Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դառն ու տխուր է­ջե­րը կը կազ­մեն ա­նոնք, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին «ներ­քին ցե­ցեր»ու մաք­րա­գոր­ծու­մին։ Վա­նի մէջ 23 Մարտ 1908ին կա­տա­րո­ւած դա­ւա­ճան Դա­ւո­յի ա­հա­բե­կու­մը այ­դօ­րի­նակ ծանր ու ճնշող էջ մըն է։

Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան իր «Ա­րիւ­նոտ Թթխ­մոր» պատ­մո­ւած­քով, իսկ Մալ­խաս իր «­Զար­թօնք»ով՝ սպա­ռիչ կեր­պով վի­պա­կա­նա­ցու­ցած են Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի այդ սեւ դրո­ւա­գը՝ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով ե՛ւ Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թեան բա­րո­յա­կան ա­մօ­թա­լի խոր­հուր­դը, ե՛ւ 16ա­մեայ պա­տա­նի Տա­ճատ Թեր­լե­մե­զեա­նի (1888-1982) ձե­ռամբ դա­ւա­ճա­նին ա­հա­բեկ­ման ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան, այ­լեւ գա­ղա­փա­րա­կան ինք­նա­մաքր­ման պատ­գա­մը։

Դ­հեր­ցի Դա­ւոն (­Դա­ւիթ) Վա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նեայ ան­դամ­նե­րէն էր. Կոմ­սի (բժիշկ Վա­հան Փա­փա­զեան) եւ Ա­րա­մի ղե­կա­վա­րու­թեան օ­րօք՝ պա­տաս­խա­նա­տու պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րած յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ էր։ Բայց ե­կաւ պահ, երբ ա­րա­տա­ւոր նկա­րագ­րի տէր այս գոր­ծի­չը սայ­թա­քե­ցաւ... բա­շին ծան­րա­գոյն ի­մաս­տով։

«Իմ Յու­շե­րը» ա­նու­նով իր գոր­ծին Ա. հա­տո­րի եզ­րա­փա­կիչ բաժ­նով՝ Կոմս լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է ընդ­հան­րա­պէս 1907ի վեր­ջե­րուն եւ 1908ի սկզբնա­ւո­րու­թեան Վա­նի ու շրջա­կայ­քի մէջ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դի­մագ­րա­ւած թրքա­կան ճնշում­նե­րուն եւ հա­րո­ւած­նե­րուն, ո­րոնց գա­գաթ­նա­կէ­տը հան­դի­սա­ցաւ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այն­քան դժո­ւա­րու­թեամբ ու ա­րեան գնով կու­տա­կո­ւած զէն­քե­րու եւ զի­նամ­թեր­քի պա­հեստ­նե­րը Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մատ­նե­լու Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նա­կան քայ­լին՝ Կոմս կը վկա­յէ.
Դա­ւօ սայ­թա­քե­ցաւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով, երբ Վա­նի յե­ղա­փո­խա­կան իւ­րա­յա­տուկ մթնո­լոր­տին մէջ ի­րեն վստա­հո­ւած մար­տա­կան «գոր­ծա­կա­տար»ի հան­գա­ման­քը չա­րա­շա­հեց՝ ընդ­հան­րա­պէս ոչ-մար­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հան­դէպ, յատ­կա­պէս «ե­կո­ւոր» ա­րե­ւե­լա­հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ «դրսե­ցիի» եւ «պա­րոն»ի թու­նա­ւոր հա­կատ­րա­մադ­րու­թիւն­ներ սրսկե­լով իր շրջա­պա­տէն ներս։

Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է, որ 1905ին Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ «­Կով­կա­սեան Նա­խա­գիծ»ի որ­դեգ­րու­մը, որ Սուլ­թա­նի բռնա­տի­րու­թեան դէմ պայ­քա­րին զու­գա­հեռ կ’ա­ռա­ջադ­րէր պայ­քար ծա­ւա­լել նաեւ Ցա­րի բռնա­պե­տու­թեան հա­կա­հայ վար­քագ­ծին եւ ըն­կե­րա­յին կե­ղե­քում­նե­րուն դէմ, ա­ռա­ջա­ցու­ցած էր Հ.Յ.Դ. շար­քե­րէն ներս բուռն դժգո­հու­թիւն եւ մին­չեւ ներ­քին պա­ռակ­տու­մի գա­ցող հա­կադ­րու­թիւն։ Խմ­բա­պետ Միհ­րա­նի օ­րի­նա­կով ա­րեւմ­տա­հայ մար­տա­կան վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ­ներ ղե­կա­վա­րե­ցին եւ հրահ­րե­ցին դժգո­հու­թեան այդ ա­լի­քը՝ «Թր­քա­հա­յոց Դա­տը» մէկ­դի նե­տե­լու մե­ղադ­րան­քին տակ առ­նե­լով Հ.Յ.Դ. ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ւե­լա­բար ա­րե­ւե­լա­հայ էին։

Դա­ւօ ան­շուշտ հա­մե­մա­տու­թեան եզր իսկ չու­նէր խմբա­պետ Միհ­րա­նի մար­տա­կան վաս­տա­կին ու հռչա­կին հետ, բայց իր չա­փով հե­տե­ւորդ մը դար­ձաւ Միհ­րա­նակու­թեան...
Եւ ինչ­պէս որ Միհ­րան ինք յան­գե­ցաւ ցա­րա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեանց ձեռ­քը հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիք դառ­նա­լու ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նին, նոյն­պէս եւ Դա­ւօ ին­կաւ Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան դա­ւա­ճա­նօ­րէն ծա­ռա­յե­լու տիղ­մին մէջ...
Դա­ւօ նաեւ բա­րո­յա­կան ա­ռու­մով սայ­թա­քե­ցաւ, երբ ա­մուս­նա­ցած եւ ըն­տա­նի­քի հայր ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ դաշ­նակ­ցա­կան պա­տա­նի ըն­կե­րոջ մը ե­րի­տա­սարդ քոյ­րը պղծեց ու յղի ձգեց...

Վա­նի «Ա­ղո­ւէ­սա­ձոր» ա­նու­նով յայտ­նի նեղ ու կի­սա­ւեր փո­ղո­ցին վրայ, միա­յարկ ու հիւ­ղա­կի նման հա­մեստ տան մը մէջ կ­’ապ­րէին որբ դաշ­նակ­ցա­կան պա­տա­նին եւ քոյ­րը։ Պա­տա­նին ամ­բողջ օ­րը կ’աշ­խա­տէր Վա­նի շու­կա­յին մէջ, իսկ քոյ­րը կը զբա­ղէր տան հո­գե­րով։ Դա­ւօ օգ­տո­ւած էր պա­տա­նիին բա­ցա­կա­յու­թե­նէն, զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի պա­հես­տա­ւոր­ման գոր­ծով իր շրջա­գա­յու­թեանց ըն­թաց­քին յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լած էր ա­նոնց տու­նը։ Իսկ երբ տե­ղե­կա­ցած էր, որ աղ­ջի­կը յղի մնա­ցած է՝ մեր­ժած էր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նել, ինչ որ զայ­րա­ցու­ցած էր նաեւ աղջ­կան պա­տա­նի եղ­բօր, որ կու­սակ­ցա­կան դատ բա­ցած էր Դա­ւո­յի դէմ։

Տե­ղը չէ ման­րա­մասն անդ­րա­դառ­նա­լու այդ ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րուն, բայց թէ՛ Կոմս, թէ՛ Ա­րամ ի­րենց յու­շե­րուն մէջ կը վկա­յեն, որ իր գոր­ծած պղծու­թեան բա­ցա­յայ­տու­մէն ա­ռաջ իսկ, Դա­ւօ ո­րո­շած էր վի­ժու­մի են­թար­կել աղ­ջի­կը, բայց վի­ժու­մի ծախ­սը հո­գա­լու հա­մար Ա­րա­մէն յի­սուն ոս­կիի օ­ժան­դա­կու­թիւն ու­զած էր՝ իբր թէ բան­տը գտնո­ւող իր հօր ա­զատ ար­ձա­կու­մը կա­շառ­քով յա­ջողց­նե­լու հա­մար։

