ժամանակը։ Հիւսիսէն պոլշեւիկները եւ արեւմուտքէն քեմալականները, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ հաշուարկներով, նոր դաւեր կը նիւթէր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ եւ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ անկախութեան նուաճման առաջատար ուժը եւ նորաստեղծ հայոց պետականութեան փաստացի իշխանութիւնը, վերապրող հայութեան գոյատեւման կռուանները ապահովելու առաջնահերթ մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէր։
Որոշումէն տարի մը ետք միայն ձեռնարկուեցաւ «Նեմեսիս»ի գործադրութեան։
Նաեւ՝ «Նեմեսիս»ի առաջին հարուածը չեղաւ Պ. Շաքիրի եւ Ճ. Ազմիի ահաբեկումը։ Ընդհակառակն՝ եղաւ վերջին գործողութիւններէն մէկը, որովհետեւ ինչպէս որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի 19 Ապրիլ 1922ի համարով լոյս տեսած ահաբեկման թղթակցութիւնը կ’ընդգծէ, մեծապետական հետախուզական սպասարկութիւնները արդէն սկսած էին կռահել, որ «Նեմեսիս»ի գործողութիւնները կը վերահսկուէին Մ. Նահանգներէն գործող... կեդրոնի մը կողմէ։
Փաստօրէն «Նեմեսիս»ի առաջին գործողութիւնը իրականացաւ 15 Մարտ 1921ին, Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ։ Ահաբեկուեցաւ իթթիհատական պարագլուխ ու Մեծ Եղեռնի օրերուն ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան։ Իսկ 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի մէջ, Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ ահաբեկուեցաւ իթթիհատական վարչապետ Սայիտ Հելիմ փաշան։
17 Ապրիլ 1922ին էր, որ կարգը հասաւ Մեծ եղեռնի «գլխաւոր ճարտարապետ» Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Տրապիզոնի հայոց սպանդը անձամբ գլխաւորած կուսակալ Ճեմալ Ազմիի։
«Նեմեսիս»ի 17 Ապրիլ 1922ի գործողութիւնը ամէնէն յանդուգն էր։ Ոչ միայն այն պատճառով, որ միաժամանակ երկու թիրախի դէմ կ’ուղղուէր՝ երկու ահաբեկիչներու ուղղակի մասնակցութեամբ։ Ոչ միայն այն պատճառով, նաեւ, որ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի իրենց ընտանիքներու մեծ խումբով բանուկ փողոցէ մը կ’անցնէին ահաբեկման գործողութեան պահուն։ Այլեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ Թալէաթի ահաբեկումէն ետք Պերլինը դժուար «հասանելի» դաշտ դարձած էր ահաբեկչական գործողութեանց համար։
Բայց Արմէն Գարոյի, Շահան Նաթալիի, Գրիգոր Մերճանոֆի, Հրաչ Փափազեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի եւ գործողութեան մասնակից դաշնակցական միւս գործիչներուն համար անյաղթահարելի բան չկար։
Մահապատիժի որոշումը տրուած էր եւ «Նեմեսիս»ի գործողութեանց շղթային այս օղակն ալ պէտք է իրականացուէր։ Եւ յանդուգն ահաբեկումը գործադրուեցաւ՝ հակառակ խանգարող պարագաներու առաջացումին (յատկապէս՝ Արշաւիր Շիրակեանի պատահական սայթաքումով գետին իյնալուն, թուրքերու խումբին մէջ գտնուող Թալէաթի այրիին կողմէ գետին ինկած Շիրակեանի ատրճանակը վերցնելու ապարդիւն ճիգին եւայլն)։
Պէտք է կարդալ ե՛ւ Արամ Երկանեանի «Այսպէ՛ս սպաննեցինք», ե՛ւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» յուշերուն համապատասխան հատուածները, խորաչափելու համար տարողութիւնը թէ՛ ահաբեկչական գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակած յանդգնութեան, թէ՛ ահաբեկիչները անպարտելի դարձնող արդարահատուցման գաղափարական ներքին կրակին։
Պեհաէտտին Շաքիր եւ ճեմալ Ազմի տեղւոյն վրայ մահացան։
Զոյգ ահաբեկիչները կրցան փախուստ տալ եւ իրենց հետքը թաքցնել հետապնդողներէն։
Ահա «Այսպէ՛ս Սպաննեցինք» եւ իրագործեցինք Դաշնակցութեան որոշումով թուրք հայասպանները մահապատիժի ենթարկելու «Նեմսիս»ի հատու հարուածը, որ ըստ ամենայնի «Կտակն էր Նահատակներուն», հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն։
Եւ ո՛ւր ալ գտնուին եւ ի՛նչ ժամանակներու մէջ ալ ապրին՝ հայ ժողովուրդին վերապրող զաւակները ազգային իրենց յիշողութիւնը կը վերաթարմացնեն եւ ապագայի ուղղութեամբ յաղթաքայլ կ՚առաջանան՝ ներշնչման ու ոգեւորման աղբիւր ունենալով «Նեմեսիս»ի արդարահատոյց հարուածները։
Ն.