altՄարտ 22ի այս օ­րը, 96 տա­րի ա­ռաջ, սեւ ու կար­միր թանձր գոյ­նե­րով յատ­կան­շո­ւած ող­բեր­գա­կան տա­րե­թիւ մը դար­ձաւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եր­կա­րա­մեայ պատ­մու­թեան մէջ։

22 ­Մարտ 1920ին Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր զի­նեալ ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զեց մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ, որ աչ­քե­րը յա­ռած ­Թուր­քիոյ եւ հա­մաթր­քա­կան հին ու նոր ցնոր­քին անձ­նա­տուր՝ ան­գամ մը եւս ձեռ­նար­կած էր հա­յու­թիւ­նը իր հայ­րե­նի բնօր­րա­նէն տե­ղա­հա­նե­լու եւ ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կե­լու... ծան­րա­գոյն ոճ­րա­գոր­ծու­թեան։
Անդր­կով­կա­սի հա­յու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­ճախ­նե­րէն ­Շու­շին գլխա­ւոր զո­հը ե­ղաւ ա­զե­րիա­կան հա­կա­հայ մո­լուց­քի - հիմ­նո­վին քա­րու­քանդ ե­ղաւ ու հրկի­զուե­ցաւ հա­յոց հպար­տու­թեան խորհր­դա­նիշ քա­ղա­քը։

22 ­Մարտ 1920ի ա­զե­րի թա­թար­նե­րու հա­կա­հայ նկրտում­նե­րը նոր ե­րե­ւոյթ չէին։ 1905ին եւ 1918ին եւս հայ­րե­նի Ար­ցա­խին դէմ թա­թա­րա­կան յար­ձա­կում­ներ գոր­ծո­ւած էին։ ­Զոյգ թո­ւա­կան­նե­րուն ալ, ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած էին ա­զե­րի թա­թար­նե­րու եւ հա­յե­րու մի­ջեւ։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, ռու­սա­կան եւ թրքա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը գրգռիչ դեր խա­ղա­ցած էին՝ Անդր­կով­կա­սի մէջ հա­յեւ­թա­թար դա­րա­ւոր կե­նակ­ցու­թիւ­նը ազ­գա­մի­ջեան հա­կադ­րու­թեան, թշնա­ման­քի եւ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ան­դուն­դը գլո­րե­լու ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նը մե­ծա­պե­տա­կան հա­կակշ­ռի տակ պա­հե­լու մղու­մով։

Այս ա­ռու­մով՝ 22 ­Մարտ 1920ի ա­զե­րիա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մը եւ Ար­ցա­խի հա­յոց ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թիւ­նը նոր էջ մը բա­ցին թա­թա­րեւ­հայ ազ­գա­մի­ջեան ընդ­հա­րում­նե­րու ա­րիւ­նա­լի պատ­մու­թեան մէջ։
Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը զինեալ ապս­տամ­բու­թեան դի­մեց՝ ա­զե­րիա­կան լու­ծը թօ­թա­փե­լու եւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան միա­նա­լու ո­րո­շու­մով ու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Այդ­պէս օ­դէն ին­կած ա­նակն­կալ ո­րո­շում մը չէր Ար­ցա­խի հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը։ Իր հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն իսկ, այս­պէս կո­չո­ւած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ մղե­ցին հայ­կա­կան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեան ազ­գագ­րա­կան քար­տէ­սը փո­խե­լու, հա­յե­րը կո­տո­րե­լով եւ հե­ռաց­նե­լով՝ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը յափշ­տա­կե­լու եւ իւ­րաց­նե­լու «ազ­գա­յին մաք­րազ­տու­մի» ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Ա­զե­րի թա­թար­նե­րու հա­յա­տեա­ցու­թիւ­նը հրահ­րե­լով եւ խու­ժան ամ­բո­խի մի­ջո­ցաւ հայ բնակ­չու­թիւ­նը խժդժու­թեան­ց են­թար­կե­լով՝ մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը քայլ առ քայլ յա­ռաջ մղե­ցին այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Հա­յե­րու դէմ պար­բե­րա­կան յար­ձա­կում­նե­րը, սպա­նու­թիւն­նե­րը եւ ա­լան-թա­լա­նը մնա­յուն կեն­սա­կեր­պի վե­րա­ծո­ւե­ցան մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։ Եւ որ­քան մօ­տե­ցաւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց Անդր­կով­կա­սին «վե­րա­տի­րա­նա­լու» պա­հը, այն­քան կա­տա­ղի դար­ձան մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը՝ հա­կա­հայ ի­րենց «մաք­րազ­տու­մի» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։

