Մարտ 30ի այս օրը, 153 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան օրուան գահակալին «սուլթանական հրովարտակով»՝ պաշտօնական վաւերացումի արժանացաւ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի ազգային ինքնահաստատման եւ ինքնակազմակերպման երկա՜ր ու դժուարին ճամբուն վրայ, Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը կը հանդիսանայ կարեւորագոյն նուաճում մը եւ միանգամայն առաջին հիմնարար անկիւնաքարը ինքնորոշման մեր իրաւունքին նուիրագործման։
Դիւրին չեղաւ ձեռբերումը սուլթանական «վաւերացում»ին, որովհետեւ ինչպէս որ «կայսերական հրովարտակին» վերաբերեալ Օրմանեան Պատրիարք նշած է իր «Ազգապատում»ին մէջ, սուլթանը ամբողջ 34 ամիս ձգձգեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովին կողմէ 1860ի Մայիս 24ին որդեգրուած Ազգային Սահմանադրութեան պաշտօնական ճանաչումը օսմանեան պետութեան կողմէ։
Այո՛, հայոց Զարթօնքի Սերունդին մղած անվհատ պայքարին շնորհիւ էր, որ արեւմտահայութիւնը յաջողեցաւ ազգային իր կեանքի ժողովրդավարական կազմակերպման հիմերը դնել ու ամրապնդել, ի հեճուկս թրքական պետութեան կողմէ յաճախակի, պատեհ թէ անպատեհ ամէն առիթով տարածուած այն ստայօդ քարոզչութեան, թէ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներէն իսկ թուրք քաղաքական միտքը, իբր թէ «ամենայն լայնախոհութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ», յարգած է եղեր կրօնքը եւ համայնքային կառոյցներն ու ազատութիւնները իր իշխանութեան տակ ապրող ժողովուրդներուն։
Պատմութիւնը, սակայն, որ իրողութեանց եւ ճշմարտութեանց միակ վստահելի արձանագրողն է, ըստ ամենայնի կը յորդի հակառակը փաստող ապացոյցներով։
Իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը այն է, որ բուռն պայքարներու գնով հայ ժողովուրդը կրցաւ իր ազգային-կրօնական իրաւունքները պահպանել թրքական պետութեան բռնակալ ճնշումներուն եւ ոտնակոխումներուն դէմ։
Աւելի՛ն. 1860ականներուն, Օսմանեան Կայսրութեան գահակալը, ընդհանրապէս իր բռնատիրական իշխանութիւնը պահպանելու մտասեւեռումով, չէր կրնար ընդունիլ, որ սահմանադրական կարգերու հաստատման փորձ կատարուի իր տիրակալութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերէր «միլլէթ»ի մը՝ ազգային-կրօնական փոքրամասնութեան մը ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման մէջ ժողովրդավարական տարրական կանոններու կիրարկումին։
Իսկ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը սոսկ ներ¬համայնքային կեանքի կազմակերպման հետամուտ կանոնադրութիւն մը չէր, նոյնիսկ եթէ պաշտօնական անուանումը այդպիսին էր՝ կանոնագրութիւն էր (Նիզամնամէ) օսմաներէնով։
Արեւելեան կողմն Հայաստանի, ուր Ցարական Կայսրութիւնը հաստատած էր իր տիրակալութիւնը՝ իբրեւ «քրիստոնեայ» եւ հայոց «ազատարար» պետութիւն, ռուս միապետական իշխանութիւնը փութացած էր մշակելու եւ պարտադրելու իր լուծը ամրագրող կանոնագրութիւն մը՝ Պոլոժենիան, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառոյցն ու կազմակերպական կեանքը ամբողջապէս Ցարի հակակշռին տակ առնելով։
Մինչդեռ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ թէ արեւելեան՝ հայկակա՛ն նահանգներուն մէջ, 1850ականներուն արդէն, բուռն պայքար ծաւալած էր յանուն հայութեան կեանքը ժողովրդավարական մասնակցութեան սկզբունքներով ղեկավարելու իրաւունքին։
Առաջացած էին հակադիր երկու ճակատներ. մէկ կողմը կղերամիտ եւ պահպանողական հոգեւորականներն ու ազգային ջոջերն էին՝ ամիրաներու եւ սեղանաւորներու ներկայացուցիչներով, իսկ միւս ճակատին վրայ խմբուած էին ազատախոհ մտաւորականները, որոնց աջակից էին նաեւ լուսամիտ հոգեւորականները եւ նոր կազմաւորուող քաղքենի խաւի, արհեստաւորներու (էսնաֆ) յառաջադէմ տարրերը։
Աշխարհաբարի որդեգրման եւ համընդհանուր ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջանն էր արեւմտահայոց համար։ Եւրոպա ուսանած, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր 1848ի յեղափոխական պոռթկումներուն ականատես ու մասնակից դարձած խումբ մը հայ երիտասարդ մտաւորականներ, վերադառնալով Երկիր՝ յառաջդիմական իրենց գաղափարներով արթնցուցած էին Պոլսոյ թէ գաւառներու հայութիւնը։
