­altՅու­նո­ւար 27ի այս օ­րը, 74 տա­րի ա­ռաջ, ­Պել­ճի­քա­յի մայ­րա­քա­ղաք Պ­րիւք­սէ­լի մէջ, վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն ու բազ­մա­վաս­տակ զա­ւակ­նե­րէն ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոնց։

Ա­կա­դե­մա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ պատ­մա­բան, բա­նա­սէր ու հա­յա­գէտ էր Ա­դոնց, ո­րու տի­տա­նա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց ներշնչ­ման աղ­բիւրն ու մղիչ ու­ժը նոյ­նինքն Ա­

դոն­ցի մարմ­նա­ւո­րած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մտա­ծողն ու գոր­ծիչն էր։

Ա­դոն­ցի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կտա­կը կա­րե­լի է խտաց­նել ­Հոկ­տեմ­բեր 1920ին գրո­ւած եւ ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հե­տե­ւեալ եզ­րա­փա­կիչ միտ­քով.

- «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը վա­ղուց դա­դա­րել է սոսկ հայ­կա­կան լի­նե­լուց։ Այն ժա­մա­նա­կա­կից մարդ­կու­թեան գի­տակ­ցու­թեան հարցն է։ ­Հա­յերն ա­րել են մարդ­կայ­նօ­րէն հնա­րա­ւոր ա­մէն բան՝ հիմ­նա­ւո­րե­լու սե­փա­կան տու­նը։ ­Պատ­մու­թիւ­նը չգի­տէ ոչ մի ու­րիշ ժո­ղովր­դի խնդիր, որն այդ­քան զո­հա­բե­րու­թիւն­ներ ա­րած լի­նէր յա­նուն ա­զա­տու­թեան։ Ստր­կու­թեան եւ նո­ւաս­տաց­ման ան­դուն­դից նա բարձ­րա­ցել է վե­հա­պանծ հե­րո­սու­թեան եւ ինք­նա­զո­հու­թեան բար­ձունք­նե­րը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը դե­ռեւս խեղդ­ւում է ա­րիւ­նից եւ ան­համ­բեր սպա­սում է ան­կողմ­նա­պահ ի­րա­ւա­րա­րի վերջ­նա­կան վճռին» (ակ­նար­կու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի նա­խա­գահ Վ. Ո­ւիլ­սը­նի կող­մէ, ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին հի­ման վրայ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րու ճշդու­մին - Ն.)։

­Սիւ­նեաց աշ­խար­հի Բռ­նա­կոթ գիւ­ղի ծնունդ էր ­Հայ Մտ­քի ա­ռաս­պե­լա­տիպ այս հսկան, որ աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ եւ հա­յու հռչա­կը ա­մէ­նուր տա­րա­ծեց իր ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոնց ա­նու­նով ու պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան ան­մահ գոր­ծով։ ­Գէորգ ­Տէր-Ա­ւե­տի­քեա­նի յար­կին տակ 1871ին ծնած ­Նի­կո­ղա­յո­սը սե­րած էր դիւ­ցազ­նա­կան ­Դա­ւիթ ­Բէ­կի ա­ջա­կից եւ հե­րո­սա­տիպ ­Տէր-Ա­ւե­տի­քի տոհ­մէն։ Ազ­գա­յին ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան այդ զու­լալ ա­կուն­քէն ըմ­պեց սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր հո­գեմ­տա­ւոր պատ­մու­թեան ու ժա­ռան­գու­թեան լիար­ժէք տէր կանգ­նե­լու կե­նա­րար ջու­րը։

Իր մա­նուկ ու պա­տա­նի տա­րի­քէն՝ սոր­վե­լու ան­յագ ծա­րա­ւը վա­րա­կեց ի վե­րուստ ի­մա­ցա­կան շռայլ շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած ­Տէր-Ա­ւե­տի­քեան ­Նի­կո­ղա­յո­սին։

Այդ ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու ան­խոնջ ջա­նադ­րու­թիւ­նը ու­սում­նա­տեն­չու­թեան վա­րար կիր­քի մը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ Ա­դոնց գրչա­նու­նը ընտ­րած ­Մեծ ­Հա­յուն մէջ, որ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը թէեւ ան­ցուց հայ­րե­նի ոս­տա­նէն հե­ռու՝ ­Ռու­սաս­տան եւ Եւ­րո­պա, բայց ան­պայ­ման իր գո­յու­թիւ­նը շնչա­ւո­րեց հայ­րե­նիի ու մայ­րե­նիի խո­րա­գոյն ճա­նա­չո­ղու­թեամբ ու պաշ­տա­մուն­քով։

Իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ յա­ջոր­դա­բար ծննդա­վայ­րի՝ ­Տա­թե­ւի ծխա­կան դպրո­ցին, Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ­Ճե­մա­րա­նի եւ ­Թիֆ­լի­սի ռու­սա­կան ­Գիմ­նա­զիա­յի մէջ։ ­Փայ­լուն ու­սա­նող՝ 1885ին ըն­դու­նուե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նը ու ա­նոր ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մունք­նե­րը պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ ու ոս­կեայ պար­գե­ւան­շա­նով ա­ւար­տեց 1889ին։ ­Դա­սա­խօս ու­նե­ցաւ մեծ հա­յա­գէտ Ն. ­Մա­ռը։ Ու­սում­նա­սի­րեց եւ տի­րա­պե­տեց, հա­յե­րէ­նի եւ ռու­սե­րէ­նի կող­քին, լա­տի­նե­րէ­նին եւ հին յու­նա­րէ­նին, ֆրան­սե­րէ­նին եւ գեր­մա­նե­րէ­նին, անգ­լե­րէ­նին եւ վրա­ցե­րէ­նին։

1889էն 1891, մաս­նա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու նպա­տա­կով՝ Ա­դոնց գի­տա­կան աշ­խա­տան­քով ան­ցաւ Եւ­րո­պա - ­Միւ­նիխ, ­Փա­րիզ, ­Լոն­տոն եւ ­Վե­նե­տիկ։ ­Պատ­մա­գի­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ լե­զո­ւա­գի­տա­կան իր ընդ­հա­նուր պատ­րաս­տու­թեան կող­քին, Ա­դոնց խո­րա­ցաւ բիւ­զան­դա­գի­տու­թեան մէջ։ 1893ին վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ, ո­րոշ ժա­մա­նակ ­Թիֆ­լի­սի մէջ վրա­ցա­կան սկզբնաղ­բիւր­նե­րու վրայ աշ­խա­տե­լէ ետք, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Էջ­միա­ծին ու փա­րե­ցաւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի ձե­ռա­գիր­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան աշ­խար­հին։

Ա­դոն­ցի տա­րի­նե­րու այդ աշ­խա­տան­քին եւ հե­տա­զօ­տու­թեանց ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1898ին ա­ւար­տած «­Հա­յաս­տա­նը ­Յուս­տի­նիա­նո­սի դա­րաշր­ջա­նում» կո­թո­ղա­կան գոր­ծը (ռու­սե­րէն), որ հան­դի­սա­ցաւ վաղ-միջ­նա­դա­րու ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նո­ւիրուած պատ­մա­գի­տա­կան գլուխ-գոր­ծոց երկ մը։ ­Գի­տա­կան այդ մե­ծար­ժէք աշ­խա­տա­սի­րու­թեան վրայ, 1908ին, Ա­դոնց պաշտ­պա­նեց Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի իր մա­գիստ­րո­սա­կան ա­ւար­տա­ճա­ռը եւ ար­ժա­նա­ցաւ «պրի­վատ-դո­ցենտ» տիտ­ղո­սին ու միա­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին։

1915ին ա­ւար­տեց «­Դիո­նի­սիոս Թ­րա­կա­ցին եւ հայ մեկ­նիչ­նե­րը» աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րուն հի­ման վրայ 1916ին պաշտ­պա­նեց իր բարձ­րա­գոյն ուս­ման ա­ւար­տա­ճա­ռը եւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նէն ար­ժա­նա­ցաւ բա­նա­սի­րու­թեան տոք­թո­րի աս­տի­ճա­նին եւ փրո­ֆե­սո­րի կոչ­ման։ ­Նոյն տա­րին իսկ Ա­դոնց ձեռ­նար­կեց հե­տա­զօ­տա­կան շրջապ­տոյ­տի ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին։ Ե­ղաւ Էջ­միա­ծին, ­Մուշ եւ ­Կա­րին։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ­Վա­նի հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րու ար­շա­ւա­խում­բին։

