altՄարտ 18ին կ­՚ո­գե­կո­չենք 56րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դի գա­ղա­փա­պաշտ զա­ւակ­նե­րու շար­քին իր յա­տուկ տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող դաշ­նակ­ցա­կա­նի մը՝ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեա­նի։

­Փա­րի­զեան հի­ւան­դա­նո­ցի մը մէջ, 18 ­Մարտ 1960ին, վա­տա­ռողջ սրտի հի­ւան­դու­թեամբ եւ ընդ­հան­րա­պէս քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջու­թեամբ ան­կո­ղին գա­մո­ւած՝ առ­յա­ւէտ աչ­քե­րը փա­կեց պայ­քա­րի եր­կար ճամ­բայ կտրած ե­րախ­տա­շատ այս դաշ­նակ­ցա­կա­նը։

19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը ծնունդ տո­ւաւ անձ­նա­զոհ նո­ւի­րեալ­նե­րու ե­րախ­տա­շատ փա­ղան­գի մը՝ տար­բեր ան­հա­տա­կա­նու­թեանց եւ ինք­նա­տիպ ար­ժա­նա­ւոր­նե­րու ընդգր­կուն հա­մա­պատ­կե­րով հարստացնե­լով հա­յոց պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն ժա­մա­նա­կաշրջա­նը։

­Քաջ ­Ֆե­տա­յին, ­Խո­նարհ ­Հե­րո­սը, Խ­րոխտ Ա­հա­բե­կի­չը, Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւո­րը, ­Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տի­կը, ­Մար­տու­նակ ­Պա­տա­նին, ­Յա­ռա­ջա­դէմ Ու­սա­նո­ղը, գլխա­գիր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ­Նը, ­Բո­ցա­շունչ ­Բա­նաս­տեղ­ծը, ­Յանձ­նա­ռու Մ­տա­ւո­րա­կա­նը, Անն­կուն ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը, ­Կամ­քե­րու ­Դար­բի­նը եւ բա­զում ու­րիշ, նոյն­քան խորհր­դան­շա­կան կեր­պար­ներ միս ու ոս­կո­րով մարմ­նա­ւո­րե­ցին ու շնչա­ւո­րե­ցին ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տը։

­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան կը պատ­կա­նէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան երկ­րորդ սե­րուն­դին, որ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ իր աչ­քե­րը բա­ցաւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին, մա­նուկ եւ պա­տա­նի տա­րի­քին տե­սաւ, լսեց ու ապ­րե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­լե­կո­ծում­ներն ու վե­րի­վայ­րում­նե­րը, պան­ծա­լի սլացք­ներն ու ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րը եւ, թրծո­ւե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան անդ­րա­նիկ սե­րուն­դի շուն­չով ու հե­տե­ւե­լով ա­նոր կեն­դա­նի օ­րի­նա­կին, հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին հա­սած, իր կար­գին անմ­նա­ցորդ նե­տո­ւե­ցաւ պայ­քա­րի դաշտ։

­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեա­նի ա­նու­նը անջն­ջե­լիօ­րէն կա­պո­ւած կը մնայ 1921ի ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովրդա­կան ապս­տամ­բու­թեան՝ խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ կար­գե­րուն դէմ ա­ռա­ջին ազ­գա­յին ծա­ռա­ցու­մին, իբ­րեւ բո­ղո­քի այդ շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէի քար­տու­ղա­րը։

