altՄարտ 24ին կը տօ­նենք ծննդեան 143րդ ­տա­րե­դար­ձը ա­ռա­քե­լա­տիպ մեծ ­Հա­յուն՝ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի, որ իր կեանքն ու գոր­ծը ան­սա­կարկ ու ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րի ու ո­րա­կի ինք­նա­մաքր­ման, կա­տա­րե­լա­գործ­ման եւ բիւ­րե­ղաց­ման սուրբ նպա­տա­կին։

­Բազ­մաշ­նորհ ու տա­ղան­դա­շատ մտքի մշակ, ազ­գա­յին-պե­տա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ եւ քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան անձ­նո­ւէր ա­ռաջ­նորդն է ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, որ իր 74 կեան­քին վեր­ջին 26 տա­րի­նե­րը ան­ցուց տա­րագ­րու­թեան մէջ՝ ­Պէյ­րութ, ­Լի­բա­նան, իբ­րեւ մեծ ման­կա­վար­ժի եւ հան­րա­յին դաս­տիա­րա­կի իր ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պե­լով ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նին։

Աղ­բա­լեա­նի թե­ւա­ւոր խօս­քե­րուն կը պատ­կա­նի «­Ճե­մա­րա­նը մի տա­ճար է, ուր կ­’ա­ղօ­թեն հայ մշա­կոյ­թի սուր­բե­րուն» բա­նա­ձե­ւը, որ միա­ժա­մա­նակ լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէ բնու­թա­գի­րը Աղ­բա­լեան ­Մեծ ­Հա­յուն, ո­րուն անձն ու վաս­տա­կը անլ­ռե­լի ա­ղօթք մը ե­ղան ի պահ­պա­նու­թիւն եւ օրհ­նու­թիւն հայ մտքի եւ ա­րո­ւես­տի սրբու­թիւն­նե­րուն։

­Միա­ժա­մա­նակ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին գա­ղա­փա­րա­կան եւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն խո­րա­սոյզ մեկ­նա­բանն ու քա­րո­զիչն է Աղ­բա­լեան, ո­րուն Ն. ­Հան­գոյց ստո­րագ­րու­թեամբ «Մ­տա­ծում­ներ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­սին» եւ «­Մեր ­Կա­նո­նա­գի­րը» խո­րագ­րով աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ սոր­վե­ցու­ցին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու։

Ա­յո՛, Աղ­բա­լեա­նի քա­րո­զած ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թիւ­նը շար­ժիչ ուժն ու կի­զա­կէտն է ­Հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման ու հա­յու­թեան ազ­գայ­նաց­ման այն մեծ դա­ւա­նան­քին, ո­րուն յա­ռա­ջա­պահ պատ­գա­մա­խօ­սը դար­ձաւ, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէ՛ս, Աղ­բա­լեան ­Նի­կոլ ինք։ ­Բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն եւ հա­մադ­րող ի­մաս­տով՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն գա­ղա­փա­րին խտա­ցու­մը Աղ­բա­լեան գտաւ եւ նո­ւի­րա­կա­նա­ցուց ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թեան մէջ, որ ըստ ա­մե­նայ­նի զերծ է կու­սակ­ցա­պաշ­տու­թեան ա­րատ­նե­րէն եւ այ­լա­մերժ կու­սակ­ցա­կա­նու­թե­նէն։

­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտ­քին եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ա­նե­րեր դրօ­շա­կիրն է ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, որ ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ՝ բո­լո­րա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան լծո­ւե­ցաւ հոն, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը կա­րի­քը ու­նէր իր տա­ղան­դին, ի­մաս­տու­թեան եւ կամ­քի ու­ժին։ Եւ ուր որ ալ գոր­ծեց, Աղ­բա­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ՀԱՅԱՑՄԱՆ եւ ­Հայ ­Ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ո­րա­կին բիւ­րե­ղաց­ման ծա­ռա­յե­լու իր կո­չու­մին։

