Ապրիլի 6ի այս օրուան կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը արդի ժամանակներու հայութեան ամէնէն խոհուն եւ պատկառազդու դէմքերէն Լեւոն Շանթի, որ իր ստեղծած մեծատաղանդ գրականութեամբ, ազգային-քաղաքական յառաջատար գործունէութեամբ եւ մանկավարժական ու
սերնդակերտ անձնդիր ծառայութեամբ՝ արժանաւոր իր պատուանդանը նուաճեց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու փաղանգին մէջ։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ» ու «Կայսրը» գլուխ-գործոցներով անմահացաւ Լեւոն Շանթ։ Անոր ծննդեան տարեդարձը եզակի պահը կ’ընձեռէ իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի Շանթի խորաթափանց պրիսմակով կատարէ փիլիսոփայական, հոգեվերլուծական եւ պատմաքաղաքական ինքնաճանաչումն ու ինքնաքննարկումը Հայու իր ազգային էութեան եւ առանձնայատուկ նկարագրին՝ ամբողջական ու անփոխարինելի ԵՍին։
Վերջին կէս դարուն հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաները շատ մելան հոսեցուցին Հայն ու Հայութիւնը ազգային սնապարծութեան արատներէն մաքրազտելու եւ ազգային մեր ԵՍը իր բազմադարեան յղկումով եւ բիւրեղութեամբ հայոց սերունդներուն աւանդելու համար։
Յանուն հաւաքական մեր ուժին եւ կամքին արմատաւորման ու ամրագրումին՝ Պարոյր Սեւակները հետեւողական պայքար մղեցին, որպէսզի ազգովին կարենանք յաղթահարել անհատաբար թէ հաւաքաբար մեր մէջ ծուարած կեդրոնախոյս եւ յանձնապաստան եսերը, որպէսզի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը կարենայ նոր ժամանակներ թեւակոխել դարերու մաշումին, կործանումին եւ փոշիացումին դիմադրած անփոխարինելի իր ձիրքերուն ճաճանչող ԵՍով։
Հայ ժողովուրդի խոհուն եւ վսեմաշուք այդ ԵՍին բացառիկ պատգամաբերն է Լեւոն Շանթ։
Բազմաշնորհ ու բազմավաստակ Հայու առինքնող դէմքն է Լեւոն Շանթ եւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճած է իբրեւ այդպիսին։ Տաղանդաշատ գրագէտը, ներհուն մտաւորականը, անձնուէր հասարակական գործիչը եւ սերնդակերտ մանկավարժը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդն ու Մեծ Հայը՝ Հայու Ամբողջական ԵՍն է Լեւոն Շանթ։
Անխոնջ ու առասպելական եղաւ Շանթի աշխատունակութիւնը, որ բեղուն ու բարձրորակ հարստութիւն կտակեց հայ ժողովուրդի սերունդներուն՝ իբրեւ լուսաւորիչ ու ճառագայթող ժառանգութիւն մը հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։
Այդպէ՛ս. Նահապետեան Սեղբոսի զաւակը եւ հօր անունով Սեղբոսեան Լեւոն անուանակոչուած Լեւոն Շանթը, իր կեանքով ու գործով, այլեւ ու մանաւանդ իր աշխարհայեացքով՝ եղաւ ամբողջական անհատականութեան մը եւ մեծադիր ԵՍի մը ճառագայթող խտացումը, որ իր անձին, կեանքին ու գործին առինքնող օրինակով յաւերժացուց Հայ Գրականութեան եւ հայութեան Ազգային Ինքնութեան վսեմաշուք ԵՍը։
Ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման մնայուն ձգտումը, իբրեւ իր ողջ էութիւնը տոչորող ներքին կրակ, հանդիսացաւ շարժիչ ուժը եւ անխոնջ աշխատանքի կենարար աղբիւրը Շանթի ողջ կեանքին, անոր ստեղծագործական թէ հասարակական գործունէութեան։
Շանթի կենսագրութիւնը ինքնին յուզիչ եւ բարդ պատմութիւնն է իբրեւ Մարդ եւ Հա՛յ Մարդ անոր ինքնակատարելագործման մնայուն պայքարին։
Պոլիս ծնած, Սկիւտարի վարժարանին մէջ իր նախնական կրթութիւնը ստացած, մանուկ տարիքին որբացած եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մուտքի քննութեան յաջողած Սեղբոսեան Լեւոնը, ամբողջական հայու իր ինքնազարգացման առաջին ոստումը կատարեց, երբ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու կազմաւորումը մէկ ու միակ շաղախի վերածեց եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ արեան կանչէ բխող այդ նուաճումին։
