Մարտ 4ի այս օրը կը լրանայ 94ամեակը այն տխրահռչակ հրամանագրին («դեկրետին»), որուն միջոցաւ, ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանելէ ետք, անոր աւերակներուն վրայ «թագաւորելու» եկած պոլշեւիկները զինու զօրութեամբ Հայերէնի իրենց նախընտրած «աբեղեա
նական ուղղագրութեան»... սխալագրութիւնը պետականօրէն պարտադրեցին հայ ժողովուրդին։
Հակառակ խորհրդային դարաշրջանէն «ժառանգուած» ապազգայնացման ու այլասերման բեռէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու իր յանդուգն քայլերուն, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ահա քառորդ դար է կը շարունակէ կառչած մնալ պոլշեւիկեան իշխանութեանց կործանարար այդ հրամանագրին, որ կոչուած էր ամբողջացնելու հայոց ազգային անցեալին հետ խորհրդային խզումն ու հայութեան երկփեղկումը՝ մայրենիի ուղղագրութիւնը չարափոխելու ճամբով։
Ինչպէս խորհրդային ստրկամտութեան տասնամեակներուն, նոյնպէս եւ այսօր սակաւաթիւ են Ռաֆայէլ Իշխանեանի եւ Վարագ Առաքելեանի օրինակով հայ ազգային արժէքներուն փարած եւ պահապան կանգնած այն դրօշակիրները, որոնք հայ մտաւորականի իրենց կոչումին տիրութիւն ընելով՝ պատրաստ են, ի գին հալածանքի եւ շնորհազրկումի, յառաջ մղելու հայերէնի դասական՝ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը վերականգնելու եւ մայրենին - արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն - միեւնոյն ուղղագրութեամբ սերունդները դաստիարակելու սրբազան պայքարը։
Եւ որքան ալ հեղինակաւոր հնչէ այսօրուան հայրենի ակադեմականներու վերապահութիւնը հայերէնի միասնական՝ Մեսրոպեան դասակա՛ն ուղղագրութիւնը վերականգնելու կոչերուն նկատմամբ, այսուհանդերձ՝ ազգովին դէմ յանդիման կանգնած ենք աւելի քան 94 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այս կնճռոտ, այլեւ փշոտ հարցին համազգային ու վերջնական լուծում տալու մարտահրաւէրին։
1922ին Հայաստանի նորահաստատ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը շատ լաւ կը գիտակցէր, թէ ուղղակի հայութեան ողնաշարին կ՚ուղղէր իր հարուածը, երբ այդպէս՝ 4 Մարտին հրապարակուած հրամանագիր «դեկրետ»ով մը, պետականօրէն ու պաշտօնապէս հանրապարտադիր կը հռչակէր հայերէնի «նոր ուղղագրութիւն»ը։
Այսինքն՝ իբրեւ դասագիրք, գրական թէ գիտական երկեր կամ մամուլ մինչ այդ հրատարակուած ազգի ամբողջ հարստութիւնը բառացիօրէն... շրջանառութենէ եւ գործածութենէ դուրս կը շպրտէր։ Փոխարէնը՝ պոլշեւիկեան իր գաղափարախօսական նախասիրութեանց վրայ հիմնուած, նոր ուղղագրութեամբ հայ մարդոց ու մանաւանդ նորահաս սերունդներուն կը ստիպէր կարդալու եւ սորվելու իր քարոզչութեան ծառայող... հոգեմտաւոր սնունդը։
Սկզբնապէս «աբեղեանական» յորջորջուած, աւելի ուշ «հայաստանեան» անուանուած եւ այսօր արդէն «պոլշեւիկեան» նկատուող այդ ուղղագրութիւնը, նոյնիսկ եթէ լեզուաբանական ու գիտական առումով հիմնաւոր որոշ նախադրեալներ ունէր, այսուհանդերձ՝ պետականօրէն պարտադրուելով, էապէս եւ գերազանցապէս քաղաքական սադրանքի մը իրագործման կը ծառայէր։
Հայ ժողովուրդին հայրենաբնակ եւ տարագիր զանգուածներուն երկփեղկումը խորացնելու ծառայող պառակտի՛չ քայլ էր «նոր ուղղագրութիւն»ը, որուն միջոցաւ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը մահացու հարուած հասցուց - ազգային պետականութեան կորուստէն ետք - հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու ճիգերուն։
Օրին իսկ բուռն եղաւ ընդդիմութիւնը «սխալագրութիւն» խարանին արժանացած «դեկրետային» այդ ուղղագրութեան դէմ։ Ոչ միայն սփիւռքի տարածքին ազգային-քաղաքական անհաշտ պայքար ծաւալեցաւ ազգային մեր միասնականութեան սպառնացող վտանգին դէմ, այլեւ նոյնինքն Խորհրդային Հայաստանի մէջ գիտական ազդու ընդդիմախօսութիւն թափ առաւ նորամոյծ «ուղղագրութեան» նկատմամբ։
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան հսկաներէն մէկը հանդիսացող Մանուկ Աբեղեանի լեզուագիտական հիմնաւորումները չարաշահելով յառաջ քշուեցաւ «դեկրետային ուղղագրութեան» պարտադրումը Լենինի ձեռնասուններուն կողմէ։
