Դեկտեմբեր 14ին, սիրոյ ու մեծարանքի, հպարտութեան եւ յուզումի վարակիչ զեղումով ու հանդիսաւորութեամբ, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայութիւնը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայոց աննման ձայնաւորին, հայ երգի ու դասական երաժշտութեան հմայիչ «Սոխակ»ին՝ Գոհար Գասպարեանի։
Իր կենդանութեան արդէն առասպելի վերածուած էր ձայնային ու կատարողական մեծ արուեստի տէր աշխարհահռչակ երգչուհին, որ ամբողջ տասնամեակներ զարդն ու իսկական գոհարը դարձաւ հայրենական թէ սփիւռքեան, խորհրդային թէ համաշխարհային ամէնէն հեղինակաւոր բեմերուն։
Գոհար Գասպարեանի շնչաւորած ու կերպաւորած անկրկնելի Անոյշն ու Շուշանը (Ա. Տիգրանեանի «Անոյշ»ին եւ «Դաւիթ Բէկ»ին մէջ), Կարինէն եւ Օլիմպիան (Տ. Չուխաճեանի «Լեպլեպիճի»ին ու «Արշակ Ա.»ի մէջ), Ռոսինիի «Ռոզինա»ն եւ Տելիպի «Լակմէ»ն, Մարգարիտն ու Լուչիան (Կունոյի «Ֆաուստ»ին եւ Տոնիձեթթիի «Լուչիա դի Լամերմուբ»ի, ինչպէս նաեւ աւելի քան 23 օփերային իր դերերգներուն միւս հերոսները անմոռանալի կը մնան Գոհար Գասպարեանի երկրպագուներու յիշողութեան մէջ։
Գոհար Խաչատուրեան-Գասպարեան ծնած էր 14 Դեկտեմբեր 1924ին, Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր եւ ստացած էր երաժշտական իր ուսումը՝ Է. Ֆելտմանի եւ Վ. Կարրոյի տարողութեամբ մեծանուն երաժիշտներու շունչին տակ։ Արդէն երաժշտական-բեմական իր առաջին քայլերը նետած երգչուհի էր, երբ 1948ին ներգաղթեց Հայաստան, ուր անմիջապէս արժանացաւ գուրգուրանքի եւ գնահատանքի։ 1949էն սկսեալ եղաւ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեներգչուհի։ 1964ին նաեւ դասախօս նշանակուեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին, իսկ 1973ին արժանացաւ փրոֆեսորի տիտղոսին։
Մասնագէտներու միահամուռ արժեւորումով՝ Գոհար Գասպարեան օժտուած էր «ձայնային լայն դիապազոն»ով («փոքր օկտաւայի սոլ հնչիւնից մինչեւ երրորդ օկտաւայի լա-ն») եւ «անբասիր տեխնիկայով»։ Քննադատները նոյնպէս համակարծիք են, որ Գոհար Գասպարեանի ձայնը կը յատկանշուէր մեծ ճկունութեամբ, երանգներու ճոխութեամբ եւ անցումներու թեթեւութեամբ, իսկ հանճարեղ երգչուհիին կատարումները կ’առանձնանային տուեալ դերերգներու խորքային եւ գեղարուեստական բարձրորակ ընկալումով ու դրսեւորումով։
Աւելի քան երեք տասնամեակ Գոհար Գասպարեան տիրական ներկայութիւն մնաց հայ երգի եւ դասական երաժշտութեան բեմահարթակներուն վրայ։ Անոր երգացանկը մեծապէս ընդգրկուն եղաւ եւ անմոռանալի մեկնաբանութեան արժանացուց Պախի ու Հենտելի, Մոցարթի եւ Ռախմանինովի, Շթրաուսի եւ Չայքովսկիի տարողութեամբ մեծագոյն վարպետներու գործերը։ Հանդէս եկաւ թեմաթիք համերգներով՝ իտալացի վարպետներու գործերէն մինչեւ հայ հոգեւոր երաժշտութիւն, Կոմիտաս ու Շէյքսփիրեան նիւթերով կազմուած համերգային ծրագիր։
Իր բարձրորակ տաղանդով ու համերգային ընդգրկուն ծրագիրներով՝ «Հայոց Սոխակ»ի տիտղոսին արժանաւորապէս տիրացած երգչուհին աշխարհով մէկ շրջեցաւ եւ իր եզակի ձայնով ու արուեստով գրաւեց մեծագոյն բեմեր՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ հարաւային Ամերիկա, Մ. Նահանգներ եւ Ճափոն, մերձ-արեւելեան հայկական գաղթօճախներէն մինչեւ խորհրդային համամիութենական կեդրոններ։
Գոհար Գասպարեան արժանացաւ պետական թէ գեղարուեստական բարձրագոյն տիտղոսներու եւ շքանշաններու։ Խ. Միութեան «ժողովրդական արտիստ«ի եւ «աշխատանքի հերոս»ի կոչումին տիրացաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց»ի բարձրագոյն շքանշանին արժանացաւ։ Բայց ամէն բանէ վեր հայ ժողովուրդի սրտին մէջ գրաւեց «Հայոց Սոխակ»ի բարձրագոյն պատուանդանը։
Իր կեանքի վերջալոյսին, Գոհար Գասպարեան տարիներով պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ, ուղեղի կաթուած ունեցաւ եւ 16 Մայիս 2007ին առյաւէտ հեռացաւ մեր աշխարհէն՝ հայոց մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը գրաւած ու սերունդներու յիշողութեան մէջ նուաճած հայ երգի ու դասական երաժշտութեան աննման վարպետի յաւերժութեան իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։
Ա՛յդ է վկայութիւնը Հայոց Աշխարհի մեծերուն։
- Հայ քնարերգութեան վարպետին՝ Աւետիք Իսահակեանի արժեւորումով, «թռչունները Գոհար Գասպարեանին սովորեցրել են երգել, իսկ նա թռչուններին` ծլուըլալ»։
- Մեծատաղանդ երգչուհի Զարուհի Դուլուխանեանի վկայութեամբ՝ «նման տիտաններ, ինչպիսին Գոհար Գասպարեանն է, ծնւում են հարիւր տարին մէկ։ Համաշխարհային դասականների ամենաբարդ գործերը, որոնք, թւում է, թէ անհնար է կատարել, գասպարեանական մեկնաբանութեամբ նոր կեանք են ստանում։ Գոհարը վոկալային աստղ է»։
- Մեծանուն խմբավար Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեանի համաձայն՝ «Գոհար Գասպարեանի երգը արուեստի ժպիտն է, զարդարում է կեանքը: Մեծ երգչուհու անունը բոլոր հայերի մէջ մշտապէս առաջացնում է մեծ հպարտութեան եւ հիացմունքի զգացողութիւն»։
Ն.