­altՅու­նո­ւա­րի 7ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ ան­մեռ յի­շա­տա­կը իր հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի։ 96 տա­րի ա­ռաջ, 7 ­Յու­նո­ւար 1920ի այս օ­րը, վա­ղա­ժամ իր վեր­ջին շուն­չը փչեց հայ­րե­նի ­Ջա­ւախ­քի ար­ժա­նա­ւոր այս զա­ւա­կը, ո­րուն ­Պատ­գա­մը մին­չեւ այ­սօր կ­’ար­ձա­գան­գէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու մտքին եւ սրտին մէջ.-

 

­Մի խառ­նէք մեզ ձեր վայ­րի, ար­ջի ցե­ղե­րին, -

­Մեր եր­կի­րը ա­ւե­րո­ւած, բայց սուրբ է եւ հին։

Որ­պէս լեռն է մեր պայ­ծառ տե­սել հա­զար ձիւն,

Այն­պէս նոր չեն մեզ հա­մար ցաւ ու դառ­նու­թիւն։

... ­Շատ է տե­սել եր­կիրն իմ ցաւ ու ար­հա­ւիրք,

­Լաց է այն­տեղ ա­մէն երգ եւ ողբ՝ ա­մէն գիրք։

­Գե­րո­ւած ենք մենք, ո՛չ ստրուկ, գե­րո­ւած մի ար­ծիւ,

­Չա­րու­թեան դէմ վեհ­սիրտ միշտ, վա­տի դէմ ազ­նիւ։

­Բար­բա­րոս­ներ կը գան ու կանց­նեն ան­հետ,

Ար­քա­յա­կան խօս­քը մեր կը մնայ յա­ւէտ...

­Վա­հան ­Տէ­րեան ծնած էր 28 ­Յու­նո­ւար 1885ին, Ա­խալ­քա­լա­քի ­Գան­ձա գիւ­ղին մէջ, ­Սու­քիաս քա­հա­նայ ­Տէր-Գրի­գո­րեա­նի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ։

­Մարմ­նա­պէս վա­տա­ռողջ ծնունդ էր եւ միայն 35 տա­րի ապ­րե­ցաւ ­Վա­հան ­Տէր-Գ­րի­գո­րեան, բայց 1908ին լոյս ըն­ծա­յած իր «Մթն­շա­ղի Ա­նուրջ­ներ» բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց գրքոյ­կով իսկ՝ ­Վա­հան ­Տէ­րեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր բարձ­րա­դիր գա­հը գրա­ւեց հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն զա­ւակ­նե­րու ան­մա­հու­թեան պան­թէո­նին մէջ, իբ­րեւ սի­րոյ եւ մթնշա­ղի, քնքշան­քի ու թա­խի­ծի, ա­նուր­ջի եւ մա­հո­ւան, Եր­կիր ­Նա­յի­րիի եւ «բորբ ա­րեւ»ի հան­ճա­րեղ եր­գի­չը։

­Յատ­կա­պէս ազ­գա­յինն ու հա­մա­մարդ­կա­յի­նը իբ­րեւ մէկ ու ան­բա­ժա­նե­լի ամ­բող­ջու­թիւն ըն­կա­լե­լու եւ ապ­րե­լու իր խորհր­դա­ւոր յու­զաշ­խար­հով՝ ­Վա­հան ­Տէ­րեան հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն տո­ւաւ նոր երգ, այ­լեւ՝ պատ­գամ.-

Այդ­պէ՛ս, ­Վա­հան ­Տէ­րեան ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ հայ գրա­կա­նու­թեան պար­գե­ւեց բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց թարմ շուն­չով, խոր զգայ­նու­թիւն­նե­րով, ե­րաժշ­տա­կան կշռոյ­թով, պատ­կեր­նե­րու գրաւ­չու­թեամբ եւ, մա­նա­ւա՛նդ, վճիտ ու հե­զա­սահ հա­յե­րէ­նով նոր դա­րաշր­ջան բա­ցին հա­յոց քնա­րեր­գու­թեան մէջ։

Եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ ա­րե­ւե­լա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նո­րա­րար հսկա­նե­րը՝ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան ու Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան, այ­լեւ ու մա­նա­ւա՛նդ Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց ի­րենց հպար­տու­թեան աղ­բիւ­րը գտան ­Տէ­րեա­նի մէջ։ Իսկ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը իր ա­մէ­նօ­րեայ եր­գին վե­րա­ծեց ­Տէ­րեա­նի տա­ղան­դա­ւոր գրչին տակ այն­քան սրտա­յոյզ պատ­կեր­նե­րով, խո­հե­րով ու ե­րաժշ­տա­կա­նու­թեամբ վեր­ծա­նո­ւած վիշտն ու թա­խի­ծը, բնու­թիւնն ու մար­դը, կինն ու ա­նուր­ջը, ­Նա­յի­րեան Եր­կիրն ու հու­րէ դա­րը, կեան­քի քնքշանքն ու մա­հո­ւան ան­դոր­րը...

­Մո­ռա­նա՜լ, մո­ռա­նա՛լ ա­մէն ինչ,

Ա­մէ­նին մո­ռա­նալ.

Չր­սի­րել, չխոր­հել, չափ­սո­սալ -

­Հե­ռա­նալ

Այս տան­ջող, այս ճնշող ցա­ւի մէջ,

­Գի­շե­րում այս ան­շող

Ար­դեօք կա՞յ ի­րի­կո­ւայ մո­ռաց­ման,

­Մո­ռաց­ման ոս­կէ շող

­Մի վայր­կեան ա­մէ­նից հե­ռա­նալ,

Ա­մէ­նին մո­ռա­նալ.-

­Խա­ւա­րում, ցա­ւե­րում քա­րա­նալ

­Մէն-միայն

­Մո­ռա­նա՜լ, մո­ռա­նա՛լ ա­մէն ինչ,

Ա­մէ­նին մո­ռա­նալ.

Չր­սի­րել, չը­տեն­չալ, չը­կան­չել,

­Հե­ռա­նալ

­Կեն­սա­գիր­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ քա­հա­նայ հօր ներշնչան­քը մեծ դեր ու­նե­ցաւ ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի ու­սում­նա­տեն­չու­թեան եւ խորհր­դա­պաշ­տու­թեան մէջ։

Ու­սում­նա­տեն­չու­թիւ­նը զինք տա­րաւ ­Մոս­կո­ւա եւ ­Սեն ­Փե­թերս­պուրկ, ուր մաս­նա­գի­տա­ցաւ լե­զո­ւա­բա­նու­թեան եւ պատ­մա­գի­տու­թեան մէջ։

Իսկ խորհր­դա­պաշ­տու­թիւ­նը զինք մղեց դէ­պի գրա­կա­նու­թիւն. պա­տա­նի տա­րի­քէն սկսաւ ո­տա­նա­ւոր­ներ գրել։ ­Թո­քախ­տը ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն սկսաւ հիւ­ծել ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի մար­մի­նը, մին­չեւ որ 1920ին վա­ղա­հաս մա­սը վեր­ջա­կէտ դրաւ ա­նոր տա­ռա­պան­քինւ։ ­Բայց ո­րով­հե­տեւ հպարտ էր նկա­րագ­րով, ի­րեն բա­ժին հա­նո­ւած դա­ժան կեն­սա­փորձն ու ճա­կա­տա­գի­րը ­Տէ­րեան տա­րաւ անխ­ռով՝ սի­րոյ զե­ղուն քնա­րա­կա­նու­թեամբ եր­գե­լով.-

Ա­մէն վայր­կեան, սի­րով տրտում, ա­սում եմ ես մնաս բա­րով,

­Բորբ ա­րե­ւին՝ իմ բոց սրտում՝ ա­սում եմ ես մնաս բա­րով։

Մ­նաք բա­րով ա­սում եմ ես բո­լոր մարդ­կանց չար ու բա­րի,

­Տան­ջո­ւող ու որբ ա­դա­մոր­դուն ա­սում եմ ես մնաս բա­րով։

Մ­նաք բա­րով ա­սում եմ ես ըն­կեր­նե­րիս մօտ ու հե­ռու,

Ո­սոխ­նե­րիս չար ու ար­թուն ա­սում եմ ես մնաք բա­րով։

...Գ­նում եմ ես մի մութ աշ­խարհ, հե­ռու եր­կիր, էլ չեմ դառ­նայ,

­Բա­րի յի­շէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բա­րո՜վ, մնաք բա­րո՜վ։

