Փետրուար 23էն 24ի լուսցող գիշերը, 41 տարի առաջ, Երեւանի մէջ առյաւէտ փակուեցան խուզարկու եւ խորախորհուրդ հայեացքով աշխարհին բացուած աչքերը անզուգական Մինասի, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ նորօրեայ ճառագայթումը հայ նկարչական հանճարին։
Մինաս բնական մահով կամ հիւանդութեամբ չհեռացաւ մեր աշխարհէն։ Մինասը պարզապէս նենգ ու տմարդի եղանակով խլեցին մեր կեանքէն ու առյաւէտ... աքսորեցին։
16 Փետրուար 1975ին, քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնին մէջ, օր-ցերեկով, Աբովեան-Սայաթ Նովա փողոցներու խաչմերուկին վրայ, իբր թէ պատահական արկածով մը, ինքնաշարժ մը լայն մայթը ելաւ եւ մահացու վնասուածքով տապալեց մարմինը մայթեզրին հանդարտօրէն քալող Մինաս Աւետիսեանի։
Ամբողջ շաբաթ մը, հայ գեղանկարչութեան 47ամեայ վարպետը մաքառեցաւ մահուան դէմ։ Մահացու ծանր էր մարմնին հասցուած հարուածը, բայց Մինաս մարտունակ էակ էր եւ լի էր ապրելու, վերականգնելու կամքով։ Դեռ չէր աւարտած իր առաքելութիւնը, ստեղծագործական իր հասունացման երկունքի տարերքին մէջ էր եւ այնքան բան ունէր տալու. ինչպէ՜ս հեռանար իր պաշտած հողէն ու ժողովուրդէն...
Մանաւանդ որ Մինաս դեռ հաշտուած չէր քանի մը տարի առաջ իր արուեստանոցը հրկիզելու առաջին... «արկած»ին հետ, երբ մութ պայմաններու տակ հրդեհի զոհ գնաց արուեստանոցը՝ Մինասի բազում գործեր հրոյ ճարակ դարձնելով։
Խորհրդային «Չարիքի կայսրութեան» ժամանակներն էին եւ Մինաս Աւետիսեան ոչ առաջինը եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլար խորհրդային գաղափարամոլութեան հայ ժողովուրդին տուած արեան... յաւելեալ՝ այլեւ ծանրակշիռ հարկին։ Իրմէ առաջ Պարոյր Սեւակ եւ իրմէ ետք Մուշեղ Գալշոյեան, նոյնպէս մութ պայմաններու մէջ, խլուեցան մեր կեանքէն ու ժողովուրդէն՝ պարզապէս իրենց այն «մեղք»ին համար, որ խորհրդային պաշտօնական «ճշմարտութենէն» էապէս տարբեր եւ անոր ներհակ ազգային ճշմարտութեան՝ արժէքներու եւ իրաւութեան նուիրաբերեցին ի վերուստ իրենց շնորհուած հանճարեղ տաղանդը։
Ազատախոհ եւ ազատաշունչ Մինաս Աւետիսեան, իր կենդանութեան արդէն, արժանացած էր գնահատանքին ու սքանչացումին ոչ միայն արուեստասէր լայն հասարակութեան, այլեւ նոյնինքն խստապահանջ արուեստի քննադատներուն եւ նոյնինքն հայ մշակոյթի նոյնքան հանճարեղ հսկաներուն։
Հայ նկարչական հանճարին քսաներորդ դարու աւագ ճառագայթումը՝ նոյնինքն Մարտիրոս Սարեան եղաւ առաջիններէն, որ ոջունեց Մինասի յայտնութիւնը եւ սրտաբուխ յայտարարեց.
- «Մինաս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով։ Ափսոս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել։ Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր։ Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում։ Հիմա ես արդէն մենակ չեմ։ Դու էլ մենակ չես։ Ուրեմն, շարունակէ խիզախել։ Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»:
Իսկ հայ երաժշտութեան դասական վարպետը՝ Արամ Խաչատուրեան վկայեց.
