22 Յունուարին, հայ մարդու յիշողութեան պաստառին, տիրական իր ձայնին ներկայութիւնը կը հաստատէ առնական դէմքը հայ երգի եւ երաժշտութեան սիրուած վարպետներէն Առնօ Բաբաջանեանի։
Աշխարհի չորս ծագերուն, հայ ժողովուրդը Յունուարի այս օրը կը նշէ ծննդեան 95րդ տարեդարձը իր տաղանդաշատ երաժիշտին, որ ճակատագրի բերմամբ միայն 62 տարի ապրեցաւ, բայց որ գիտցաւ ու կրցաւ 5 տարեկանէն սկսեալ - հնչիւններու մոգական ուժով - մնայուն ու անվերջ երգահանդէսի մը վերածել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը, անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը։
Առնօ Բաբաջանեան ամբողջ աշխարհին եւ որոշապէս հայ մարդուն պարգեւեց սրտի ու սիրոյ առինքնող երաժշտութիւն մը, որ էապէս ու անվիճելիօրէն հայատրոփ էր, որովհետեւ ինչպէս առիթով մը Առնօ Բաբաջանեան ինք պիտի ընդգծէր, «ինչ էլ որ գրեմ, ստացւում է հայեցի»...
Իր կեանքի վերջալոյսին, լրագրողի մը «նա ազատ ժամերում ինչո՞վ է զբաղւում» հարցումին պատասխանելով՝ վարպետը ի՛նք խոստովանեցաւ, թէ «Ես ազատ ժամեր չունեմ եւ չեմ էլ ունեցել։ Ամբողջ կեանքում նման եմ եղել պաշարուած ամրոցի։ Այո՛, ես պաշարուած եմ հնչիւններով։ Քուն թէ արթուն՝ շոշանքների մէջ եմ։ Մի՛ զարմացէք, եթէ ասեմ, որ իմ տեսած երազներն էլ հնչիւնների հետ են կապուած։ Այդ հնչիւններից ես ընտրում եմ սրտահաճները եւ երգեր յօրինում։ Ինձ համար ազատ ժամ ունենալ՝ նշանակում է կտրուել հնչիւններից, որ նոյնն է՝ թէ հրաժեշտ տալ կեանքին»։
Ճիշդ այդպէ՛ս, Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան տարեդարձը իր բոլոր երկրպագուներուն մէջ անպայման կ՚արթնցնէ Սիրոյ առինքնող երաժշտութիւնն ու հայատրոփ հնչիւններու դիւթանքը։
Առնօ Բաբաջանեան ծնած է Երեւան, 22 Յունուար 1921ին։ Հազիւ 5 տարեկան մանուկ էր, երբ իր յաճախած մանկապարտէզը այցի եկած մեծ վարպետը՝ Արամ Խաչատուրեան, շնորհալի մանուկներ յայտնաբերելու իր փնտռտուքին ընթացքին, խորապէս տպաւորուած էր Առնոյի դաշնակի կատարողութեամբ եւ թելադրած դպրոցի պատասխանատուներուն, որ մանուկը անպայման նուիրուի երաժշտութեան։
Այդպէս ալ եղաւ։
Առնօ Բաբաջանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ երաժշտութեան եւ միայն 9 տարեկան էր, երբ ստեղծեց իր առաջին երաժշտական գործը՝ «Պիոներական մարշ»ը (քայլերգը), որ անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց ժամանակի գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ականաւոր գործիչներուն եւ քննադատներուն։ Անձնապէս Չարենց իր հոգածութեան տակ առաւ մանուկ Բաբաջանեանին՝ անոր առջեւ բանալով դռները Երեւանի պետական երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցին։