Ան ծնած էր 1892ին, ­Վաս­պու­րա­կա­նի ­Շա­տախ գա­ւա­ռի ­Ջեր­մա­ձոր գիւ­ղը։ ­Միջ­նա­կարգ ու­սու­մը ստա­ցաւ ­Վա­նի մէջ եւ ան­մի­ջա­պէս վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայր գիւ­ղը, ուր եւ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։ Իշ­խա­նի, ­Ռու­բէ­նի եւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի շուն­չով կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ա­նոր դաշ­նակ­ցա­կա­նի նկա­րա­գի­րը։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք էր, որ նո­րա­հաս ե­րի­տա­սարդ ­Սա­հակ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց հան­րա­յին իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ւե­տած ա­զա­տու­թեան, եղ­բայ­րու­թեան եւ հա­ւա­սա­րու­թեան խոս­տում­նե­րուն հա­ւատք չըն­ծա­յե­լու գա­ղա­փա­րա­կան կողմ­նո­րո­շու­մին դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ՝ ­Շա­տա­խի «­Տիգ­րիս» եւ «­Նոր ­Տիգ­րիս» խմո­րա­տիպ պար­բե­րա­կան­նե­րուն իր բե­րած աշ­խա­տակ­ցու­թեամբ։ ­Շա­տա­խի հա­յու­թեան զին­ման եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ան­դուլ աշ­խա­տող մը դար­ձաւ եւ պա­տա­հա­կան չէր, որ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին եւ այ­լուր պար­զո­ւած հա­կա­հայ ոտնձ­գու­թեանց դէմ ընդվ­զող ու իթ­թի­հա­տա­կան խոստմ­նադ­րուժ իշ­խա­նու­թեանց դէմ ը­մբոս­տաց­ման դրօ­շը պար­զող ա­ռա­ջին շրջան­նե­րէն ե­ղաւ ­Շա­տա­խի հա­յու­թիւ­նը։ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան ­Շա­տա­խի ըմ­բոս­տաց­ման ղե­կա­վար ու ո­գեշն­չող գոր­ծիչ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի օր­հա­սա­կան օ­րե­րուն, ­Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դժո­ւա­րին կռիւ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մին եւ ղե­կա­վա­րու­մին մէջ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Շա­տա­խի մար­տու­նակ հա­յու­թեան հետ, ան թէ՛ վա­յե­լեց թրքա­կան զօր­քե­րը պար­տու­թեան մատ­նե­լու եւ ­Վաս­պու­րա­կա­նը ա­զա­տագ­րե­լու յաղ­թա­նա­կին բերկ­րան­քը, թէ՛ ցմրուր ճա­շա­կեց յաղ­թա­նա­կին յա­ջոր­դած եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին հետ ողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վե­րապ­րող հա­յու­թեան Եր­կի­րը պար­պե­լու եւ իբ­րեւ գաղ­թա­կան Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նե­լու ճա­կա­տագ­րին դառն բա­ժա­կը։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­ւոր­ման ու շի­նա­րա­րու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան կան­գուն մնաց պատ­նէ­շի վրայ եւ իր հետ կան­գուն պա­հեց ­Շա­տա­խի գաղ­թա­կան հա­յու­թիւ­նը։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ սա­լին ու պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նի մուր­ճին մի­ջեւ իյ­նա­լով՝ վտան­գո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան ան­վա­րան եւ ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան ո­գիով փու­թաց տէր կանգ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­փո­խա­րի­նե­լի ձեռք­բե­րու­մին։

Այդ մղու­մով էր, որ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան 1921ի ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ եւ նո­րա­կազմ ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէի քար­տու­ղա­րը դար­ձաւ։ Ապստամ­բու­թեամբ վե­րա­նո­ւա­ճո­ւած կար­ճա­տեւ ան­կա­խու­թեան պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու տե­ղը չէ այ­սօ­րո­ւան յու­շա­տետ­րի է­ջը։ Ապս­տամ­բու­թեան վախ­ճա­նէն ետք, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան իր կար­գին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ (Ատր­պա­տա­կան), ուր շատ կարճ ժա­մա­նակ մնա­լէ ետք վերջ­նա­կա­նա­պէս մեկ­նե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր եւ մնաց մին­չեւ իր մա­հը՝ 18 ­Մարտ 1960։

