Դեկտեմբեր 3ի լուսցող առաւօտեան ժամերուն, 95 տարի առաջ, քեմալական Թուրքիոյ սալին եւ լենինեան Ռուսաստանի մուրճին միջեւ ճզմուած ու երկու կողմէ կրակի մէջ յայտնուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Ալեքսանդրապոլի մէջ, ստիպուեցաւ
պարտութեան խայտառակ պայմանագիր մը ստորագրելու Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքը գրաւած քեմալական զօրքի հրամանատարութեան հետ։
Ժամեր առաջ՝ Դեկտեմբեր 2ի կէսօրին, Երեւանի մէջ, Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչ Լէգրանի հետ, վարչապետ Սիմոն Վրացեանի կառավարութեան անունով, օրուան ռազմական նախարար Դրօ ստորագրած էր արդէն իշխանութիւնը Կարմիր Բանակին եւ պոլշեւիկներուն յանձնելու պայմանագիր մը։
Իսկ Դեկտեմբեր 3ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ալեքսանդրապոլի մէջ, քեմալական բանակի հրամանատար Քեազիմ Քարապեքիրի հետ բանակցող Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Ալ. Խատիսեան ստորագրեց երկրորդ համաձայնագիր մը։
Խորհրդային Ռուսաստանի հետ Դեկտեմբեր 2ին կնքուած անձնատուութեան պայմանագրին եւ, այդ հիման վրայ, կեանքի կոչուած Յեղկոմի բռնութեանց թղթածրարը առանձնայատուկ յուշատետրի նիւթ է։
Այսօրուան՝ Դեկտեմբեր 3ի յուշատետրին լուսարձակը կը կեդրոնանայ 3 Դեկտեմբեր 1920ին ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի դաշնագրին վրայ։
Ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է մեծատառով արձանագրել, որ Ալեքսանդրապոլի պարտութեան Դաշնագիրը, երկար տասնամեակներու համար, ծանր տապանաքար մը դրաւ Հայկական Հարցին վրայ։
Իբրեւ այդպիսին՝ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի ղեկավարութեան՝ Դաշնակցութեան անխտիր բոլոր ներկայացուցիչներուն կողմէ (ինչպէս Ս. Վրացեան ու Ալ. Խատիսեան, Դրօ եւ Ռուբէն) նկատուեցաւ «խայտառակ» ու «ամօթալի» դաշնագիր մը։
Պատմական այս արժեւորման լոյսին տակ անմիջապէս պէտք է նշել, նաեւ, որ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային ամբողջատիրութեան շուրջ 70ամեայ լուծին ամբողջ տեւողութեան, անտեսումի մատնելով Կարմիր Բանակի 1920ին Հայաստան ներխուժման հետեւանքով հայոց բանակին ստացած ծանր հարուածը թիկունքէն, խորհրդային պատմագրութիւնը շարունակ մեղադրեց Հ.Հ. դաշնակցական կառավարութիւնը, որ ստորագրեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը։
Ցաւալին այն է, որ նաեւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, հայրենի մտաւորականութիւնը շարունակեց քարոզել, թէ՝ «ինչպէս խորհրդային, այնպէս էլ ժամանակակից հայ պատմաբանների ճնշող մեծամասնութիւնը խիստ քննադատաբար են մօտենում Դաշնակցական կառավարութեան կողմից այդ պայմանագրի կնքման փաստին` այն որակելով որպէս խայտառակ, անօրինական եւ ամօթալի»։
