Ապ­րիլ 13ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան 150ա­մեա­կը ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ի­րա­պաշտ սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի։

Իր պատ­մո­ւածք­նե­րով, հե­քիաթ­նե­րով, զրոյց­նե­րով, վի­պակ­նե­րով եւ ու­ղե­ւո­րա­կան է­ջե­րով՝ Վ. ­Փա­փա­զեան դար­ձաւ վշտա­կից եր­գի­չը հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մու­թեանց բա­ժին հա­նո­ւած հա­սա­րա­կա­կան թշո­ւա­ռու­թեան, ի­րա­ւազր­կու­մին ու տա­ռա­պան­քին, այ­լեւ ու միա­ժա­մա­նակ՝ վե­րապ­րող հա­յու­թեան պայ­ծառ գա­լի­քի յոյ­սին ու ինք­նա­հաս­տատ­ման պայ­քա­րին։

Վ. ­Փա­փա­զեան հայ գրա­կա­նու­թեան բե­րաւ նաեւ եր­գը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ մեր երկ­րի հա­րե­ւա­նու­թեամբ ապ­րող ճա­կա­տագ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ գնջու­նե­րուն (բո­շա), քիւր­տե­րուն եւ պար­սիկ ցե­ղե­րուն, ո­րոնց զրկան­քով լի կեանքն ու ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րը ի­րենց հա­րա­զատ ցո­լա­ցումն ու պաշտ­պա­նը գտան իր կար­գին բո­շա­յա­կան ծա­գում ու­նե­ցող Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի եւ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ։

13 Ապ­րիլ 1866ին ծնած ­Վան՝ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան քա­հա­նա­յի զա­ւակ էր (ա­ւագ եղ­բայրն էր դաշ­նակ­ցա­կան ծա­նօթ գոր­ծիչ ­Կոմ­սի՝ ­Վա­հան ­Փա­փա­զեա­նի)։ ­Յի­շար­ժան դէմք էր նաեւ քա­հա­նայ հայ­րը, որ հե­տա­գա­յին կու­սակ­րօն դար­ձաւ՝ ըն­դու­նե­լով ­Մաշ­տոց ­Վար­դա­պետ ա­նու­նը եւ եր­կար տա­րի­ներ վա­րե­լով պատ­մա­կան Ս. ­Վա­րա­գայ վան­քի վա­նա­հայ­րու­թիւ­նը։

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան նախ հօր հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան հետ ե­կող ըն­տա­նի­քով տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով, ա­պա՝ սե­փա­կան խառ­նո­ւած­քին բե­րու­մով, ապ­րե­ցաւ իս­կա­կան թա­փա­ռա­կա­նի կեանք մը։ Իսկ իր գրա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղաւ հա­րա­զատ հա­յե­լին Վրթա­նէս ­Փա­փա­զեան սրտցաւ հա­յուն, որ չկա­պո­ւե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րին կամ ո­րե­ւէ կե­ցու­թեան օր­րա­նի, այլ՝ շրջե­ցաւ հա­յաշ­խար­հով մէկ, հաս­նե­լու եւ ճանչ­նա­լու, սրտակ­ցե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար սո­վո­րա­կան հայ մար­դի­կը, նաեւ՝ ա­նոնց շրջա­պա­տին մէջ ապ­րող եւ ճա­կա­տագ­րա­կից այ­լազ­գի­նե­րը։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ Վրթա­նէս ­Փա­փա­զեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս դար­ձաւ հայ գրա­կա­նու­թեան «­Բա­րե­սիրտ ­Տեր­վիշ»ը, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց կեան­քի զրկանք­նե­րուն եւ ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րուն տակ տա­ռա­պող մարդ էա­կին ցաւն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը ի­մաս­տա­սի­րա­բար քան­դա­կող պատ­մուածք­ներ եւ հե­քիաթ­ներ, պատ­մա­վէ­պեր եւ թատ­րեր­գու­թիւն­ներ, յու­շագ­րու­թիւն­ներ եւ ժո­ղովր­դա­յին զրոյց­ներ։

­Ման­կու­թեան եւ վաղ պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րը Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան ան­ցուց հօր քա­հա­նա­յա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­մար ճշդո­ւած վայ­րե­րուն մէջ՝ Ա­գու­լիս (­Նա­խի­ջե­ւան) եւ ­Թաւ­րիզ (­Պարս­կաս­տան), ուր եւ ստա­ցաւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը։