­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեա­նի փա­րի­զեան քա­ռաս­նա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հա­մակ անձ­նո­ւի­րու­մի եւ հա­ւա­տա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կա­նի ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան պատ­մու­թիւն մը։ ­Մին­չեւ վեր­ջին շունչ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան տա­րա­գիր կազ­մա­կեր­պու­թեան հու­նա­ւոր­ման, տա­րած­ման եւ ար­մա­տա­ւոր­ման գոր­ծին՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի կա­ռոյ­ցին ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն մաս կազ­մե­լով, Հ.Յ.Դ. ի­րե­րա­յա­ջորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րուն իբ­րեւ շրջա­նէն պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­լով։

­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, գա­ղա­փա­րա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը նկա­րագ­րի տի­րա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը ե­ղան ­Հայ Ազ­գա­յին-Ա­զա­տագ­րա­կան ­Շարժ­ման այս ինք­նա­տիպ դրօ­շա­կի­րին։
­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նի հո­ղի վրայ վե­րապ­րող հա­տո­ւա­ծին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին բռնա­տի­րու­թեան հետ։ ­Տա­րա­գիր իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին, իբ­րեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ան մշտա­կան կա­պի եւ գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ մնաց ­Կով­կա­սեան տա­րա­գիր ազ­գե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեանց հետ։

Իսկ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի դժո­ւա­րին տա­րի­նե­րուն, ­Նա­ցիա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ին­կած հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը նո­րո­վի լա­րում տո­ւաւ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեա­նի կազ­մա­կեր­պա­կան տա­ղան­դին։ ­Յատ­կա­պէս ­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք, կու­սակ­ցա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ, ան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Գեր­մա­նիոյ Շ­թութ­կարտ շրջա­նը, ուր ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­զար հայ ռազ­մա­գե­րի­ներ ու տա­րա­գիր­ներ խմբո­ւած էին։ Ա­նոնց ա­զատ ար­ձակ­ման, տե­ղա­փոխ­ման կամ տե­ղա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ մե­ծա­պէս բա­րե­բեր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան։

­Խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը հասկ­նա­լիօ­րէն բնաւ չնե­րեց անձ­նա­զոհ ու հա­ւա­տա­ւոր այս մեծ հա­յուն։ Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 1959ին, երբ սրտի կա­թո­ւա­ծով ար­դէն ան­կո­ղին գա­մո­ւած էր, տե­ղի ու­նե­ցաւ Խ­րուշ­չո­վի ­Փա­րիզ այ­ցե­լու­թիւ­նը։ ­Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց պա­հան­ջով՝ ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր աք­սո­րի են­թար­կե­ցին այս­պէս կո­չո­ւած ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան «թշնա­մի» ֆրան­սա­ցի­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կար նաեւ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան։ Ան­կո­ղի­նէն շար­ժե­լու ան­կա­րող հայ գոր­ծի­չին իսկ չկա­մե­ցան խնա­յել խորհր­դա­յին գոր­ծա­կալ­նե­րը, ո­րոնք ան­զի­ջող մնա­ցին ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն՝ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեա­նը աք­սո­րե­լու ի­րենց պա­հան­ջին մէջ։ ­Խորհր­դա­յին այդ ա­նարգ հա­լա­ծան­քը կա­րե­լի ե­ղաւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել՝ միայն ֆրան­սա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու բարձ­րա­գոյն մի­ջամ­տու­թեանց շնոր­հիւ։

­Միշտ պատ­նէ­շի վրայ ար­թուն հսկող ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան անձ­նո­ւէր պա­հա­կի ինք­նա­տիպ կեր­պա­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան։
­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան նաեւ բե­ղուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին, յատ­կա­պէս «­Յա­ռաջ»ին, ոչ միայն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման նո­ւի­րո­ւած յու­շագ­րու­թիւն­նե­րով, այ­լեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ու­ղին յու­զող հար­ցե­րու լու­սա­բա­նու­թեամբ։

Իբ­րեւ իր սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը՝ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան նաեւ գոր­ծի­չա­յին ա­ռա­քե­լու­թեամբ շրջե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի եւ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յօ­ճախ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան գա­ղա­փա­րին շուրջ հա­մախմ­բե­լով եւ խան­դա­վա­ռե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը։

Ն.