Ք­սա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէին ե՛ւ ֆի­զի­քա­կան-ժո­ղովր­դագ­րա­կան, ե՛ւ հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռում­նե­րով հա­յաց­ման՝ հայ ազ­գա­յին ո­րա­կի ինք­նա­մաքր­ման եւ վե­րա­թար­մաց­ման մար­տահ­րա­ւէ­րը։ ­Դա­րա­ւոր գե­րու­թիւ­նը ոչ միայն ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը վե­րա­ծած էր ե­կո­ւոր եւ հա­յա­մերժ տար­րե­րով բնա­կո­ւած խառ­նա­րան երկ­րի մը, այ­լեւ ա­ւե­լի հիմ­նա­կա­նը՝ այ­լա­սեր­ման ու տժգու­նաց­ման դա­տա­պար­տած էր հայ ազ­գա­յին կեր­պա­րը։

­Պարս­կա­կան, Օս­մա­նեան թէ ­Ցա­րա­կան տի­րա­պե­տու­թեանց տակ տարտղ­նո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն ա­մէն քայ­լա­փո­խի կռնա­կէն դա­շու­նա­հար կ­’ըլ­լար ե­կուոր եւ հա­յա­մերժ տար­րե­րու կող­մէ, այ­լեւ՝ կը բա­խէր իր իսկ շար­քե­րը վա­րա­կած ստրկա­կան հա­մա­կեր­պու­մի եւ սե­փա­կան մոր­թը ա­մէն գնով փրկե­լու ­Չա­րի­քին։ ­Հա­յը ներք­նա­պէս կորսն­ցու­ցած էր իր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն ու ո­րա­կը բնո­րո­շող ու պայ­մա­նա­ւո­րող ար­ժէք­ներն ու ար­ժա­նիք­նե­րը։ Ա­զատ ու ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի եւ հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի ա­րար­ման հա­մար ա­մէն կար­գի բռնու­թեան, կաշ­կան­դու­մի եւ ստրկաց­ման դէմ ծա­ռա­ցող ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի մարմ­նա­ւո­րած ՀԱ­Յը ու­ծաց­ման ան­դունդն ի վար թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի մէջ էր։

­Հարկ էր շրջել պատ­մու­թեան կոր­ծա­նա­րար ան­կու­մի ըն­թաց­քը։
­Հարկ էր վե­րա­կանգ­նել ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին նկա­րա­գիրն ու դէմ­քը՝ ե՛ւ էու­թեամբ, ե՛ւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով, ֆի­զի­քա­պէ՛ս։
­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ա՛յս ա­ռու­մով ե­ղաւ ա­ռա­քեա­լը հայ ազ­գա­յին ո­րա­կի եւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինք­նա­մաքր­ման եւ բիւ­րե­ղաց­ման մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ըն­դա­ռա՛ջ քա­լե­լով, յաղ­թա­կա՛ն սլացք նո­ւա­ճե­լով։

Ծ­նած ­Թիֆ­լիս՝ 1873ի ­Մարտ 24ին, Աղ­բա­լեան հա­մեստ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ էր։ ­Թիֆ­լի­սի ­Նե­սի­սեան վար­ժա­րա­նը եւ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չու­թեան եւ գրա­կան-քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ ա­տե­նի թիֆ­լի­սեան հե­ղի­նա­կա­ւոր «­Մուրճ» ամ­սագ­րին՝ ան­մի­ջա­պէս ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւե­լով եւ հռչա­կի ար­ժա­նա­նա­լով։ ­Հա­կա­ռակ նիւ­թա­կան իր ան­ձուկ պայ­ման­նե­րուն, ա­մէն ճիգ թա­փեց եւ յա­ջո­ղե­ցաւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւիլ ­Մոս­կո­ւա­յի, ­Փա­րի­զի եւ ­Լօ­զա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն Աղ­բա­լեան միա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ իր ամ­բողջ կեանքն ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­պեց իր պաշ­տած կու­սակ­ցու­թեան, ո­րուն հո­գեմ­տա­ւոր եւ բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րու ստեղծ­ման մէջ ան­զու­գա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ։

