altՄարտ 21ին վախ­ճա­նած է հայ գրա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն բա­նաս­տեղծ ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան, ո­րուն ծննդեան 150ա­մեա­կը կը նշո­ւի այս տա­րի։

 

­Յատ­կա­պէս իր «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ հան­րա­ծա­նօթ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­ւանդ­նե­րուն դիւ­ցազ­ներ­գակ այս բա­նաս­տեղ­ծը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս մուտք գոր­ծեց 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին։ Ք­սա­նե­րորդ դա­րու սկիզբ­նե­րը ար­դէն սի­րո­ւած բա­նաս­տեղծ էր, հրա­տա­րա­կած էր «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» եւ ար­ժա­նա­ցած էր ըն­թեր­ցո­ղի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան՝ իբ­րեւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան հա­րա­զատ բանաս­տեղ­ծը։

­Ճա­կա­տա­գի­րը կա­մե­ցաւ, որ իր ծննդա­վայր գիւ­ղին ամ­րօ­րէն կա­պո­ւած եւ ընդ­հան­րա­պէս հոն գոր­ծած ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան շա­րու­նա­կէ իր գրա­կան ու ման­կա­վար­ժա­կան կեան­քը ­Մեծ Ե­ղեռ­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կաշրջան­նե­րուն, ճա­շա­կէ հայ ժո­ղո­վուր­դի խա­չե­լու­թեան ու յա­րու­թեան բախ­տո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րը եւ իւ­րո­վի ար­ձա­գան­գէ այդ բո­լո­րին։

Վ. ­Մի­րա­քեան տե­սաւ եւ ապ­րե­ցաւ նաեւ դառն լու­ծը խորհր­դա­յին կար­գե­րուն, ո­րոնց ճնշու­մին հա­կա­ռակ թէեւ շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել, բայց ի վի­ճա­կի չե­ղաւ տպագ­րու­թեան յանձ­նե­լու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ներշն­չու­մով գրո­ւած իր գոր­ծե­րը եւ 1942ի ­Մարտ 21ին աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ ան­տիպ գոր­ծե­րու ամ­բողջ շարք մը ժա­ռան­գու­թիւն ձգե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին։

Քն­նա­դատ­նե­րու կող­մէ «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» գնա­հա­տո­ւած է իբ­րեւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի հան­ճա­րեղ «Ա­նոյշ»ին կող­քին իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նե­ցող տա­ղան­դա­ւոր գործ։ Ա­նի­կա քնա­րեր­գա­կան պա­տումն է հայ գեղջ­կա­կան կեան­քին այն­քան բնո­րոշ ան­կա­րե­լի սի­րոյ ող­բեր­գու­թեան, ուր ե­րի­տա­սարդ զոյ­գը կը բա­խի ծնո­ղա­կան մեր­ժու­մի ու կտրուկ ար­գել­քի, բայց անդր­դո­ւե­լիօ­րէն փա­րած կը մնայ իր ­Սի­րոյ ուխ­տին եւ յու­զաշ­խար­հին՝ մինչ ի մահ։

­Վա­հան Ա­ղա­բէ­կի ­Մի­րա­քեան ծնած էր 1866ի ­Նո­յեմ­բեր 6ին, ­Շու­լա­վեր գիւ­ղը (որ խորհր­դա­յին­նե­րու օ­րօք ­Շա­հու­մեան վե­րա­նո­ւա­նո­ւած քա­ղա­քա­տիպ ա­ւան մըն էր, վրա­ցա­կան ­Մառ­նէու­լի շրջա­նին մէջ)։ ­Ման­կու­թեան՝ 1873ին ու­ղար­կո­ւած էր ­Սա­նա­հի­նի ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի դպրո­ցը՝ հա­յե­ցի իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար։ 1880էն 1886 ու­սա­նած էր Ար­հես­տա­ւո­րաց դպրո­ցին մէջ։ Իսկ 1888ին ա­ւար­տած էր ­Գո­րիի Ու­սուց­չա­կան ­Սե­մի­նա­րիան։

­Տա­կա­ւին ու­սա­նող՝ Վ. ­Մի­րա­քեան ­Թիֆ­լիս հրա­տա­րա­կո­ւած «Աղ­բիւր» ամ­սա­գի­րի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց «Ե­րեք ­Վարդ» խո­րագ­րով իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ Իսկ ու­սու­մը հա­զիւ ա­ւար­տած՝ 1889էն սկսեալ ան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զին, հա­յոց լե­զու եւ գրա­կա­նու­թիւն ջամ­բե­լով հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ինչ­պէս իր ծննդա­վայր ­Շու­լա­վե­րի, նոյն­պէս եւ ­Ջա­լա­լօղ­լիի, Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի, ­Նու­խիի, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, ­Թիֆ­լի­սի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