Նոյնինքն Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդհանրապէս յայտնուած էր Եւրոպայէն տարածուող ժողովրդավարական գաղափարներու ուժեղ հոսանքին տակ, մանաւա՛նդ Պոլսոյ մէջ, ուր մամուլը հսկայաքայլ զարգացում կþապրէր եւ կþընդարձակէր ժողովրդային լայն բազմութիւններուն հասնելու իր ազդեցութեան շրջագիծը։
Քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ձեռքբերման համար տակաւ սաստկացող համընդհանուր այդ պայքարի մթնոլորտին մէջ, արեւմտահայ զարթօնքի շարժումը կեդրոնացած էր Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման վրայ, որովհետեւ օսմանեան օրէնքով իսկ Հայոց Պատրիարքութեան փոխանցուած էր կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն ոչ միայն հոգեմտաւոր կեանքի, այլեւ քաղաքացիական իրավիճակին առնչուող բոլոր հարցերու կարգաւորման լիազօրութիւնը, անշուշտ սուլթանական բռնակալ հակակշռին տակ։
Պատրիարքարանի ղեկավարման եւ այդ ճամբով հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքացիական կեանքի կարգաւորման ամբողջ գործունէութիւնը կղերի ու պահպանողական իշխանաւորներու մենաշնորհէն, կամայականութենէն եւ սուլթաններու ստրկամիտ ծառայութենէն դուրս բերելու, այլեւ ժողովուրդի լայն խաւերուն ներգործօն մասնակցութեամբ հակակշռելու Զարթօնքի շարժումը յաղթական մակընթացութեան փուլ թեւակոխեց 1853ին։
Պատրիարքութեան Ազգային Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովներու միացեալ նիստը, այդ տարի, տեղի տալով համաժողովրդային թափ ստացած ազատախոհ ճակատի ճնշման առջեւ, որոշեց կեանքի կոչել հայութեան կրթական կեանքի ղեկավարման յատուկ մարմին մը՝ «Ուսումնական Խորհուրդ» անունով, որուն պէտք է փոխանցուէր հայոց ազգային թէ մասնաւոր վարժարաններու եւ կրթական հաստատութեանց մատակարարման եւ մանկավարժական հունաւորման ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։
Յատկանշականը այն էր, որ նորաստեղծ «Ուսումնական Խորհուրդ»ին անդամ նշանակուեցան Եւրոպայէն ուսումնաւարտ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներ։ Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ն. Պալեան, Ս. Վիչէնեան (Սերվիչէն), Կարապետ Իւթիւճեան, Մկրտիչ Աղաթոն եւ Գրիգոր Աղաթոն անունով այդ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով լծուեցան հայեցի ուսումնական ծրագիրներու բարեկարգման եւ ընդհանրապէս հայոց կրթական կառոյցներու ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմերու վրայ դնելու աշխոյժ աշխատանքին։ Բնականաբար անոնք բախեցան իշխող մտայնութեանց յարուցած բազմատեսակ խոչընդոտներուն, բայց ոչ միայն տեղի չտուին, այլեւ բարեկարգչական եւ ժողովրդավարացման իրենց պայքարի ծիրը ընդլայնեցին՝ ամբողջ Պատրիարքարանի գործունէութիւնը կանոնակարգելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալով։
Տարիներու վրայ երկարեցաւ անոնց պայքարը, բայց այդ ժամանակամիջոցին մշակուեցաւ եւ բուռն հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ բիւրեղացաւ սահմանադրական ու կանոնադրական սկզբունքներու ամբողջ շարք մը, որ Հայոց Պատրիարքի ընտրութենէն եւ հրաժարեցումէն մինչեւ ազգային իշխանութեանց տարբեր օղակներու կազմաւորման, իրաւասութեանց յստակեցման ու զատորոշման հարցերը օրէնսդրական ու ժողովրդավարական կարգաւորումի ենթարկեց։
Սահմանադրական սկզբունքներու, օրէնքներու եւ կանոններու այդ ամբողջութեան առանցքն ու առաջատար գաղափարը եղաւ հայ ժողովուրդին լիարժէք մասնակցութեան ապահովումը եւ ժողովրդային հակակշռի գերակայութեան հաստատումը Ազգի Գործերու յանձանձման ու ղեկավարման մէջ։
Ահա այդ բարեկարգումներու ամբողջութիւնն էր, որ ստացաւ Ազգային Սահմանադրութիւն անուանումը եւ, յետ երկարատեւ բախումներու եւ ազատախոհական տրամադրութիւններու յաղթական տարածումին, 1860ի Մայիս 24ին ի վերջոյ որդեգրուեցաւ Հայոց Պատրիարքութեան Ազգային Ժողովին կողմէ։