1878ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը, բայց ա­ռանց ա­ւար­տե­լու ճե­մա­րա­նը՝ 1882ին հե­ռա­ցաւ ­Վա­ղար­շա­պա­տէն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թեհ­րան (­Պարս­կաս­տան)։ ­Հա­զիւ թե­ւա­կո­խած 16 տա­րի­քը, ան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ նե­տո­ւե­լու կեան­քի աս­պա­րէզ՝ ճակ­տին քրտին­քո­վը վաս­տա­կե­լու հա­մար ապ­րուս­տը։ ­Թաւ­րի­զի մէջ Վր­թա­նէս սոր­վե­ցաւ լու­սան­կար­չու­թիւն եւ փոր­ձեց այդ աշ­խա­տան­քով ա­պա­հո­վել իր ապ­րուս­տը, բայց չյա­ջո­ղեցաւ։

Այդ­պէ՛ս սկսաւ թա­փա­ռա­կան հա­յու կեանք մը, որ գրա­կան ան­վի­ճե­լի շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սար­դին տա­րաւ ­Թիֆ­լիս, ­Վան, ­Պա­քու եւ ի վեր­ջոյ ­Պո­լիս, ուր ապ­րե­ցաւ ե­րեք տա­րի՝ 1885էն մին­չեւ 1888։

Այդ թա­փա­ռում­նե­րու շրջա­նին ծնունդ ա­ռին Վրթա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի ա­ռա­ջին պատ­մո­ւածք­նե­րը, ժո­ղովրդա­յին զրոյց­նե­րը եւ ու­ղե­ւո­րա­կան ակ­նարկ­նե­րը՝ հայ եւ այ­լազ­գի պարզ մար­դոց կեան­քին ու ըն­կե­րա­յին դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք լոյս տե­սան ինչ­պէս պոլ­սա­հայ, նոյն­պէս եւ թիֆ­լի­սա­հայ մա­մու­լի (յատ­կա­պէս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի «Մ­շակ» թեր­թի) է­ջե­րուն՝ գրա­ւե­լով ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը։

­Լե­զու­ներ սոր­վե­լու ըն­դու­նակ եւ գրե­լու շնորհ­քով օժտո­ւած Վր­թա­նէ­սի կեան­քը ան­ցաւ ան­վերջ ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ տե­ղա­փո­խու­թեանց մէջ։ ­Նախ ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Պա­քու, ա­պա՝ ­Մոս­կո­ւա, այ­նու­հե­տեւ՝ ­Պո­լիս եւ ի վեր­ջոյ ­Ժը­նեւ, ուր 1891էն 1895 հե­տե­ւե­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թեանց դա­սըն­թացք­նե­րու։

­Պա­քու ապ­րած շրջա­նէն ան գտաւ կեան­քի իր աս­պա­րէ­զը, որ եւ­րո­պա­կան թեր­թե­րու աշ­խա­տակ­ցու­թիւնն էր՝ տե­ղա­կան կեան­քի վե­րա­բե­րեալ լրա­տո­ւա­կան նիւ­թե­րով եւ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեն­ցա­ղին ու ա­ւան­դու­թեան նո­ւի­րո­ւած ակ­նարկ­նե­րով։ Ըն­տե­լա­ցաւ 16 լե­զու­նե­րու եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ թէ՛ Անդր­կով­կա­սի ի­րա­կա­նու­թեան խմո­րում­նե­րուն, թէ՛ ժա­մա­նա­կի Եւ­րո­պան յու­զող ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րուն։

1891ին լոյս ըն­ծա­յեց թրքա­հա­յոց դառն ու դա­ժան ճա­կա­տագ­րին նո­ւի­րո­ւած իր պատ­մո­ւածք­նե­րու շար­քը՝ եր­կու հա­տո­րով, «­Պատ­կեր­ներ թիւր­քա­հա­յոց կեան­քէն» ա­նու­նով։ Ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց պարզ ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կո­ւած թշո­ւա­ռու­թիւ­նը, կե­ղե­քում­նե­րը եւ ա­զա­տագ­րու­մի յոյսն ու պայ­քա­րը կեն­դա­նաց­նող իր հա­մով-հո­տով պատ­մո­ւածք­նե­րով, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հա­յու ազ­գա­յին-ցե­ղա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ մար­տու­նակ ո­գին գո­վեր­գող իր հե­քիաթ­նե­րու, զրոյց­նե­րու եւ պատ­մա­կան վի­պակ­նե­րու («Ար­տա­շէս Բ.», «­Սա­հակ եւ ­Մես­րոպ», «­Վար­դա­նանց ­Պա­տե­րազմ») պատ­գա­մով։