1924ին ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ ­Ձեր­ժինս­կիի ա­նո­ւան դպրո­ցին մէջ ստանձ­նե­լով հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան ու­սու­ցի­չի պաշ­տօ­նը։
Վ. ­Մի­րա­քեա­նի «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» պոե­մը ա­ռա­ջին ան­գամ տպագ­րո­ւե­ցաւ 1901ին, ­Թիֆ­լի­սի «­Մուրճ» ամ­սագ­րի է­ջե­րուն։ Ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցաւ ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան եւ լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ։

­Հե­տա­գա­յին, վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեանց կող­քին, գոր­ծը ար­ժա­նա­ցաւ նաեւ ռու­սե­րէն (1942), պարս­կե­րէն, անգ­լե­րէն եւ այլ լե­զու­նե­րով թարգ­մա­նա­բար հրա­տա­րա­կու­թեանց։ «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» հիմք ու­նե­նա­լով՝ հե­տա­գա­յին ստեղ­ծո­ւե­ցան թատ­րեր­գու­թիւն, օ­փե­րա (ինչ­պէս մե­ծա­տա­ղանդ ե­րա­ժիշտ ­Բար­սեղ ­Կա­նա­չեա­նի «Ալ­վար­դի Ե­րա­զը») եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շար­ժան­կար («­Լա­լո­ւա­րի Որս­կա­նը»)։

­Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն, ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան թա­փով փա­րե­ցաւ թա­տե­րա­կան գոր­ծե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ Գ­րեց «­Մա­նու­շի ­Հար­սա­նի­քը», «­Նոր ­Գիւ­ղի ­Շէմ­քին», «­Խո­զա­րա­ծի ­Կի­նը» թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րը։

­Վախ­ճա­նե­ցաւ ­Թիֆ­լիս 21 ­Մարտ 1942ին եւ թա­ղո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ Խ.Ս.Հ.Մ. Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան ան­դամ էր 1934 թո­ւա­կա­նէն։
Իր հրա­տա­րա­կո­ւած գոր­ծե­րու շար­քին են՝
- «Ա­ռանց ­Լա­րե­րի (բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ)», ­Թիֆ­լիս, տպա­րան Վ­րաց. Հ­րատ. Ընկ., 1897, 64 էջ (Այս գիր­քը լոյս տե­սած է ­Միր ­Կո­նօ գրչա­նու­նով, որ բա­նաս­տեղ­ծը կազ­մած էր իր մա­կա­նու­նին ­Միր մաս­նի­կով եւ ­Շու­լա­վե­րի բար­բա­ռով «­Վար­դի փունջ» նշա­նա­կող ­Կո­նօ բա­ռով)։
- «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» (պոէմ, ար­տատ­պո­ւած «­Մուրճ» ամ­սա­գի­րէն), ­Թիֆ­լիս, տպա­րան Վ­րաց. Հ­րատ. Ընկ., 1901, 78 էջ։

- «­Նոր ­Գիւ­ղի ­Շէմ­քին (պիես չորս պատ­կե­րով)», այս գոր­ծը օ­րին ար­ժա­նա­ցաւ ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Գ­րա­կա­նու­թեան մրցա­նա­կին, Ե., ­Պետհ­րատ, 1927, 46 էջ։
- «­Մա­նու­շի ­Հար­սա­նի­քը» (պիես), Ե., ­Պետհ­րատ, 1927, 30 էջ։
- «­Խո­զա­րա­ծի ­Կի­նը (դրա­մա՝ 5 գոր­ծո­ղու­թեամբ, գիւ­ղա­կան կեան­քից)», Ե., ­Պետհ­րատ, 1928, 51 էջ։
«­Լալ­վա­րի Որ­սը» ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեանց՝ 1929ին, 1935ին, 1936ին, 1938ին, 1948ին, 1953ին, 1967ին եւ 1980ին։

­Վա­հան ­Մի­րա­քեան թո­ղած է նաեւ ան­տիպ գոր­ծե­րու հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը, ո­րուն ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն եւ ցա­րա­կան փտած կար­գե­րու դէմ հայ գեղ­ջու­կի ըմ­բոս­տա­ցու­մէն ներշնչո­ւած եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու դիւ­ցազ­նա­վէ­պե­րը, ինչ­պէս «Եփ­րա­տի ­Կոյ­սը», «Եղ­նի­կի ­Փե­րին», «Ար­զու­ման ­Քե­ռին» եւ ու­րիշ­ներ։ Ան­տիպ­նե­րու շար­քին կան պատ­մո­ւածք­ներ եւ յու­շագ­րու­թիւն­ներ։

