Հայ ժողովուրդի երաժշտական արուեստն ու բարձրարժէք ժառանգութիւնը համաշխարհային ճանաչման ու գնահատման արժանացնելու նուիրական գործին մէջ կ’առանձնանայ անունը Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Մարտ 2ի այս օրը։
Մանուկ տարիքէն հանճարեղ երաժիշտի իր բնատուր շնորհքը դրսեւորած հայ երգահանն ու խմբավարը երկար կեանք չունեցաւ. 49 տարեկանին հեռացաւ այս աշխարհէն։ Բայց հայոց երաժշտական արուեստին հանդէպ իր տածած անհուն պաշտամունքը ժողովրդականացնելու, ամէնուր երգչախումբեր կեանքի կոչելու եւ երաժշտական բարձրարժէք գործեր ստեղծելու իր տաղանդով ու ժառանգութեամբ՝ Կարա-Մուրզա թէ՛ հայ հոգեւոր ու ժողովրդային երաժշտութեան գոհարները փրկեց կորուստէ - նոթային մշակումի եւ գործիքաւորումի արժանացնելով անկորնչելի գանձեր, թէ՛ ռահվիրան դարձաւ բազմաձայն խմբերգներու արարումին եւ երգչախմբային կատարողութեան։
Կարա-Մուրզայի կեանքը, արուեստն ու հասարակական եռուն գործունէութիւնը ըստ արժանւոյն գնահատուեցան եւ մեծարուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ ամէնուրեք՝ հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափեր։ Ան արժանացաւ նաեւ օտար հասարակութեանց ջերմ ընդունելութեան՝ ատենի Ցարական եւ Օսմանեան կայսրութեանց տարածքներէն մինչեւ եւրոպական մեծ ու փոքր մայրաքաղաքներ։
Գոյութիւն ունի Կարա-Մուրզայի նուիրուած արուեստաբանական եւ յուշագրական ամբողջ գրականութիւն մը (արդէն մատչելի նաեւ համացանցի վրայ), որուն մէջ կ՚առանձնանայ յառաջապահի դեր կատարած արժէքաւոր մենագրութիւնը արուեստի քննադատ Մաթէոս Մուրադեանի (հրատարակուած 1950ին), որուն վկայութեամբ՝
«1885 թուականի Մարտի 15ին, Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՚ունենայ հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ քառաձայն խմբերգային անդրանիկ համերգը` խմբավար, երգահան, երաժշտական-հասարակական գործիչ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ղեկավարութեամբ: Երգչախումբը բաղկացած էր ընդամէնը 15 երգիչներէ, ծրագրին մէջ հիմնապէս ընդգրկուած էին հայ ազգային-հայրենասիրական երգերու բազմաթիւ մշակումներ: «Վարագոյրը կը բարձրանայ կամաց-կամաց եւ հասարակութեան առջեւ կը պատկերանայ, բեմին վրայ, փոքրիկ խումբ մը՝ պատմական հայկական հագուստներով. տպաւորութիւնը մեծ կ’ըլլայ: Հասարակութիւնը կը հաւնի անոր երգերը եւ մի քանին կրկնել կու տայ... Հանդիսականները բացագանչութիւններով կը թնդացնեն թատրոնը: Դուրսը՝ Կարա-Մուրզային կը դիմաւորէ երիտասարդներու խումբ մը եւ օրհնանքով կ՚ուղեւորէ զայն: Հասարակութիւնը, ցրուելով տուները, շատերը ճամբան արդէն կը փորձեն երգել այն երգերը, որոնք աւելի դուր եկան ու աւելի դիւրին էին: Այդ օրը Կարա-Մուրզայի կեանքին ամենաուրախ օրերէն մէկն էր»:
Արուեստի քննադատներ միաձայնութեամբ կը հաստատեն, թէ Կարա-Մուրզա նուաճեց բազմաձայն երգեցողութեան յաղթանակը հայ երգչախմբային արուեստի պատմութեան մէջ: Իր ողջ կեանքն ու արուեստը Կարա-Մուրզա նուիրաբերեց հայ ժողովուրդի լայն խաւերուն մօտ բազմաձայն երգեցողութեան արմատաւորումին ու տարածման:
Քրիստափոր Կարա-Մուրզա (աւազանի անունով՝ Խաչատուր Յովհաննէսի) ծնած էր 1853ին Ղարասու-Բազար քաղաքը, որ այժմ կը կոչուի Պելոկորսք եւ կը գտնուի Խրիմի մէջ, Ուքրանիա։
8 տարեկանին արդէն սկսած էր դաշնամուր եւ սրինգ նուագել, նաեւ՝ իր ծննդավայրի յայտնի երաժիշտներուն մօտ մասնաւոր դասերու հետեւելով, խորապէս զարգացուցած էր երաժշտական իր գիտութիւնը՝ երաժշտական գործեր կարդալու եւ գրելու իր ընդունակութիւնները կատարելագործելով։ Հազիւ երիտասարդ, իր ծննդավայրին մէջ արդէն սկսած էր կազմակերպել եւ բեմի վրայ հրամցնել համերգներ ու թատերական խումբեր։
1882ին Կարա-Մուրզա տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ապա` կարճ ժամանակով Պաքու, իսկ 1885էն սկսեալ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր ստանձնեց Գրիգոր Արծրունիի հռչակաւոր «Մշակ» թերթի երաժշտական քննադատութեան բաժնի խմբագրութիւնը՝ միաժամանակ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելով։ Այդ շրջանին էր, որ ան տուաւ հայ իրականութեան առաջին բազմաձայն երգչախմբային համերգը՝ հայկական հայրենասիրական երգերով, Գրիգոր Արծրունիի հիմնած թատրոնին մէջ։
Հայ խմբերգային արուեստին եւ Հայաստանի Պետական Ակադեմական Երգչախմբումին նուիրուած յօդուածի մը մէջ («Ազգ» - 2 Փետրուար 2007), Աննա Ասատրեան կը վկայէ.-
«Իր համերգային գործունէութեան 17 տարիներու ընթացքին (1885-1902), Հայաստանի մէջ եւ հայրենի սահմաններէն դուրս աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ (այդ շարքին` Թիֆլիս, Պաքու, Էջմիածին, Նոր Նախիջեւան, Օտեսա, Ախալցխա, Պաթում, Վլադիկավկազ, Արմավիր, Եկատերինոտար, Քիշնեւ, Մոսկուա, Գորի, Բորժոմի, Գանձակ, Սիմֆերոպոլ, Կերչ, Ղարս, Շուշի, Պոլիս), Կարա-Մուրզան կազմակերպած է շուրջ 90 երգեցիկ խումբեր, տուած է աւելի քան 250 համերգ՝ ներգրաւելով 6000 հոգի: Որպէս երաժիշտ՝ Կարա-Մուրզայի երգչախումբերուն մէջ են ձեւաւորուած նշանաւոր երգիչներ տռամաթիք թենոր Ներսէս Շահլամեանը, պարիթոն Բեգլար Ամիրջանեանը, լիրիկական թենոր Մակար Վարդիկեանը, պարիթոն Ծովակը. Կարա-Մուրզայի սաներն էին Ազատ Մանուկեանն ու Ստեփան Դեմուրեանը: Շուշիի մէջ անոր կազմակերպած 100 հոգիէ բաղկացած երգչախումբի կազմով երգած է տաղանդաւոր հայ արձանագործ Յակոբ Կիւրջեանը: Կարա-Մուրզայի խումբերէն մէկուն մէջ է երգած նաեւ բանաստեղծ Յակոբ Յակոբեան»:
Կեանքի պայմաններուն բերմամբ զրկուած ըլլալով միեւնոյն երգչախմբին հետ երկար ժամանակ աշխատելու հնարաւորութենէն (բոլորն ալ կամաւոր կազմուած եւ սիրողական խումբեր էին), «ան ամէն անգամ ստիպուած էր կազմել նոր երգեցիկ խումբ՝ ընդգրկելով նոյնիսկ երաժշտական տարրական գիտելիքներէ զուրկ մարդոց: Եւ զարմանալ կարելի է, թէ ինչպէ՛ս ան կը յաջողէր սեղմ ժամկէտներու մէջ ստանալ բաղձալի արդիւնքներ: Ան ունէր նպատակ եւ քայլ առ քայլ կը հասնէր իր նպատակին.- հայ միաձայն երաժշտութեամբ դարերով դաստիարակուած հայ մարդու ականջը արդէն կը զգար եւ կը հասկնար եւրոպական բազմաձայնութեան ողջ հմայքն ու անհրաժեշտութիւնը»:
