Դեկ­տեմ­բեր 10ին, ա­մէն տա­րի, Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ, մեր ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն կը տօ­նէ տա­րե­դար­ձը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին։

­Հայ­կա­կան երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը վճռո­ւե­ցաւ ­Դեկ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 24 տա­րի ա­ռաջ, երբ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը միա­հա­մուռ շար­քե­րով դի­մեց քո­ւէա­տուփ, որ­պէս­զի միաս­նա­կան իր ձայ­նով «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նէ Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին։

Այդ օ­րե­րուն ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը դեռ չէր լու­ծա­րո­ւած պաշ­տօ­նա­պէս։ Իսկ խորհր­դա­յին գոր­ծող սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ու օ­րէնք­նե­րով, հա­մա­ժո­ղովրդա­կան քո­ւէար­կու­թեամբ կա­տա­րո­ւած հան­րաքո­ւէն ի­րա­ւա­կան միակ ե­րաշ­խիքն էր հա­ւա­քա­կան կամ­քի ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան։

Օ­րին Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, 1988էն ի վեր ընտ­րած ըլ­լա­լով ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման իր ի­րա­ւուն­քը օրի­նա­կան ճամ­բով նո­ւա­ճե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղին, օ­տա­րերկ­րեայ դի­տորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան՝ ի­րա­գոր­ծեց ան­նա­խըն­թաց հան­րա­քո­ւէն։

­Քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ բնակ­չու­թեան 82,2 տո­կո­սը, ո­րուն 99,9% տո­կո­սը կողմ քո­ւէար­կեց Ան­կա­խու­թեան՝ վճռե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մէն դուրս գալ, հա­մա­ձայն 1990 04 03 թո­ւա­կիր խորհրդա­յին օ­րէն­քին, որ այդ ժա­մա­նակ ու­ժի մէջ էր տա­կա­ւին եւ կը վա­յե­լէր մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չում:

Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին ար­դիւն­քով՝ Ար­ցա­խը 1992ի ­Յու­նո­ւար 6ին Լ.Ղ. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դին կող­մէ հռչա­կո­ւե­ցաւ ան­կախ պե­տու­թիւն:

­Գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով՝ Ար­ցախն ու ողջ հա­յու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­ցին իր ան­կա­խու­թիւ­նը, ո­րուն ի­րա­ւա­կան հիմ­նա­քա­րը հան­դի­սա­ցաւ 10 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ի հան­րա­քո­ւէն։

1988ի ­Փետ­րո­ւա­րին թափ ա­ռած Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն ի­րա­ւա­կան ու­ղիով յա­ռա­ջա­նա­լու իր նա­խան­ձախնդ­րու­թեան եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թեան, շա­րու­նակ հա­րո­ւա­ծի եւ ծան­րա­գոյն բռնաճն­շու­մի տակ առ­նո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան խա­ղաղ բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճան պա­տաս­խա­նեց ա­նօ­րի­նակ սպան­դով ու ցե­ղաս­պա­նա­կան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րով։

­Մայր ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միա­նա­լու Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճան պա­տաս­խա­նեց Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի շար­ժու­մը ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու բար­բա­րո­սու­թեամբ։

­Բայց որ­քան ալ խոր վէր­քեր բա­ցաւ թշնա­միին հա­րո­ւա­ծը եւ որ­քան ալ հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դին ընդվ­զումն ու ցա­սու­մը­՝ար­դար վրէ­ժի պա­հան­ջով, Ար­ցա­խը դար­ձեալ եւ միշտ կառ­չած մնաց պա­հան­ջա­տի­րա­կան իր պայ­քա­րը խորհր­դա­յին գոր­ծող Օ­րէնք­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քին սահ­մա­նած շրջա­գի­ծին մէջ պա­հե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան։

Ար­ցա­խը բնա­կա­նա­բար նաեւ զէնք բարձ­րա­ցուց իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան ձայ­նը ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան կա­մա­կո­րու­թեան դէմ։ ­Բայց Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բարձ­րա­ցու­ցած զէն­քը ոչ մէկ պա­րա­գա­յի ան­դին ան­ցաւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օ­րի­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան սահ­մա­նէն։ Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պահ­պա­նեց Օ­րէն­քի եւ Ի­րա­ւուն­քի հու­նով յա­ռա­ջա­նա­լու իր ողջմ­տու­թիւ­նը։

­Ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րու ճնշման տակ՝ պար­զա­պէս թափ ա­ռաւ եւ ներք­նա­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դող ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։

Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծադ­րած հա­կա­հայ կո­տո­րած­նե­րը ոչ միայն կռա­նե­ցին ար­ցա­խա­հա­յու­թեան պայ­քա­րու­նա­կու­թիւ­նը, այ­լեւ ընդ­հա­նուր դա­տա­պար­տան­քի ա­լիք բարձ­րա­ցու­ցին աշ­խար­հով մէկ՝ ի նպաստ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ար­դա­րա­գոյն դա­տին։

