altՓետ­րո­ւար 22ի այս օ­րը, եր­կու տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ 92 տա­րե­կա­նին վախ­ճա­նե­ցաւ ա­կա­դե­մա­կան Գ­րի­գոր ­Գուր­զա­դեան, որ բնա­գէ­տի եւ աստ­ղա­գէ­տի, այ­լեւ՝ մտա­ւո­րա­կա­նի, գե­ղան­կա­րի­չի ու փի­լի­սո­փա­յի իր մե­ծար­ժէք վաս­տա­կով՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ հայ գի­տա­կան հան­ճա­րի լու­սապ­սակ ճա­կա­տը մարմ­նա­ւո­րող հե­ղի­

նա­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը։

­Տիե­զեր­քին ու բնու­թեան, մարդ էա­կին եւ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան, այ­լեւ ­Հա­յուն եւ ­Հա­յաս­տա­նին գի­տա­կան ընդգր­կուն հա­յեաց­քով, փի­լի­սո­փա­յա­կան ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ եւ հա­սա­րա­կա­կան խո­րա­թա­փանց ըն­կա­լու­մով հե­տե­ւող գիտ­նա­կանն ու մտքի գոր­ծիչն է Գ­րի­գոր ­Գուր­զա­դեան, որ նաեւ մեր օ­րե­րուն հա­մար այն­քան այժ­մէա­կան պատ­գամ ու­նե­ցող հո­գեմ­տա­ւոր փա­րոս է՝ վկայ իր «­Խո­հեր... խո­հեր...» գոր­ծէն հե­տե­ւեալ հա­տո­ւա­ծը.

- «Այս մո­լո­րա­կի վրայ ձե­ւա­ւո­րո­ւած մար­դուց անհ­նա­րիու­թեան աս­տի­ճան դժո­ւար է պա­հա­ջել ըմբռ­նել այն, ինչն ին­քը պար­զա­պէս չի կա­րող. դրա հա­մար պի­տի ու­նե­նալ բո­լո­րո­վին այլ զգա­յա­րան­ներ: ­Հե­ռու չգնանք, մեր օ­րե­րում կա­րող են լի­նել, պարզ­ւում է, եր­կու մարդ, ո­րոն­ցից մէ­կը՝ այն­քան ան­կիրթ, որ կա­րող է թոյլ տալ ի­րեն նկա­րել ծաղ­րան­կա­րը ­Մու­համ­մէ­դի, իսկ միւ­սը՝ ոչ-պա­կաս տգէտ, կա­րող է դրան վե­րա­բե­րո­ւել լրջօ­րէն՝ անց­նե­լով հա­շո­ւե­յար­դա­րի՝ ընդ­հուպ մին­չեւ մար­դաս­պա­նու­թիւն: Ոչ միայն չկայ ընբռ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը նրանց մի­ջեւ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ հա­կադ­րո­ւա­ծու­թիւնն է դար­ձել հիմ­նա­կան յատ­կութ­յուն:

­Կամ՝ հե­տա­գայ հա­տո­ւա­ծը ­Գուր­զա­դեա­նի «­Մի կում ջուր» մտո­րում­նե­րու շար­քէն.

- «­Քա­ղա­քակր­թու­թեան զար­գաց­ման հետ խամ­րում է մար­դու հո­գին...

XX դա­րը ե­ղաւ գա­գաթ­նա­կէ­տը գի­տու­թեան զար­գաց­ման եւ ընդ­հա­նուր պրոգ­րէ­սի (յա­ռաջ­դի­մու­թեան): Շ­նոր­հիւ մար­դու այդ յատ­կու­թեան՝ ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու: ­Բայց ա­հա պա­րա­դոք­սը (հա­կա­սու­թիւ­նը)՝ այդ նոյն յատ­կու­թիւ­նը դարձ­րեց քսա­նե­րորդ դա­րը ա­մե­նաա­րիւ­նա­լի դա­րաշր­ջա­նը մարդ­կու­թեան ե­րեք հա­զար տա­րո­ւայ պատ­մու­թեան...

«­Մար­դու բուն էու­թիւ­նը չի բա­ցա­յայ­տո­ւած դեռ... ­Մար­դուն ազ­նո­ւաց­նե­լու կեր­պը չի գտնո­ւած դեռ: Իսկ հնա­րա­ւո՞ր է դա՝ այդ ազ­նո­ւա­ցու­մը: ­Մար­դու գե­նա­յին (ծի­նա­յին) այ­սօ­րո­ւայ կա­ռու­ցո­ւած­քով՝ վճռա­կա­նօ­րէն ոչ»:

