­altԴեկ­տեմ­բեր 7ին, 27 տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի հետ ամ­բողջ աշ­խար­հը զար­հու­րան­քով դի­տեց ու ճա­րա­հատ անդ­րա­դար­ձաւ, թէ մարդն ու մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը տա­կա­ւին որ­քա՜ն ան­զօր են բնու­թեան դէմ։

­Դեկ­տեմ­բեր 1988ի այս օ­րը, ժա­մը ճիշդ 11:41ին, տա­կա­ւին խորհր­դա­յին լու­ծի տակ ապ­րող ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րը՝ ընդ­հան­րա­պէս ­Գիւմ­րին եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Ս­պի­տա­կը բա­ռին պարզ, բայց ար­հաւ­րա­լի ի­մաս­տով... փուլ ե­կան։

­Կոր­ծա­նա­րար երկ­րա­շար­ժը քա­րու­քանդ ա­ւե­րեց ամ­բողջ շէ­ներ, հա­մա­տա­րած ա­ւե­րա­կոյ­տի տակ թա­ղեց 10.000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թիւն, ուր կ­’ապ­րէր շուրջ 1 մի­լիոն բնա­կիչ։ Ու­ժեղ ա­ւեր­ման են­թար­կո­ւե­ցաւ ա­ղէ­տա­հար այդ գօ­տիին 3000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթ­րը։ Ա­ւե­րո­ւե­ցան 11 քա­ղաք եւ 58 գիւ­ղեր։ ­Տու­ժե­ցին 21 քա­ղաք­ներ եւ 342 գիւ­ղեր։ Ա­նօ­թե­ւան մնա­ցին 514.000 մարդ։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րուն, զո­հե­րու թի­ւը ե­ղաւ 25.000, հե­տե­ւեալ տե­ղա­բաշ­խու­մով.

- ­Գիւմ­րի՝ 17.000։

- Ս­պի­տակ՝ 4000։

- ­Վա­նա­ձոր՝ 1200։

- Ա­խու­րեան՝ 500։

- Ս­տե­փա­նա­ւան՝ 125։

Փ­լա­տակ­նե­րու տա­կէն հա­նո­ւե­ցան 45.000 մարդ, հի­ւան­դա­նո­ցա­յին խնամ­քի են­թար­կո­ւե­ցան 12.500 հո­գի։ Ա­ղէ­տի գօ­տիէն տա­րա­հա­նո­ւե­ցան 120 հա­զար մարդ (կի­ներ, ծե­րեր եւ ե­րե­խա­ներ), ո­րոնց 75 հա­զա­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցաւ։

Ընդ­հա­նուր գնա­հա­տու­մով՝ Ա­ղէ­տին պատ­ճա­ռած նիւ­թա­կան ուղ­ղա­կի կո­րուստ­նե­րուն ար­ժէ­քը ե­ղաւ 10 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Այ­սօր մե­ծա­գոյն մա­սով վե­րա­կանգ­նո­ւած է Ա­ղէ­տի ­Գօ­տին։ Ա­ւե­րո­ւած Ս­պի­տա­կի ան­մի­ջա­կան մեր­ձա­կայ­քը կա­ռու­ցո­ւած է նոր Ս­պի­տակ։ ­Գիւմ­րին կա­րե­ւոր չա­փով դար­մա­նած է իր վէր­քե­րը, նոյն­պէս եւ՝ ­Վա­նա­ձորն ու ա­ղէ­տա­հար միւս ա­ւան­նե­րը։

­Բայց դեռ չէ ան­ցած կսկի­ծը. հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­ներ այ­սօր կը սգան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն ան­դարձ կո­րուս­տը։

Աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը այս օ­րը վերս­տին կ­’ո­գե­կո­չէ 1988ի Ս­պի­տա­կի ա­ղի­տա­լի երկ­րա­շար­ժին տա­րե­լի­ցը՝ սգա­լով մա­հը իր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ կո­րուս­տը սե­րունդ­նե­րու վաս­տա­կին։

Ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան նաեւ երկ­րա­շար­ժի ա­ղէ­տին փո­խան­ցած դա­սե­րը ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ՝ ողջ աշ­խար­հին ու մարդ­կու­թեան։

Ս­պի­տա­կի ա­ղէ­տը ա­ռա­ջա­ցուց մի­ջազ­գա­յին սրտակ­ցու­թեան եւ զօ­րակ­ցու­թեան այն­պի­սի՜ մեծ ու ան­նա­խա­դէպ ա­լիք մը, ո­րուն ներշն­չու­մով՝ մին­չեւ այ­սօր ­Հա­յաս­տանն ու Ս­պի­տա­կը, ողջ մարդ­կու­թեան աչ­քին, կը շա­րու­նա­կեն խորհր­դան­շել բնու­թեան տա­րեր­քին ու հա­րո­ւած­նե­րուն դէմ միաս­նա­կա­նու­թեամբ կուրծք ցցե­լու, ի­րար օգ­նու­թեան հաս­նե­լու եւ վե­րա­շի­նու­թեան աշ­խա­տան­քին բո­լոր ու­ժե­րով լծո­ւե­լու մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան ո­գին։