Ար­ժէ­քա­ւոր է յատ­կա­պէս «Եղ­նի­կի ­Փե­րին» հե­քիաթ-պոէ­մը, ո­րուն վրայ բա­նաս­տեղ­ծը աշ­խա­տած է 1904էն մին­չեւ 1940 եւ մշա­կած 18 տար­բե­րակ­ներ, ո­րոնց­մէ հա­տո­ւած­ներ լոյս տե­սած են տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ինչ­պէս հայ­րե­նի, նոյն­պէս եւ սփիւռ­քեան հան­դէս­նե­րու է­ջե­րուն (ինչ­պէս ­Փա­րի­զի «Ա­նա­հիտ» գրա­կան հան­դէ­սը եւ ­Վե­նե­տի­կի «­Բազ­մա­վէպ» հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­սը)։

«Եղ­նի­կի ­Փե­րին» ներշն­չուած է հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նի հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թե­նէ մը, որ կը վե­րա­բե­րի ան­մեղ եղ­նիկ­նե­րը չա­րէն պաշտ­պա­նող ա­ռաս­պե­լա­կան փե­րիի մը։ Այ­լա­բա­նա­կան մշա­կու­մով՝ ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն դէմ հայ­կա­կան ըմ­բոս­տաց­ման դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւ­նը շնչա­ւո­րած է հա­յոց քա­ջե­րու պա­հա­պան «Եղ­նի­կի ­Փե­րի»ով եւ ա­նոր յա­ռաջ բե­րած ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի շար­ժու­մով։

­Վա­հան ­Մի­րա­քեա­նի ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած այս անդ­րա­դար­ձի ա­ւար­տին կ­՛ար­ժէ ըն­թեր­ցո­ղին ներ­կա­յաց­նել բա­նաս­տեղ­ծի ան­տիպ դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­նե­րէն՝ «Եփ­րա­տի ­Կոյս»ը ա­նու­նով եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւած Լ. ­Բա­դի­կեա­նի վկա­յու­թիւնը.
- «­Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ «Եփ­րա­տի ­Կոյ­սը» պոէմր, ո­րը գրո­ւած է 1894-95 թթ. եւ ու­նի ե­րեք տար­բե­րակ։ ­Պոէ­մի նիւ­թը վեր­ցո­ւած է 90ա­կան թուա­կան­նե­րի հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րի դրո­ւագ­նե­րից։ ­Կա­րե­ւոր են ա­ռանձ­նա­պէս թուրք բար­բա­րոս­նե­րի դէմ հա­յե­րի մղած հե­րո­սա­կան պայ­քարն ար­տա­ցո­լող է­ջե­րը։

«­Պոէ­մի գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րը ­Սաս­նայ լեո­նե­րում հո­վո­ւա­կան կեան­քով ապ­րող եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ են։ ­Վա­նիկ լեռ­նա­կա­նի ան­բիծ հո­գով սի­րում է ­Ֆի­դա­նին։ ­Հա­մի­դեան ա­րիւ­նա­լի ե­ղեռ­նի օ­րե­րին ­Վա­նի­կը գնում է հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու։ ­Հայ­րե­նա­սէր հո­վի­ւու­հին, զգես­տա­փո­խո­ւած ու զի­նա­վառ, նոյն­պէս մեկ­նում է ռազ­մա­ճա­կատ։ ­Քա­ջա­կո­րով սա­սուն­ցի­ներր կազ­մա­կեր­պում են այն­պի­սի պաշտ­պա­նու­թիւն, որ բար­բա­րոս­նե­րը հար­կադ­րուած հաշ­տու­թիւն են կնքում ու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դա­դա­րեց­նում։

­«Կարճ ժա­մա­նակ անց, թուրք հրէշ­նե­րը խա­բէու­թեամբ զէնք կրե­լու ըն­դու­նակ բո­լոր հա­յե­րին բան­տերն են լցնում, իսկ կա­նանց՝ գե­րե­վա­րում։ ­Գե­րի է տար­ւում նաեւ ­Ֆի­դա­նը։
­«Գե­րու­թեան կա­պանք­նե­րի մէջ նա ար­հա­մար­հում է մա­հը եւ չի յանձն­ւում բէ­կին։ Կ­րօ­նա­մոլ ջար­դա­րար­նե­րը հայ բան­տար­կեալ­նե­րին տա­նում են ­Հա­ւա­տա­փո­խու­թեան։ Ան­հա­ւա­սար մի ճա­կա­տա­մար­տում զոհ­ւում է ­Վա­նի­կը։ ­Բէ­կը աղջ­կան է բե­րում սի­րած տղա­յի գլու­խը։

