Յունուար 20ի օրը կը նշենք ծննդեան տարեդարձը տաղանդաւոր բանաստեղծ ու խիզախ մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեանի, որ հայ գրականութեան պարգեւեց մայրական շունչով յագեցած Սիրոյ եւ Իմաստութեան ինքնատիպ յուզաշխարհ մը։ Սիլվա Կապուտիկեան հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ անմահացած է ոչ միայն իբրեւ մեր ժողովուրդին կողմէ այնքա՜ն սիրուած
քնարերգական քերթուածներու անմոռանալի բանաստեղծուհին, այլեւ իբրեւ այն մտաւորականը, որ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դաժանագոյն արհաւիրքը իմաստութեամբ յաղթահարելու եւ պայծառ գալիքը նուաճելու ինքնավստահութեամբ ոգեւորեց մեր սերունդները։
Ի վերջոյ Սիլվա Կապուտիկեան ապրեցաւ ու ստեղծագործեց, իր ընթերցողները յուզեց ու ոգեւորեց, այլեւ ու մանաւանդ հայ կեանքը հունաւորեց այն հաւատքով եւ յանձնառութեամբ, որ՝
Ասում են, երբ փայտահատը՝ կացինն առած
Մօտենում է, որ ճիւղատի ծառը կանգուն,
Ծառն զգում է կացնի շունչը մահատարած,
Ծառն զգում է, ինչպէս մարդն է ահը զգում։
Ծառն զգում է եւ օրհասի իր բնազդով
Ճիւղերի մէջ, ճիւղերից ներս՝ լարուած ցաւից,
Հաւաքում է հիւթերը ողջ, սաղմ ու աւիշ
Ու մղում վար, արմատներն է մղում տենդով։
Զուր են սրում կացինները, զուր են սրում,
Կարծում են, թէ ա՛յդ ես, որ կաս՝ թոյլ ու հլու։
Բիւր անգամներ ճիւղատել են քեզ դարերում,
Բիւր անգամուայ դու փորձ ունես ընձիւղելու...
Իսկ Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջերուն գրուած Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի քնարերգակ բանաստեղծուհին անմիջապէս գրաւէ սիրտն ու միտքը մեր ժողովուրդին՝ աշխարհի չորս ծագերուն։
Պատգամ ունէր նորայայտ բանաստեղծուհին եւ օժտուած էր իր պատգամը ամենայն քնարականութեամբ, պարզութեամբ ու խոհականութեամբ սերունդներուն կտակելու, Հայու Հոգին յաւերժ ջերմացնելու շնորհալի տաղանդով՝
- Լսի՚ր, որդիս, պատգամ որպէս
Սիրող քո մօր խօ՜սքը սրտանց,
Այսօրուանից յանձնում եմ քեզ
Հայոց լեզո՜ւն հազարագանձ:
Կտրել է նա, հանց աստղալոյս,
Երկինքները ժամանակի,
Շառաչել է խռովայոյզ
Սլացքի հետ հայկեան նետի,
Ու Մեսրոպի սուրբ հանճարով
Դարձել է գիր ու մագաղաթ,
Դարձել է յո՜յս, դարձել դրօ՜շ,
Պահել երթը մեր անաղարտ...