- «Մինասի խառնուածքը ուժեղ է, վառ... Լինելով սիմֆոնիկ շնչի արուեստագէտ, նա թատրոն ներխուժեց լայն ու խորը մտքերով։ Նա թատերական նկարչութեան մէջ փոխադրեց իր հզօր սիմֆոնիզմը»։
Կամ՝ ֆրանսական նկարչութեան մէջ բարձրորակ ներդրումի տէր Գառզուի բնութագրումով.- «Մինասը շատ ինքնատիպ ու տաղանդաւոր նկարիչ է: Իրեն գոյներուն մէջ հզօր բան մը կայ, արտակարգ ուժ մը, որ շատ ժամանակակից է եւ շատ հայկական: Մինասի նկարներուն մէջ ուժեղ կերպով Հայաստանը կը զգամ»։
Վերջապէս, Ուիլեըմ Սարոյեան կ՚արտայայտէր ընդհանուր սքանչացումը, երբ առիթով մը կ՚ըսէր.
- «Աշխարհի մէջ անոր պէս նկարիչ քիչ կայ, եթէ ըսեմ՝ չկայ, հաւատացէ՛ք: Ի՜նչ զօրաւոր է, հայկական է, հին ու բոլորովին նոր: Զարմանալի է...։
Մինաս Կարապետի Աւետիսեան ծնած էր Յուլիս 20ին, 1928ին, Շիրակի Ջաջուռ գիւղը։ Հայրը Մուշէն՝ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Ջաջուռ հաստատուած դարբին էր՝ Կարապետ Աւետիսեան։ Մայրը՝ Սոֆոն, Կարսէն գաղթած քահանայի դուստր էր։ Հողի մշակման եւ գիւղական աշխարհի լուսաւորման նուիրուած պարզ, այլեւ հայու իրենց արմատներուն փարած մարդիկ էին։ Եւ Մինաս Ջաջուռի բնութենէն ու ջաջուռցիներու յուզաշխարհէն վերցուց իր երանգապնակին ողջ հարստութիւնը՝ գոյներու շռայլանքն ու խստաբիբ աշխարհայեացքը, լոյսի եւ ստուերի խոր հակադրութիւններն ու թանձրացեալ ընդելուզումները, մէկ կողմէ անհուն սիրոյ ու բարութեան եւ միւս կողմէ դառնութեան ու ընդվզումի միջեւ բուռն ալեկոծումները։
Մինաս երկար ճամբայ կտրեց գեղանկարչական իր պատրաստութիւնը, գիտութիւնն ու հմտութիւնը ուսման միջոցաւ կատարելագործելու համար։ Երեւանի մէջ Փանոս Թերլեմեզեանի անուան Գեղարուեստական Վարժարանը եւ Գեղարուեստաթատերական Հիմնարկը աւարտելէ ետք, 1953ին, Մինաս մասնագիտական ուսման հետեւեցաւ Լենինկրատի Ռեպինի անուան Գեղարուեստական Ակադեմիային մէջ՝ 1960ին վկայուելով պատուոյ յիշատակութեամբ։
Եթէ երեւանեան ուսման տարիները Մինասի առջեւ լայն բացին հայկական մանրանկարչութեան անսահման աշխարհը, լենինկրատեան տարիները Մինասը զինեցին իտալական Վերածնունդի նկարչութեան խոր ճանաչողութեամբ եւ գեղարուեստական ինքնակատարելագործումով։
Վերադառնալով Երեւան՝ Մինաս նուիրուեցաւ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի։ Նոյն տարին իսկ տուաւ իր անհատական առաջին ցուցահանդէսը՝ ռումբի պէս ցնցիչ ազդեցութիւն գործելով արուեստասէր հասարակութեան վրայ։
Առաջին այդ քայլէն իսկ արուեստի քննադատները բաժնուեցան հակադիր ճամբարներու՝ Մինասի արուեստին եւ տաղանդին գնահատման հարցին շուրջ։
Պաշտօնական քննադատութիւնը երկար ժամանակ փորձեց անտեսել եւ լուսարձակներէ հեռու պահել Մինասի ստեղծած գործերը, բայց ժամանակը քայլ առ քայլ յաղթահարեց արուեստականօրէն Մինասի երթը արգելակել փորձող այդ պատուարները։ Տաղանդաշատ այնպիսի՜ շունչ եւ թռիչք կար Մինասի ստեղծագործութեան մէջ, որ իշխանութիւնները ակամայ պատուհանները բացին աշխարհին առջեւ՝ ճանչնալու եւ ըմբոշխնելու համար Մարտիրոս Սարեանի արժանաւոր այս ժառանգորդին գեղանկարչութիւնը։