Այ­սօ­րի­նակ աշ­խար­հըն­կա­լու­մով յատ­կան­շո­ւող գիտ­նա­կան ու մտա­ծող դէմքն է Գ­րի­գոր Ա­րա­մի ­Գուր­զա­դեան, որ ծնած է 15 ­Հոկ­տեմ­բեր 1922ին, ­Պաղ­տատ՝ Ի­րաք, յար­կին տակ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ հայ ըն­տա­նի­քի, որ հե­տա­գա­յին ներ­գաղ­թած է ­Հա­յաս­տան։

­Գուր­զա­դեան 1944ին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի ­Ճար­տա­րա­գի­տա­կան ­Հիմ­նար­կի (Ե­րե­ւա­նի­Պո­լի­տեխ­նի­կա­կան Ինս­տի­տուտ) ­Հիդ­րո­տեխ­նի­կա­կան եւ ­Շի­նա­րա­րա­կան ­Ֆա­կուլ­տետ­նե­րը։ ­Նոյն տա­րին ըն­դու­նո­ւած է թեկ­նա­ծո­ւա­կա­նի (աս­պի­րան­տու­րա) պատ­րաս­տու­թեան։ 1948ին, Վ.Հ. ­Համ­բար­ձու­մեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, 26 տա­րե­կան հա­սա­կին, Գ. ­Գուր­զա­դեան ­Մոս­կո­ւա­յի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պաշտ­պա­նած է թեկ­նա­ծո­ւա­կան թե­զը՝ «­Մի­ջաստ­ղա­յին գա­զա­յին նիւ­թի ճա­ռա­գայ­թա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը» թե­մա­յով։ ­Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեա­նի հետ եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է ­Բիւ­րա­կա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նին մէջ՝ հիմ­նադ­րու­մէն սկսեալ. ըստ էու­թեան՝ ­Բիւ­րա­կա­նի Աստ­ղա­դի­տա­րա­նի հիմ­նա­դիր կազ­մին գլխա­ւոր ան­ձե­րէն մէկն է։

1955ին, 33 տա­րե­կա­նին, ­Գուր­զա­դեան ­Լե­նինկ­րա­տի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պաշտ­պա­նած է դոկ­տո­րա­կան իր թե­զը։ ­Նոյն տա­րին, ան ա­մուս­նա­ցած է է ­Մա­րիան­նա ­Քա­լան­թա­րի (ծնեալ 1927ին) հետ՝ բա­նա­սէր եւ ռու­սաց լե­զո­ւի դա­սա­խօս, որ դուստրն է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հնա­գի­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր դա­սա­խօս­նե­րէն՝ աշ­խար­հահռ­չակ հնա­գէտ Աշ­խարհ­բեկ ­Քա­լան­թա­րի։ Ա­նոնց զա­ւակ­նե­րը՝ ­Վա­հագն (ծնեալ 1955ին) եւ ­Գա­գիկ (ծնեալ 1957ին) նոյն­պէս յայտ­նի բնա­գէտ­ներ են, ­Ֆի­զի­կա­մա­թե­մա­տի­կա­կան ­Գի­տու­թիւն­նե­րի դոկ­տոր­ներ, պրո­ֆե­սոր­ներ։

Գ­րի­գոր ­Գուր­զա­դեան 1950-66ին ղե­կա­վա­րած է ­Բիւ­րա­կա­նի Աստ­ղա­դի­տա­րա­նի աստ­ղե­րու եւ մի­գա­մա­ծու­թիւն­նե­րու բնա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը։ Իսկ 1967-1973ին՝ տիե­զե­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու մաս­նա­ճիւ­ղը։

Այ­նու­հե­տեւ, 1973-1978ին, ­Գիւր­զա­դեան ղե­կա­վա­րած է ­Գառ­նիի Աստ­ղա­գի­տու­թեան ­Լա­բո­րա­տորիան։

Իսկ 1978-1992ին ստանձ­նած է ­Բիւ­րա­կա­նի Աստղա­դի­տա­րա­նի Ար­տամթ­նո­լոր­տա­յին Աստ­ղա­գի­տու­թեան ­Լա­բո­րա­տո­րիա­յի վա­րի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

1979էն սկսեալ ­Գուր­զա­դեան ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի ­Ճար­տա­րա­գի­տա­կան ­Հիմ­նար­կի տիե­զե­րա­կան սար­քա­շի­նու­թեան ամ­բիո­նի վա­րի­չը։ Իսկ 1992-2004ին՝ ­Գառ­նիի ­Տիե­զե­րա­կան Աստ­ղա­գի­տու­թեան Ինս­տի­տու­տի տնօ­րէ­նը։

­Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ Գ­րի­գոր ­Գուր­զա­դեան հրա­տա­րա­կած է ա­ւե­լի քան 200 գի­տա­կան յօ­դո­ւած եւ մէկ տաս­նեակ ստո­ւա­րա­ծա­ւալ մե­նագ­րու­թիւն­ներ՝ նո­ւի­րո­ւած աստ­ղա­ֆի­զի­կա­յի հիմ­նախն­դիր­նե­րուն։