Այնուհետեւ՝ շնորհալի երաժիշտը մասնագիտական իր ուսումը ստացաւ նախ Երեւանի Պետական Երաժշտանոցին մէջ, ապա՝ 1948ին ընդունուեցաւ Մոսկուայի Պետական Երաժշտանոցին դաշնամուրի բաժինը, միաժամանակ իր արուեստը կատարելագործելով Մոսկուայի Հայաստանի Կուլտուրայի Տան արուեստանոցին մէջ։
Արուեստի քննադատներն ու կենսագիրները կ’ընդգծեն, որ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտական կազմաւորման վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցան Արամ Խաչատուրեան եւ Սերգէյ Ռախմանինով։ Այդուհանդերձ՝ շեշտակի անհատականութեամբ օժտուած տաղանդ մը ըլլալով՝ Բաբաջանեան թէ՛ իբրեւ դաշնակահար եւ թէ՛ իբրեւ երաժիշտ յատկանշուեցաւ ինքնատիպ դրոշմով ինչպէս իր կատարողական մեկնաբանութեանց, նոյնպէս եւ իր ստեղծագործական յօրինումներուն մէջ։
Ան եղաւ մեր ժողովուրդին սիրուա՜ծ երաժիշտը, որուն «Վաղարշապատի պարը», «Հերոսական բալլադ»ը, «Հայկական ռապսոդիան» եւ «Դաշնամուրային եռեակ»ը մինչեւ այսօր լայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն։ Նոյնպէս եւ «Կամուրջներ», «Գուշակիր ցանկութիւնս» ու «Մի շտապիր» երգերու օրինակով քնարական գործերը։ Առնօ Բաբաջանեան մեծ գործ կատարեց նաեւ թատերական եւ շարժանկարային գլուխ-գործոցներու երաժշտական դաշնաւորման ասպարէզին մէջ։ Իրենց ժողովրդականութիւնը մինչեւ այսօր կը պահպանեն «Իմ սիրտը լեռներում է», «Առաջին Սիրոյ երգը», «Երջանկութեան մեխանիկան» եւ «Հարսնացուն հիւսիսից» գործերու բեմականացման համար Բաբաջանեանի ստեղծած երաժշտական դաշնաւորումները։
Առնօ Բաբաջանեան դաշնակահարը ինքզինք կը գերազանցէր յատկապէս սեփական երգերու եւ երաժշտական ստեղծագործութեանց մեկնաբանութեան ժամանակ. դաշնամուրի առջեւ՝ Առնօ Բաբաջանեան կը վերածուէր հայ երգի ու երաժշտութեան մոգական ուժը թեւաւորող հնչիւնային կախարդի, որ իրեն կապուած կը պահէր ունկնդիրն ու հանդիսատեսը։
Վարպետը 1956էն սկսեալ վերջնական բնակութիւն հաստատեց Մոսկուայի մէջ, ուր եւ աչքերը փակեց 11 Նոյեմբեր 1983ին՝ գերելով մոսկուացիներու հոգին, իբրեւ Սիրոյ եւ Հայաստանի մեծ երգիչն ու երաժիշտը։
Սիրոյ առինքնող երաժշտութեան եւ հնչիւններու հայաշունչ կախարդանքին անկորնչելի նուաճումներէն է Առնօ Բաբաջանեանի դաշնաւորած «Չքնաղ Երազ»ը, որուն բառերը ստեղծագործութիւնն են սիրուած հեղինակ Արամայիս Սահակեանի.-
Դու ինձ համար սիրոյ աղբիւր,
Ես քեզ համար՝ գուցէ ոչինչ։
Դու ինձ համար երազ մաքուր,
Ես քեզ համար՝ գուցէ ոչինչ։
Հեռուի՜ց՝ ես քեզ գոնէ՛ տեսնեմ, սիրեմ,
Որպէս կեանքիս չքնաղ երազ։
Արեգակին պէտք է հեռուի՜ց նայել,
Կ’այրի՛, եթէ շատ մօտենաս։
Կեանքում դու միշտ ուրախ մնայ,
Եւ միշտ եղիր պայծառ ու ջինջ։
Ամբողջ մի կեանք սիրով կը տամ,
Ես քեզ համար՝ գուցէ ոչինչ։
Հեռուի՜ց՝ ես քեզ գոնէ՛ տեսնեմ, սիրեմ,
Որպէս կեանքիս չքնաղ երազ։
Արեգակին պէտք է հեռուի՜ց նայել,
Կ’այրի՛, եթէ շատ մօտենաս։
Ն.