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­ն բե­րաւ նաեւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղին հար­թե­լու գոր­ծին։ ­Մօտ կանգ­նած Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան՝ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան հայ մարք­սա­կան մտա­ծո­ղու­թեան դրօ­շա­կիր­նե­րէն դար­ձաւ, այդ դիր­քե­րէն սուր քննա­դա­տու­թիւ­նը կա­տա­րեց ա­րեւմ­տա­հա­յոց թշո­ւա­ռու­թիւնն ու տա­ռա­պան­քը ա­ւե­լիով ծան­րաց­նող ներ­քին ցե­ցե­րուն՝ վաշ­խա­ռու եւ փո­ղա­տէր խա­ւե­րու դա­սա­կար­գա­յին չա­րա­շա­հում­նե­րուն ու կե­ղե­քում­նե­րուն։

­Յատ­կա­պէս նո­րաս­տեղծ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան մեր կու­սակ­ցու­թեանց ներ­քին մեր­ձեց­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ջա­տա­գով­նե­րէն էր Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան՝ եր­բեմն թի­րախ հան­դի­սա­նա­լով իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րէն կող­մէ դա­տա­պար­տան­քի ու ցե­խար­ձակ­ման ե­լոյթ­նե­րու։ Այ­սու­հան­դերձ՝ իբ­րեւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի, Վ. ­Փա­փա­զեան ընդ­հան­րա­պէս դրա­կան, կամր­ջո­ղի՛ դեր կա­տա­րեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թեանց մի­ջեւ, ա­նոնց ձախ թե­ւին կանգ­նած գա­ղա­փա­րա­պաշտ մը ըլ­լա­լով մէկ­տեղ՝ խո­րար­մատ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան շուն­չը միշտ վառ պա­հե­լով իր գրա­կա­նու­թեան մէջ։

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի ա­նընդ­հատ տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րուն պատ­ճառ ե­ղաւ նաեւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած հա­լա­ծան­քը ա­նար­դա­րու­թեանց դէմ խօս­քով ու գոր­ծով պայ­քա­րող հայ գրո­ղին դէմ։ Իր գոր­ծե­րէն ո­մանց հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ար­գի­լո­ւե­ցաւ, մին­չեւ իսկ ցա­րա­կան գրաքն­նու­թեան կող­մէ ո­րոշ գոր­ծեր հա­ւա­քո­ւե­ցան ու փճա­ցո­ւե­ցան։

­Հա­մի­տեան եւ իթ­թի­հա­տա­կան կո­տո­րած­նե­րը դա­տա­պա­րող իր գոր­ծե­րուն պատ­ճա­ռով՝ նոյն­պէս օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ հա­լա­ծո­ւե­ցաւ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան, ո­րուն դէմ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շում ալ կա­յա­ցուց..., որ­մէ խոյս տա­լով ան ա­պաս­տա­նե­ցաւ Անդր­կով­կաս։

­Պարզ ու հան­րա­մատ­չե­լի մշա­կու­մով գրա­կա­նու­թիւն մը ե­ղաւ ի­րը։ Գ­րե­լու տա­ղանդն ու մտա­ւո­րա­կան պա­շա­րը չէին պակ­սեր Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նին։ Ոչ միայն ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ եւ ինք­նա­զար­գա­ցու­մով ինք­զինք մշա­կած հե­ղի­նակ էր, այ­լեւ ե­րեք տա­րի՝ 1891էն 1894 հե­տե­ւած էր ­Ժը­նե­ւի հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ճիւ­ղե­րուն։ ­Բայց ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի իր խմո­րը այն­քան տի­րա­կան էր, որ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան գրո­ղը զի­ջե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին սիր­տը հա­րա­զա­տօ­րէն ու բնա­կան բա­բա­խու­մով աշ­խար­հին առ­ջեւ բա­նա­լու... կո­չու­մին։

­Նաեւ իր անձ­նա­կան կեան­քով՝ Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան ե­ղաւ տա­ռա­պող մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին հա­րա­զատ վկա­յու­թիւ­նը։ Իր բո­լոր թա­փա­ռում­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­րիմ մնաց ու­սուց­չի եւ խմբագ­րի իր կո­չու­մին, գրի­չը եր­բեք վար չդրաւ, բայց միշտ ալ կա­րօտ մնաց տար­րա­կան ապ­րուս­տի ա­պա­հո­վու­թեան։ Ու­նե­ցաւ չքա­ւո­րու­թեան այն­քան ծանր պա­հեր եւ մատ­նո­ւե­ցաւ այն­քան խոր յու­սա­հա­տու­թեան, որ մին­չեւ իսկ կու­սակ­րօն հո­գե­ւո­րա­կան ձեռ­նադ­րո­ւե­լու խնդրան­քով դի­մեց Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կին, որ սա­կայն չըն­դա­ռա­ջեց...