1988ի ­Փետ­րո­ւա­րէն սկսեալ ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րո­ւան ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ խորհր­դա­յին ճնշում­նե­րէ եւ հա­լա­ծանք­նե­րէ ետք, 1990ի Ապ­րիլ 3ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Խ.Ս.Հ.Մ. այն օ­րէն­քը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ այս­պէս կո­չո­ւած «ինք­նա­վար միա­ւոր­ներ» ու­նե­ցող «միու­թե­նա­կան հան­րա­պե­տու­թիւն» մը, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն դուրս գա­լու ի­րա­ւունք ու­նե­նա­լու հա­մար, պար­տա­ւոր էր հան­րա­քո­ւէ կազ­մա­կեր­պել իր կազ­մին մէջ գտնո­ւող միա­ւոր­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ՝ ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին:

Այդ օ­րէն­քին վրայ հիմ­նո­ւե­լով եւ տես­նե­լով, որ ա­ռանց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի հա­յու­թեան կամքն ու ձայ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լու՝ Ատր­պէյ­ճան դուրս կու գար ­Խորհըր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն, Ար­ցա­խը ո­րո­շեց տէր կանգ­նիլ Օ­րէն­քով ճշդո­ւած իր ի­րա­ւուն­քին եւ 1991ի ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին հռչա­կեց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Եւ այդ­պէ՛ս, ­Դեկ­տեմ­բեր 10ին` ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը, Ար­ցա­խի մէջ կա­յա­ցաւ Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէն։

Եւ այդ­պէ՛ս, 24 տա­րի ա­ռաջ, Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը միա­ձայ­նու­թեամբ վճռեց իր վրա­յէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ թօ­թա­փել ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծը։

Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին հե­տե­ւե­ցաւ մօտ 40 հո­գի­նոց օ­տա­րերկ­րեայ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ու դի­տոր­դա­կան խումբ մը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին Խ.Ս.Հ.Մ. ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Միու­թե­նա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ար­տա­սահ­մա­նեան եր­կիր­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին տար­բեր կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

­Հան­րա­քո­ւէին ար­ձա­նագ­րած ժո­ղովր­դա­կան մաս­նակ­ցու­թեան աշ­խու­ժու­թիւ­նը խո­րա­պէս տպա­ւո­րեց դի­տորդ­նե­րը: ­Հան­րա­քո­ւէին օ­րը Լ.Ղ.Հ. ողջ տա­րած­քը, յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տը են­թար­կո­ւե­ցաւ հրթի­ռա-հրե­տա­կո­ծու­թեան՝ խլե­լով 10 զոհ:

­Սա­կայն այդ բո­լո­րը չկրցան խո­չըն­դո­տել Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ա­զատ կամ­քին միաս­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։

­Հան­րա­քո­ւէին մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նէին 132.328 ընտ­րող­ներ, ո­րոնց 108.736ը մաս­նակ­ցե­ցան (այ­սինքն՝ ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րու 82,2 տո­կո­սը): ­Հան­րա­քո­ւէին չմաս­նակ­ցե­ցան Լ.Ղ.Հ. տա­րած­քին վրայ բնա­կող ու ընտ­րա­կան ի­րա­ւունք ու­նե­ցող ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը` 22.747 հո­գի։

­Հան­րա­քո­ւէի դրո­ւած հար­ցը մէկն էր.- «­Հա­մա­ձա՞յն էք ար­դեօք, որ հռչա­կո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը լի­նի այլ պե­տու­թիւն­նե­րի եւ հան­րու­թիւն­նե­րի հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ինք­նու­րոյն ո­րո­շող ան­կախ պե­տու­թիւն»: ­Հան­րաքուէի մաս­նա­կից­նե­րուն բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, շուրջ 99,9 տո­կո­սը (108.615 մաս­նա­կից) հար­ցադ­րու­մին յստակ ու կտրուկ «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց. 24 մաս­նա­կից պա­տաս­խա­նեց՝ «Ո՛չ», իսկ 95 քո­ւէա­թեր­թիկ ան­վա­ւեր ճանչ­ցո­ւե­ցան։

10 ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ի հան­րա­քո­ւէին տրո­ւած միա­հա­մուռ այդ «Ա­յո՛»ն ­հան­դի­սա­ցաւ օ­րի­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան գե­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ վճռա­կա­նու­թեան, ո­րոնք մին­չեւ մեր օ­րե­րը թափ կու տան Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մով պսա­կե­լու հա­մազ­գա­յին մեր պայ­քա­րին։

Այ­սօր Ար­ցա­խը ու­նի շուրջ 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րածք, որ ամ­րագ­րո­ւած է Լ.Ղ.Հ.ի մայր օ­րէն­քով` սահ­մա­նադ­րու­թեամբ: Ար­ցա­խի ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւս ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Դեկ­տեմ­բեր 10ին, 2006 թո­ւին, դար­ձեալ հան­րա­քո­ւէով` հա­մա­ժո­ղովըր­դա­յին քո­ւէար­կու­թեան մի­ջո­ցով: Ար­ցա­խի ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ու­նի 12 գլուխ, ո­րուն ա­ռա­ջին յօ­դո­ւա­ծը վճռա­հա­տած է՝

«­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ինք­նիշ­խան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան, սո­ցիա­լա­կան պե­տու­թիւն է»:

Այս­պէ՛ս նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը։

Ն.