Մինչ Աբեղեանին կը յուզէր հայերէնի ուղղագրութիւնը պարզացնելու՝ «ինչպէս կը հնչենք, այդպէս ալ գրենք»ի տրամաբանութիւնը, խորհրդային նորահաստատ իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները հիմնովին այլ էին, պոլշեւիկեան դաւանամոլական ներշնչում ունէին, հայ ժողովուրդէն իր ազգային-պատմական յիշողութիւնը խլելու ծանրագոյն յանցագործութեան կը միտէին։
Միայն այդ ճամբով խորհրդայինները ի վիճակի կրնային ըլլալ Հայաստանն ու հայրենաբնակ հայութիւնը երկաթէ վարագոյրով անջատելու ամբողջական Հայաստանէն ու ամբողջական հայութենէն, որպէսզի դիւրանար հայրենի հողին ու ժողովուրդին ամբողջական համարկումը Խորհրդային Միութեան մէջ՝ իբրեւ ձուլուած մէկ մասնիկը խորհրդային «բազմազգ հայրենիք»ին ու «խորհրդային ժողովուրդ»ի խառնարան-կաթսային։
Նորելուկ «ուղղագրութեան» պաշտպանութեան եւ հիմնաւորումին համար պոլշեւիկներու ծաւալած ամբոխավարութիւնը, անշուշտ, առատօրէն օգտագործեց «ժողովրդային կրթութիւն», «գրաճանաչ հասարակութիւն» եւ «ժողովրդական մշակոյթ» հաստատելու, տարածելու եւ «զարգացնելու» կարգախօսները։ Ամբոխավարական այդ աղմուկին մէջ, խորհրդայինները մէկ կողմէ ծայրայեղ կամակորութեամբ առաջ տարին նոր սերունդին միայն իրենց «ուղղագրութիւն»ը սորվեցնելու տենդագին աշխատանքը՝ ընթերցող հասարակութիւնը նոր ուղղագրութեամբ տպագրուած գիրքերու հեղեղին տակ առնելով, իսկ միւս կողմէ անվարան դիմեցին ամէնէն բիրտ միջոցներով հալածանքի, բանտարկութեան եւ մինչեւ իսկ սպանութեան քայլերու, որպէսզի լռութեան մատնեն պաշտօնական ուղղագրութեան ընդդիմախօսները։
Շատ տասնամեակներ անցած են այդ օրերէն ասդին եւ 94 տարին, անշո՛ւշտ, «լիովին» բաւարար ժամանակ էր, որպէսզի ամբողջ սերունդներ թրծուէին պոլշեւիկեան «ուղղագրութեամբ», եւ որպէսզի հայ ժողովուրդին մերօրեայ բազմութիւնները դժուարանան ընկալելու Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ իրենց հրամցուած ազգային հոգեմտաւոր որեւէ ժառանգութիւն։
Անշո՛ւշտ, մէկ օրէն միւսը կարելի չէ գիծ քաշել այդ բոլորին վրայ եւ... զերոյէն վերսկսիլ։
Բայց նաեւ այլեւս պէտք է սկսիլ անհրաժեշտ քայլերը նետելու Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը պետականօրէն վերականգնելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի վերանկախացումով եւ հայոց ազգային պետականութեան վերահաստատումով՝ հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման ու ամբողջական ազատագրութեան երթը կը պահանջէ նաեւ յաղթահարումը ազգային մեր յիշողութեան դէմ ուղղուած պոլշեւիկեան մեծ սադրանքին, անոր շարունակուող հետեւանքներուն։
Հայերէնի Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ վերանկախացեալ Հայաստանի 25ամեայ Հանրապետութեան համար։
Մարտահրաւէր՝ որուն պատգամաբերները եղան հայ մտաւորականութեան արժանաւոր Մեծերը։
Չմոռնանք, թէ 94 տարի առաջ պոլշեւիկեան սուիններու ապաւինած Յեղկոմը պարզապէս արհամարհեց եւ լռութեան մատնեց բողոքի ձայնը նոյնիսկ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին՝ Յովհաննէս Թումանեանի, որ ի տես նորահաստատ խորհդային իշխանութեանց կողմէ փութկոտ հրահանգով հայոց Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը արգիլելու եւ Մանուկ Աբեղեանի մշակած խնդրայարոյց «ուղղագրութիւն»ը պետական պարտադիր օրէնքի վերածելու քայլին՝ 1922ի Մայիս 17ին յայտարարեց.-
«Ես՝ որպէս հայ գրող եւ հայ Գրողների Միութեան նախագահ, գալիս եմ յայտնելու իմ զարմանքը եւ բողոքելու էն վերաբերմունքին դէմ, որ ունեցել է Հայաստանի Լուսժողկոմը էս կարևոր խնդրում: Պարոն Մ. Աբեղեանը մի առաջարկ է արել ու դրել հրապարակ: Շատ լաւ:
«Բայց Հայաստանի Լուսժողկոմը որտեղը՞ց է իմացել, թէ ե՛ւ Աբեղեանը, ե՛ւ ինքը Լուսժողկոմն էլ նրա հետ միասին անսխալական են, որ առանց քննութեան ենթարկելու առաջարկը, հրամանագրում է ընդունել եւ միայն դրանով գրել ու տպագրել:
«Պարոն Աբեղեանի առաջարկը ընդունելի է թէ չէ, դա դեռ քննելիք խնդիր է, հետեւաբար Լուսժողկոմի հրամանը անընդունելի է: Եւ եթէ էսպէս է, ապա նրան՝ Լուսժողկոմին, մնում է ուղղել իր արած սխալը, յետ վերցնել իր արած կարգադրութիւնը, խնդիրը համարել բաց եւ դնել քննութեան»:
Ն.