altԱպ­րիլ 11ի այս օ­րը, 194 տա­րի ա­ռաջ, օս­մա­նեան թուրք պե­տու­թիւ­նը ա­հա­ւոր ջար­դի են­թար­կեց յու­նա­կան ­Քիոս կղզիի բնակ­չու­թիւ­նը։

­Քիո­սի մօ­տա­ւո­րա­պէս 155.000 բնա­կիչ­նե­րէն ողջ մնա­ցին միայն 2000 հո­գի։ ­Ջար­դէն յե­տոյ կղզին քա­նի մը տա­րի գրե­թէ ան­մար­դաբ­նակ մնաց։

­Քիո­սի մեծ ող­բեր­գու­թիւ­նը ա­տե­նին խո­րա­պէս ցնցեց խիղ­ճը ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի։ ­Ծայր ա­ռաւ հա­մընդ­հա­նուր դա­տա­պար­տան­քի ու­ժեղ ա­լիք մը, որ իր բուռն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը գտաւ նաեւ ա­րո­ւես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան մէջ՝ յատ­կա­պէս ֆրան­սա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ գե­ղան­կա­րիչ ­Տե­լաք­րո­ւա­յի «­Քիո­սի ջար­դը» ցնցիչ գոր­ծով, ինչ­պէս նաեւ ­Լորտ ­Պայ­րը­նի եւ ­Վիք­թոր ­Հիւ­կո­յի կող­մէ օս­ման­ցի թուր­քին բար­բա­րո­սա­կան եւ ջար­դա­րար դի­մա­գի­ծը խա­րա­նող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։

Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մա­նա­ւանդ ­Տե­լաք­րո­ւա­յի «­Քիո­սի ջար­դը», որ իւ­ղաներկ երկ­րորդ մեծ գործն է ֆրան­սա­ցի մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին։ Կ­տա­ւը ա­ւե­լի քան չորս մեթր է եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րա­րո­ւեստ վար­պե­տու­թեամբ ցոյց կու տայ ­Քիո­սի յոյն բնակ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած սպան­դին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ն­ման բո­վան­դա­կու­թեամբ նկար­նե­րու ըն­կա­լեալ ա­ւան­դու­թե­նէն դուրս գա­լով՝ ­Տե­լաք­րո­ւա­յի «­Քիո­սի ջար­դը» հե­րո­սա­շունչ ո­րե­ւէ կեր­պար կամ խորհր­դա­նիշ չու­նի, որ­պէս­զի հա­կակշ­ռէ վայ­րա­գօ­րէն կո­տո­րո­ւած զո­հե­րուն առ­թած դառ­նա­գոյն յու­սալ­քու­մը եւ ան­զօ­րու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ ջար­դա­րա­րին ան­սահ­ման ար­հա­մար­հանքն ու յո­խոր­տան­քը իր զո­հին հան­դէպ... Ն­կա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ցու­ցադ­րո­ւած է 1824ին եւ ներ­կա­յիս իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւած է ­Լուվ­րի թան­գա­րա­նին մէջ։

Այդ ի­մաս­տով՝ ­Քիո­սի մէջ գոր­ծո­ւած յոյ­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դը փաս­տօ­րէն մարդ­կու­թեան կը յու­շէ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան խորքն ու էու­թիւ­նը յատ­կան­շող ան­պատ­ժե­լիու­թեան ա­հա­ւոր ի­րո­ղու­թիւ­նը։ 11 Ապ­րիլ 1822էն իսկ, ցե­ղաս­պան թուր­քը քա­ղա­քա­կան «վար­քա­գիծ»ի վե­րա­ծած է ջար­դե­րու մի­ջո­ցաւ քա­ղա­քա­կան հար­ցեր լու­ծե­լու բար­բա­րո­սու­թիւնն ու վայ­րա­գու­թիւ­նը։

Իսկ ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ կամ «ազ­գա­յին մաք­րա­գոր­ծում»ով իր ա­նօ­րի­նու­թիւն­նե­րը պար­տադ­րե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան փա­րե­լու ա­տեն, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը պար­զա­պէս ա­ռաջ­նոր­դո­ւած ու քա­ջա­լերուած է այն հա­մո­զու­մով եւ ի­րո­ղու­թեամբ, որ թուրք քա­ղա­քա­կան միտ­քը միշտ ալ գտած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ու­ղին՝« իր ձե­ւով» հար­ցեր լու­ծե­լու եւ ան­պա­տիժ դուրս գա­լու իր գոր­ծած ո­ճի­րէն, նոյ­նիսկ երբ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին է խօս­քը... ինչ­պէս որ պա­տա­հե­ցաւ 1915էն 1923, հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին։