Հ­րա­տա­րա­կո­ւած աշ­խար­հի խո­շոր հրա­տա­րա­կիչ­նե­րի կող­մէ՝ այդ գիր­քե­րով կրթո­ւած են մաս­նա­գէտ­նե­րու ամ­բողջ սե­րունդ­ներ։

­Գուր­զա­դեան ու­սում­նա­սի­րած է մո­լո­րա­կա­ձեւ մի­գա­մա­ծու­թիւն­նե­րու բնա­գի­տու­թիւ­նը եւ ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը՝ դեռ 1960ա­կան­նե­րուն կան­խա­տե­սե­լով մագ­նի­սա­կան դաշ­տի դե­րը մի­գա­մա­ծու­թեանց մէջ, ստեղ­ծած է աստ­ղե­րու բռնկման տե­սու­թիւն՝ հիմ­նուած ա­նոնց մէջ ըն­թա­ցող ոչ-ջեր­մա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րու վրայ։ 1990ա­կան­նե­րին ան մշա­կած է սեղմ կրկնա­կի աստ­ղե­րու ընդ­հա­նուր գու­նո­լորտ­ներ (շուրջք­րոմ­նե­րի) եւ կրկնա­կի գնդա­ձեւ աստ­ղա­կոյ­տե­րու բնաշրջ­ման տե­սու­թիւն­ներ։

­Գուր­զա­դեան տիե­զե­րա­կան աստ­ղա­գի­տու­թեան յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն է։ Ան ստեղ­ծած է շարք մը գի­տա­կան սար­քեր ու օփ­թիք հա­մա­կարգ­ներ։ Ա­նոր ա­նո­ւան հետ է կա­պո­ւած «Օ­րիոն» տիե­զե­րա­կան աստ­ղա­դի­տա­րա­նի օփ­թիք հա­մա­կար­գի աշ­խա­տան­քի սկզբուն­քի, ինք­նաշ­խատ կա­ռա­վար­ման մե­թո­դի ստեղ­ծու­մը։ ­Դեռ 1960ա­կան­նե­րէն, կի­րար­կե­լով Ռ-5 պա­լիս­թիք հրթիռ­ներ, ան ղե­կա­վա­րած է Ա­րե­գա­կի եւ աստ­ղե­րու գեր-մա­նի­շա­կա­գոյն եւ ռենտ­գե­նեան դի­տում­նե­րը. ա­ռա­ջին թռիչ­քը կա­յա­ցած է 1961ի ­Փետր­վար 15ին՝ ­Կա­պուս­տինՅար ար­ձակ­ման կա­յա­նէն։ 1969ին ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած են Պ­րո­ցիոն ­Տիե­զե­րա­կան Աստ­ղա­դի­տա­կը Космос-309 ու­ղեծ­րա­յին ար­բա­նեա­կի վրայ, ա­պա՝ Ալ­տաիր ­Ռենտ­գե­նեան Ու­ղեծ­րա­յին Աստ­ղա­դի­տա­կը, Метеор ար­բա­նեա­կի վրայ։

Այ­նու­հե­տեւ ­Գուր­զա­դեան ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է նա­խագծ­մա­նը տիե­զե­րա­կան ու­ղեծ­րա­յին աստ­ղա­դի­տա­րան­նե­րու, ո­րոնց­մէ ա­մե­նա­յայտ­նին են «Օ­րիոն­նե­րը»։ Ա­նոնք կը գե­րա­զան­ցեն ա­տե­նին ի­րա­կա­նա­ցո­ւող տիե­զե­րա­կան նման գի­տա­փոր­ձե­րը եւ յան­գած են կա­րե­ւո­րա­գոյն գի­տա­կան ար­դիւնք­նե­րու ստաց­ման, տիե­զե­րա­կան սար­քա­շի­նա­կան սկզբունք­նե­րու մշակ­ման։

­Միւս կող­մէ՝ ­Գուր­զա­դեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թեան կը պատ­կա­նին թէ՛ գե­ղան­կար­չա­կան բազ­մա­թիւ կտաւ­ներ, թէ՛ փի­լի­սո­փա­յա­կան վեր­լու­ծու­մի եւ մտո­րում­ներ գիր­քեր՝ նո­ւի­րո­ւած գի­տու­թեան, ա­րո­ւես­տին, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան։ 2001ին, ­Գառ­նիի մէջ բա­ցո­ւած ­Տիե­զեր­քի ­Թան­գա­րա­նէն ներս ներ­կա­յա­ցո­ւած են տիե­զե­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւնն­րու վաղ շրջա­նի բա­ցա­ռիկ ցու­ցանմոյշ­ներ։