Նրանո՛վ է մրմրնջացել
Հայ պանդուխտը վէրքն իր սրտի,
Նրանո՛վ է որորտացել
Կռուի երգն իմ ժողովրդի,
Պահի՛ր նրան բարձր ու վճիտ,
Արարատի սուրբ ձիւնի պէս,
Պահի՛ր նրան սրտիդ մօտիկ,
Քո պապերի աճիւնի պէս,
Ու ոսոխի զարկիցը սեւ
Դու պաշտպանի՛ր կրծքով նրան,
Ինչպէս մօ՜րդ կը պաշտպանես,
Թէ սո՛ւր քաշեն մօրդ վրան,
Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՜ւր էլ գնաս,
Թէ մօ՛րդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս:
Ահա այսպէ՛ս, իր առաջին բանաստեղծութիւններէն իսկ, կանացի եւ մայրական սիրոյ, քնքշանքի ու գեղեցկութեան քնարերգուն ըլլալով հանդերձ, Սիլվա Կապուտիկեան դրսեւորեց իր պատգամին ողջ կեանքով նուիրուելու մտաւորականի յանձնառութիւնն ու ազգային-հասարակական գործիչի հետեւողականութիւնը։
Նաեւ հայ քաղաքական մտքի անդաստանէն ներս Սիլվա Կապուտիկեան ունեցաւ շռնդալից մուտք, երբ 1964ին լոյս ընծայեց «Քարաւանները դեռ քայլում են» վիճայարոյց ուղեգրութիւնը, ուր թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մերկացումը կատարեց ու տարագիր հայութեան ուղղեց հայրենիքին մէջ համախմբուելու եւ հայրենի պետականութեան շուրջ միաւորուելու պատգամը։
Սիլվա Կապուտիկեանի Պատգամը վիճայարոյց էր, որովհետեւ իր խորքին ունէր խորհրդային ամբողջատիրութենէն եկող կաշկանդումներու՝ հայութիւնը «իւրայիններու» եւ «դաշնակներու» բաժնելու պառակտիչ սաղմեր։ Այդուհանդերձ՝ Սիլվա Կապուտիկեան հնչեցուց հայոց ազգային պահանջատիրութեան վերազարթնումին առաջին զանգերը եւ, իբրեւ այդպիսին, երկխօսութեան առաջին կամուրջ մը հաստատեց հայ ժողովուրդի հայրենաբնակ եւ տարագիր թեւերուն միջեւ։
Գրական-ստեղծագործական թէ ազգային-հասարակական տարբեր ուղի չէր կրնար ունենալ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասնակից Բարունակ Կապուտիկեանի դուստրը, որ 20 Յունուար 1919ին ծնաւ Երեւանի մէջ, իր ամբողջ կեանքը անցուց Երեւանի մէջ, նոր դարու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հնչեցուց հայ կնոջ ու մօր քնարական ձայնը, նոյնքան արդիական եղաւ Հայ Մտքին առջեւ հորիզոն բանալու իր խոհականութեան եւ իմաստութեան մէջ, բայց ի՛նչ որ գրեց եւ հանրային պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրք ալ գրաւեց՝ շարունակ հաւատարիմ մնաց վանեցի իր արմատներուն եւ, այդ ճամբով, միշտ ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայ ժողովուրդի արհաւիրքակեդրոն յուզաշխարհը...
1935ին լոյս տեսած իր առաջին ոտանաւորէն մինչեւ 2002ին լոյս տեսած «Իմ կածանը աշխարհի ճանապարհներին» մտորումները, Սիլվա Կապուտիկեան բեղուն գրիչ ունեցաւ։ Տասնեակաւոր գրքոյկներու եւ հատորներու ժառանգութիւն մը թողուց մեր սերունդներուն։
Գիտական պատրաստութիւն ունէր. աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագիտութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան կաճառը։
Կեանքի ընկերն էր մեծն Յովհաննէս Շիրազի։