Երկ­րա­շար­ժի ա­ղէ­տին խլած զո­հե­րուն եւ պատ­ճա­ռած կո­րուստ­նե­րուն տա­րո­ղու­թիւ­նը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւե­լի ա­հա­ւոր ե­ղաւ, քան նոյ­նինքն երկ­րա­շար­ժին ու­նե­ցած բնա­կան ուժգ­նու­թիւ­նը։ 6,9 աս­տի­ճա­նի երկ­րա­շար­ժը այս­քա՜ն ծանր հե­տե­ւանք­ներ պի­տի չու­նե­նար, ե­թէ երկ­րի ըն­դեր­քին ան­դուլ խմո­րո­ւող շար­ժերն ու ժայթ­քե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու՝ կան­խա­տե­սե­լու եւ նա­խազ­գու­շու­թեանց դի­մե­լու ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ չա­փով զար­գա­ցած ըլ­լար, բնա­կու­թեան շէն­քե­րը երկ­րա­շար­ժի դի­մա­նա­լու ըն­դու­նա­կու­թեամբ օժ­տո­ւած ըլ­լա­յին եւ պե­տա­կան կազ­մա­կերպ կա­ռոյց­նե­րը զի­նո­ւած ըլ­լա­յին բնա­կան ա­ղէտ­նե­րուն ա­րա­գօ­րէն ըն­դա­ռա­ջե­լու եւ փրկա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ ի­րա­գոր­ծե­լու յար­մա­րու­թիւն­նե­րով։

­Փաս­տօ­րէն, Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժին դէմ յան­դի­ման, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան տա­րո­ղու­թեամբ 20րդ ­դա­րու գե­րու­ժը ցոյց տո­ւաւ իր ա­հա­ւոր թափթփա­ծու­թիւ­նը, ինչ որ ախ­տան­շա­կան ի­մաստ ու­նե­ցաւ նաեւ ա­րեւ­մուտ­քի թէ ա­րե­ւել­քի բո­լոր գե­րու­ժե­րուն հա­մար, ո­րոնք ի­րենց կար­գին անդ­րա­դար­ձան սե­փա­կան թե­րի­նե­րուն եւ ան­պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան՝ բնա­կան ա­ղէտ­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման մէջ։

Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժին ան­մո­ռա­նա­լի դա­սե­րու շար­քին կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը, ան­կաս­կա՛ծ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­քին միաս­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը ե­ղաւ։ Ոչ միայն զո­հե­րուն եւ կո­րուստ­նե­րուն պատ­ճա­ռած կսկի­ծը, այ­լեւ՝ մէկ մար­դու պէս Ա­ղէ­տի ­Գօ­տիին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժը, մի­ջազ­գա­յին զօ­րակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր շղթա­յա­զերծ­ման հու­նով, քա­նի մը օ­րո­ւան մէջ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձուց աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հո­գե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան կամր­ջու­մը։

Ա­ղէ­տէն ա­միս­ներ ա­ռաջ, Ար­ցա­խեան շարժ­ման պոռթ­կու­մին հետ, հա­յաշ­խար­հը ի մի բե­րած պա­հան­ջա­տի­րա­կան միաս­նու­թիւ­նը բա­ռա­ցիօ­րէն կրցաւ, Ա­ղէ­տի ­Գօ­տիին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու իր զօ­րա­շար­ժով, ջնջել իր ամ­բող­ջա­կան յաղ­թար­շա­ւը ար­գե­լա­կող հին թէ նոր... սահ­մա­նա­գի­ծե­րը։

Ս­պի­տա­կի ար­հա­ւիր­քին դէմ յան­դի­ման իր ապ­րած խո­րա­գոյն կսկի­ծին մէջ ան­գամ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը շա­րու­նա­կեց ­Ղա­րա­բա­ղի միա­ցում եւ ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նիք պա­հան­ջել եւ, հա­մազ­գա­յին վճռա­կա­նու­թեամբ մին­չեւ յաղ­թա­նակ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու մար­տու­նա­կու­թեամբ, բռո՛ւնցք բարձ­րաց­նել։

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րո­ւան 7 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, այ­սօր եւս աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­յեաց­քը վերս­տին կ­’ուղ­ղո­ւի դէ­պի Ս­պի­տակ ու Ա­ղէ­տի ­Գօ­տի՝ ան­դարձ մեր կո­րուստ­նե­րու ա­նանց կսկի­ծով, բայց նաեւ չսպիա­ցող մեր վէր­քին ու ցա­ւին ընդ­մէ­ջէն՝ ազ­գա­յին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ հա­յու­թեան պայ­ծառ գա­լի­քը նո­ւա­ճե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Ն.