Խառնուածքով խոհուն եւ յուզաշխարհով բանաստեղծ Լեւոն Շանթի անբեկանելի անհատականութեան ինքնակատարելագործման օրրանը եղաւ Գերմանիան, ուր 1892էն մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց մէջ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։
Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնը եղաւ։
Մինչեւ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումն ու հասունացումը, Լեւոն Շանթ իր բանաստեղծութիւններով ու արձակով՝ վիպակներով, արդէն դրսեւորած էր ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայ իրականութեամբ՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախը դարձած էր հազիւ երիտասարդ Շանթի։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին Թիֆլիս հաստատուելով ու մանկավարժական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով՝ Շանթ աւելիով խորացուց իր պայքարը՝ յանուն հայկական ինքնութիւնը եսապաշտութեան, քաղքենիութեան եւ նիւթապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու առաքելութեան։
Յատկապէս թատերական իր գործերը լրիւ յագեցան Հայու ԵՍը իր ինքնահաստատման դարաւոր ձգտումով թեւաւորելու, հայու գեղջկական պարզութեամբ ու վեհութեամբ զարգացնելու, խորացնելու եւ կատարելագործելու բանաստեղծականութեամբ։
Լեւոն Շանթ երկար ապրեցաւ եւ հայ ժողովուրդի համար վերելքի, անկումի, վերականգնումի եւ տառապագին մաքառումներու այդ դժուարին ժամանակները ցմրուր ճաշակեց ու բառին ամբողջական առումով ապրեցա՛ւ։
Շարունակ կանգուն մնաց ու գործեց հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերուն վրայ, Թիֆլիսի գրական-մշակութային զարթօնքին մեծարժէք դրօշակիրներէն դարձաւ, հայ ազգային-ազատագրական շարժումին հաւատաւոր եւ լուսաւոր առաջնորդներէն եղաւ, սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու հոգեմտաւոր զարգացման մեծ դաստիարակը հանդիսացաւ եւ երբ հնչեց նորանկախ Հայաստանի քաղաքական-պետական կեանքին տիրութիւն ընելու ժամը՝ անվարան նետուեցաւ գործի ասպարէզ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական ամէնէն դժուարին բանակցութիւններուն իր ներդրումը կատարելով ու ազգային անկորնչելի արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ շահերուն անզիջող պահապանը դառնալով։
Եւ ո՛ւր որ ալ ճակատագիրը տարաւ զինք՝ Լեւոն Շանթ ողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման դարու զէնքերով մշակուած ու յղկուած էր եւ միշտ յառաջ կը մղուէր Ամբողջական Հայն ու Ամբողջական Մարդը մարմնաւորելու ձգտումով։
Այդ իմաստով ալ Հայկական ԵՍին ամէնէն ազնուական եւ վսեմաշուք ճառագայթումը եղաւ Լեւոն Շանթ, որ «Հին Աստուածներ»ու գլխաւոր հերոսին՝ Վանահօր բառերով եւ փոխաբերական պատկերով պատգամեց, թէ՝
«... Իմ փնտռածս աշխատա՛նքն է, ներքին անդուլ ու անկաշկանդ որոնումը՝ ներքին անվերջ նուաճումները բարձունքէ բարձունք, պարիսպէ պարիսպ, տարակոյսներու անդունդներուն վրայէն, ելքերով ու անկումներով. անդադար խոյանք մը դէպի ճշմարտութիւնը։ Գացէ՛ք, գացէ՛ք ներս, դուք՝ ձեր եկեղեցին, ես ալ երթամ շինեմ ի՛մ եկեղեցիս, բայց այս անգամ ե՛ս, միա՛յն ես, եւ կերտուածք մը, որ վայել ըլլայ իմ Աստծուս բնակութեանը, որու կամարներուն տակ իմ խնկելիք աղօթքիս ո՛չ մէկ բառը կեղծ չհնչէ, ո՛չ մէկ բառի արձագանգը դատարկ չհնչէ։
«... Իմ տաճարիս հիմքը իմ բանականութիւնս պիտի ըլլայ, սիւները՝ իմ կամքս է, ու գմբէթն ալ ըլլալու է հաւատքս։
«... Քանի կ’ապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք մեր Աստծուն իր տաճարը. շինենք ու փլի, շինենք ու քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ Աստծու...