Միայն 15 տարի տեւեց Մինասի ստեղծագործական յաղթարշաւը՝ 1960էն մինչեւ 1975ի իր ողբերգական վախճանը։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի Մինաս ձեռնամուխ ըլլայ գեղանկարչութեան բոլոր ճիւղերու մէջ ինքնադրսեւորման եւ ինքնահաստատման արգասաբեր ստեղծագործութեան։ Դիմանկարչութիւն եւ բնանկարչութիւն, գծանկար եւ որմնանկար, բեմանկարչութիւն եւ շարժապատկերի նկարչութիւն՝ բոլոր ուղղութիւններով Մինաս իր ներդրումը ունեցաւ եւ բարձրարժէք գործերով հարստացուց հայ ժողովուրդին մշակութային գանձարանը։
Հայրենի գիւղաշխարհը, իր վառ գոյներով եւ խորաշունչ պահերով, անսահման հորիզոններ բացաւ Մինասի վրձինին առջեւ։ Եւ հանճարեղ ջաջուռցին իր մէջ մթերուած հոգեմտաւոր ամբողջ հարստութիւնը վերածեց գոյնի եւ լոյսի ու իբրեւ հայկական նշխարհ բաշխեց մարդկութեան։
Մինասի գեղանկարչութեան մէջ տիրապետող եղաւ ինչպէս Ջաջուռի բնանկարներով հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւնը, նոյնպէս եւ իր մօր կերպարով հայոց մայրական աշխարհի խորախորհուրդ յուզաշխարհը։ Յատուկ շեշտադրումի արժանի է նաեւ ու մանաւանդ, Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակին առիթով, Մինասի ստեղծած նկարաշարը՝ «Ճանապարհ. ծնողներիս յիշողութիւնները» եւ «Դէր-Զօրի ճանապարհին» անուանումներով։
Մինաս յաջողեցաւ իր արուեստին նկատմամբ յարգանք պարտադրել նաեւ պաշտօնական Երեւանին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր սրտին եւ հոգիին մէջ անխորտակելի գահի արժանացուց մեծատաղանդ նկարիչին։ Ան դարձաւ ոչ միայն Հայաստանի նկարիչներու միութեան գործօն անդամ եւ անոր նախագահութեան մղիչ ուժը, այլեւ՝ գաղափարական իր հիմնարար ներդրումը ունեցաւ 1960ականներու հայրենի մտաւորականութեան ազգային զարթօնքին մէջ։
Բայց դժբախտութիւնը կամ անհանդուրժողութեան չարիքը շատ շուտ հարուածեց իր ծաղկման փուլը թեւակոխած Մինասին։ 1972ին ան ապրեցաւ ոեւէ նկարիչի վիճակուած դաժանագոյն եւ դառնագոյն ողբերգութիւնը, երբ հրդեհը հրոյ ճարակ դարձուց անոր աշխատանոցը՝ հարիւրաւոր գործերու փճացման պատճառ դառնալով։
Մինաս երկար ժամանակ չկրցաւ վերագտնել իր ստեղծագործական թափը։ Բայց իր ներքին կրակը աւելի զօրաւոր էր եւ կրցաւ յաղթահարել այդ ծանր հարուածը։
Մեր ժամանակներու հայ գեղանկարչութեան լուսապսակ այս գագաթը, սակայն, անզօր եղաւ յաղթահարելու շնչաւոր իր մարմնին հասցուած մահացու հարուածը 16 Փետրուար 1975ին, երբ այդպէս կոչուած ինքնաշարժի «արկած»ի տակ ֆիզիքապէս զգետնուեցաւ... մինչեւ որ 23 Փետրուարին առյաւէտ փակուեցան բոլոր ժամանակներու հայոց աշխարհի գոյներն ու լոյսի խաղերը այնքան խորութեամբ խտացուցած աչքերը անզուգական Մինասի։
Ն.