Յունուար 25ի այս օրը, 95 տարի առաջ, Լենինի Կարմիր Ռուսաստանին անձնատուր եղած եւ Պոլշեւիկեան Յեղկոմի ամբողջատիրութեան տակ ինկած՝ Հայաստանն ու հայութիւնը ապրեցան մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն դառն ու ամօթալի օրերէն մէկը։
Յունուար 1921ի այս օրը, Հայոց Ազգային Բանակին ամբողջ սպայակազմը, սպարապետ Զօր. Թովմաս Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ՝ 1200 սպաներով շարասիւն կազմած, ձիւն-ձմրան եւ հետիոտն, պոլշեւիկներու նորանշանակ Յեղկոմին կողմէ աքսորուեցաւ դէպի Ռուսաստանի խորերը։
Հայադաւութեան ու հայրենադաւութեան այդ ազգային-քաղաքական ոճիրը ինչպէս օրին, այնպէս ալ մինչեւ այսօր, ամօթի խարանի պէս անջնջելի կը մնայ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ։
Ազգային պատկանելութեան եւ ներշնչումի տարրական ապրումը ունեցող հայկական իշխանութիւն մը ինչպէ՞ս կրնար ընդունակ դառնալ սեփական բանակը գլխատելու նման յանցագործութեան...
Այո՛, հայոց արդի պատմութեան 25 Յունուար 1921ի այդ սեւ էջը մոռացումի եւ անտեսումի կը մատնեն բոլոր անոնք, որոնք ամենայն հանգստութեամբ կ՚ընդունին այսօրուան՝ 25ամեայ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական այն օրէնքը, որ «Երկրորդ Հանրապետութիւն» կ՚անուանակոչէ խորհրդային ամբողջատիրութեան ապազգային, երբեմն նաեւ հակահայ ճնշումներու 70ամեակը... Խորհրդային Հայաստանի Սոցիալիստական Հանրապետութեան իբր թէ «բնական» եւ «հարազատ» միջանկեալ օղակը հռչակելով Հայաստանի Հանրապետութեան՝ տապալածին թէ վերանկախացեալին։
Նախ՝ երեւակայեցէք եօթը դարերու գերութենէն ետք իր անկախութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը։ Պատկերացուցէք նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ազգային պետականութեան իր կռուանները հիմնադրելու սխրանքով եւ «անձեւ քաոս»էն, սուգի ու սովի, արեան ու մաքառումի օրհասական պայմաններէն Րաֆֆիներու եւ Դանիէլ Վարուժաններու կանխատեսած «խենթի երազ»ն ու «վարդահեղեղ արշալոյսներ»ը իրագործելու երկունքով։
Ապա՝ մտաբերեցէք, զուգահեռաբար, Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց փլատակներուն վրայ ահագնացող մոլեռանդութեան եւ այլամերժութեան նորանուն խորշակները՝ պոլշեւիկեան եւ քեմալական կատաղութեան բորբոքումները... որոնց կայսերապետական եւ դաւանամոլական գրոհներուն խանգարման կամ խոչընդոտման պատուար նկատուեցան Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։
Հայոց պատմութեան 1920-1921 թուականներու ազգային-պետական եւ աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու այդ պաստառին վրայ, ազգադաւութենէն տարբեր ի՞նչ գնահատական կարելի է տալ մեր Ազգային Բանակի սպայական անձնակազմին՝ սպարապետ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ 1200 հայ բարձրաստիճան սպաներու զինաթափումին, ձերբակալումին եւ հետիոտն աքսորին դէպի Ռուսաստանի խորերը։
«Հայու ճակտին ամօթի խարան»էն տարբեր ի՞նչ գնահատական կարելի է տալ նման քայլի։
Ուրիշ ի՞նչ գնահատական կրնան ստանալ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ եւ սուիններու ուժով, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդայնացումը, Ալեքսանդրապոլի անձնատուական խայտառակ դաշնագիրը, Հանրապետութեան ղեկավար գործիչներու չեկայական բանտարկումը եւ «մաքրագործում»ը ու, իբրեւ փշէ դափնեպսակը այդ ամէնուն, Հայոց Բանակի սպայակազմին անարգ աքսորը։
Գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, կամայ թէ ակամայ, Քրեմլէն թէ Անգարայէն կամ հաւասարապէս երկու կողմերէն եկած հրահանգներ գործադրելով թէ ներքին՝ սեփական ի՜նչ-ի՜նչ բարդոյթներու բաւարարութիւն տալու հիւանդագին մտայնութեամբ, թուրք ու թաթար պոլշեւիկներու հետ եղբայրացած՝ հայ պոլշեւիկ «յեղափոխական»ները, փաստօրէն, դիմեցին հայ ազգային պետականութեան ողնասիւնը գլխատելու իրենց աններելի քայլին, որուն ահաւոր բարձրակէտը պիտի հանդիսանար, հետագային, հայ մտքի ու տաղանդի ուղղակի ֆիզիքական մաքրագործումը 1936-1937ականներուն...