1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ի­րա­գոր­ծեց հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հի հա­յաց­ման իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը։ ­Ռու­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան ա­զա­տա­խոհ ու յա­ռա­ջա­դէմ ար­ժէք­նե­րով հայ գրա­կան-մշա­կու­թա­յին կեան­քը պա­տո­ւաս­տե­լու եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ազ­գա­յին ու­ղին հու­նա­ւո­րեց։ Ե­ղաւ ան­բա­ժան զի­նա­կի­ցը ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի, ո­րուն հետ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ ­Թիֆ­լի­սի հայ ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան «­Վեր­նա­տան հան­դի­պում­ներ»ու կազ­մա­կեր­պու­մին եւ աշ­խու­ժա­ցու­մին։ ­Դար­ձաւ դրօ­շա­կի­րը գրա­կան այն մեծ շար­ժու­մին, որ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր բազ­մա­դա­րեան հարս­տու­թեան վե­րա­նո­րո­գու­մին մէջ տե­սաւ եւ հաս­տա­տեց վա­ղո­ւան հայ մշա­կոյ­թի ո­րա­կա­կան ոս­տու­մին ա­կունք­նե­րը։

1909էն 1912 Աղ­բա­լեան վա­րեց ­Թեհ­րա­նի հա­յոց ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, իսկ 1913ին՝ ­Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նի հետ խմբագ­րեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հո­րի­զոն»ը, որ մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տումն ու ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը, ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, կա­տա­րեց հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­մի մեծ գործ՝ ամ­բող­ջաց­նե­լով ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ­Պոլ­սոյ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ին, որ ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մտա­ւո­րա­կան հնոց դար­ձած էր։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի ստեղ­ծու­մին՝ իր հե­ղի­նա­կու­թիւնն ու կազ­մա­կեր­պա­կան շնոր­հը ծա­ռա­յեց­նե­լով ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին ու յաղ­թար­շա­ւին։ Իսկ երբ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին հետ Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տը լե­ցո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեամբ, Աղ­բա­լեան հո­գա­ծու հօր անձ­նո­ւի­րու­մով փա­րե­ցաւ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման, սնման եւ բուժ­ման դժո­ւա­րին գոր­ծին։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մով՝ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­ցաւ յա­ջոր­դա­բար ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նին՝ 1918-1919 պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ մեծ ներդ­րում ու­նե­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նը թա­թար­նե­րէ մաք­րե­լու գոր­ծին մէջ։ 1919էն սկսեալ, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ստանձ­նե­լով ­Լու­սա­ւո­րու­թեան նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, Աղ­բա­լեան հի­մը դրաւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին, ինչ­պէս եւ ստանձ­նեց հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ գրող­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու (նոյ­նիսկ ­Չա­րեն­ցի օ­րի­նա­կով այ­լա­խո­հա­կան­նե­րու եւ հա­մայ­նա­վա­րա­միտ­նե­րու), ի սպաս հայ մշա­կոյ­թի եւ ա­րո­ւես­տի պե­տա­կան ծաղ­կու­մին։

­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք Աղ­բա­լեան իր կար­գին, ­Փետ­րո­ւար 9ին, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բանտ նե­տո­ւե­ցաւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց գոր­ծադ­րած չար­չա­րանք­նե­րէն եւ հա­ւա­տաքնն­չա­կան խժդու­ժու­թիւն­նե­րէն փրկո­ւե­ցաւ միայն ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան շնոր­հիւ, երբ ըմ­բոս­տա­ցած ժո­ղո­վուր­դը խու­ժեց բան­տե­րը եւ պոլ­շե­ւի­կեան կա­պանք­նե­րէն ա­զատ ար­ձա­կեց իր պաշ­տած հե­րոս­ներն ու մտա­ւո­րա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը։

Ապս­տամ­բու­թեան ընկր­կու­մէն ետք եւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հե­ռա­ցու­մին հետ, Աղ­բա­լեան ան­ցաւ Ատր­պա­տա­կան, ուր­կէ կարճ ժա­մա­նակ անց մեկ­նե­ցաւ Ա­ղեք­սանդ­րիա՝ Ե­գիպ­տոս։ ­Մին­չեւ 1928 ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց Ե­գիպ­տո­սի մէջ, ուր ­Լե­ւոն ­Շան­թի հետ «­Հայ Կր­թա­կան եւ Հ­րա­տա­րակ­չա­կան ­Հա­մազ­գա­յին ­Միու­թիւն»ը հիմ­նե­լով՝ եր­կու­քով ան­ցան ­Պէյ­րութ (­Լի­բա­նան), ուր 1930ին հիմ­նե­ցին ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Հայ ­Ճե­մա­րան»ը։