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին՝ 1914ի աշ­նա­նա­մու­տին ան­ցաւ ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւան (հա­րա­ւա­յին ­Ռու­սաս­տան), տեղ­ւոյն հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ հա­յոց պատ­մու­թիւն եւ հայ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լու հա­մար։
Եր­կար չապ­րե­ցաւ Վ. ­Փա­փա­զեան։ 54 տա­րե­կան էր, երբ 26 Ապ­րիլ 1920ին վախ­ճա­նե­ցաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հի­ւան­դա­նո­ցա­յին բուժ­ման հա­մար բե­րո­ւած էր Ս. Էջ­միա­ծի­նէն, ո­րուն նա­խակր­թա­րա­նին տե­սուչ նշա­նա­կո­ւած էր 1919ին։

­Հա­կա­ռակ ի­րեն բա­ժին ին­կած կեան­քի կար­ճա­տեւ ժա­մա­նա­կին, Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան բե­ղուն ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի հա­յոց հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մա­սին ի­րենց պատ­կե­րա­ցու­մը կա­րե­ւոր չա­փով կը պար­տին բա­րե­սիրտ այս տեր­վի­շի ստեղ­ծած պատ­մո­ւածք­նե­րուն, ժո­ղովր­դա­յին զրոյց­նե­րուն եւ ու­ղե­ւո­րի ար­ձա­նագ­րած ի­րա­կան կեան­քի մռայլ պատ­կեր­նե­րուն։

Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձին նուի­րո­ւած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը պսա­կող պատ­գամ մը թող ըլ­լայ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հայ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման ե­րախ­տա­ւո­րին պարզ ու խո­րի­մաստ ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝
«Ստրուկ մե­ծա­ցա­ծը՝ ա­ռանց վա­խի յար­գանք չգի­տէ, ե­թէ մէ­կին յար­գանք է ցոյց տա­լիս - դա վա­խե­նա­լուց է։ ­Չէ՞ որ կան մար­դիկ, ո­րոնք պաշ­տում են ժայ­ռերի, ո­րով­հե­տեւ վա­խե­նում են նրան­ցից, կեն­դա­նի­նե­րի, ո­րով­հե­տեւ սոս­կում են նրանց յար­ձա­կում­նե­րից»։

Իր ծննդեան 150ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս է­ջը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել հա­մա­ցան­ցի վրայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած ար­խի­ւա­յին հե­տե­ւեալ ու­շագ­րաւ մա­սուն­քով։ ­Յո­վիկ ­Չարխ­չեան ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտած է Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեա­նի կող­մէ 3 Ապ­րիլ 1920ին (մա­հէն քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ) գրո­ւած հե­տաքրք­րա­կան նա­մակ մը, որ ուղ­ղո­ւած է օ­րո­ւան ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ ա­ռա­ջար­կե­լով, որ Ապ­րիլ 24ը հռչա­կուի իբ­րեւ Ազ­գա­յին ­Սու­գի օր։ «Ե՞րբ եւ ո՞ւմ ա­ռա­ջար­կով ա­ռա­ջին ան­գամ Ապ­րի­լի 24ը սահ­մա­նո­ւեց ­Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րի յի­շա­տա­կի օր» խո­րագ­րին տակ, 17 Ապ­րիլ 2011ին, «ՄԵԳԱՊՈԼԻՍ» ե­լեկտ­րո­նա­յին հրա­պա­րակ­ման ար­ժա­նա­ցած Վ. ­Փա­փա­զեա­նի նա­մա­կը կ’ը­սէ.-

«­Չեմ կար­ծում, որ մո­ռա­ցո­ւած լի­նեն 1915 թ. Ապ­րիլ 11,12 եւ 13ի (հին տո­մա­րով) այն օ­րե­րը, երբ Կ. ­Պո­լիս եւ ­Հա­յաս­տա­նի միւս գա­ւառ­նե­րում, նա­խա­պէս ծրագ­րո­ւած դի­ւա­յին մի մտա­ծու­թիւ­նով, թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, հայ ազ­գի բնաջնջ­մա­նը իբր ա­զա­տա­րար, խմբո­վին ձեր­բա­կա­լեց հա­րիւ­րա­ւոր հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րի, տան­ջեց նրանց բան­տից բանտ եւ աք­սոր­նե­րի ճա­նա­պարհ­նե­րին, յե­տոյ գա­զա­նօ­րէն մոր­թո­տել տո­ւաւ եւ ան­յայ­տու­թեան մատ­նեց նրանց գե­րեզ­ման­ներն ան­գամ:

«Ով­քեր ա­սես, որ չկա­յին այդ նա­հա­տակ­նե­րի մէջ: ­Հայ բա­նաս­տեղծ ու լրագ­րող, բժիշկ ու փաս­տա­բան, հայ ու­սու­ցիչ, ե­պիս­կո­պոս, վար­դա­պետ ու քա­հա­նայ… ա­մէն­քին, ա­մէն­քին տա­րան. ո­չինչ չխնա­յե­ցին. հայ միտքն ու­զե­ցին մի հա­րո­ւա­ծով մեռց­նել ու ոչն­չաց­նել, ու­զե­ցին ջնջել հայ գիր­քը, հայ երգն ու հայ ա­ղօթ­քը…
«­Գա­ղա­փար կազ­մե­լու հա­մար կո­րուս­տի ա­հա­ւո­րու­թեան մա­սին, բա­ւա­կան է յի­շա­տա­կել, որ սպան­նե­ցին ու մոր­թո­տե­ցին մօտ 760 մտա­ւո­րա­կան­ներ:

«Եօ­թը հա­րիւր եւ վաթ­սուն կեան­քեր, ո­րոնք այն­քան ո­գե­ւո­րու­թեամբ մշա­կում էին հայ միտ­քը եւ ո­րոնց ջնջե­լով՝ ի­րա­ւամբ մտա­ծում էին, թէ հայ ազ­գը պի­տի կորց­նի իր ա­մե­նա­լաւ մա­սը - իր սիր­տը, իր կուլ­տու­րան:

«Եօ­թը հա­րիւր եւ վաթ­սուն նա­հա­տակ­ներ, ո­րոնք ըն­կան մեր ա­զա­տու­թեան ա­րիւ­նա­լից ու­ղի­նե­րի վրայ՝ պա­տո­ւան­դան դառ­նա­լով մեր այժ­մեան փոք­րիկ, վտիտ ան­կա­խու­թեան հա­մար, որ պի­տի մե­ծա­նայ, ան­շուշտ, եւ իր լաւ օ­րե­րի մէջ հիա­ցու­մով յի­շէ պի­տի իր 760 լա­ւա­գոյն մտա­ւոր ու­ժե­րին:

«­Մեր պատ­մու­թեան մէջ մենք չենք ու­նե­ցել նման նա­հա­տակ­ներ՝ այդ­պէս խմբո­վին սրի զոհ գնա­ցած եւ վայ­րա­գօ­րէն ոչն­չաց­րած։ 1915, Ապ­րիլ 11,12 եւ 13 թո­ւեր՝ մեր ան­ցեա­լի ա­րիւ­նոտ է­ջե­րը չու­նեն ար­ձա­նագ­րած ի­րենց վրայ: Եօ­թը հա­րիւր վաթ­սուն լու­սա­ւոր մտքեր՝ միա­հա­մուռ ժո­ղո­ված ու ա­նա­պատ­նե­րի մէջ մոր­թո­տած՝ լենկ­թե­մու­րեան շրջա­նումն ան­գամ տե­ղի չի ու­նե­ցել:

«­Թոյլ տո­ւէք ինձ, ու­րեմն, հայ ազ­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, խո­նար­հա­բար ա­նել ձեզ հե­տե­ւեալ ա­ռա­ջարկը՝ քաջ գի­տե­նա­լով, որ դուք պի­տի ըստ ա­մե­նայ­նի քա­ջա­լե­րէք նրանց եւ ա­ռա­ջադ­րէք գոր­ծադ­րե­լու.

«Ապ­րիլ 12ի կամ 13ի օ­րը հռչա­կել հա­մազ­գա­յին սգի օր, կանգ առ­նել տալ ա­մէն հաս­տա­տու­թեան իր գոր­ծու­նէու­թեան մէջ, փա­կել բո­լոր խա­նութ­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պել տալ ա­մէն տեղ, մա­նա­ւանդ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րի մէջ՝ սգա­հան­դէս­ներ, ուր մա­տաղ սե­րուն­դը լսի եւ ի­մա­նայ, թէ ինչ­պի­սի՜ զո­հե­րի գնով է, որ վա­յե­լում է այժ­մեան իր ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ով­քե՜ր են այն նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց վար­դա­գոյն ա­րիւ­նո­վը պսա­կե­ցին մեր ան­կա­խու­թիւ­նը»:

Ն.