«... Ամէնէն ստոր հոգիները միայն հայհոյել կրնան այն Աստծուն, որուն երբեմն երկրպագեր են»։
Շանթի մտածումներէն հետեւեալ քաղուածքը թող հաղորդութեան ծաղկեփունջ մը ըլլայ ընթերցողին համար, նուիրուած՝ Մեծանուն Հայու ծննդեան 147րդ տարեդարձին.
- Ով ջարդուած է, բնականաբար, կը քաշուի մէջտեղէն, ով յոգնած է, կը նստի, բայց ատով ոչինչ չի փոխուի: Եւ քաշուողներուն տեղը կու գան նորերը, մէկ նստողին տեղը ոտքի կ’ելլեն ուրիշները: Եւ եթէ այսօր մենք բոլորս ալ քաշուինք ասպարեզէն, վաղը հրապարակ կու գայ նոր սերունդը՝ հին դրօշակը բարձր պահած իր ձեռքին, որովհետեւ անիկա ալ ապրիլ պիտի ուզէ իր ազգային կեանքովը: Վերջապէս պէտք է հասկնանք, որ ինքն իր տեղը ըլլալու եւ իր տիրապետութեան հասնելու պահանջը իմ ու քու հնարած խաղը չէ, ո՛չ մեզմով է սկսած եւ ո՛չ մեզմով կը վերջանայ:
- Իր կամքէն ու պետականութենէն զրկուած ժողովուրդ մը, ինչքան ժամանակ որ կ’ապրի, միշտ պիտի ձգտի, անխուսափելի կերպով պիտի ձգտի իր կամքն ու իր ազատ պետութիւնը ձեռք բերելու: Կը կարողանայ, թէ ոչ՝ ատիկա տարբեր հարց է, բայց որ պիտի տենչայ ու ձգտի՝ ատոր տարակոյս չկայ:
Հէնց որ դադրեցաւ այդ պահանջը, հէնց որ մեռաւ անկախութեան ձգտումը, կը նշանակէ սկսուած է ժողովուրդին հոգեվարքը: Իր ջիղերուն ու հոգիին մէջ կենսունակութիւն զգացող ժողովուրդ մը հրաժարիլ չի կրնար երբեք իր այդ ամենաբնական ձգտումէն:
- Հայ ժողովուրդը, որ իր քսանեօթ դարերու գոյութեան ընթացքին իր կեանքին կէսը հպատակ է ապրած, միշտ ձգտեր է ձեռք բերելու իր թանկագին կորուստը, եւ կռիւ է մղեր աշխարհիս ամէնէն հզօր բռնապետութիւններուն դէմ՝ հասնելու համար կամ պահելու համար իր անկախութիւնը։
- Այո, կրնանք, կրնայ պատահիլ: Կռուի մէջ նետուողը ե՛ւ կը վիրաւորուի, ե՛ւ կրնայ մեռնիլ: Բայց մեռնելէն վախեցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ, ոչ ալ իրաւունք ունի ապրելու, իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն: Եւ իր վախովը ան չ’ազատիր մեռնելէ. միայն կը մեռնի քաշքշուելով, հիւծուելով, արհամարհուելով ու ոտքի տակ երթալով:
Ն.