­Մին­չեւ 15 Օ­գոս­տոս 1947ի իր մա­հը, ­Լե­ւոն ­Շան­թի կող­քին ան­խոնջ կանգ­նե­լով՝ Աղ­բա­լեան ծա­ւա­լեց ե՛ւ ման­կա­վար­ժա­կան, եւ հա­յա­գի­տա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­Դա­սա­ւան­դեց ­Հայ Գ­րա­կա­նու­թեան ­Պատ­մու­թիւն, Գ­րա­բար հա­յե­րէն եւ ­Հայ ­Մա­տե­նա­գի­տու­թիւն, նաեւ ­Ժո­ղովրդա­յին Լ­սա­րան­ներ կազ­մա­կեր­պեց, որ­պէս­զի տա­րա­գիր ու գաղ­թա­կան հա­յու­թեան լայն բազ­մու­թիւն­նե­րուն փո­խան­ցէ հայ մշա­կոյ­թի եւ ա­րո­ւես­տի պաշ­տա­մուն­քը։

Այդ տա­րի­նե­րու իր տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը ե­ղան գրա­կան-քննա­դա­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան իր ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծե­րը։ Այդ շար­քին՝ «­Սա­յաթ-­Նո­վա» մե­նագ­րու­թիւ­նը, «­Հայ ­Մա­տե­նա­գի­տու­թիւն» դա­սա­գիր­քը, «Մ­տա­ծում­ներ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­սին» կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տու­թիւ­նը ու հա­մազ­գա­յին հնչե­ղու­թեամբ ա­ռան­ձին դէմ­քե­րու եւ դրո­ւագ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած իր յօ­դո­ւած­նե­րը։

­Յան­ձին ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի՝ հա­յու­թեան սե­րունդ­նե­րը ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ հպար­տու­թեան վա­րար աղ­բիւր ու­նե­ցան, ո­րով­հե­տեւ որ­քան բազ­մա­տա­ղանդ մտա­ւո­րա­կան, այն­քան ­Մեծ ­Հայ ե­ղաւ Աղ­բա­լեան իր հա­ղոր­դա­կան նկա­րագ­րով, անձ­նո­ւէր վար­քով եւ ան­բա­սիր գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ։
­Միշտ ­Հա­յու եւ ­Հայ­կա­կա­նի ո­րա­կը խտաց­նե­լու, վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ բիւ­րե­ղաց­նե­լու կո­չու­մով։
ՀԱՅԱՑՄԱՆ Ա­ռա­քե­լու­թեա՛մբ։

­Բա­րո­յա­կան Հս­կայ մըն է ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան՝ ար­ժա­նա­ւոր յա­ջոր­դը Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր Հս­կա­յին՝ ­Սիա­ման­թո­յի կող­մէ «աշ­խար­հիկ սուրբ» եւ «ըն­կե­րա­յին ­Նա­զով­րե­ցի» հռչա­կո­ւած ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի։

Իր ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով՝ Ն. Աղ­բա­լեա­նի ան­ձով, գոր­ծով ու մտա­ծում­նե­րով հա­ղոր­դո­ւե­լու յու­շա­տետ­րի այս կարճ պա­հը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Աղ­բա­լեան Ի­րա՛ւ ­Մար­դուն բնո­րոշ մտա­ծու­մի հե­տե­ւեալ շի­թե­րով՝ մար­դա­սի­րու­թեան, ըն­կե­րա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան, ան­կեղ­ծու­թեան եւ սի­րոյ մա­սին.-

«... ­Մեր ան­հա­տա­պաշտ դա­րում յա­ճախ է պա­տա­հում, որ մար­դիկ ըն­կե­րա­նում են՝ ա­ռանց մտա­ծե­լու, թէ ըն­կե­րու­թիւ­նը փո­խա­դարձ զի­ջում է, որ կա՛մ պէտք է սի­րով կա­տա­րել, կա՛մ ար­դա­րու­թեամբ: ­Լաւ է, ան­շո՛ւշտ, որ սի­րով կա­տա­րո­ւի, այն ժա­մա­նակ հա­շիւ չի պա­հո­ւի, ինչ­պէս մայրն իր ե­րե­խա­յի հան­դէպ, բայց գո­նէ ար­դա­րու­թեամբ պէտք է զի­ջեն կող­մե­րը, որ կա­րե­նան հաշտ ըն­թա­նալ:

­Զուր չէ, որ լուծ են ա­սել ա­մուս­նու­թեան մա­սին, կա­մո­վին ա­ռած լուծ՝ կեան­քի ա­կօ­սը վա­րե­լու: ­Բարդ է նոր մար­դու հո­գին եւ շատ զգա­յուն, սէրն ան­շուշտ ա­մե­նա­գէտ է եւ կա­րող է ա­մէն սուր ան­կիւն մա­շել մեղ­մօ­րէն, բայց սէրն այն­քան նոյ­նա­ցած է հի­մա սե­ռի հետ, որ ան­տես­ւում է եւ մար­դու աչ­քին ե­րե­ւում է, որ կա­րող է կորց­նել իր թար­մու­թիւ­նը: ­Մար­դը սի­րե­լով կին պէտք է առ­նել եւ ոչ կին սի­րե­լով մարդ ո­րո­նել նրա մէջ: Երբ մար­դը սի­րո­ւի կնոջ մէջ՝ նա վախ չու­նի տա­րի­քից, ո­րին օգ­նել չեն կա­րող ոչ հա­գուս­տի նոր ձե­ւը եւ ոչ շպա­րը...

«Եր­կար ապ­րե­լու չէք. ա­մե­նա­շա­տը հա­րիւր տա­րի. ու­րիշ ան­գամ աշ­խարհ գա­լու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յե­տոյ գա­լու է յա­ւեր­ժա­կան խա­ւար եւ հան­գիստ: ­Պէտք է խա­ղաղ ու սի­րով անց­նել կարճ ճամ­բան. հաշտ ու հա­մե­րաշխ: Ե­թէ մար­դիկ սո­վո­րու­թիւն դարձ­նեն վշտի, բար­կու­թեան, սրտնե­ղու­թեան եւ սրանց նման պա­հե­րին անդ­րա­դառ­նալ, որ առ­ջեւ­նե­րը մահ կայ՝ ա­մէն ինչ կը դիւ­րա­նայ եւ ան­սահ­ման նե­րո­ղամ­տու­թեամբ կը հա­մա­կո­ւեն ու թե­թեւ կ­’ապ­րեն այս աշ­խար­հում:

Ո­մանք սար­սա­փում են մա­հից, իմ աչ­քում նա մի մեծ բա­րիք է, որ ան­հու­նօ­րէն բարձ­րաց­նում է ա­մէն մի վա­յել­քի եւ հա­ճոյ­քի ար­ժէ­քը: Ե­թէ մտա­ծենք, որ այ­սօ­րը անց­նում է եւ վե­րա­դարձ չու­նի՝ պի­տի զղջանք, որ այդ անց­նող օ­րը դառ­նու­թիւն բե­րեց մեր պատ­ճա­ռով սրան կամ նրան, բայց մա­նա­ւանդ մեր սի­րա­ծին:

«Ինչ պի­տի տար սրտնե­ղու­թիւ­նը, վի­րա­ւո­րան­քը, ա­նու­շադ­րու­թիւ­նը, ար­հա­մար­հան­քը, մռայլ կնճի­ռը, զայ­րաց­կոտ խօս­քը, յար­գան­քի պա­կա­սը, հնա­րա­ւո­րի մեր­ժու­մը եւ սրանց նման անն­շան բա­նե­րը, որ խան­գա­րում են սի­րած մար­դոց ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը. յա­ւի­տեան ապ­րե­լո՞ւ ենք, միշտ ե­րի­տա­սա՞րդ պի­տի մնանք, դիւ­րի՞ն է լաւ կին ու բա­րե­կամ գտնե­լը. տիե­զե­րա­կան ու­ժե­րը վա­րում են մեզ դէ­պի մահ, ին­չո՞ւ ի­րար սիրտ կոտ­րենք այդ խու­ճա­պի մէջ, ին­չո՞ւ ի­րար չօգ­նենք, ի­րար վրայ չգուր­գու­րանք, ի­րար չսի­րենք, խէթ-խէթ ի­րար նա­յե­լով, ի­րար զար­կե­լով, ի­րար սիրտ կոտ­րե­լով ա­ւե­լի դան­դա՞ղ պի­տի վա­րէ տիե­զեր­քը մեզ դէ­պի մահ, նա, որ չգի­տէ իսկ, թէ մար­դիկ սի­րել ու ապ­րել գի­տեն»...

Ն.