Ա­հա՛ այդ մթնո­լոր­տին մէջ, 19 ­Փետ­րո­ւար 1920ին, Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան ղե­կա­վար ­Սուլ­թա­նո­վը վերջ­նա­գիր ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին՝ «շտա­պօ­րէն վերջ­նա­կան լու­ծում տա­լու Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը ըն­դու­նե­լու հար­ցին»։

Ար­ցա­խի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը, 23 ­Փետրուա­րէն մին­չեւ ­Մար­տի 4, գու­մա­րեց իր 8րդ ­Հա­մա­գու­մա­րը եւ ո­րո­շեց մեր­ժել ­Սուլ­թա­նո­վի վերջ­նա­գի­րը։ Ա­ւե­լի՛ն. ­Հա­մա­գու­մա­րի պաշ­տօ­նա­կան պա­տաս­խա­նը դա­տա­պար­տեց մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, որ ա­ռանց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի հա­ւա­նու­թեան՝ ա­զե­րի զօր­քեր մտցու­ցած էր հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րուն մէջ եւ ­Փետ­րո­ւար 22ին լայ­նա­ծա­ւալ խժդժու­թեանց՝ կո­տո­րած­նե­րու եւ հրկիզ­ման են­թար­կած էր ան­զէն հա­յերն ու ա­նոնց բնա­կա­վայ­րե­րը ­Խան­քեն­տի եւ Աս­կե­րա­նի շրջան­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս եւ ­Շու­շի-Էվ­լախ ճա­նա­պար­հին։

­Մինչ ­Սուլ­թա­նո­վի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­ղօ­րէն հա­կազ­դեց ­Հա­մա­գու­մա­րի մեր­ժու­մին եւ ան­մի­ջա­պէս պա­հան­ջեց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին լու­ծա­րու­մը՝ իբ­րեւ ի­րա­ւա­կան եւ օ­րի­նա­կան ոչ մէկ հիմք ներ­կա­յաց­նող մարմ­նի, Ար­ցա­խի հա­յու­թեան կող­մէ ընտ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան մար­մի­նը դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը դի­մեց՝ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան լիա­զօր­նե­րուն, Անդր­կով­կա­սի ե­րեք հան­րա­պե­տու­թեանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ Անդր­կով­կա­սի մէջ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց լիա­զօ­րի ներ­կա­յու­թեան, յայ­տա­րա­րե­լով որ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը պի­տի պար­տա­ւո­րո­ւի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան իր օ­րի­նա­կան ի­րա­ւուն­քը զէն­քով հաս­տա­տագ­րե­լու, ե­թէ մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կեն ի­րենց հա­կա­հայ «ազ­գա­յին մաք­րազ­տում»ի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Այդ­պէ՛ս էր, որ ­Սուլ­թա­նո­վի կա­ռա­վա­րու­թեան անդր­դո­ւե­լի կա­մա­կո­րու­թեան հա­կա­դար­ձե­լով՝ 22 ­Մար­տին Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը պար­զեց ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թեան դրօ­շը։
Ա­զե­րի­նե­րը ան­շուշտ պատ­րաս­տո­ւած էին եւ հա­յոց ապս­տամ­բա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ռազ­մա­դաշ­տի վրայ պար­տու­թեամբ վերջ գտան։ ­Հե­տե­ւե­ցան լայ­նա­ծա­ւալ ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­ներ։ ­Շու­շիի գլխա­ւոր մա­սը կազ­մող հայ­կա­կան թա­ղե­րը քար ու քանդ ե­ղան, հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցաւ եւ հայ­կա­կան տու­ներն ու խա­նութ­նե­րը կո­ղոպտուե­ցան եւ կրա­կի տրո­ւե­ցան... ա­ւե­լի քան հա­զար հա­յեր ­Շու­շիի մէջ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան եւ բանտ նետո­ւե­ցան։

