Յու­նո­ւար 19ի այս օ­րը կը լրա­նայ ին­նե­րորդ տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­րօ­րեայ հե­րոս­նե­րէն Հ­րանդ ­Տին­քի նա­հա­տա­կու­թեան։

2007 թո­ւա­կա­նի ճիշդ այս օ­րը, ­Պոլ­սոյ գլխա­ւոր թա­ղա­մա­սե­րէն ­Շիշ­լիի մէջ գտնո­ւող իր «Ա­կօս» թեր­թի խմբագ­րա­տան առ­ջեւ, Հ­րանդ ­Տինք զոհ գնաց թրքա­կան հա­յա­տեա­ցու­թեան ար­ձա­կած մո­լե­գին ե­րեք փամ­փուշտ­նե­րու...

53 տա­րի­քը հա­զիւ բո­լո­րած էր ­Հա­յու­թեան ի­րա­ւա­տի­րա­կան ­Ձայ­նը իւ­րո­վի ներ­կա­յաց­նող, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը քա­ջա­բար ու բարձ­րա­ձայն ամ­րագ­րող եւ, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, յա­նուն ա­զա­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան իր գե­րա­գոյ­նը՝ կեան­քը զո­հա­բե­րե­լու պատ­րաստ Հ­րանդ ­Տին­քը։

­Տին­քի վրայ մա­հա­ցու փա­փուշ­տը ար­ձա­կող թուրք ե­րի­տա­սարդ ոճ­րա­գոր­ծը, տե­սախ­ցի­կի ար­ձա­նագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, «­Կեա­ւո՜ւր» ա­նար­գա­կան բա­ցա­գան­չու­թեամբ կնքեց իր ա­րար­քը եւ հե­ռա­ցաւ ո­ճի­րի վայ­րէն։

Ոչ մէկ կաս­կած, որ կա­տա­րո­ւա­ծը քա­ղա­քա­կան ո­ճիր էր եւ ծնունդն էր թրքա­կան ազ­գայ­նա­մոլ այ­լա­մեր­ժու­թեան, որ այս պա­րա­գա­յին հա­յա­տեա­ցու­թեամբ մո­լեգ­նած էր։

Ոչ մէկ կաս­կած, նաեւ, որ պե­տա­կան մեղ­սակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած ո­ճիր էր ­Տին­քի ա­հա­բե­կու­մը։ «Ա­կօս»ի խմբագ­րա­պե­տը ար­դէն յա­ճա­խա­կի մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­ներ կը ստա­նար՝ ­Հա­յաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին ի նպաստ իր բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տած մտա­ծում­նե­րուն եւ ստո­րագ­րած յան­դուգն գրու­թեանց հա­մար։ Այ­դօ­րի­նակ սպառ­նա­լիք­նե­րու լոյ­սին տակ, հե­տե­ւա­բար, բա­ցա­ռո­ւած էր, որ ինք­նագ­լուխ մո­լա­գա­րի մը գոր­ծը ըլ­լար օր-ցե­րե­կով այդ­պէս՝ հա­մար­ձա­կօ­րէն կա­տա­րո­ւած ­Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը։

Ա­ւե­լի՛ն. նման սպառ­նա­լիք­նե­րու բնա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նո­ւե­լու նպա­տա­կով էր, որ ­Տինք դի­մած էր պե­տա­կան հսկո­ղու­թեան եւ, առ այդ, զե­տե­ղո­ւած էր խմբագ­րա­տան սե­մին շար­ժում­նե­րը ար­ձա­նագ­րող տե­սախ­ցի­կը։

Այդ նկա­տա­ռում­նե­րով ալ օ­րին, կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ, շղթա­յա­զեր­ծո­ւե­ցաւ բո­ղո­քի ըն­դոստ ա­լիք մը գոր­ծո­ւած քստմնե­լի ո­ճի­րին դէմ։ Ոչ միայն Հ­րանդ ­Տին­քի պա­րագա­ներն ու ըն­կեր­նե­րը, ոչ միայն ­Պոլ­սոյ հա­յու­թեան ի­րա­ւա­տէր շրջա­նակ­նե­րը, այ­լեւ նոյ­նինքն թուրք հա­սա­րա­կու­թեան ա­զա­տա­խոհ ու ար­դա­րա­միտ մտա­ւո­րա­կան­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը փու­թա­ցին տէր կանգ­նե­լու հա­յոց նո­րօ­րեայ նա­հա­տա­կին ու ա­նոր ­Պատ­գա­մին՝ «­Մենք բո­լորս Հ­րանդ ­Տինք ենք», «­Մենք բո­լորս ­Հայ ենք» վան­կար­կու­մով հե­տե­ւե­լով ա­նոր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան բազ­մա­հա­զա­րա­նոց թա­փօ­րին։

Օ­րին ստեղ­ծո­ւե­ցաւ նաեւ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ա­տե­նի վար­չա­պետ Էր­տօ­ղա­նի ղե­կա­վա­րած թուրք պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին եւս ընդվ­զած էր ազ­գայ­նա­մոլ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու վե­րագ­րո­ւած ­Տին­քի սպա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ո­ճի­րին դէմ։ Այդ ի­մաս­տով պաշ­տօ­նա­կան ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ ալ հնչե­ցին թուրք պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք թրքա­կան բա­նա­կին եւ յա­տուկ սպա­սար­կու­թեանց մէջ յայտ­նա­գոր­ծել ու­զե­ցին ոճ­րա­յին որ­ջեր...