­Հայ գի­տա­կան հան­ճա­րի բա­ցա­ռիկ այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով՝ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք քա­ղո­ւածք մը ­Գուր­զա­դեա­նի դի­պուկ մտո­րում­նե­րէն եւ խո­րա­թա­փանց դի­տար­կում­նե­րէն.-

- «­Հան­ճար­նե­րի դարն ապ­րած ժո­ղո­վուր­դը կամ ազ­գը հե­տա­գա­յում կա­րող է յայտ­նո­ւել եւ որ­պէս կա­նոն միշտ յայտն­ւում է բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րով, ին­տե­լեկ­տով (մտա­ւոր նե­րուժ) ա­ռա­ջին հեր­թին, շատ ցածր մա­կար­դա­կում: ­Մա­կար­դակ կամ վի­ճակ հե­ռա­վոր չա­փով, իսկ ա­ւե­լի յա­ճախ ոչն­չով չյի­շեց­նող այդ ժո­ղովր­դի հե­ռա­վոր ան­ցեա­լում, նրա ոս­կե­դա­րում ապ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

«Դ­րա ճչա­ցող օ­րի­նա­կը կա­րող է հան­դի­սա­նալ այ­սօ­րո­ւայ Ե­գիպ­տո­սը.- ­Տա­րած­քը կայ, եր­կի­րը կայ, բայց դա փա­րա­ւոն­նե­րի է­պո­խա­յի (դա­րաշր­ջան) Ե­գիպ­տո­սը չէ ար­դէն, չկայ այն հե­ռա­ւոր ժա­մա­նակ­նե­րի ժո­ղո­վուր­դը՝ ղպտի­նե­րը, դա ա­րա­բա­կան եր­կիր է՝ փա­րա­ւոն­նե­րի է­պո­խա­յի Ե­գիպ­տո­սի հետ բա­ցար­ձա­կա­պէս ո­չինչ ընդ­հա­նուր չու­նե­ցող:

«Երկ­րորդ օ­րի­նա­կը կա­րող է լի­նել այ­սօ­րո­ւայ ­Յու­նաս­տա­նը, եր­կի­րը կայ՝ ­Յու­նաս­տան, ժո­ղո­վուր­դը նույն­պէս՝ յոյ­ներ են, բայց ո՛չ այ­սօ­րո­ւայ եր­կի­րը եւ ոչ էլ յատ­կա­պէս ժո­ղո­վուր­դը չու­նի ո­չինչ ընդ­հա­նուր հել­լէ­նա­կան ­Յու­նաս­տա­նի կուլ­տու­րա­յի (մշա­կոյթ եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն) ու մտա­ծո­ղութ­յան հետ: Եր­բեմ­նի հել­լէ­նա­կան ­Յու­նաս­տա­նը՝ այ­սօ­րո­ւայ քա­ղա­քակր­թու­թեան օր­րա­նը, հի­մա իր ա­մէն ին­չով դար­ձել է Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նաանն­կատ երկր­նե­րից մէ­կը»: («­Մի կում ջուր»)

- «­Մենք ու­նե՞նք պատ­կե­րա­ցում, թէ ի՞նչ չար­չա­րանք է քա­շում մեր հայ տան­տի­րու­հին, ա­ռա­ւօտ ծէ­գից մին­չեւ ուշ ե­րե­կոյ ան­վերջ շարժ­ման մէջ, ե­փել, թա­փել, տուն հա­ւա­քել, լո­ւա­նալ, ե­րե­խա­նե­րին լո­ղաց­նել, հիւ­րեր ըն­դու­նել ու ճա­նա­պարհ դնել... Ու այդ ա­մէ­նը ա­ռանց տրտուն­ջի, ա­ռանց ձայն հա­նե­լու... Ա­ռա­ջին արթ­նա­ցողն ինքն է, վեր­ջին ան­կո­ղին մտնո­ղը նոյն­պես ին­քը... ­Դա­րեր, դա­րեր այդ­պէս է ե­ղել, հայ գիւ­ղի տան­տի­րու­հին ա­ռաս­պել է, ա­մէն չա­փից ու ըմբռ­նու­մից դուրս ե­րե­ւոյթ... Ծն­կի պի­տի գալ այդ կին ա­րա­րա­ծի աոաջ... Ու մտա­ծել, որ հո­րի­զո­նից բարձ­րա­ցող այ­սօ­րո­ւայ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կա­րող է վեր­ջը բե­րել այս աշ­խար­հի, այս հո­գե­բա­նու­թեան... ­Դա կը լի­նի եւ մեր վեր­ջը, մեր ժո­ղովրդի, մեր պատ­մու­թեան... («­Խո­հեր... խո­հեր...»)։

Ն.