Սկզբ­նա­կան այդ պար­տու­թե­նէն հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն վե­րա­կանգ­նե­ցաւ։ ­Բուռն կռիւ­ներ մղո­ւե­ցան Ար­ցա­խի ամ­բողջ տա­րած­քին եւ, հա­կա­ռակ ա­զե­րիա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քի թուա­կան ու ռազ­մա­կան գե­րա­զանց ու­ժին, հայ­կա­կան ու­ժե­րը կրցան ետ մղել ­Սուլ­թա­նո­վի բա­նա­կը եւ ա­զե­րի խու­ժա­նը։ ­Մին­չեւ Ապ­րի­լի կէ­սե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան զի­նեալ ընդ­հա­րում­նե­րը։ ­Զան­գե­զուր գտնո­ւող Դ­րօն իր զօ­րա­մա­սե­րով հա­սաւ Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան եւ հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը, գո­նէ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս, յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ։

Ըստ պատ­մա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր եւ փրո­ֆե­սոր Հ­րանտ Աբ­րա­հա­մեա­նի՝ «... միայն 1918-1920ին Ար­ցա­խի մէջ ոչն­չա­ցո­ւե­ցաւ 59 գիւղ, սպաննուե­ցաւ 25 հա­զար մարդ (ար­ցա­խա­հա­յու­թեան 20,1 տո­կո­սը), ա­նօ­թե­ւան մնաց 37 հա­զար բնա­կիչ, փո­շիա­ցաւ 7000 տնտե­սու­թիւն, փա­կո­ւե­ցաւ կամ ոչնչա­ցո­ւե­ցաւ երկ­րա­մա­սի ֆապ­րիք­նե­րու եւ ար­հես­տա­նոց­նե­րու 90 տո­կո­սը, մոխ­րա­ցաւ հա­յոց ­Շու­շին (տես՝ «­Խորհր­դա­յին ­Ղա­րա­բաղ», 1930, N 31)։

«Ատր­պէյ­ճան­ցի պատ­մա­բան­նե­րը միշտ ալ կեղ­ծած են եւ հա­սա­րա­կու­թե­նէն թաք­ցու­ցած են ­Շու­շիի ցե­ղաս­պա­նու­թեան բուն պատ­ճառ­ներն ու հե­տե­ւանք­նե­րը։ Ակն­յայտ է, որ ան­ցեա­լին ­Շու­շին, ­Թիֆ­լի­սէն եւ ­Պա­քո­ւէն յե­տոյ, Անդր­կով­կա­սի տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին եր­րորդ զար­գա­ցած կեդ­րոնն էր։ Ա­սի­կա չէր կրնար բա­ւա­րա­րել ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն, ուս­տի ա­նոնք ­Շու­շին հա­յա­թա­փե­լու ծրա­գիր մշա­կե­ցին եւ սկսան ի­րա­գոր­ծել 1905-1906 եւ 1920 թո­ւա­կան­նե­րուն։ Ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի ջար­դե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են 1920 թո­ւա­կա­նի ­Մար­տի 23ին, երբ մէկ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գնաց քա­ղա­քի հա­յու­թիւ­նը՝ ա­նոր իս­կա­կան եւ պատ­մա­կան տէ­րը։