­Բայց նման վե­րագ­րում­նե­րը թրքան­պաստ քա­րոզ­չու­թեան ծա­ռա­յե­լէ եւ ո­ճի­րին բուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու պա­հե­լու նպա­տա­կէն ան­դին չէին անց­ներ։

Հ­րանդ ­Տին­քի ա­հա­բեկ­ման ե­տին կանգ­նած մութ ու­ժե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու եւ օ­րէն­քի խստու­թեամբ պատ­ժե­լու սկզբնա­կան օ­րե­րու պաշ­տօ­նա­կան խոս­տում­նե­րը այն­քա՜ն խո­րա­ման­կու­թեամբ շա­հարկուե­ցան ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, որ Էր­տօ­ղան սկսաւ բա­րի վա­րուց վկա­յա­գիր­ներ ստա­նալ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ա­ջէն ու ձա­խէն։

Այդ դրա­մագ­լու­խով ալ պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րան փոր­ձեց, Եւ­րո­միու­թիւն իր մուտ­քը դիւ­րաց­նե­լու եւ հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մի վրայ ­Ցե­ղաս­պա­նի խա­րա­նը ­Թուր­քիոյ ճա­կա­տէն ջնջե­լու հա­շիւ­նե­րով, ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով շա­հար­կել հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման օ­րա­կար­գը՝ շա­րու­նակ տա­րա­ծե­լով այն թիւ­րի­մա­ցու­թիւ­նը, թէ թրքա­կան հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան շռնդա­լից ա­պա­ցոյ­ցը Ան­գա­րա պի­տի տար Հ­րանդ ­Տին­քի ա­հա­բեկ­ման պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն անխ­նայ բա­ցա­յայ­տու­մով ու պատ­ժու­մով։

­Բայց այդ բո­լոր խոս­տում­ներն ու թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րը ան­ցեա­լին հետ մոռ­ցո­ւած են եւ սուտ փու­չիկ­նե­րու պէս օ­դը ցնդած են այ­սօր։

­Տին­քի նա­հա­տա­կու­թեան ին­նա­մեա­կին, թրքա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մել, դա­տա­խազ­ներ ան­գամ գոր­ծէ հե­ռաց­նել, որ­պէս­զի ­Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տաքն­նու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած ու փա­կո­ւած հա­մա­րո­ւի՝ ո­ճի­րը վե­րագ­րե­լով ինք­նագ­լուխ գոր­ծած ծայ­րա­յե­ղա­կան յան­ցա­գործ­նե­րու...

Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այ­սօր եւս կառ­չած կը մնան 2012ին ի­րենց սար­քած դա­տա­վա­րու­թե­նէն հա­նո­ւած ան­հիմն ու խայ­տա­ռակ այն դա­տավ­ճի­ռին, որ հեգ­նե­լով ողջմ­տու­թիւ­նը թէ՛ թուրք հա­սա­րա­կու­թեան եւ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին՝ պաշ­տօ­նա­պէս ա­րար-աշ­խար­հին փոր­ձեց հա­մո­զել, թէ ­Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը «կազ­մա­կեր­պու­թեան մը գոր­ծը չէ»...

Այս ա­ռու­մով ալ, Հ­րանդ ­Տին­քի նա­հա­տա­կու­թեան իւ­րա­քան­չիւր տա­րե­լի­ցի հետ, ա­հա ի­նը տա­րի­նե­րէ ի վեր, ­Թուր­քիոյ հա­յու­թեան ի­րա­ւա­տէ­րի ար­դա­րա­գոյն ձայ­նը դար­ձեալ կ­՚ա­հա­բե­կո­ւի։

Հ­րանդ ­Տինք ծնած էր 1954ի ­Սեպ­տեմ­բեր 15ին, ­Մա­լա­թիա։ 7 տա­րե­կա­նին ծնող­նե­րուն հետ ­Մա­լա­թիա­յէն տե­ղա­փո­խո­ւած էր ­Պո­լիս, ուր ծնող­նե­րու ա­մուս­նա­լուծ­ման հե­տե­ւան­քով յանձ­նո­ւած էր ­Կէ­տիկ­փա­շա­յի հայ­կա­կան ման­կա­տան խնա­մա­տա­րու­թեան։