1941էն սկսեալ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ էր, իսկ 1945ին անդամագրուած էր Համայնավար կուսակցութեան։ Զոյգ հանգամանքներով՝ երկար տարիներ գտնուեցաւ պետական պատասխանատու պաշտօններու վրայ. պարտաւորուեցաւ իր տուրքը վճարելու խորհրդային կարգերուն, բայց առիթները ստեղծեց, որպէսզի կարենայ իր խղճի պարտքը կատարել հանդէպ բազմաչարչար հայութեան։
Դէպի սփիւռքեան հայօճախները կատարուած իր պարբերական այցելութիւններով եւ երբեմն երկարատեւ ուղեւորութիւններով՝ Կապուտիկեան ոչ միայն մօտէն ճանչցաւ Հայկական Արտասահմանը եւ շատ բան վերատեսութեան ենթարկեց խորհըրդահայու իր ներաշխարհին մէջ, այլեւ՝ հայրենիքը աւելի հարազատ ու ճանաչելի դարձուց սփիւռքահայութեան։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ երբ զարթնումի ժամը հնչեց Արցախեան Պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ, 1980ականներու երկրորդ կիսուն, Սիլվա Կապուտիկեան ազգային-հասարակական գործիչը հաստատակամ կանգնեցաւ Արցախը Հայաստանին միացնելու համաժողովըրդական շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ, իբրեւ աննկուն դրօշակիր։
Ազգային գործիչի եւ իմաստուն մտաւորականի իր մեծարժէք վաստակէն առաջ թէ վեր՝ Սիլվա Կապուտիկեան անմահութեան արժանի է յատկապէս իր գրական ժառանգութեամբ։ Իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ, Կապուտիկեան բացաւ կանացի եւ մայրական սիրոյ, քնքշանքի ու գեղեցկութեան քնարական ծով աշխարհ մը, ուր կեղծն ու սուտը երբեք տեղ չունեցան։ Իր երգած Սէրը առանց Ցաւի չեղաւ, բայց տառապանքի մէջ խորացած եւ արմատաւորուած բիւրեղեայ իրաւութեամբ զատորոշուեցաւ։ Ահա՛ «Լսիր, Սիրելիս» խորագրուած իր խոստովանութիւնը.
Քեզ պիտի գաղտնիք բացեմ ես հիմա.
Ես կը գամ քեզ մօտ -
Գուցէ խենթացած սիրուց ու բախտից,
Գուցէ խստադէմ, մռայլ, ինչպէս մահ.
Մինչ ոսկորներս յոգնած աշխարհի
Սեւից ու ստից:
Սակայն իմացիր,
Երբեք ես չեմ գայ քեզ մօտ դիմակով.
Կը գամ ինչպէս կամ -
Սիրիր, ինչպէս կամ -
Եւ, աղաչում եմ, դու էլ մի զուգուիր
Լուսապսակով.
Եղիր ինչպէս կաս,
Սիրիր ինչպէս կաս։
Քեզանից առաջ
Ցամաքած, տրտում ջրհոր էր հոգիս,
Դու եկար.
Եւ ես լցուած եմ մի ծովի նման.
Բայց, աղաչում եմ,
Շողուն խօսքերով ինձ մի ամոքիր.
Ատում եմ կեղծը -
Ինձ իսկականն է հարկաւոր միայն։
Հրդեհ մի խաղայ -
Եթէ կրակդ մարել է իրաւ.
Մի քաշուիր ցաւից -
Խաբուելու ցաւը աւելի է մեծ.
Ստից շնչահեղձ այս աշխարհի մէջ
Արի գոնէ մենք չխաբենք իրար...
Անկեղծութեան եւ Իրաւութեան, Սիրոյ եւ Իմաստութեան երգիչն ու պատգամաբերն է Սիլվա Կապուտիկեան, որ 25 Օգոստոս 2006ին, անցաւոր մեր կեանքին հետ հաշուեյարդար կատարած՝ առյաւէտ մեկնեցաւ մեր աշխարհէն եւ գնաց միանալու հայոց անմահներու համաստեղութեան, մնացողներուս միշտ յուշելով, թէ՝
- «Դժբախտ է այն մարդը, որն այլեւս ոչինչ չունի կորցնելու:
- «Ազնիւ մարդը չի գնում յարմարութեան, վախենում է արդար ապրելու երջանկութիւնը կորցնելուց:
- «Կեանքի բոլոր տարիներն էլ հաւասար սիրելի են, քանի որ կեանքն ինքն է սիրելի»:
Ն.