«­Պոէ­մի ռեա­լիս­տա­կան հէն­քին հիւս­ւում Է լեռ­նա­կան գեղ­ջուկ­նե­րի սի­րոյ ռո­ման­տի­կան։ ­Ֆի­դա­նը մեր­ժում է ա­տե­լի բէ­կի բո­լոր պա­հանջ­նե­րը եւ գե­րեզ­ման գտնում Եփ­րա­տի կո­հակ­նե­րի մէջ։ ­Նա ե­ղեռ­նա­կան մա­հո­ւամբ հաս­տա­տում է իր յա­ւեր­ժա­կան սէ­րը, իր մա­հո­ւամբ հաս­նում ան­մա­հու­թեան»։

Իսկ գրա­կան քննա­դատ Էդ. Ջր­բա­շեա­նի վկա­յու­թեամբ՝
«­Սո­վո­րա­կան չե­ղաւ այս բա­նաս­տեղ­ծի եւ նրա պոէ­մի ճա­կա­տա­գի­րը։ Գ­րե­թէ անն­կատ մնա­լով 1890ա­կան թո­ւա­կան­նե­րին, պար­բե­րա­կան մա­մու­լում տպագ­րո­ւած (մեծ մա­սամբ ­Միր-­Կո­նօ ծած­կա­նու­նով) բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րից եւ նոյ­նիսկ ա­ռան­ձին փոք­րիկ ժո­ղո­վա­ծո­ւից («Ա­ռանց լա­րե­րի», 1897) յե­տոյ, նա միան­գա­մից հռչա­կո­ւեց 1901 թ. «­Մուրճ» ամ­սագ­րում, ա­պա նաեւ ա­ռան­ձին գրքով հրա­տա­րա­կո­ւած «­Լա­լո­ւա­րի որ­սը» պոէ­մով։ ­Նա ըն­դու­նուեց իբ­րեւ մի յու­սա­տու ա­նուն, ո­րը, ո­մանց կար­ծի­քով, դառ­նա­լու էր հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ դէմ­քե­րից մէ­կը։

«Սա­կայն ­Վա­հան ­Մի­րա­քեա­նի համ­բա­ւը հա­սա­րա­կու­թեան աչ­քում փաս­տօ­րէն այդ միակ պոէ­մով էլ ա­ւար­տո­ւեց, թէեւ դրա­նից յե­տոյ նա ապ­րեց եւս չորս տաս­նա­մեակ։ Ո՛չ մա­մու­լի հա­տու­կենտ հրա­պա­րա­կում­նե­րը եւ ո՛չ էլ 20ա­կան թ,թ. գիւ­ղա­կան բե­մե­րի հա­մար գրած փոք­րիկ պիես­նե­րը (թա­տե­րա­խա­ղե­րը) ո­րե­ւէ բան չա­ւե­լաց­րին այդ համ­բա­ւին։ ­Հայ գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թեան մէջ նա մտաւ իբ­րեւ մէկ հա­տիկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հե­ղի­նակ։

«Ի­րա­ւա­ցի էր ­Դե­րե­նիկ ­Դե­միր­ճեա­նը, երբ ­Վա­հան ­Մի­րա­քեա­նի մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցի առ­թիւ գրած յօ­դո­ւա­ծում (1943), ո­րը բա­նաս­տեղ­ծի վաս­տա­կի ա­մե­նա­խոր գնա­հա­տա­կան­նե­րից է, ա­սում էր.- «­Քիչ գրեց Վ. ­Մի­րա­քեա­նը, հա­մա­րեա մի պոէ­մով յայտ­նի դա­ռաւ, բայց տո­ւեց մի բազ­մա­բո­վան­դակ, շքեղ պատ­կեր, որ բա­ւա­կան է նրա ա­նո­ւան հա­մար ան­մո­ռա­նա­լի մնա­լու մեր գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։ ­Նա այս պոէ­մով դա­ռաւ մեր գրա­կա­նու­թեան ­Դո­դո­խեա­նը։ ­Կան այդ­պի­սի ա­նուն­ներ նաե՛ւ այլ գրա­կա­նու­թիւն­նե­րի մէջ, ինչ­պէս Գ­րի­բոե­դո­վը։

­Դա թե­րու­թիւն չէ, այլ իւ­րա­յատ­կու­թիւն։ Վ. ­Մի­րա­քեա­նի իւ­րա­յատ­կու­թիւնն էլ այս միակ պոէմն է, որ սա­կաւ չէ, այլ շատ է բա­ւա­կան»։

Ն.