Բացառութիւն կը կազմեն Միջազգային Իրաւունքի մասնագէտ եւ Հ.Հ. նախկին դեսպան Արա Պապեանի օրինակով իրաւագէտները, որոնք պատմական ճշմարտութեանց սեւեռելով՝ կը հիմնաւորեն, թէ «Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրն անօրինական է ու անվաւեր, նախ այն պատճառով, որ կնքող կողմերից եւ ոչ մէկը չի ունեցել դրա իրաւասութիւնը: Պայմանագիրը հայկական կողմից կնքողներն արդէն իշխանութիւն չէին, իսկ Թուրքիայի կողմից կնքողները դեռեւս իշխանութիւն չէին: Երկու կողմերն էլ գործել են ultra vires, այսինքն՝ ակնյայտօրէն գերազանցել են իրենց իրաւասութիւնները: Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրն անօրինական է նաեւ այն պատճառով, որ ստորագրուել է միջազգային իրաւունքի սկզբունքները ոտնահարող ուժի կիրառման բացայայտ սպառնալիքով»։
Ամէն պարագայի, Ալեքսանդրապոլի դաշնագրին վերաբերեալ խորհրդային ժամանակաշրջանէն յամեցող պատմագրական խեղաթիւրումներուն վերաբերեալ բաւարարուինք այն մատնանշումով, որ Հայաստանի պարտութեան այդ պայմանագիրը ա.) զէնքի ուժով պարտադրուեցաւ հայ ժողովուրդին, բ.) Ալ. Խատիսեանի կողմէ ստորագրուեցաւ Դեկտեմբեր 3ին, երբ արդէն չկար Ս. Վրացեանի կառավարութիւնը, որ Դեկտեմբեր 2ին իր լիազօրութիւնները, այսպէս ըսած, «վար դրած էր» ու փոխանցած Կարմիր Ռուսաստանի ներկայացուցիչներուն, գ.) Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները, առանց զէնքի սպառնալիքի տակ գտնուելու, Հոկտեմբեր 1921ին ստորագրեցին Կարսի պայմանագիրը, որ խորհրդային վերարտադրութիւնն էր Ալեքսանդրապոլի խայտառակ եւ ամօթալի դաշնագրին։
Իրապէս հայոց նորագոյն պարտութեան ամէնէն նուաստացուցիչ քայլերէն մէկն էր ստորագրումը Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրին, որ իր 15 կէտերու շարքին՝
ա.) ամբողջապէս զինաթափման կ’ենթարկէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը,
բ.) վիճելի տարածքներ կը հռչակէր հայապատկան Կարսն ու Սուրմալուն, Շարուրն ու Նախիջեւանը
գ.) Սեւրի Դաշնագրէն հրաժարելու եւ Դաշնակիցներու հետ դիւանագիտական կապերը խզելու պարտաւորութեան տակ կը դնէր Հայաստանը,
դ.) անվաւեր կը յայտարարէր Թուրքիոյ ի վնաս Հայաստանի կնքած բոլոր պայմանագրերը։
Փոխարէնը՝ քեմալական Թուրքիան պաշտօնական ճանաչում կը շնորհէր Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր կրճատուած ու խեղճացած սահմաններուն «պաշտպանութիւնը» իբր թէ ստանձնելով՝ որեւէ թշնամական յարձակման դէմ, իր լուծին տակ ինկած հայ քաղաքացիներուն «իրաւահաւասարութիւն խոստանալով» եւ վիճելի տարածքներու հարցին «միջազգային օրէնքին համապատասխան լուծում տալու» յանձնառութեան տակ մտնելով։
Թէեւ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, յատուկ կէտով մը, կը պարտաւորեցնէր ստորադիր կողմերը, որ մինչեւ մէկ ամիս իրենց խորհրդարաններուն կողմէ վաւերացման արժանացնեն այդ պայմանագրութիւնը, այսուհանդերձ՝ ստորագրութեան պահուն արդէն հայկական կողմը կորսնցուցած էր իրաւական իր հիմքը եւ, բնականաբար, Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ վաւերացման խնդիր։
Ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն մնացած էր Դեկտեմբեր 2ի կէս գիշերէն ետք, ոչ ալ ինք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնացած էր. չկար այլեւս Հայաստանի Խորհրդարան, որ վաւերացնէր կամ մերժէր վաւերացումը Հայաստանը Թուրքիոյ անձնատուր դարձնող այդ պայմանագրին։