1917ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Լա­զա­րեան ­Ճե­մա­րա­նի հո­գա­բար­ձու-պրո­ֆե­սոր եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ 1920, երբ խորհր­դա­յին կար­գե­րու կաշ­կան­դում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով վերջ­նա­կա­նա­պէս ան­ցաւ Եւ­րո­պա, ուր ­Լոն­տո­նի եւ ­Փա­րի­զի մէջ տաս­նա­մեակ մը դա­սա­խօ­սա­կան պախ­տօն­ներ ստանձ­նե­լէ եւ գի­տա­կան իր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լէ ետք, 1930ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Պ­րիւք­սէ­լի հա­մալ­սա­րա­նը՝ ստանձ­նե­լու հա­մար նո­րա­բաց հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Եւ­րո­պա­կան եւ յատ­կա­պէս Պ­րիւք­սէ­լեան տա­րի­նե­րը եւս բեղմ­նա­ւոր ե­ղան Ն. Ա­դոն­ցի կեան­քին մէջ։ Ոչ միայն նոր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով հարս­տա­ցուց պատ­մա­գի­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան, լե­զո­ւա­գի­տա­կան եւ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան իր մե­ծար­ժէք վաս­տա­կը, այ­լեւ՝ հաս­ցուց սե­րունդ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան տէր կանգ­նե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու իր մեծ ծա­րա­ւին ու պաշ­տա­մուն­քին բաժ­նե­կից դարձ­նե­լով իր ու­սա­նող­նե­րը։

Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, ­Պել­ճի­քան եւս ին­կաւ նա­ցիա­կան գրաւ­ման տակ։ Ա­դոնց դար­ձեալ դի­մագ­րա­ւեց նո­րաբ­նոյթ ճնշում­ներ եւ կաշ­կան­դում­ներ, մին­չեւ որ 1941ին փա­կո­ւե­ցաւ Պ­րիւք­սէ­լի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ իր ղե­կա­վա­րած ամ­պիո­նը։

Եւ 27 ­Յու­նո­ւար 1942ին, աշ­խա­տե­լու եւ ա­րա­րե­լու իր ծա­րա­ւը ա­ռանց յա­գե­ցու­ցած ըլ­լա­լու՝ մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ­Հայ Մտ­քի 20րդ ­դա­րու Հս­կան հռչա­կո­ւած ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցը։

Իր մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ­Յու­շա­տետ­րի այս է­ջը կա­րե­լի չէ փա­կել՝ ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն եւ ա­ւար­տին, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ օ­տար­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցի կա­տա­րած մե­ծար­ժէք ներդ­րու­մին։

1918ին անգ­լե­րէ­նով լոյս տե­սած իր եր­կու գոր­ծե­րը՝ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի պատ­մա­կան հիմ­քը եւ ­Թուր­քիոյ կոր­ծա­նու­մը» (Historical Foundation of the Armenian Question and the Collapse of Turkey) եւ «­Թուր­քիոյ բա­ժա­նու­մը» (The Partition of Turkey) ոչ միայն հիմ­նա­ւո­րե­ցին պատ­մա­քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին, այ­լեւ՝ մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին հա­յան­պաստ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու տա­րա­ծու­մին ու ար­մա­տա­ւո­րու­մին։ ­Նոյն տա­րին Ա­դոնց ռու­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց եր­կու այլ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն՝ «Թր­քա­կան նո­թը եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը» (Turkey՚s Note and Western Armenia) եւ «­Հայ­կա­կան ­Հարցն ու գեր­մա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը» (The Armenian Question and Germany Plans), ի­րենց կար­գին կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ ար­դա­րու­թիւն գոր­ծե­լու մի­ջազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժի ա­ռա­ջաց­ման մէջ։ Այդ ա­ռու­մով ամ­բող­ջա­կան ե­ղաւ 1920ին անգ­լե­րէ­նով ­Լոն­տոն հրա­տա­րա­կո­ւած Ա­դոն­ցի «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը ­Սեւ­րի մէջ» գոր­ծը (The Armenian Question at Sevres)։ Ընդգ­ծե­լի է, որ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան իր այս գոր­ծե­րով՝ Ն. Ա­դոնց դա­տա­պար­տեց հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը կը ծա­ռա­յեց­նէին ­Թուր­քիոյ վրայ ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու հա­շիւ­նե­րուն, թէ՛ խորհր­դա­յին­նե­րը, ո­րոնք Պ­րեսթ-­Լի­թովս­քիի դաշ­նագ­րով Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը ի­րո­ղա­պէս «ըն­ծա­յա­բե­րե­ցին» թուր­քե­րուն...

­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քա­րին մէջ, թրքա­կան Ու­րա­ցու­մը ա­կա­դե­մա­կա­նօ­րէն դի­մագ­րա­ւե­լու ճա­կա­տին վրայ, ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցի գի­տա­կան մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւ­նը ու­ղե­ցոյց կը հան­դի­սա­նայ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին հա­մար։

Ն.