­Ժա­մա­նա­կը ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, որ ­Վա­հան ­Տէ­րեան ի վե­րուստ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու հայ քնա­րեր­գու­թեան ա­մէ­նէն ա­ւե­լի յի­շո­ւող, հայ մար­դոց սրտին մէջ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի սի­րոյ եւ հպարտ մար­դա­սի­րու­թեան յոյ­զեր արթնց­նող ու վառ պա­հող բա­նաս­տեղ­ծը։

­Նախ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­նա­լէ ետք, ­Տէ­րեան յա­ճա­խեց եւ ա­ւար­տեց Ա­խալ­քա­լա­քի պե­տա­կան վար­ժա­րա­նը։ Ա­պա՝ ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, որ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին հա­յոց մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ա­մէ­նէն աշ­խոյժ կեդ­րոն­նե­րէն էր։ ­Պա­տա­նե­կու­թիւնը նոր թե­ւա­կո­խած ­Տէ­րեա­նի հա­մար, ­Թիֆ­լի­սը հան­դի­սա­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան մկրտու­թեան ի­րա՛ւ ա­ւա­զան մը, ո­րուն բա­րե­բեր օրհ­նան­քը եր­կար չկրցաւ վա­յե­լել, ո­րով­հե­տեւ հայ­րը 1899ին զինք տա­րաւ ­Մոս­կո­ւա եւ ար­ձա­նագ­րեց ­Լա­զա­րեան ­Ճե­մա­րա­նի ա­շա­կերտ։

Այդ օ­րե­րէն իսկ ա­պա­գայ մեծ բա­նաս­տեղ­ծը դրսե­ւո­րեց ինք­նամ­փոփ, մե­լա­մաղ­ձոտ եւ մտե­րիմ­նե­րու շրջա­նա­կէն դուրս ան­հա­մար­ձակ տղու վար­մունք, որ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ թո­քախ­տի յայտ­նա­բեր­ման հետ ա­ւե­լիով շեշ­տո­ւե­ցաւ։ ­Նոյ­նիսկ երբ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ ան միա­ցաւ ռու­սա­կան ­Սո­ցիալԴե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան ու լծո­ւե­ցաւ գա­ղա­փա­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան, ­Վա­հան ­Տէ­րեան լրիւ չթօ­թա­փեց նե­րա­սոյզ եւ մար­դոց շրջա­պա­տին մէջ լռա­կեաց տղու իր հա­կում­նե­րը։

1906ին ա­ւար­տեց ­Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նը եւ ըն­դունուե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նին լե­զո­ւա­գի­տու­թեան եւ պատ­մա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քը, ուր ոչ միայն խո­րա­ցուց հայ լե­զո­ւի եւ մշա­կոյ­թի իր գի­տա­կան ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, ոչ միայն հմտա­ցաւ եւ­րո­պա­կան եւ ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան, այ­լեւ՝ բա­ռին ա­մէ­նէն կեն­սա­տու ի­մաս­տով յափշ­տա­կո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­ցի խորհր­դա­պաշտ (սեն­պո­լիստ) բա­նաս­տեղծ­նե­րով, ո­րոնց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու ո­ճա­բա­նա­կան բարձ­րո­րակ նո­րա­րա­րու­թիւ­նը բախ­տո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ ­Տէ­րեան բա­նաս­տեղ­ծի ինք­նու­րոյն ու­ղին հու­նա­ւո­րե­լու մէջ։

­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան այդ շրջա­նին է, որ ­Վա­հան ­Տէ­րեան 1908ին լոյս ըն­ծա­յեց իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց ե­րա­խայ­րի­քը՝ «Մթն­շա­ղի Ա­նուրջ­ներ» 80 էջ­նոց փոք­րա­ծա­ւալ գրքոյ­կը, որ ա­տե­նի հայ գրա­կան աշ­խար­հին կող­մէ, ­Մոս­կո­ւա­յէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս ու ­Պո­լիս, բայց յատ­կա­պէս ըն­թեր­ցող­նե­րու ե­րի­տա­սարդ շրջա­նա­կին մօտ, ար­ժա­նա­ցաւ ջեր­մա­գոյն ըն­դու­նե­լու­թեան։