Ա­րամ եւ Վա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար մար­մի­նը դէմ կե­ցած էին ընդ­հան­րա­պէս կա­շառ­քով հար­ցեր լու­ծե­լու մա­տե­ցու­մին։ Իսկ երբ կա­տա­րո­ւած պղծու­մը բա­ցա­յայ­տո­ւած էր եւ Կոմս իր մօտ կան­չած ու ազ­դա­րա­րած էր Դա­ւո­յին, ար­դէն սայ­թա­քու­մի լե­ցո­ւած բա­ժա­կը յոր­դած էր եւ Դա­ւօ դի­մած էր Վա­նի ոս­տի­կա­նա­պե­տին՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­պա­հեստ­նե­րուն տե­ղը ցոյց տա­լու դա­ւա­ճա­նու­թեամբ, փո­խա­րէ­նը կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ իր ըն­տա­նի­քին հետ ա­պաս­տան գտնե­լու խնդրան­քով։

Գայ­թակ­ղու­թեան ծալ­քե­րը, դա­ւա­ճա­նու­թեան ծան­րակ­շիռ նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ հա­յոց զի­նա­պա­հեստ­նե­րու առգ­րաւ­ման հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը լիար­ժէք ըն­կա­լե­լու հա­մար, կ­’ար­ժէ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցում մը փո­խան­ցել այդ ժա­մա­նակ Վա­նի մէջ տի­րող մթնո­լոր­տին մա­սին։

Վա­նի ամ­բողջ շրջա­նը, թէ՛ քա­ղա­քը եւ թէ Այ­գես­տա­նը, 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, կ’ապ­րէր գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան ե­ռուն ժա­մա­նակ­ներ։ Յատ­կա­պէս Ա­րա­մի Կար­սէն Վան գա­լէն ետք, Ար­մե­նա­կան­նե­րու հետ յե­ղա­փո­խա­կան իր զար­թօն­քը ապ­րած, Հն­չա­կեան­նե­րու հետ մար­տա­կան մկրտու­թիւն ստա­ցած եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ յե­ղա­փո­խա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ օժ­տո­ւած Վա­նը վե­րա­ծո­ւած էր Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի իս­կա­կան միջ­նա­բեր­դի։

Ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նպա­տա­կով զէն­քի ա­պա­հո­վու­մը եւ Վա­նի մէջ կու­տա­կո­ւած պա­հեստ­նե­րէն դէ­պի Երկ­րի խո­րե­րը զէն­քի փո­խադ­րու­թիւ­նը սուրբ գործ դար­ձած էր ոչ միայն յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն, այ­լեւ՝ նոյ­նինքն Վա­նի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Ս­տեղ­ծո­ւած էր, բնա­կա­նա­բար, յե­ղա­փո­խա­կան անձ­նո­ւի­րու­մի եւ ազ­գա­յին պա­տո­ւախնդ­րու­թեան խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ, ուր Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր վրայ վեր­ցու­ցած էր թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը՝ հա­յե­րու ա­մէն կար­գի հար­ցե­րուն իւ­րո­վի լու­ծում տա­լով։ Կազ­մո­ւած էր դա­տա­կան իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյց մը, որ մին­չեւ հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րը ճիւ­ղա­ւո­րո­ւած էր եւ յարգ ու վարկ վա­յե­լող հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած էր։

Այդ կա­ռոյցն էր, որ ըն­տա­նե­կան, տնտե­սա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս կեն­ցա­ղա­յին ա­մէն տե­սակ դժո­ւա­րու­թեանց ար­դա­րա­ցի լու­ծում տա­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ստանձ­նած էր։ Դաշ­նակ­ցու­թեան Կ.­Կո­մի­տէն մին­չեւ իսկ «Հ­րա­ման» կո­չո­ւած պաշ­տօ­նա­կան Յայ­տա­րա­րա­գիր մը ցրո­ւած էր ա­մէ­նու­րեք՝ ար­գի­լե­լով եւ պա­տիժ սահ­մա­նե­լով բա­րո­յա­կան ա­մէն կար­գի սայ­թա­քում­նե­րուն, վաշ­խա­ռու­թեան, դրա­մա­շոր­թու­թեան եւ այլ ա­րա­տա­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։

