Փետրուար 15ը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի անմահներէն Ռուբէն Սեւակի, որ կը հանդիսանայ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներու փաղանգին կրտսերագոյն արժանաւորը եւ, միանգամայն, բարձրորակ տաղանդաւորը։
Միայն 30 տարի ապրեցաւ Ռուբէն Սեւակ եւ չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։
Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշապատումներ ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։
Նաեւ բազմաշնորհ ու մեծ պատգամի տէր տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ոչ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործութիւնները որքան զեղուն են յոյզերու խորհրդապաշտութեամբ եւ երաժշտականութեամբ, նոյնքան յագեցած են մտորումներու եւ խոկումի խորամոյն թելադրականութեամբ։
Աւելի՛ն. ազգային մեր ինքնութեան եւ էութեան, հայու մեր արժանիքներուն եւ թերութեանց առաքելաշունչ ճանաչումն ու անխառն պաշտամունքը ունեցող մտաւորականն էր Ռ. Սեւակ, որ միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն՝ Օգոստոս 1908ին արթնացման ու զգաստացման հետեւեալ պոռթկումն ու ահազանգը ուղղեց հայոց սերունդներուն.-
«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը... Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու... անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու... ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն-արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ... մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ... մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ եւ ապրիլ ձեւացնել... ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ, ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։
Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառապանքը, ընդվզումն ու ցասումը։
Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։
Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած էր Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901ին ընդունուած էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ ըլլալով 1905ին՝ ղրկուեցաւ Լօզան, Զուիցերիա, տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Մինչեւ 1911 երկարած Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի Արմէնիա Ուսանողական Միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։
Յատկապէս 1909ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910ին հրատարակուած իր «Կարմիր գիրքը» գործով։ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ռուբէն Սեւակ 1911ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։
1911էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, Ռուբէն Սեւակ ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։
Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռ. Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց ե՛ւ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, ե՛ւ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, ե՛ւ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց ալեկոծ յուզաշխարհը։ Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ Իթթիհատի կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկի եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանղըր, ուր նահատակութեան մէջ «ընկերակից» դարձաւ Դանիէլ Վարուժանին։
Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։ Պատմական արխիւներուն մէջ կայ վկայութիւնը թուրք սայլապանի մը, որ կը նկարագրէ, թէ ինչպիսի՛ վայրագ դաժանութեամբ թուրք ոստիկանները ծառի մը կապած եւ ուղղակի մորթած են միայն հայ գիրին ու դպրութեան ծառայելու «յանցանքը» գործած Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։
Այդպէ՛ս ցեղասպան թուրքը խեղդեց տաղանդը Ռուբէն Սեւակ մեծատաղանդ բանաստեղծին ու արձակագիրին։ Հայկեան Հանճարի կանխահասօրէն ճառագայթած եւ վաղաժամօրէն արմատախիլ պոկուած երգիչին ծննդեան տարեդարձին առիթով՝ ընթերցողին կը յուշենք անոր անմահ էջերէն «Սիրոյ ու մահուան երգը», «Կարմիր դրօշակ»ին եզրափակիչ բաժինը ու «Կիլիկեան երգեր»էն «Վրէժի սերմնացանը» եւ «Վերջին օրօր» քերթուածները.-
«ԿԱՐՄԻՐ ԴՐՕՇԱԿ»
Վայրա՜գ գոռիւն մը գիշերին մէջ թնդա՜ց.
Ձիւնոտ ցայգին անբա՜ւ սուգին մէջէն թաց,
Բոցերու պէս շըքեղ, տէգի՜ պէս հըպարտ,
Կարմիր դրօշա՜կը բարձրացաւ անհանդարտ...
Ու ես տրտո՜ւմ, ու ճմլուա՜ծ, անբարբա՜ռ,
Կը դիտէի, որ կ’երթային տրտմաբար,
Ձիւնի՜ն մէջէն, մութին մէջէն անսահմա՜ն,
Գրաստներու սեւ բանակի մը նման...
Ո՞ւր, դէպի ո՞ւր... Քաղցած կեանքեր համօրէ՜ն,
Ի սպառ լքուած աստուածներէ՜ն, մարդերէ՜ն,
Լո՜ւռ կ’երթային, խո՜ւլ բնազդի մը հլո՜ւ,
Նո՛ր օրէնքի նո՛ր նժար մը կերտելու...
Ու ինձ այսպէ՜ս թուեցաւ, թէ լռելեա՜յն,
Ճակատագրին թեւը կ’իշխէ՜ր իրենց վրան.-
Բայց կ’երթային անոնք. ի զէ՜ն, ի պայքա՜ր,
Արդարութեա՛ն կը դիմէին խո՜նջ, տըկա՜ր,
Արդարութեա՜ն, որ ա՛ս կերպո՜վ պիտի գար...
«ՎՐԷԺԻՆ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԸ»
Քե՛զ, ցասումի վայրագ հեղեղ գահավէժ,
Արդարութեան փայփայելի մո՜ւթ հըրէշ,
Խաւարներու ահե՛ղ ծընունդըդ, Վրէ՛ժ,
Ողջո՛յն, տաղե՜րս քեզի՛...
Մոխրի՜ն կուտամ սրտիս վէրքերն ախտագին...
Ամէնո՛ւն վէրքն, անսահմա՜ն վէրքը ազգին,
Արդարութեան ծարա՛ւը, մա՛հն հաւատքին,
Երգին՝ տաղե՜րըս քեզի՛...
Ու ես կուգա՜մ.- Մութ շանթերու սերմնացան-
Այդ ակօսէն, ուր արիւններ լճացա՜ն,
Գիշերներով, չար հովերով, ցիրուցա՜ն,
Ցանել՝ տաղե՜րս քեզի...
Բաբէ՜, եթէ այս բազուկս կարեվէր
Չը սորվեցաւ զարնել... Գոնէ անվեհեր
Ցանքէս Մահու առաքեալնե՜ր, հսկանե՜ր
Կը ծնին՝ տաղե՜րըս քեզի...
«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՕՐ»
Օրօ՜ր, օրօ՜ր… օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս,
Վիրաւոր հօրըդ ճիչերն ա՜լ չիմանաս,
Ծիծէս ծըծածըդ թոյն է... կաթ չէ՛, գիտնաս...
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ’ըլլար, այլ տիրէ՛...
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Հօրըդ վըրայ եթէ անշո՜ւնչ չինկայ ես,
Զի ուխտեցի՛ Հռոմի էգ գայլին պէս
Նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս...
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Բազուկներուս պարա՜ն, ոտքիս ալ կացի՜ն,
Ստինքիս զո՜յգ պտուկներն ալ կտրեցին։
Վերքէս արիւնս ծծէ, որդեակ միածին...
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Ահա կ’իյնամ... Հայաստանը մա՜յր քեզի,
Կտակ կուտամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝
Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ’այրի...
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Ն.