Դեկ­տեմ­բեր 2ը սեւ ու բախ­տո­րոշ թո­ւա­կան է հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ։

95 տա­րի ա­ռաջ, 2 Դեկ­տեմ­բեր 1920ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ստի­պուեցաւ Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նի հետ ստո­րագ­րել նո­րան­ կախ մեր հայ­րե­նի­քին իշ­խա­նու­թիւ­նը խորհր­դա­յին­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­ցած պոլ­շե­ւի­կեան «­Յեղ­կոմ»ին փո­խան­ցե­լու ծան­րա­գոյն պայ­մա­նա­գիր մը։

Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ գոր­ծող Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պատ­մա­կան այդ փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Դ­րօ եւ ե­լեւմը­տա­կան նա­խա­րար Համ­բար­ձում Տէր­տէ­րեան, իսկ Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ Ռ.Ս.Ֆ.Ս.Հ. լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պո­րիս Լէգ­րան։

Պայ­մա­նա­գի­րը կը բաղ­կա­նար 8 կէ­տե­րէ.-

Ա­ռա­ջի­նով՝ Հա­յաս­տա­նը կը յայ­տա­րա­րո­ւէր «ան­կախ եւ սո­ցիա­լիս­տա­կան Խորհր­դա­յին Հան­րա­պե­տու­թիւն»։

Երկ­րոր­դով՝ Հա­յաս­տա­նի բո­վան­դակ իշ­խա­նու­թիւ­նը կը փո­խան­ցո­ւէր նոր կազ­մո­ւող «ժա­մա­նա­կա­ւոր Ռազ­մա-­Յե­ղա­փո­խա­կան Կո­մի­տէ»ի մը։

Եր­րոր­դով՝ կը ճշդո­ւէին Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը, ո­րոնք կը նե­րառ­նէին մին­չեւ Սեպ­տեմ­բեր 1920ի թրքա­կան ար­շա­ւան­քը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մաս կազ­մող անխտիր բո­լոր տա­րածք­նե­րը։

Չոր­րորդ եւ հին­գե­րորդ կէ­տե­րով՝ կ­’որոշուէր, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բա­նա­կը եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան թէ ըն­կեր­վա­րա­կան միւս կու­սակ­ցու­թեանց ան­դամ­նե­րը, մին­չեւ այս պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թիւ­նը ի­րենց ու­նե­ցած գոր­ծու­նէու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րուն հա­մար, ո­րե­ւէ հա­լա­ծան­քի պի­տի չեն­թար­կո­ւէին։

Վե­ցե­րոր­դով՝ կը ճշդո­ւէր կազ­մը «­Ռազ­մա-­Յե­ղա­փո­խա­կան Կո­մի­տէ»ին, որ պի­տի բաղ­կա­նար 7 ան­դա­մէ, 5ը՝ Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ Կո­մու­նիս­տա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն եւ 2ը՝ «ձախ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րի խմբակ»ից։

Եօ­թե­րոր­դով՝ Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նը յանձն կ­þառ­նէր զի­նո­ւո­րա­կան անհ­րա­ժեշտ ու­ժե­րը տրա­մադ­րել «­Հա­յաս­տա­նի Սո­ցիա­լիս­տա­կան Խորհր­դա­յին Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար»։

Իսկ վեր­ջին՝ ու­թե­րորդ կէ­տով կը յստա­կա­ցո­ւէր, որ մին­չեւ կէս գի­շեր գոր­ծադ­րու­թեան պէտք է դրո­ւէր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է հե­ռա­նար իշ­խա­նու­թե­նէն եւ, մին­չեւ Ռազ­մա-­Յե­ղա­փո­խա­կան Կո­մի­տէի Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մը, իշ­խա­նու­թիւ­նը պէտք է յանձ­նո­ւէր բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան՝ Դ­րո­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ո­րուն կող­քին կո­մի­սա­րի դեր պի­տի ստանձ­նէր Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն «ըն­կեր Սի­լին»։

Որ­քան պատ­մա­կան իր անդ­րա­դարձ­նե­րով ծան­րակ­շիռ, այն­քան քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով ու­սա­նե­լի շատ դա­սեր պա­րու­նա­կող քայլ էր Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ղե­կին այդ­պէ՛ս փո­խան­ցու­մը խորհր­դա­յին­նե­րուն։

Նախ՝ ճնշման ու պար­տադ­րան­քի տակ գո­յա­ցաւ այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Կար­միր բա­նա­կը ար­դէն Նո­յեմ­բեր 29ին ներ­խու­ժած էր Հա­յաս­տան՝ Ի­ջե­ւա­նը գրա­ւե­լով։ Իսկ Քեա­զիմ Քա­րա­պէ­քի­րի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի վրայ ար­շա­ւող թրքա­կան բա­նա­կը հա­սած էր Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, ուր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նու­նով Ալ. Խա­տի­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պա­տե­րազ­մը դադ­րեց­նե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէր։ Փաս­տօ­րէն Հա­յաս­տան յայտ­նո­ւած էր թրքա­կան սա­լի եւ ռու­սա­կան մուր­ճի մի­ջեւ։

Հե­տե­ւա­բար, «չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը» ընտ­րե­լու քայլ էր, ըստ ա­մե­նայ­նի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մը ըն­դու­նող պայ­մա­նագ­րին ստո­րագ­րու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տան պար­զա­պէս անձ­նա­տուր ե­ղաւ խորհր­դա­յին­նե­րուն՝ եր­կու կրա­կի մէջ յայտ­նո­ւած ըլ­լա­լով. պոլ­շե­ւի­կեան ներ­քին յե­ղաշր­ջում չէր ե­ղա­ծը, այլ՝ Հա­յաս­տա­նի փաս­տա­ցի գրա­ւում։

Ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ շե­փո­րո­ւած Նո­յեմ­բեր 29ի «­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման տօն»ը, հե­տե­ւա­բար, Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան փաս­տա­ցի գե­րե­վար­ման խորհր­դա­նիշ թո­ւա­կան էր պար­զա­պէս։

Երկ­րո՛րդ., պայ­մա­նագ­րին ստո­րագ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Դեկ­տեմ­բեր 2ի ցե­րե­կը եւ նոյն օ­րո­ւան կէս-գի­շե­րին գոր­ծադ­րու­թեան դրո­ւե­ցաւ կող­մե­րուն մի­ջեւ կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։

Պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան եւ գոր­ծադ­րու­թեան օ­րո­ւան ու ժա­մո­ւան այս ճշդու­մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան հա­մար։

Ժա­մե­րու տար­բե­րու­թեամբ, Դեկ­տեմ­բեր 3ի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան՝ լուս­ցող գի­շե­րո­ւան ժա­մը 3ին, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ կնքո­ւե­ցաւ երկ­րորդ պայ­մա­նա­գիր մը, այս ան­գամ քե­մա­լա­կան Թուր­քիոյ եւ ար­դէն իշ­խա­նու­թիւ­նը խորհր­դա­յին­նե­րուն փո­խան­ցած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ։

Հե­տե­ւա­բար, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն եւ ի­րո­ղա­պէս դադ­րած էր գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ, երբ ա­նոր ա­նու­նով Ալ. Խա­տի­սեան ստո­րագ­րեց Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի պայ­մա­նա­գի­րը, որ Հա­յաս­տա­նէն հո­ղա­յին մեծ զի­ջում­ներ կը կա­տա­րէր Թուր­քիոյ՝ ձեռք բե­րե­լու հա­մար թրքա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին դադ­րե­ցու­մը։

Այ­սինքն՝ ե­թէ Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նը դոյզն շա­հագրգ­ռու­թիւ­նը ու­նե­նար մեր­ժե­լու եւ չե­ղեալ յայ­տա­րա­րե­լու Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի Դաշ­նա­գի­րը, Ալ. Խա­տի­սեա­նի ստո­րագ­րու­թեան ան­վա­ւեր ըլ­լա­լը բա­ւա­րար էր, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նը ա­զատ կա­ցու­ցո­ւէր այդ «խայ­տա­ռակ» դաշ­նագ­րին կաշ­կան­դում­նե­րէն եւ պար­տադ­րած թրքան­պաստ զի­ջում­նե­րէն...

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, վե­րա­դառ­նա­լով ան­կախ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան տի­րա­նա­լու խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ըդգ­ծե­լի է, որ Խորհր­դա­յին Ռու­սաս­տա­նը չյար­գեց իր իսկ կող­մէ պար­տադ­րո­ւած Դեկ­տեմ­բեր 2ի պայ­մա­նա­գի­րը։

Ռազ­մա-­Յե­ղա­փո­խա­կան Կո­մի­տէն, հա­զիւ Ե­րե­ւան հա­սած, ան­մի­ջա­պէս ան­հաշտ կռիւ յայ­տա­րա­րեց ոչ միայն Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ միւս կու­սակ­ցու­թեանց, այ­լեւ՝ բա­նա­կի սպա­յա­կազ­մին դէմ։ Զօր. Նա­զար­բէ­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րա­կազ­մը աք­սորո­ւե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը։ Իսկ Ե­րե­ւա­նի բան­տե­րը լե­ցո­ւե­ցան Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ միւս կու­սակ­ցու­թեանց ե­րե­ւե­լի ան­դամ­նե­րով։

Իսկ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճա­կա­տին վրայ, խորհր­դա­յին­նե­րը ոչ միայն ան­վա­ւեր չյայ­տա­րա­րե­ցին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի պայ­մա­նա­գի­րը, այ­լեւ քե­մա­լա­կան Թուր­քիոյ հետ ա­ւե­լի ծանր պայ­ման­նե­րով հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքե­ցին նախ Մոս­կո­ւա­յի, ա­պա՝ Կար­սի դաշ­նա­գիր­նե­րով, յա­ջոր­դա­բար Մարտ եւ Հոկ­տեմ­բեր 1921ին։

Փաս­տօ­րէն 2 Դեկ­տեմ­բեր 1920ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րո­ւած իշ­խա­նու­թեան «փո­խան­ցում»ի պայ­մա­նա­գի­րը պար­զա­պէս սկիզ­բը ե­ղաւ ա­պազ­գա­յին այն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ խորհր­դա­յին­նե­րը մշա­կած էին եւ ի գործ դրին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ու ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կոր­ծա­նումն ու փո­խա­րի­նու­մը խորհր­դա­յին կար­գե­րով։

Մե­ծա­պե­տա­կան իր այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար, Ռու­սաս­տա­նը չվա­րա­նե­ցաւ մեղ­սակ­ցու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րած թրքա­կան պե­տու­թեան։

Թր­քա­կան սա­լին եւ Ռու­սա­կան մուր­ճին յան­ցա­գործ զի­նակ­ցու­թեան «մեղ­քի պտուղ»ը ե­ղաւ 2 Դեկ­տեմ­բեր 1920ի Հա­յաս­տա­նի պար­տու­թեան ծան­րակը­շիռ պայ­մա­նագ­րին ստո­րագ­րու­թիւ­նը։

Ն.