Ա­հա՛ նման պայ­ման­նե­րու եւ մթնո­լոր­տի մէջ, իր գոր­ծած ան­բա­րո­յա­կա­նու­թեան հա­մար ար­դար, այ­լեւ ծանր պա­տի­ժէ՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան «Հ­րա­ման»ով սահ­մա­նուած մա­հա­պա­տի­ժէն խու­սա­փե­լու մտօք, Դա­ւօ դի­մեց դա­ւա­ճա­նու­թեան Փետ­րո­ւար 18ին։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «աչ­քի լոյս»ի պէս պահ­պա­նեց Դա­ւո­յին, ո­րով­հե­տեւ Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­պա­հեստ­նե­րուն մա­սին ան բա­ւա­կա­նա­չափ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նէր։ Դա­ւո­յի մատ­նու­թեամբ՝ հինգ-վեց կա­րե­ւոր զի­նա­պա­հեստ­ներ բռնագ­րա­ւո­ւե­ցան թուրք ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց խու­զար­կու­թիւն­նե­րը ան­ձամբ կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր դա­ւա­ճա­նը։

Ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին Դա­ւօ դար­ձաւ մա­հա­պա­տի­ճի ար­ժա­նի «ցեց» մը։ Կոյս աղջ­կայ պղծու­մէն ա­ւե­լի ա­հա­ւոր եւ ծան­րակ­շիռ նկա­տո­ւե­ցաւ Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը։ Թէեւ նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դի ձեռ­քով զէն­քի պա­հեստ­նե­րը այ­լուր տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան եւ Դա­ւո­յի մատ­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս ան­զօր էին նոր պա­հես­տա­նոց­նե­րը յայտ­նա­գոր­ծե­լու, բայց ար­դէն ա­մէն սահ­ման կտրած-ան­ցած Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թեան ա­րա­տը մա­հա­պա­տի­ժով մաք­րե­լու ո­րո­շու­մը տրո­ւած էր։

Դա­ւո­յի ա­հա­բե­կու­մը յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ 16ա­մեայ Տա­ճատ Թեր­լե­մե­զեա­նի, որ յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թեամբ ի կա­տար ա­ծեց ի­րեն վստա­հո­ւած ազ­գա­յին պարտ­քը. Դա­ւօ օր ցե­րե­կով եւ ոս­տի­կան­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած՝ ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ բա­նուկ փո­ղո­ցի վրայ...
Կոմս հե­տե­ւեալ նկա­րագ­րու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է իր յու­շե­րուն մէջ՝ Դա­ւո­յի ա­հա­բեկ­ման մա­սին.

«­Մարտ 23ին (­Մարտ 10ին, հին տո­մա­րով) կա­տարուե­ցաւ ա­հա­բե­կու­մը։ Նոյն օ­րը, ի­րի­կո­ւան, Դա­ւոն Ահ­մէտ պէ­յի (­Վա­նի թուրք ժան­տարմ­նե­րու պե­տը, ո­րուն տու­նը ա­պաս­տա­նած էր Դա­ւօ - Ն.) տու­նին դի­մաց, ըստ սո­վո­րու­թեան կը սպա­սէր՝ իր ժահ­րը թա­փե­լու հա­մար ըն­կեր­նե­րու եւ նոր սե­րուն­դա­կան­նե­րու վրայ։ Ահ­մէտ պէ­յը, ինչ­պէս կը յի­շեմ, կանգ­նած է ե­ղած քիչ մը հե­ռու։

Հոն է ե­ղած նաեւ դա­ժան ոս­տի­կա­նա­պետ Հիւս­նի պէ­յը (բաղ­նիք­նե­րու առ­ջեւ)։ Այդ ա­տեն է, որ Տա­ճա­տը, շու­կա­յէն վե­րա­դար­ձին՝ ա­նակն­կա­լի կու գայ՝ տես­նե­լով Դա­ւոն, բայց պա­ղա­րիւն եւ ան­տար­բեր կը փոր­ձէ անց­նիլ։ Դա­ւոն մա­տի նշա­նով քո­վը կը կան­չէ Տա­ճա­տը։
«- Հը՜, ինչ­պէ՞ս են ձեր «պա­րոն­նե­րը». շու­տով ա­նոնց կարգն ալ կու գայ՝ ձեռ­քեր­նին շղթա­յած բան­տը ա­ռաջ­նոր­դե­լու. իսկ դուք, նոր սե­րուն­դա­կան լա­կոտ­ներ, խել­քեր­նիդ գլուխ­նիդ ժող­վե­ցէք եւ դադ­րե­ցու­ցէք ձեր հա­ջոց­նե­րը իմ դէմ... Ին­չե՜ր կը գրէք ձեր թեր­թին մէջ։