«Ատր­պէյ­ճա­նը 1919ի երկ­րորդ կէ­սին եւ 1920ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն իր ռազ­մա­կան ու­ժե­րը տե­ղա­կա­յեց Ար­ցախ-­Ղա­րա­բա­ղի ռազ­մա­վա­րա­կան բո­լոր կէ­տե­րուն վրայ։ Ատր­պէյ­ճա­նը կը ձգտէր Ար­ցա­խի դէմ օգ­տա­գոր­ծել ոչ միայն ա­զե­րի աս­կեար­ներն ու սպա­նե­րը, այլ նաեւ ­Ղա­րա­բա­ղի նա­հան­գա­պետ, քիւրտ ­Խոս­րով­բէկ ­Սուլ­թա­նո­վի ծննդա­վայր ­Հա­ջի ­Սամ­լո­ւի քիւր­տե­րէն կազ­մո­ւած հրո­սակ­նե­րը, ինչ­պէս եւ մու­սա­ւա­թա­կան բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող նախ­կին ցա­րա­կան բա­նա­կի ռուս սպա­նե­րը։

Այդ օ­րե­րուն ­Ղա­րա­բաղ-­Զան­գե­զու­րի, ինչ­պէս եւ ­Հա­յաս­տա­նի հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար, «Իթ­թի­հատ» փան-թուր­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան տրա­մադ­րեց հան­րա­պե­տու­թեան հա­րուստ­նե­րէն հան­գա­նա­կած մէկ մի­լիառ ռուպ­լին, կազ­մա­կեր­պեց 200 հա­զար­նոց բա­նակ եւ զայն օգ­տա­գոր­ծեց հիմ­նա­կա­նին մէջ հա­յու­թեան դէմ (նոյ­նը, գ. 42711, թ. 241)։ ­Մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նը իր դա­հիճ­նե­րէն կը պա­հան­ջէր «լայն մասշ­տա­բով եւ մի քա­նի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով զի­նա­թա­փել ու ի­րեն են­թար­կել ­Ղա­րա­բաղ-­Զան­գե­զու­րը» (նոյ­նը, գ. 249, թ. 139)։

« ...­Գան­ձա­կէն մին­չեւ ­Մու­սուլ­ման­լար-­Զան­գե­զուր սկսան պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ ­Թուրք-ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը ­Թար­թա­ռի ուղ­ղու­թեամբ փոր­ձե­ցին ներ­խու­ժել Ջ­րա­բեր­դի շրջա­նը։ ­Սա­կայն հայ պաշտ­պան­նե­րու հուժ­կու հա­րո­ւած­նե­րէն ետ շպրտուե­ցան եւ Ջ­րա­բեր­դը մնաց ա­նա­ռիկ։ Ջ­րա­բերդ­ցի­նե­րը օգ­նու­թեան հա­սան նաեւ ­Կիւ­լիս­տան­ցի­նե­րուն ու խա­չէն­ցի­նե­րուն։ Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան յար­ձա­կում­ներն ան­յա­ջո­ղու­թեամբ վեր­ջա­ցան նաեւ ­Դի­զա­կի ու ­Վա­րան­դա­յի պա­րա­գա­յին։

«Այդ օ­րե­րուն ա­մե­նաող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ­Շու­շի քա­ղա­քին մէջ։ 1920ի ­Մարտ 23ին քա­ղաք մտաւ քրտա­կան ջո­կա­տը։ ­Սուլ­թա­նո­վի հրա­մա­նով՝ նա­խօ­րօք քա­ղա­քի թուր­քե­րուն բաժ­նած էր նաւթ եւ լուց­կի՝ հրա­մա­նի պա­րա­գա­յին վա­ռե­լու հա­յե­րու տու­ներն ու հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը։ ...­Մահ­մե­տա­կան մո­լե­ռանդ խու­ժա­նը՝ աս­կեար­նե­րու եւ թուրք սպա­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ, ներս կը խու­ժեն քա­ղա­քի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը, կը հրդե­հեն, կը կո­ղոպ­տեն տու­նե­րը, խա­նութ­նե­րը, հա­սա­րա­կա­կան շէն­քե­րը, անխ­նայ կը կո­տո­րեն ան­պաշտ­պան բնակ­չու­թիւ­նը, կը բռնա­բա­րեն կի­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը։