Կարա-Մուրզայի գործունէութեան կարեւորագոյն բնագաւառը եղաւ հայոց հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու հաւաքման, երաժշտական մշակման եւ քառաձայն երգեցողութեան արժանացման աշխատանքը։ Բարձրարժէք այդ աշխատանքին արդիւնքը Կարա-Մուրզա հրամցուց մեր ժողովուրդին՝ աստիճանաբար մեծաթիւ դարձած բազմաձայն երգչախումբերու համերգներով, մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով հայաբնակ կեդրոններու մէջ։
1887ին, Պաքուի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով երգչախմբային համերգով ներկայացուց իր մշակած բազմաձայն պատարագը։ Նոյն քաղաքին մէջ ներկայացուց նաեւ Կունոյի «Ֆաուստ» օփերայէն հայերէնի թարգմանուած հատուածներ։
1892էն 1893, երկու տարի, Կարա-Մուրզա նաեւ ուսուցիչ եղաւ երաժշտութեան` Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։
1895էն սկսեալ, Թիֆլիսի մէջ, Կարա-Մուրզա յատուկ դասընթացքներ ջամբեց խմբավարներու համար։ Քրիստափոր Կարա-Մուրզա յօրինեց նաեւ երգեր՝ հայ բանաստեղծներու խօսքերով, մշակեց օփերաներու նուագներ, ինչպէս եւ հեղինակը դարձաւ՝ առանց նուագարանի ընկերակցութեան` բազում խմբերգներու։ Իրեն կը պատկանի մշակումը 300 խմբերգներու եւ ժողովրդական երգերու, որոնք մինչեւ այսօր մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն։
Կարա-Մուրզայի հռչակաւոր երգերէն են` «Ծիծեռնակ», «Դու զով խնդրես», «Անցար սարեր», «Անի քաղաք», «Ալագեազ», «Քեզի մեռնիմ», «Գացէք տեսէք», «Խորոտիկ», «Զինչ ու զինչ», «Լէպհօ լէլէ» եւայլն...։ Իր երգերէն ոմանք, հարցում-պատասխանի իրենց բնոյթով, յաւելեալ աշխուժութիւն եւ շարժում կը ցուցաբերեն։
Կարա-Մուրզա յօրինած ու նոթագրած է նաեւ ժողովրդային պարեր եւ, այդ առումով ալ, արդի «երգի-պարի անսամպլ»ներու նախատիպարը ինք ստեղծած է։
Մեր ժողովուրդի երաժշտական ճաշակի ձեւաւորման ու բարձրացման մէջ, նաեւ արուեստաբանական առումով, Կարա-Մուրզա հիմնական ներդրում ունեցաւ՝ «Մշակ»ի էջերուն եւ այլուր իր հրապարակած երաժշտական-քննադատական յօդուածներով։
Ապաժամ եղաւ վարպետին վախճանը 27 Մարտ 1902ին, Թիֆլիս։ Բայց իր վաստակով՝ Կարա-Մուրզա անմահացաւ իբրեւ հայոց մեծատաղանդ երաժիշտներէն մէկը, որ իր գեղարուեստական հանճարով ու անխոնջ աշխատանքով` յաջողեցաւ ոչ միայն կորուստէ փրկել հայկական շատ ու շատ երգեր, այլեւ՝ հայոց ժողովրդական երաժշտութիւնը բարձրացնել միջազգային բարձրարժէք արուեստի մակարդակին՝ հայադրո՛շմ ու անկորնչելի՛։
Հայ մշակոյթի եւ երգարուեստի անմահանուն վարպետին նուիրուած այսօրուան էջը կ՚արժէ փակել Երեւանի Պետական Համալսարանի փրոֆեսոր Դաւիթ Ղազարեանի վկայութեամբ («Առաւօտ», 22 Մայիս 2010).-
«Նա երգի միջոցով հայոց լեզուն էր տարածում այն վայրերում, որտեղ թրքական հայահալած քաղաքականութեան հետեւանքով հայերը հեռացել էին հարազատ մշակոյթից եւ հարկադրաբար մոռացութեան մատնել նաեւ մայրենի լեզուն»։
Ն.