­Քիոս կղզին, ո­րուն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ժա­մա­նակ թուր­քե­րը տո­ւած էին Sakız Adası ա­նու­նը, կը հան­դի­սա­նայ յու­նա­կան 5րդ ­մեծ կղզին, որ կը գտնուի Ե­գէա­կան ծո­վու մէջ։ 7 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թիւն ու­նի ա­րե­ւե­լեան ա­փէն եւ ­Թուր­քիա­յէն բաժ­նո­ւած է ­Ցեզ­մէ (ceşme) նե­ղու­ցով։ Կղ­զին պատ­մու­թեան մէջ հռչա­կա­ւոր ե­ղած է իր ար­տադ­րած մաս­թի­քա ծա­մօ­նով եւ այդ պատ­ճա­ռով կո­չո­ւած է նաեւ ­Մաս­թի­քա­յի Կղ­զի։ ­Մեր օ­րե­րուն ­Քիոս զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­մար մեծ գրաւ­չու­թիւն ու­նե­ցող կղզի մըն է, որ աշ­խար­հահռ­չակ է միջ­նա­դա­րեան իր գիւ­ղե­րով եւ 11րդ ­դա­րէն ե­կող՝ UNESCO World Heritage Site հռչա­կո­ւած իր ­Նէա ­Մո­նի (Nea Moni) վան­քով։

­Քիոս կղզին նաեւ կը նկա­տո­ւի ար­դի ­Յու­նաս­տա­նի նա­ւար­կու­մի ճար­տա­րա­րո­ւես­տին մայր օր­րա­նը։ Ար­դէն 1764 թո­ւին, ­Քիոս ու­նէր 6 մեծ նա­ւեր՝ 90 նա­ւաս­տի­նե­րով։ 1875ին այդ թի­ւը բարձ­րա­ցած էր 104 մեծ նա­ւու։ Իսկ 1889ին ­Քիոս օժ­տո­ւած էր 440 մեծ նա­ւով եւ 3050 նա­ւաս­տի­նե­րով։ ­Քիո­սի նա­ւարկ­ման ճար­տա­րա­րո­ւես­տին այդ աս­տի­ճան ծաղկ­ման մէջ ի­րենց կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցան ար­տա­սահ­ման՝ յատ­կա­պէս ­Պո­լիս եւ ­Լոն­տոն հաս­տա­տո­ւած քիոս­ցի վա­ճա­ռա­կան­նե­րը։

Տն­տե­սա­պէս ար­դէն բար­գա­ւաճ կղզի էր ­Քիոս, ո­րուն բնակ­չու­թիւ­նը այն­քան ալ տրա­մա­դիր չէր հող տրա­մադ­րե­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան լու­ծին դէմ ըմ­բոս­տաց­ման եւ ան­կախ ­Յու­նաս­տա­նի կերտ­ման շար­ժու­մին առ­ջեւ։ ­Քիոս­ցիք չէին ու­զեր կորսնց­նել ի­րենց բա­րօ­րու­թիւ­նը եւ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ որ կղզիին վրայ թրքա­կան մե­ծա­թիւ ոս­տի­կա­նու­թիւն չկար եւ յոյ­նե­րը ի­րենք կը տնօ­րէին ­Քիո­սի կա­ռա­վա­րու­մը։

­Բայց երբ 1821ին ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին թափ ա­ռաւ ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րը եւ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիան, Ե­գիպ­տո­սի իր մահ­մե­տա­կան զի­նա­կից­նե­րուն հետ, ձեռ­նար­կեց ապս­տամ­բու­թիւ­նը ճզմե­լու ընդ­հա­նուր իր ար­շա­ւան­քին, ­Քիոս իր կար­գին ստի­պո­ւե­ցաւ ըմ­բոս­տաց­ման դրօշ պար­զե­լու։ Այդ շրջա­դար­ձին մէջ ի­րենց կա­րե­ւոր դե­րը ու­նե­ցան ­Մարտ 1822ին դրա­ցի ­Սա­մոս կղզիէն ­Քիոս ա­պաս­տա­նած հա­րիւ­րա­ւոր յոյն մար­տիկ­նե­րը՝ թրքա­կան հա­լա­ծան­քին ու խժդժու­թեանց դէմ ապս­տամ­բու­թիւն եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար յայ­տա­րա­րե­լով։

