altԸն­թեր­ցող­նե­րու լայն շրջա­նա­կը եւ յատ­կա­պէս նո­րա­հաս սե­րուն­դը այն­քան ալ ծա­նօթ չեն ա­նու­նին եւ գոր­ծին ա­կա­դե­մա­կան ­Մի­քա­յէլ ­Թու­մա­նեա­նի, որ կը հան­դի­սա­նայ հիմ­նա­դիրն ու բազ­մա­վաս­տակ վար­պե­տը հայ­կա­

կան բու­սա­գի­տու­թեան, նաեւ՝ գիւ­ղատնտե­սա­կան եւ հո­ղա­գոր­ծա­կան մե­ծան­շա­նակ մշա­կում­նե­րու։

Փետ­րո­ւար 29ի այս օ­րը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան 130ա­մեա­կը բու­սա­գէտ եւ բու­սա­բոյծ, երկ­րա­գոր­ծա­կան եւ գիւ­ղատն­տե­սա­կան մշա­կում­նե­րու գիտ­նա­կան ­
Մի­քա­յէլ ­Թու­մա­նեա­նի, որ իր ա­նու­նին կա­պած է ոչ միայն երկ­րա­գոր­ծա­կան ուս­ման ու մաս­նա­գի­տաց­ման ա­կա­դե­մա­կան դա­սա­խօ­սու­թեան պատ­կա­ռազ­դու վաս­տակ, այ­լեւ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի հո­ղին ու բնու­թեան բնո­րոշ ցո­րե­նի ու հա­ցա­հա­տի­կի գի­տա­կան ու­սում­նա­սիր­ման եւ մշակ­ման բա­ցա­ռիկ ներդ­րում։

Նա­խորդ դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն գոր­ծած հայ մեծ գիտ­նա­կա­նին նո­ւի­րո­ւած Ա.Ա.­Մատ­թե­ւո­սեա­նի գի­տա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը, որ լոյս տե­սած է ­Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Հա­յաս­տա­նի ­Կեն­սա­բա­նա­կան ­Հան­դէս»ի 1967ի հա­մար­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ներշնչ­ման գլխա­ւոր աղ­բիւ­րը կը հան­դի­սա­նայ այ­սօ­րո­ւան, ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­մա­ցան­ցի վրայ, ­Մի­քա­յէլ ­Թու­մա­նեա­նի կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին տե­ղե­կան­քի ու գնա­հա­տան­քի հրա­պա­րա­կում­նե­րուն։

Մի­քա­յէլ ­Գա­լուս­տի ­Թու­մա­նեան ծնած է 1886ի ­Փետ­րո­ւար 29ին, Ղ­րի­մի ­Կա­րա­սոու­բա­զար քա­ղա­քը: 1905ին ա­ւար­տած Է Ե­րե­ւա­նի ­Գիմ­նա­զիան, 1911ին` ­Մոս­կո­ւա­յի ­Հա­մալ­սա­րա­նը, իսկ 1914ին` ­Մոս­կո­ւա­յի ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան Ինս­տի­տու­տը:

1914ին վե­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յաս­տան՝ Մ. ­Թու­մա­նեան աշ­խա­տած է ­Զան­գե­զուր եւ այլ շրջան­ներ: 1924ին ան հրա­ւի­րո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րան՝ ղե­կա­վա­րե­լու երկ­րա­գոր­ծու­թեան ամ­բիո­նը: 1926-1927ին, մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րած է՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ դաշ­տա­վա­րու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման ուղ­ղու­թեամբ: 1929ին Մ. ­Թու­մա­նեա­նին շնոր­հո­ւած է պրո­ֆե­սո­րի կո­չում: 1930-1949ին ան ե­ղած է ­Հայ­կա­կան ­Գիւ­ղատնտե­սա­կան Ինս­տի­տու­տի բու­սա­բա­նու­թեան ամ­պիո­նի վա­րիչ: 1934-1935ին՝ ղե­կա­վա­րած է ­Սե­ւա­նի ա­ւա­զա­նի դաշ­տա­վա­րու­թիւնն ու­սում­նա­սի­րող ար­շա­ւա­խում­բե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը:

1937ին, Մ. ­Թու­մա­նեան ստա­ցած է գիւ­ղատն­տե­սա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տո­րի աս­տի­ճան: 1943ին հաս­տա­տո­ւած է իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րի Ա­կա­դե­միա­յի ա­կա­դե­մա­կա­նի:

1944ին, Մ. ­Թու­մա­նեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած է Հ.Խ.Ս.Հ. ­Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան Երկ­րա­գոր­ծու­թեան ­Գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան Ինս­տի­տու­տը, ուր մին­չեւ 1950ի իր մա­հը՝ ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են բազ­մա­թիւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ սե­լեկ­ցիա­յի (զտու­մի) ու ագ­րո­տեխ­նի­կա­յի (հո­ղա­գոր­ծա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան), բոյ­սե­րու ձե­ւա­գո­յաց­ման ու բոյ­սե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ:

Մի­քա­յէլ ­Թու­մա­նեան հե­ղի­նակ Է 50 գի­տա­կան աշ­խա­տու­թեանց: Ա­նոր կա­րե­ւոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն են «­Բամ­բա­կի մշա­կու­թիւ­նը» (Եր., 1924), «­Շար­քա­ցա­նը եւ նրա նշա­նա­կու­թիւ­նը» (Եր., 1925), «­Հա­ցա­բոյ­սե­րի ո­րո­շիչ հաս­կա­ւոր­ներ» (Եր. 1933) ե­ւայլն: ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միան այդ յօ­դո­ւած­նե­րէն կազ­մը­ւած «­Հա­տըն­տիր» հա­տոր մը լոյս ըն­ծա­յեց յետ մա­հու՝ ռու­սե­րէ­նով։

Մ. ­Թու­մա­նեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն տո­ւած են ճշդե­լու մշա­կո­վի ցո­րե­նի ծագ­ման ու զար­գաց­ման հար­ցե­րը, նպաս­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ցո­րե­նի հի­նա­ւուրց տե­ղա­կան սոր­տե­րի (տե­սակ) բա­րե­լաւ­մա­նը: Մ. ­Թու­մա­նեան ու­սում­նա­սի­րած է նաեւ դաշ­տա­յին բոյ­սե­րու ձե­ւա­ռա­ջա­ցու­մը, բոյ­սե­րու բիո­ցե­նո­զը (կեն­սա­կազ­մա­ւո­րում), յայտ­նա­բե­րած է ա­նոնց օն­տո­գե­նե­տիկ (կեն­սա­ծի­նա­յին) զար­գաց­ման օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րը:

Ա­նոր բու­սա­բու­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­գա­սի­քը կը կազ­մեն Ս­պի­տա­կա­հատ, ­Գալ­գա­լոս, ­Կար­միր ­Կոն­դիկ, ­Կար­միր Սլ­ֆա­հատ եւ այլ ա­նուն­նե­րով ծա­նօթ բոյ­սե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր ­Հայ­կա­կան ­Լեռ­նաշ­խար­հի մէջ լայն տա­րա­ծում ու­նե­ցող մշա­կո­ւած ցո­րե­նի տե­սակ­ներ են։

Գի­տա­կան եւ ման­կա­վար­ժա­կան իր ծա­ռա­յու­թեանց հա­մար, ­Մի­քա­յէլ ­Թու­մա­նեան 1935ին ար­ժա­նա­ցած է Հ.Խ.Ս.Հ. ­Գի­տու­թեան ­Վաս­տա­կա­ւոր ­Գոր­ծի­չի կո­չու­մին՝ պար­գե­ւատ­րո­ւե­լով «­Պա­տո­ւոյ նշան» շքան­շա­նով։ Իսկ 1943ին ա­նոր շնոր­հո­ւած է Աշ­խա­տան­քա­յին ­Կար­միր Դ­րօշ շքան­շա­նը: Հ.Խ.Ս.Հ. ­Գիւղ­մի­նիստ­րու­թեան ­Լե­նի­նա­կա­նի ­Դաշ­տա­վա­րա­կան ­Տեխ­նի­կու­մը կո­չո­ւած է մեծ գիտ­նա­կա­նի ա­նու­նով։

Մի­քա­յէլ ­Թու­մա­նեան ե­ղած է նաեւ կու­սակ­ցա­կան-պե­տա­կան աշ­խոյժ գոր­ծիչ։ 1935-1937ին ան ընտ­րո­ւած է Անդր­կով­կա­սեան ­Ֆե­դե­րա­ցիա­յի ­Կենտ­գործ­կո­մի ան­դամ, իսկ 1944-1947ին ստանձ­նած է Հ.Խ.Ս.Հ. ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի ­Նա­խա­գա­հութ­յան նա­խա­գա­հի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նը:
Մ. ­Թու­մա­նեան վախ­ճա­նած է 1950ի ­Յու­լիս 25ին, Ե­րե­ւան:

Ն.