Հայաստանի իրաւական ամբողջ իշխանութիւնը, Դեկտեմբեր 3ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, երբ Ալ. Խատիսեան կը ստորագրէր Ալեքսանդրապոլի Դաշնագիրը, արդէն փոխանցուած էր խորհրդայիններուն, որոնք Քեմալի ազգայնական շարժման հետ ռազմավարական մեծ գործարքի մէջ էին՝ Անգլիոյ եւ ֆրանսայի ազդեցութեան գօտիները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սահմանափակելու առաջադրանքով։
Աւելի՛ն, խորհրդայինները փութացին Մարտ 1921ին Մոսկուայի մէջ աւելի խայտառակ պայմանագիր մը ստորագրելու քեմալականներուն հետ՝ դիմագրաւելու համար հայ ժողովուրդի Փետրուարեան ապըստամբութիւնը, որպէսզի կարենան վերահաստատել պոլշեւիկեան տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ։ Խորհրդայինները եւ քեմալականները այդքանով ալ չբաւարարուեցան եւ Հոկտեմբեր 1921ին ստորագրեցին Կարսի տխրահռչակ Դաշնագիրը, որպէսզի անդառնալիօրէն կոտորակեն եւ 30 հազար քիլոմեթրով պետութեան մը վերածեն Հայաստանը։
Ահա՛ այսօրինակ ճգնաժամի եւ խայտառակ պարտութեան պահ մը ստեղծուած էր Դեկտեմբեր 3ին.
- ա.) Խորհրդային Ռուսաստանը ինքնահաստատման իր հարցերը լուծելու համար ըստ կամս վարուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ճակատագրին հետ՝ քեմալականները դարպասելու եւ սիրաշահելու սոսկական խաղաթուղթի մը վերածելով Հայաստանն ու հայոց ազգային անկախ պետականութիւնը.
- բ.) հայ իրականութեան մէջ ոչ մէկ արմատ ունեցող պոլշեւիկները, Կարմիր համազգեստ հագած թաթար-ազերի հայասպաններուն ապաւինած, «աշխատաւորական յեղափոխութեան» մեծ փորձադաշտի՛ վերածեցին սուգի եւ սովի հայրենիք Հայաստանը.
- գ.) հայ ազգային-ազատագրական շարժման տասնամեակներու պայքարով անկախ Հայաստան կերտած հայ քաղաքական ուժերը, Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի գոյութեան սպառնացող չարեաց փոքրագոյնը ընտրելով՝իշխանութիւնը փոխանցեցին խորհրդայիններուն, որպէսզի կարելի առաւելագոյնը փրկուի թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ յայտնուած հայ ժողովուրդին յետ-եղեռնեան բեկորներուն ազգային-պետական վերապրումի ԿՌՈՒԱՆէն...
95 տարիներ անցած են Ալեքսանդրապոլի պայմանագրի ստորագրումէն ասդին. աշխարհով մէկ դարակազմիկ փոփոխութիւններ արձանագրուած են եւ առնուազն երկու աշխարհակարգէ անցած է ողջ մարդկութիւնը. բայց հայաստանեան կողմն աշխարհի, Թուրքիոյ ցեղասպանական ծանր ժառանգութեան ճնշման տակ, տակաւին կը շարունակուի յաճախանքը Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի ստորագրութեան։
Թուրքիա կը շարունակէ իր կամայականութիւնը պարտադրել Հայաստանի, իսկ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, միշտ Թուրքիան սիրաշահելու մեծապետական (ներառեալ՝ ռուսական) քաղաքականութեան ճնշման տակ, այսօր եւս կը դիմագրաւէ թրքական նախապայմաններուն անձնատուր դառնալու դաժան ճնշումը։
Եւ բնաւ պատահական չէ, որ Մուսթաֆա Քեմալ, օրին արժեւորումը կատարելով Ալեքսանդրապոլի պայմանագրին եւ անոր հետեւող Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագիրներուն, կը յոխորտար, թէ Հայաստանը եղաւ այն առաջին պետութիւնը, որ իրաւական ճանաչում շնորհեց Քեմալական Թուրքիոյ՝ անոր հետ միջազգային պայմանագիր ստորագրելով...
Ն.