­Հա­կա­դար­ձե­լով՝ օս­մա­նեան զօր­քը պա­շա­րեց, ռմբա­կո­ծեց եւ ա­պա ներ­խու­ժեց ­Քիոս, քա­նի մը օ­րուան մէջ բիւ­րա­ւոր յոյ­ներ կո­տո­րե­լով եւ ողջ մնա­ցող­նե­րը կա՛մ ար­տաք­սե­լով ­Քիո­սէն, կա՛մ ալ գե­րի պա­հե­լով։ Օս­մա­նեան զօր­քը յատ­կա­պէս կղզիի հա­րա­ւա­յին կող­մը ամ­բողջ գիւ­ղեր բա­ռա­ցիօ­րէն սրբեց-կոր­ծա­նեց, նաեւ՝ ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած ու վնաս հաս­ցուց մաս­թի­քա­յի մշակ­ման դաշ­տե­րուն։ ­Քիո­սի ջար­դը բուռն ընդվ­զում ա­ռա­ջա­ցուց ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին՝ ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան դա­տին ի նպաստ հա­մեւ­րո­պա­կան հա­մակ­րան­քի ա­լիք բարձրաց­նե­լով։

Ա­տե­նի եւ­րո­պա­կան ե­րեք մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը (­Ռու­սաս­տան, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա եւ Ֆ­րան­սա) ան­մի­ջա­պէս բա­նակ­ցու­թեանց ձեռ­նար­կե­ցին սուլ­թա­նին հետ, որ­պէս­զի Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ճանչ­նայ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը։ ­Բայց սուլ­թա­նը ոչ միայն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ձգձգեց եւ օգ­տա­գոր­ծեց՝ յու­նա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը զի­նու զօ­րու­թեամբ եւ ջար­դի մի­ջո­ցաւ ճզմե­լու հա­մար, այ­լեւ ե­գիպ­տա­կան-ա­րա­բա­կան ծո­վա­յին ու­ժը իբ­րեւ զի­նա­կի­ցի ու­նե­նա­լու հե­ռան­կա­րով՝ ռազ­մա­վա­րա­կան դա­շինք կնքեց Ե­գիպ­տո­սի իշ­խա­նին հետ։

Այ­դու­հան­դերձ՝ յոյն ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան ի­րենց պայ­քա­րը նո­րո­վի թա­փով յա­ռաջ մղել, մին­չեւ որ եւ­րո­պա­կան ե­րեք գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին մի­ջամ­տել յոյ­նեւ-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին։ ­Ռու­սաս­տան, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա եւ Ֆ­րան­սա ­Յու­նաս­տան ու­ղար­կե­ցին ռազ­մա­նա­ւեր։

Օս­մա­նեան-ե­գիպ­տա­կան ռազ­մա­ծո­վա­յին միա­ցեալ ու­ժե­րը հա­կա­դար­ձե­ցին՝ ուղ­ղա­կի յար­ձա­կու­մը սաստ­կաց­նե­լով յու­նա­կան կղզի­նե­րուն վրայ։ ­Մէկ շաբ­թո­ւան բա­խում­նե­րէ ետք օս­մա­նեան-ե­գիպ­տա­կան ու­ժե­րը ծանր պար­տու­թիւն կրե­ցին։ Ֆ­րան­սա­կան զօր­քե­րը ստի­պե­ցին ե­գիպ­տա­կան զօր­քե­րուն, որ հե­ռա­նան ­Փե­լո­փո­նէ­զէն, իսկ յու­նա­կան ու­ժե­րը ա­զա­տագ­րե­ցին կեդ­րո­նա­կան ­Յու­նաս­տա­նը 1828 թուա­կա­նին։

­Յու­նա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եր­կա­րա­մեայ պայ­քա­րը յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ եւ հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ Ա­ռա­ջին ­Հել­լե­նա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ իր վերջ­նա­կան ճա­նա­չու­մը ստա­ցաւ ­Լոն­տո­նի Ար­ձա­նագ­րու­թեամբ՝ 1830 թո­ւա­կա­նին։

­Յու­նա­կան ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րին յաղ­թա­կան ա­ւար­տը ներշնչ­ման ու ո­գե­ւո­րու­թեան աղ­բիւր դար­ձաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան լու­ծին տակ տա­ռա­պող բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րուն, քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ, ո­րոնք շու­տով ի­րենց կար­գին ձեռ­նար­կե­ցին ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի շար­ժու­մը եւ ա­նոր հե­տե­ւած ա­զա­տագ­րա­կան զի­նեալ պայ­քա­րը գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մեծ մղում ստա­ցան ­Յու­նա­կան Օ­րի­նա­կէն։
Իսկ ­Քիո­սի ­Ջար­դը պատ­մա­կան յու­շա­րա­րը դար­ձաւ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան դէմ ա­հա­զան­գը միշտ բարձ­րա­գոռ հնչեց­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։

Ն.