Ու­սու­մը ստա­ցած էր նախ ­Պեզ­ճեան վար­ժա­րա­նին, ա­պա ­Սուրբ ­Խաչ դպրե­վան­քին մէջ։ ­Բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լով՝ ա­ւար­տած էր ­Պոլ­սոյ պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի կեն­սա­բա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան կա­ճառ­նե­րը։ Վ­կա­յո­ւե­լով՝ կա­տա­րած էր զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, որ­մէ ետք նո­ւի­րո­ւած էր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէ­զին։

Թր­քա­կան մա­մու­լին իր աշ­խա­տակ­ցու­թեան կող­քին, Հ­րանդ ­Տինք 80ա­կան­նե­րուն կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ պոլ­սա­հայ մա­մու­լի յա­ռա­ջա­պահ «­Մար­մա­րա» թեր­թին՝ ­Ջու­թակ ծած­կա­նու­նով քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­ներ լոյս ըն­ծա­յե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ թրքա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու մա­սին։

1996ին Հ­րանդ ­Տինք հիմ­նեց թրքա­լե­զու «Ա­կօս» թեր­թը՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ներ­կա­յաց­նել ­Թուր­քիոյ հա­յու­թիւ­նը եւ դառ­նալ ա­նոր ձայնն ու ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նը։

­Յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­պա­նու­թեան հար­ցով հա­կադ­րո­ւե­լով ­Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէ­տին՝ ­Տինք բազ­միցս հա­լա­ծո­ւե­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, մին­չեւ որ 2005ին դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ 6ամ­սեայ պայ­մա­նա­կան բան­տար­կու­թեան:

Իր ա­զա­տա­խոհ եւ յան­դուգն հրա­պա­րա­կում­նե­րուն առ ի գնա­հա­տանք՝ Հ­րանդ ­Տինք 2005ին ար­ժա­նա­ցած էր ­Թուր­քիոյ ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան «­Խօս­քի եւ ­Խիղ­ճի Ա­զա­տու­թեան» տա­րե­կան մրցա­նա­կին, 2006ին՝ ­Գեր­մա­նիոյ «Շ­թեռն» ամ­սա­թեր­թի հիմ­նա­դիր ­Հեն­րի ­Նան­նե­նի՝ «­Մա­մու­լի Ա­զա­տու­թեան եւ Լ­րագ­րո­ղա­կան խի­զա­խու­թեան» մրցա­նա­կին, ­Նոր­վե­կիոյ՝ «­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Բեոռն­սի Ա­նո­ւան» մրցա­նա­կին եւ 2007ին՝ յետ-մա­հու՝ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի յա­տուկ մրցա­նա­կին։

Հ­րանտ ­Տին­քի յի­շա­տա­կին ստեղ­ծո­ւե­ցաւ «Հ­րանտ ­Տին­քի ա­նո­ւան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հիմ­նադ­րամ»ը՝ ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն կա­տա­րե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։ ­Հիմ­նադ­րա­մը 2009ին լոյս ըն­ծա­յեց ­Տին­քի «Եր­կու մօտ ժո­ղո­վուրդ, եր­կու հե­ռու հա­րե­ւան» գիր­քը, նո­ւի­րո­ւած՝ հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց։

Հ­րանդ ­Տին­քի ա­նու­նով փո­ղոց մը կո­չո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի ­Մար­սէյլ քա­ղա­քին մէջ, իսկ ­Փա­րիզ՝ դպրոց մը:

­Հայ ­Դա­տի մե­րօ­րեայ նա­հա­տա­կին՝ Հ­րանդ ­Տին­քի յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով, ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք «Հ­րանդ ­Տին­քին» խո­րա­գի­րը կրող մե­ծա­տա­ղանդ բա­նաս­տեղծ ­Զահ­րա­տի քեր­թո­ւա­ծը.-

«Ա­ղաւ­նի­նե­րը հա­մո­զե­ցին, ը­սին որ ի­րենց վրայ

չեն կրա­կեր. Հ­րանդ հա­ւա­տաց։ ­Թէ­պէտ երկ­չոտ՝

հա­ւա­տաց, թէ ա­ղաւ­նի մըն է։

­Բայց կրա­կե­ցին։

­Նա­խա­տե­սած էր, մէկ քա­նի տա­րի ա­ռաջ ը­սած էր ին­ծի.

«Իմ մա­հը պի­տի ըլ­լայ ոտ­քի վրայ՝ կանգ­նած, ոչ թէ պառ­կած՝

ան­կո­ղի­նի մէջ»։

«­Թող պառ­կի լոյ­սե­րու մէջ։

Ե­թէ մե­զի հարց­նէք, ան միշտ յաղ­թա­կան պի­տի կանգ­նի՝

ա­նա­ղարտ ար­ձա­նի մը պէս»։

Ն.