Ուս­ման զու­գա­հեռ ­Վա­հան ­Տէ­րեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Սո­ցիալԴե­մոկ­րատ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ Ա­լեք­սանդր ­Ծա­տու­րեա­նի, ­Պօ­ղոս ­Մա­կին­ցեա­նի ու մարք­սա­կան կողմ­նո­րո­շու­մով ե­րի­տա­սարդ այլ գրող­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ ձեռ­նար­կե­լով «­Գա­րուն» պար­բե­րա­կա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան։ Իսկ երբ նիւ­թա­կան անձ­կու­թեան հե­տե­ւան­քով դադ­րե­ցաւ «­Գա­րուն»ը, ­Տէ­րեան իր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նո­րաս­տեղծ «­Պան­թէոն» հրա­տա­րակ­չա­կա­նին՝ թարգ­մա­նա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով։ Այս շրջա­նին ար­գա­սի­քը ե­ղան անգ­լիա­կան, ֆրան­սա­կան, ռու­սա­կան եւ վրա­ցա­կան գրա­կա­նու­թեան կարգ մը գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու տէ­րեա­նա­կան թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց տե­սա­կին մէջ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ թարգ­մա­նի­չի պա­տո­ւան­դա­նին եւս ար­ժա­նա­ցու­ցին ­Տէ­րեա­նը։

1912ին լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ հա­տո­րը՝ «­Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ» ա­նու­նով։

­Հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու եւ օ­տար­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ ապ­րե­լով՝ ­Տէ­րեան իւ­րո­վի հե­տե­ւե­ցաւ ու ար­ձա­գան­գեց սե­փա­կան ազ­գի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի վե­րի­վայ­րում­նե­րուն։ ­Խոր­քին մէջ ­Տէ­րեան նոյ­նա­ցուց իր սե­փա­կան հի­ւան­դու­թեան հետ ե­կող՝ մօ­տա­լուտ մա­հո­ւան ան­խու­սա­փե­լիու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի լի­նե­լու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րու՝ ազ­գա­յին դա­տա­պար­տո­ւա­ծու­թեա՛ն ճա­կա­տագ­րին հետ։ Ու­րիշ­նե­րէն տար­բեր ըլ­լա­լու եւ սե­փա­կան ցա­ւին մէջ հպար­տօ­րէն իր ու­ղին շա­րու­նա­կե­լու այդ ապ­րու­մէն բխե­ցաւ կեան­քին ու մար­դոց ա­ռա­ւել սի­րով փա­րե­լու ­Տէ­րեա­նի ա­նանձ­նա­կա­նու­թիւ­նը՝

Այն­պէս ան­խինդ են եւ նը­ման լա­ցին

Եր­գերն իմ երկ­րի, այն­պէս տխրա­գին.

­Մեզ չի հաս­կա­նայ օ­տա­րերկ­րա­ցին,

­Մեզ չի հաս­կա­նայ սառն օ­տա­րու­հին:

Այն մե­լա­մաղ­ձիկ, լա­ցող, միա­լար

Ե­լե­ւէջ­նե­րը ներ­դաշ­նակ այն­պէս

Եւ ­Հա­րա­զատ են սրտին մեր մո­լար,

­Հո­գուն մեր բե­կո­ւած, ա­ւե­րո­ւած, հրկէզ.

­Տես­նում եմ ա­հա գիւ­ղե­րը մեր խեղճ,

Եւ թուխ դէմ­քերն այն տխրու­թեան սո­վոր,

Իմ ժո­ղո­վուր­դը ա­նել վշտի մէջ,

Եր­կիրն իմ ան­բախտ եւ ա­ղէ­տա­ւոր:

­Թող հնչէ երգն այդ դառն ու ցա­ւա­ծին,

Եր­գը հայ­րե­նի ցա­ւա­գար ու հին,

­Մեզ չի հաս­կա­նայ օ­տա­րերկ­րա­ցին,

­Մեզ չի հաս­կա­նայ սառն օ­տա­րու­հին...