Մու­սուլ­ման սպա­նե­րը, ո­րոնք կը գի­շե­րէին հա­յե­րու տու­նե­րուն մէջ, կը սպան­նեն տան բնա­կիչ­նե­րը, տու­նը կը վա­ռեն եւ գո­ռուն-գո­չիւն­նե­րով կը նե­տո­ւին փո­ղոց։ Այդ գե­հէ­նի ա­կա­նա­տե­սը յե­տոյ պի­տի գրէր.- «... իսկ այն, ինչ ­Շու­շիի մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ, նկա­րագ­րել ան­կա­րե­լի է. լու­սա­բա­ցին՝ ժա­մը 4ին, կի­սա­հագ­նուած... հայ­կա­կան հրդե­հի ա­լիք­նե­րուն մի­ջէն, գնդակ­նե­րու տա­րա­փի տակ մի կերպ, շուրջս խիտ մա­ռա­խուղ, գու­ցէ եւ հրաշք օգ­նու­թեամբ կա­րո­ղա­ցայ բա­կե­րով ու նեղ փո­ղոց­նե­րով ճա­նա­պարհ գտնել դէ­պի ­Քա­րին ­Տակ գիւ­ղը, ո­րով եւ ա­զա­տո­ւե­ցանք վե­րա­հաս մա­հէն» (նույ­նը, ֆ. 4041, ց. 1, գ. 103, թ. 14)։

«­Տե­ղի ու­նե­ցած այդ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մի քա­նի օր անց, Ար­ցա­խէն ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ու­ղար­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մը մէջ ը­սո­ւած է, որ ­Շու­շիէն ­Քա­րին ­Տակ ճամ­բով ցած ի­ջած եւ ­Վա­րան­դա ու ­Դի­զակ գա­ցած են 5-6 հա­զար մարդ։ Ըստ այդ հա­ղոր­դու­մին՝ քա­ղա­քը մնա­ցած հա­յե­րէն 3000ը սպան­նո­ւած են փո­ղոց­նե­րու մէջ (նոյ­նը, ֆ. 4033, ց. 5, գ. 461, թ. 145-146)։ ­Յայտ­նի վի­ճա­կա­գիր ­Բախ­շի Իշ­խա­նեա­նի հաշ­ւում­նե­րով, այդ օ­րե­րուն միայն ­Շու­շիի մէջ զո­հո­ւած է 8988 հայ («­Յա­ռաջ», 1.04.1920)»։

96 տա­րի­ներ ան­ցած են պատ­մա­կան ծան­րակ­շիռ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն։ Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը շատ փու­լե­րէ ան­ցաւ՝ մին­չեւ որ 1988ի իր նո­րա­գոյն պոռթ­կու­մով նո­ւա­ճեց իր ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն։
­Վե­րան­կա­խա­ցեալ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ ողջ հա­յաշ­խար­հը այ­սօր կը նշէ ա­զե­րիա­կան լու­ծին դէմ Ար­ցա­խի հա­յոց պատ­մա­կան ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թեան տա­րե­դար­ձը։ Եւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ բո­լորս կը յայ­տա­րա­րենք ի լուր աշ­խար­հին, թէ Ատրպէյ­ճան ոչ մէկ ի­րա­ւունք ու­նի ­Հայ­կա­կան Ար­ցա­խը բրտօրէն իր կազ­մին մէջ առ­նե­լու եւ ա­նարգ լու­ծի են­թար­կե­լու...

­Մարտ 1920ին ա­րեան մէջ խեղ­դո­ւած, թա­լա­նո­ւած ու հրկի­զո­ւած ­Շու­շին անջն­ջե­լիօ­րէն դրոշ­մո­ւած կը մնայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։
Ա­զե­րիա­կան լու­ծին «վե­րա­դար­ձը» բա­ցա­ռո­ւած է ա­մէն գնով։
22-26 ­Մարտ 1920ի ­Շու­շիի ջար­դե­րը փաս­տօ­րէն կրկնո­ւե­ցան ­Սում­կայ­թի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ քսա­նե­րորդ դա­րա­վեր­ջին՝ մե­րօ­րեայ աշ­խար­հին յու­շե­լով, որ երբ ան­պա­տիժ կը մնան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը, ա­նոնք ուղ­ղա­կի «քա­ջա­լե­րանք» կը դառ­նան... ցե­ղաս­պան­նե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րուն։

Ն.