Պատմութեան անիւը շրջուած է այսօր եւ վերանկախացեալ Հայաստանի Ազգային Բանակը իր հայեացքը ուղղած է հայոց պատմութեան մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի հերոսական էջերուն՝ գերագոյն անձնուիրութեամբ Հայաստանի ու հայութեան յաղթական ուղին նուաճած արի այրերուն՝
- Որպէսզի Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան իր սրբազնագոյն առաքելութեան մէջ, մերօրեայ հայ զինուորը պատանդ չմնայ հայու ճակտին խարանուած ամօթի մղձաւանջին։
- Որպէսզի մեր պատմութեան տխուր օրերէն մէկը պոլշեւիկներու կողմէ անարգ աքսորի դատապարտուած ԴՐՕներու եւ Նազարբէկեաններու ռազմահայրենասիրական սխրանքները ներշնչման, գօտեպնդման ու հպարտութեան աղբիւր դառնան մեր նորահաս սերունդներուն համար։
Որպէսզի մէկանգամընդմիշտ փակուի հայանուն իշխանութեանց կողմէ սեփական ժողովուրդին ու անոր սերուցքին դէմ հալածանք ծաւալելու եւ ազգային հերոսներ գլխատելու ամօթալի էջը։
Եւ իրաւամբ ազգային հերոս էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան՝ բառին ամէնէն պարզ ու դասական նշանակութեամբ, այլեւ խորիմաստ ու հպարտութիւն ներշնչող հնչեղութեամբ։
4 Օգոստոս 1855ին Թիֆլիս ծնած՝ հարուստ ընտանիքի զաւակ այս հայորդին ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուած էր, զինուորականի իր կրթութեամբ ցարական բանակի ծնունդ էր եւ ռազմական իր քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացած էր 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին։ Բայց յատկապէս 1904ի ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ հայազգի այս զինուորականին հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին Ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին։
1903-1905 թուականները նաեւ Ցարական Ռուսաստանի հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջան էր։ Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր գագաթնակէտին հասած՝ «Հայաստան առանց հայու» կարգախօսով Ցարիզմի ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ ցարական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց նուաճած պաշտօններէն։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ սակայն չհամակերպելով՝ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց ցարական բանակէն իր հրաժարականը՝ խրոխտաբար յայտարարելով, թէ ոչ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ հայ է ու հպարտ է իր հայութեամբ։
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914ին, Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, ցարական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կանչեց զօր. Նազարբէկեանին՝ անոր վստահելով Բ. Կովկասեան Հրացանաձիգ Զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը։
Վերսկսան հայոց զօրավարին հերոսական քաջագործութեանց շարքը. յատկապէս պատմական Աւարայրի դաշտէն ոչ շատ հեռու Տիլմանի ճակատամարտին՝ զօր. Նազարբէկեան, իր կողքին ունենալով Կամաւորական Առաջին Գունդը հրամանատար հերոս Անդրանիկը, ջախջախիչ պարտութեան մատնեց հարաւէն՝ պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ Փաշայի զօրքը։ Զօր. Նազարբէկեան յաղթական մուտք գործեց Պիթլիս, ապա՝ արշաւեց Վանի ուղղութեամբ եւ գնութեան հասաւ Վասպուրականի հայութեան հերոսամարտին։ 1917ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցած պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք, երբ Լենինի «տուն դարձ»ի հրահանգին ընդառաջող ռուս զինուորներու դասալքութեամբ քայքայուեցաւ ցարական բանակը, Թիֆլիս հաստատուած Հայ Ազգային Խորհուրդը ցարական բանակին մէջ յառաջացուած Հայկական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար կարգեց զօրավար Նազարբէկեանին, որ իր այդ հանգամանքով պատմակշիռ իր ներդումը ունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական ճակատամարտներուն ղեկավարման մէջ՝ այդ հիման վրայ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Բանակի Սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին։
Ահա այսպիսի՛ տարողութեամբ Ազգային Հերոսին եւ անոր հրամանատարութեամբ գործած Հայկական Բանակի սպայակոյտին դէմ էր ուղղուած հայ պոլշեւիկներու անարգ քայլը՝ հայ ժողովուրդին հպարտութիւնը կազմող հերոսները աքսորելով դէպի Ռուսաստանի խորերը։
Ահա թէ ինչո՛ւ միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք մեր սերունդներուն, որ հայոց նորագոյն պատմութեան տխուր օրերէն մէկը, պոլշեւիկներու ձեռամբ, անարգ աքսորի դատապարտուեցաւ հայոց նորակազմ բանակին ամբողջ սպայակազմը՝
- Որպէսզի ազատ ու անկախ Հայաստան կերտած հայ զինուորներու ղեկավարութեան մարմնաւորած ռազմահայրենասիրական սխրանքները ներշնչման, գօտեպնդման ու հպարտութեան աղբիւր դառնան նորահաս սերունդներուն համար։
- Որպէսզի ոչ մէկ պարագայի կրկնուի հայաանուն իշխանութեանց կողմէ սեփական ժողովուրդին ու անոր սերուցքին դէմ հալածանք ծաւալելու եւ ազգային հերոսներ գլխատելու ազգադաւութիւնը։
Ն.