1913ին, ա­ւար­տե­լով ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նը, ­Վա­հան ­Տէ­րեան ան­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ուր ա­շա­կեր­տեց մեծ հա­յա­գէտ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Մա­ռի՝ ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լով հա­յե­րէն լե­զո­ւի, հայ մշա­կոյ­թի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան իր գի­տու­թիւ­նը։ Այս շրջա­նին ա­ւե­լիով խո­րա­ցաւ ­Տէ­րեա­նի մտեր­մու­թիւ­նը ռուս մե­ծա­նուն բա­նաս­տեղծ ու գա­ղա­փա­րա­կից ­Մաք­սիմ ­Կոր­քիի հետ. միա­սին ա­նոնք ձեռ­նար­կե­ցին հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ծաղ­կա­քա­ղի մը ռու­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեան եւ ա­ռան­ձին հա­տո­րով հրա­տա­րա­կու­թեան։

­Միա­ժա­մա­նակ ­Տէ­րեան մխրճո­ւե­ցաւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։ ­Յատ­կա­պէս 1917ի հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք, պոլ­շե­ւիկ քա­րո­զի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ, ­Տէ­րեան շրջա­գա­յե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի, ­Սո­խու­մի եւ Ա­խալ­քա­լա­քի մի­ջեւ՝ ա­մէ­նուր քա­րո­զե­լով «­Լե­նի­նեան գա­ղա­փար­ներ»ը։ Իսկ թո­քախ­տը աս­տի­ճա­նա­բար ծան­րա­ցաւ եւ քայ­քա­յեց ա­ռող­ջու­թիւ­նը։ ­Տէ­րեան ստի­պո­ւե­ցաւ ա­ռող­ջա­րան մտնել՝ բու­ժո­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց երբ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը հա­սան իշ­խա­նու­թեան գլուխ՝ ­Տէ­րեան ան­մի­ջա­պէս հե­ռա­ցաւ ա­ռող­ջա­րա­նէն եւ փու­թաց ­Մոս­կո­ւա, ուր նո­րա­հաս­տատ կա­ռա­վա­րու­թեան խորհր­դա­կա­նը դար­ձաւ Ազ­գու­թեանց հար­ցե­րով։ Այդ պաշ­տօ­նին վրայ ­Տէ­րեան գոր­ծեց մին­չեւ 1919ի վեր­ջե­րը, երբ թո­քախ­տը այ­լեւս ու­ժաս­պառ դար­ձուց զինք եւ ան ստի­պո­ւե­ցաւ ­Թուր­քէս­տան եր­թալ բուժ­ման հա­մար, ուր Օ­րէն­պուր­կի ա­ռող­ջա­րա­նին մէջ առ­յա­ւէտ փա­կեց իր յոգ­նա­բեկ աչ­քե­րը 7 ­Յու­նո­ւար 1920ին։

­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի գոր­ծե­րը բա­զում հրա­տա­րա­կու­թեանց ար­ժա­նա­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի թէ սփիւռ­քի մէջ։ 1956ին լոյս տե­սաւ ­Տէ­րեա­նի ամ­բող­ջա­կան գոր­ծե­րուն մե­ծա­դիր հա­տո­րը՝ մէկ­տե­ղե­լով «Մթն­շա­ղի Ա­նուրջ­ներ», «Փ­շէ Պ­սակ», «­Գի­շեր եւ ­Յու­շեր», «Ոս­կէ ­Հե­քիաթ», «Ոս­կեշղ­թայ», «­Կա­տո­ւի Դ­րախտ», «Եր­կիր ­Նա­յի­րի» եւ «­Հոկ­տեմ­բե­րեան Եր­գեր» բա­նաս­տեղ­ծա­կան գոր­ծե­րը, այդ շար­քե­րէն դուրս գրո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը, յօ­դո­ւած­ներն ու նա­մակ­նե­րը։

­Հա­յու ցա­ւա­տանջ ճա­կա­տագ­րին հետ նոյ­նա­ցած, այ­լեւ իւ­րո­վի շնչա­ւո­րած հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծն է Վահան Տէրեան, որ մա­հո­ւան 96րդ ­տա­րե­լի­ցը կոգեկոչենք այսօր:

Ն.