«­Տա­ճա­տը ան­մեղ եւ ան­տար­բեր կեր­պա­րան­քով կը չքմե­ղա­նայ՝ ը­սե­լով, թէ ին­քը բա­նէ մը տե­ղե­կու­թիւն չու­նի։ Այդ վայր­կեա­նին ձիե­րով կառք մը կ­’անց­նի քո­վէն եւ Դա­ւոն կը դառ­նայ նա­յե­լու։ Այդ ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով՝ Տա­ճատ ա­րագ մը «հէյ­պէ»յէն (խուր­ճի­նէն) կը հա­նէ պրաու­նինկ ատր­ճա­նա­կը եւ ե­րեք գնդակ կը պար­պէ դա­ւա­ճա­նի գլխուն... Շու­նը կ’իյ­նայ պո­ռա­լով։ Տա­ճա­տը կը վա­զէ դէ­պի Խաչ-­Փո­ղան։

Գն­դակ­ներ ար­ձա­կե­լով՝ ե­տե­ւէն կը վա­զեն Հիւս­նի պէ­յը եւ քա­նի մը ոս­տի­կան­ներ։ Տա­ճա­տը կը հա­նէ տաս­նոց մաու­զէ­րը, կը դառ­նայ եւ կը կրա­կէ ի­րար ե­տե­ւէ, մինչ այդ աջ կող­մի նեղ փո­ղո­ցի մը հաս­նե­լով՝ կը նե­տո­ւի հոն ու կ’ան­յայ­տա­նայ այ­գի­նե­րու մէջ։ Ոս­տի­կա­նա­պե­տը կատ­ղած՝ հրա­հանգ կու տայ սպան­նել այդ պա­հուն շու­կա­յէն վե­րա­դար­ձող հա­յե­րը՝ «վու­րուն կեա­վուր­լա­րա» պո­ռա­լով»...
Այդ­պէ՛ս մաք­րո­ւե­ցաւ Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նա­կան «ա­րիւ­նոտ թթխմոր»ը...

Որ­քան անց­նին ժա­մա­նակ­նե­րը, այն­քան կը բիւ­րե­ղա­նան թէ՛ Դա­ւո­յի դա­ւա­ճա­նու­թեան բա­րո­յա­կան ա­մօ­թա­լի խոր­հուր­դը, թէ՛ ազ­գա­յին այդ խա­րա­նը ար­դար մա­հա­պատ­ժի ա­հա­բե­կու­մով մաք­րա­գոր­ծե­լու խի­զա­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան պատ­գա­մը։
Նոյն­պէս Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­ւանդ դար­ձած է այն Դա­սը, որ դիւ­րին է դաշ­նակ­ցա­կան եր­դո­ւի­լը, բայց դժուար է մին­չեւ մահ այդ եր­դու­մին ար­ժա­նի մնալն ու դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն ապ­րիլն ու գոր­ծե­լը։
Նոյն­պէս ա­մէն ա­հա­բե­կում չէ, որ մարդ­կա­յին կեան­քին նկատ­մամբ ան­հո­գու­թիւն կամ ար­հա­մար­հանք կը խորհր­դան­շէ։

Կան ա­հա­բե­կում­ներ, ինչ­պի­սին ըստ ա­մե­նայ­նի ե­ղաւ դա­ւա­ճան Դա­ւո­յի ա­հա­բե­կու­մը՝ Տա­ճա­տի ձե­ռամբ, ո­րոնք ամ­բողջ ազ­գի մը բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը եւ ար­դա­րա­դատ կամ­քը կը մարմ­նա­ւո­րեն ու գա­ղա­փա­րա­կան փա­րոս կը մնան հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մա­ր։

Ն.