Եւ Ազգային Սահմանադրութեան այդօրինակ որդեգրումին ընդդիմացող պահպանողական շրջանակներն էին, որ ամէն միջոցի դիմեցին, որպէսզի խափանեն անոր վաւերացումը սուլթանական կառավարութեան կողմէ։ Ներքին կարգով հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան կիրարկումը Հայոց Պատրիարքին կողմէ առկախուեցաւ հաստատումէն տարի մը ետք, 1861ի Օգոստոս 26ին։ Բայց Սահմանադրութեան կողմնակիցները տեղի չտուին եւ սաստկացուցին սուլթանական վաւերացումը արագացնելու պայքարը։ 1862ին նոյնիսկ ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպուեցան Պոլսոյ հայութեան կողմէ՝ Սահմանադրութեան պետական-սուլթանական վաւերացումը պահանջելով։
Ահա՛ ժողովրդային այդ ուժեղ ճնշումը, նոյնպէս եւ եւրոպական արժէքներուն հետ քայլ պահելու Օսմանեան Կայսրութեան բարեկարգումի ընդհանուր հրամայականը ստիպեցին Սուլթանին, որ 30 Մարտ 1863ին պաշտօնապէս վաւերացնէ Ազգային Սահմանադրութիւնը։
Անշուշտ սուլթանական վաւերացման արժանացած Կանոնագրութիւնը կարեւոր չափով կրտեց 1860ին հաստատուած Սահմանադրութիւնը։ Անոր 150 յօդուածները զեղչելով հասցուց 99ի՝ դուրս ձգելով Պատրիարքութեան հիմնական որոշումներուն կայացման մէջ ժողովրդային ու աշխարհական մասնակցութեան իրաւունքն ու գերակշռութիւնը ամրագրող կարեւոր կէտերը։
Այսուհանդերձ՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմք ծառայեց արեւմտահայոց ազգային կեանքի կազմակերպական վերակառուցումին՝ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկման ուղղութեամբ։ Ազգային Սահմանադրութիւնը գործեց մինչեւ 1896, երբ սուլթան Համիտ առկախեց անոր կիրարկումը։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք անիկա վերստին կեանքի կոչուեցաւ, բայց 1915ի ցեղասպանական մեծ ոճիրէն ետք եւ քեմալական կարգերու հաստատումով՝ ենթարկուեցաւ պետական նոր կաշկանդումներու։
Աւելի քան մէկուկէս դար անցած է այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։ 19րդ դարու երկրորդ կէսը հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ամէնէն բուռն դարձակէտը կազմեց։ Հայկական Յեղափոխութեան բռնկումն ու բոցավառումը ուղղակիօրէն արագացուցին հայ կեանքի ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմքի վրայ հաստատելու եւ ամրապնդելու Ազգային Զարթօնքի շարժումը։ Այսօր չկայ Օսմանեան Կայսրութիւնը։ 1915էն 1923 հայ ժողովուրդը մեծ մասով ջարդուեցաւ եւ իր հայրենի բնօրրանէն արմատախիլ եղաւ ու աշխարհացրիւ դարձաւ։ Արեւելեան կողմն հայաշխարհի, մեր ժողովուրդը հերոսական իր արեան գնով անկախ հայրենիք կերտեց եւ ազգային պետականութիւն հիմնեց։
Քսաներորդ դարու ողջ ընթացքին հայ ժողովուրդը արդի դարաշրջան մուտք գործեց տարահուն երկու ուղղութիւններով։ Բայց պատմակշիռ այդ զարգացումներու բովին մէջ իր կեանքը շարունակեց Ազգային Սահմանադրութիւնը, պատշաճեցաւ հայութեան սփիւռքեան կեանքի պայմաններուն եւ մասնակի փոփոխութիւններով շարունակեց հիմքը կազմել սփիւռքահայ հայօճախներու ազգային կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարումին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու թեմերը համապատասխան հունի մէջ պահելով եւ առաջնորդելով։
Ազգային Սահմանադրութիւնը հայ ժողովուրդի մերօրեայ իրականութեան լիարժէք համապատասխանեցնելու պահանջը շատոնց հասունցած է։ Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով՝ նաեւ այժմէական ու հրատապ կարեւորութիւն ստացած է այդ պահանջը։ Եկած է ժամանակը, եթէ ուշացած չէ արդէն, որպէսզի նոյնինքն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն սկսելով եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը հունաւորող բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն վրայ տարածուելով, 21րդ դարու ժողովրդավարացման ընդհանուր հունին մէջ վերամշակուի, ամբողջացուի ու վերահաստատուի հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ համահունչ մեր ժամանակներու հայ կեանքի առանձնայատկութեանց եւ առաջնահերթութեանց։
Հայաստանի քառորդ դարու անկախութեան բարիքներէն մէկն ալ եղաւ այն, որ նաեւ հայրենի հողի վրայ սկսան աւելի ազատ եւ բարձրաձայն հնչել Ազգային Սահմանադրութեան ոգիով եւ տառով ազգային-կրօնական մեր կեանքն ու կառոյցները վերակազմակերպելու՝ ժողովրդավարացնելու պահանջները։
Ն.